Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Մեսրոպ Բ. պատրիարքը երկար տարիներէ ի վեր կը տառապէր տեմանսէ։
s-2 Վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան կարգը հաւանաբար կայանայ յաջորդ կիրակի։
s-3 Պատրիարքարանը Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի վախճանման առթիւ կատարած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
s-4 «Այսօր, 8 Մարտ 2019, Ուրբաթ ժամը 12.15ին իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 84րդ Գահակալ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը, խոր սուգի մատնելով Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին եւ իր հոգեւոր զաւակները, ի Ստանպուլ, ի Գաւառս եւ ի Կրետէ։
s-5 Ծանօթ է, թէ Պատրիարք Հայրը աւելի քան տասը տարի անգործութեան մատնուած էր անդարմանելի հիւանդութեան հետեւանքով եւ ութը տարի վայելած էր Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խնամքը։
s-6 Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը ձեռնասունն էր Երանաշնորհ Շնորհք Ս. Պատրիարք Հօր եւ սկսեալ կուսակրօն քահանայութեան օրերէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր Պատրիարքական Աթոռի վարչական կազմէն ներս։
s-7 Նորին Ամենապատուութիւնը, 14 Հոկտեմբեր 1998ին ընտրուած էր Պատրիարք Հայոց Պոլսոյ, յաջորդելով Երանաշնորհ Գարեգին Բ. Պատրիարքին, որուն անմիջական գործակիցը հանդիսացած էր։
s-8 Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք նախ քան Պատրիարք ընտրուիլը, իր հոգեւոր ծառայութիւնը կեդրոնացուցած էր մանկանց, երիտասարդաց եւ հոգեւորականներ պատրաստելու գործին եւ այդ ծառայութեան գիծը շարունակուած էր նաեւ իր Պատրիարքութեան շրջանին։
s-9 Ներհամայնքային գործունէութեան ծիրէն ներս, նաեւ ունեցած էր աշխոյժ գործունէութիւն Պատրիարքական Աթոռը եւ համայնքը ծանօթացնելու յաչս օտար շրջանակներու։
s-10 Իր ունեցած պաշտօնական եւ բարեկամական յարաբերութեամբ Պատրիարքական Աթոռը լաւագոյնս ծանօթացուցած էր երկրի տեղական մամլոյ պատասխանատու խմբագիրներուն։
s-11 Կրօնական Ժողովի եւ համայնքային վարչային դէմքերէն ստացած լիազօրութեամբ ցուպ ի ձեռին այցելած էր Եւրոպական ոստաններ եւ ունեցած պաշտօնական տեսակցութիւններով յանուն համայնքի զօրակցութիւն յայտնած էր Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացէն ներս։
s-12 Ինքը, եղաւ արի եւ քաջ հովուապետը, որ գիտցաւ տէր կանգնիլ համայնքի շահերուն։
s-13 Հայ Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, պահած էր Պոլսոյ Աթոռի դիրքը, նաեւ պահելով Նուիրապետական Աթոռներու հետ աւանդական կապը։
s-14 Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական շրջանակներ եւս այսօր կը սգան մեծանուն Պատրիարքին մահը, միշտ յիշելով իր աշխոյժ գործունէութիւնները, զոր ունեցած էր զանազան առիթներով՝ գործակցելով իրենց։
s-15 Այս դառն կորուստին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական Ժողովոյ 9 Մարտ 2019 թուակիր արտակարգ նիստին պիտի քննարկուին յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգի հետ առնչուած պարագաները։
s-16 Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Պատրիարք Հօր վախճանման մասին տեղեկութիւն փոխանցուած է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներուն։

Text viewDownload CoNNL-U