s-3
| Բանահիւսական ստեղծագործութիւններու հիման վրայ ստեղծուած են գրականութեան առաջին ձեւերը, որոնք զարգանալով ու հարստանալով՝ քայլ պահած են ընկերութեան յառաջընթացին հետ։ |
s-4
| Գրականութիւնը կը պատկերէ մարդկային կեանքը ու բնութիւնը առաւել լայն ու բազմակողմանի ձեւով, քան թէ արուեստի միւս ճիւղերը։ |
s-5
| Առաւել՝ գրականութիւնը հիմք կը ծառայէ արուեստի միւս ճիւղերու համար (թատրոն, շարժապատկեր, երաժշտութիւն, օփերայ եւ այլն)։ |
s-6
| Գրականութեան լսարանը աւելի լայն է, քանի որ ան աւելի մատչելի է ու խօսքի միջոցով կրնայ դիմել միլիոնաւոր մարդոց միտքին ու հոգիին։ |
s-7
| Գեղարուեստական գրականութիւնը կը բաժնուի երեք հիմնական սեռերու (տեսակներու)՝ վիպերգական, քնարական եւ թատերական։ |
s-8
| Նշուածներէն իւրաքանչիւրն ալ իր կարգին կը բաժնուի սեռերու, ինչպէս՝ վէպը, վիպակը, նորավէպը, պատմուածքը եւ այլն կը մտնեն վիպերգութեան մէջ, ներբողը, ձօնը, հնչեակը եւ այլն կը մտնեն քնարերգական սեռին մէջ, ողբերգութիւնը, կատակերգութիւնը, տրաման, ոտեւիլը եւ այլն կը մտնեն թատերական սեռին մէջ։ |
s-9
| Երկ, գրական գործ։ |
s-10
| Երկը կ՚ունենայ իր խորագիրը (կամ՝ տիտղոսը). եւ եթէ առանձին հատոր մը կազմէ, խորագիրին կը յատուցուի սկիզբը անջատ էջ մը՝ տիտղոսաթերթը։ |
s-11
| Գրականութիւն են՝ նախ, բուն գրական երկերը՝ բանաստեղծութիւն, թատերգութիւն, վէպ եւ այլն։ |
s-12
| Գրականութիւն կրնան նկատուիլ նաեւ գրադատական երկերը, ինչպէս եւ փորձագրութիւնները։ |
s-13
| Այս վերջինները ուսումնասիրութիւններ են՝ մշակութային նիւթով, աւելի կամ նուազ ծաւալով. մաս կը կազմեն չորրորդ սեռի մը՝ գաղափարագրական սեռին։ |
s-14
| Գաղափարագրական երկերը կ՚ունենան նախաբան (կ՚ըսուի նաեւ յառաջաբան)։ |
s-15
| Եթէ նախաբանը ուղղակի կը կապուի երկին նիւթին՝ կը դառնայ ներածութիւն. այս պարագային ան կրնայ ըլլալ աւելի ծաւալուն։ |
s-16
| Նշենք, որ այս երկերը կրնան փակուիլ վերջաբանով մը, ինչպէս եւ օգտագործումը դիւրացնող ցուցակներով։ |
s-17
| Բուն գրական երկերը եւս կրնան ունենալ նախաբան կամ վերջաբան (ոտանաւոր), բայց երբեմն ալ՝ արձակ։ |
s-18
| Կրնայ ըլլալ մէկ էջէն աւելի կարճ, կամ տարածուիլ բազմաթիւ էջերու վրայ։ |
s-19
| Կրնանք գործ ունենալ նաեւ բանաստեղծութիւններու ժողովածոյի մը հետ՝ ամբողջ հատոր մը։ |
s-20
| Նոյնն է արձակ երկերու պարագային. պատմուածք մը կրնայ քանի մը էջ գրաւել՝ վէպ մը, թատերակ մը կրնայ ներկայանալ ամբողջական հատորով. վէպը կրնայ նոյնիսկ ըլլալ բազմահատոր։ |
s-21
| Փորձ մը կամ ուսումնասիրութիւն մը, զատ նիւթով, կը կոչուի նաեւ մենագրութիւն։ |
s-22
| Անիկա կրնայ ունենալ քանի մը էջէն մինչեւ բազմահարիւր էջերու ծաւալ։ |
s-23
| Անիկա կրնայ լոյս տեսնել պարբերակ մամուլի մէջ, կրնայ նաեւ այլ փորձերու հետ կազմել ժողովածու-հատոր։ |
s-24
| Իսկ որոշ փորձեր, ընդհակառակը, կը կազմեն առանձին հատոր միակ նիւթով։ |
s-25
| Որեւէ երկի բուն գրութիւնը, անոր ամբողջութիւնը՝ կը կոչուի բնագիր։ |
s-26
| Բնագիրը յաճախ կ՚ունենայ գլուխներու բաժանում (խորագիրներով, ենթախորագիրներով կամ պարզ թուագրումով)։ |
s-27
| Գրադատական կամ փորձագրական գործերը յաճախ կ՚ունենան ծանօթագրութիւններ։ |
s-28
| Ասոնք կրնան ըլլալ էջատիպ նոթեր կրնան ըլլալ նաեւ խմբուած գլուխներու, երբեմն եւ հատորի աւարտին։ |
s-29
| Գրագէտի մը գործերու ամբողջութիւնը կը բնորոշենք ամբողջական գործեր կամ ամբողջական երկեր արտայայտութեամբ, երբեմն ալ պարզապէս գործ բառի եզակի գործածութեամբ՝ հաւաքական իմաստով։ |
s-30
| Այսպէս Յակոբ Օշականի գործը ծաւալուն է նախադասութեան մէջ։ |
s-31
| Գրագէտ (Արեւելահայերէն՝ կը գործածուի գրող բառը), այն հեղինակը, որ գրաւոր գործեր կ՚արտադրէ լեզուի գեղարուեստական մշակումով։ |
s-32
| Ան կրնայ ըլլալ բանաստեղծ, արձակագիր, վիպագիր, թատերագիր կամ պատմուածքներ գրող։ |
s-33
| Գրագէտ կը նկատուին դեռ գրադատը (կամ գրաքննադատ), փորձագիրը։ |
s-34
| Գրականութիւնը, երբ կը վերաբերի Հնադարուն եւ Հին միջնադարուն, կը կոչուի մատենագրութիւն, իսկ ժողովրդական արտադրութեան պարագային՝ բանահիւսութիւն։ |
s-35
| Հին գրագէտները՝ մատենագիրներն են, իսկ ժողովրդական բանաստեղծները՝ գուսանները։ |
s-36
| Ուշ Միջնադարուն եւ մինչեւ 18-րդ դար, գործած են ժողովրդական բանաստեղծներ՝ աշուղներ։ |
s-37
| Գրականութիւնը կը հետաքրքրուի գրագէտին կեանքով, գոնէ այն չափով, որ կ՚օգնէ լուսաբանելու անոր գործը։ |
s-38
| Այս պատճառով է, որ կը կազմուի գրագէտի մը կենսագրութիւնը, կ՚ուսումնասիրուին անոր կեանքը, գործի արտադրման պայմանները, անոր ինքնութեան մաս կազմող առարկայական տուեալները։ |
s-39
| Պատմողական սեռ |
s-40
| Պատմողական սեռ, արձակի նոր նուաճումներէն գլխաւորը այն է, որ պատմողականը կը հարստանայ ներքին եզրով՝ հոգեբանական խորութեամբ։ |
s-41
| Զ. Եսայեանի գործը հաւանօրէն յարակագոյն օրինակները կու տայ մեզի այս տիպի հարստացման։ |
s-42
| «Նկարագիր մը» խորագրեալ առաջին հատուածը կը նկարէ գրագիտուհիին Երանիկ մօրաքրոջ հոգեբանական կերպարը՝ հարուստ երկուութիւններով, դրուած՝ անցեալ ու ներկայ բարքերու եւ իր մանկութեան վայրերուն խորքին վրայ։ |
s-43
| «Հոգիներու Աքսորը» կը խորացնէ դէպի վերլուծում. անիկա երկու արուեստագէտ կիներու հանդիպումը կը դարանէ առիթ՝ կարդալու ճակատագիրը փոքրամասնական համայնքի մը՝ Պոլսոյ հայութեան, անոր մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն ընդմէջէն։ |
s-44
| Պատմողական հոգեբանական նոր արձակ, կարեւոր երկերը, հոս բնորոշուած իբր «Պատմողական-հոգեբանական արձակ», մաս կը կազմեն արձակի ծանօթ տեսակներու, բայց որակով նոր են։ |
s-45
| Հոգեբանական վերլուծումի լրջութեամբ՝ անոնք յաճախ կը միացնեն մտածողական խորութիւնը՝ ինչպէս Զապէլ Եսայեանի, Յակոբ Օշականի, Ռուբէն Զարդարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի պարագային։ |
s-46
| Այս արձակագիրները, նոյն սերունդի բանաստեղծներուն հետ միասնաբար, յաճախ կոչուած են «գեղապաշտ»։ |
s-47
| Այս բնորոշումը ճիշդ է, պայմանաւ, որ յատկապէս արձակագիրներու պարագային, չհակադրուի իրապաշտութեան, քանի անոնք յաճախ կը մնան խորապէս իրապաշտ։ |
s-48
| Ասիկա՝ ըլլայ հոգեբանական իրապաշտութեան, ըլլայ հաւաքական յանձնառութեան իմաստով՝ յատկապէս ազգային է, ինչպէս «Հայաստանեայց Գրականութեան» առաջադրանքը։ |
s-49
| Այս արձակագիրներէն՝ հոս կը տեսնենք Զ. Եսայեանը, Յակոբ Օշականը, Ռուբէն Զարդարեանը եւ Աւ. Ահարոնեանը։ |
s-50
| Իսկ մեծաթիւ կրտսեր արձակագիրներէն՝ ասոնց կողքին տեղ կը տրուի Տիգրան Չէօկիւրեանին։ |
s-51
| Միւս կողմէ սակայն, կ՚երկարաձգուի նաեւ իրապաշտ արձակի աւանդութիւնը, իբր գլխաւոր ներկայացուցիչ ունենալով Երուանդ Օտեանն ու իր երգիծական գործը։ |
s-52
| Վէպ, գրական ժանր, էպիքական արձակ ստեղծագործութիւն։ |
s-53
| Վէպի սահմանումը |
s-54
| Վէպի մասին «Հայ վէպի պատմութիւն» գիրքի ծանօթագրութեան մէջ գրուած է. |
s-55
| «Վէպը արուեստի ինտելեկտուալացման ամենաբարձր աստիճանն է»։ |
s-56
| Ժանրի միջազգային ռոման անուանումը կը վերագրուի 11-12-րդ դարերուն եւրոպական միջավայրի բոլոր այն ստեղծագործութիւններուն, որոնք գրուած են ռոմաներէն լեզուով՝ ի հակադրութիւն լատինական գրականութեան։ |
s-57
| Վէպը «էպիքական ստեղծագործութիւն է, որուն մէջ պատումը կեդրոնացուած է առանձին անհատի ճակատագիրին վրայ, անոր բնաւորութեան եւ ինքնագիտակցութեան ձեւաւորման եւ զարգացման վրայ»։ |
s-58
| Սակայն հանրագիտարանային այս ձեւակերպումը երեւոյթի արտաքին կողմն է միայն։ |
s-59
| «Հեկել»ը գեղարուեստի պատմութիւնը բաժնած է երկու ձեւի՝ դասական (անթիք) եւ ռոմանթիք։ |
s-60
| Ամբողջ միջնադարեան արուեստը յատկացուցած է ռոմանթիքական ձեւին։ |
s-61
| Վէպը վերագրելով արուեստի ռոմանթիքական ոճին՝ այն անուանած է «պուրժուական էպոպիա»։ |
s-62
| Համեմատելով էպոսն ու վէպը Հեկելը գրած է. «...կը փոխուի նորագոյն վէպերուն մէջ գործող հերոսներու ասպետականութիւնը։ |
s-63
| Որպէս անհատներ, օժտուած իրենց անձնական նպատակներով՝ սիրով, պատուով, բարեգործութեամբ կամ աշխարհի բարեկարգման իտիալով, անոնք կը հակադրուին տիրող կարգերուն ու իրականութեան արձակման, զոր ամենուրէք դժուարութիւններ կը դնէ անոնց ճանապարհին»։ |
s-64
| Ըստ Պելինսքիի՝ «մեր ժամանակի էպոսը վէպն է», որ իր մէջ կը կրէ էպոսի բոլոր յատկանիշները, միայն այն տարբերութեամբ, որ վէպին մէջ չկան աստուածներ ու կեանքի առասպելական չափեր, այլ սովորական կեանքն է, քանզի նորագոյն արուեստի համար մասնաւոր մարդու ճակատագիրը էական է։ |
s-65
| «Վէպը,- կը գրէ Պելինսքին,- ծագած է քրիստոնէական ժողովուրդներու նորագոյն քաղաքակրթութենէն՝ մարդկութեան պատմութեան այն դարաշրջանին, երբ բոլոր քաղաքացիական, հասարակական, ընտանեկան եւ առհասարակ մարդկային յարաբերութիւնները դարձած էին բազմաբարդ ու տրամաթիքական, կեանքը տարածուած էր անսահման տարրերի խորութեամբ ու լայնքով։ |
s-66
| Բացի հետաքրքրաշարժութենէն եւ բովանդակային հարստութենէն, վէպը ոչինչով նուազ է էպիքական բանաստեղծութիւններէն՝ նաեւ որպէս գեղարուեստական ստեղծագործութիւն»։ |
s-67
| Կատակերգութիւն |
s-68
| Կատակերգութիւնը որպէս գրական սեռ, գրական սեռի երկերը տեսակներու կը բաժնուին՝ ըստ իրենց հիմնական նիւթին, բայց մանաւանդ արտայայտած տրամադրութիւններու «գոյնին»։ |
s-69
| Այդ տեսակները երեք են. |
s-70
| Ողբերգութիւն |
s-71
| Կատակերգութիւն |
s-72
| Տռամա |
s-73
| 20-րդ դարու նորութիւններէն, այս տեսակներուն վրայ, կրնանք աւելցուած նկատել շարժանկարի բեմագրութիւնը կամ սենարիօն։ |
s-74
| Ա. Ողբերգութիւն |
s-75
| Թատերգական այս տեսակը կը ցուցահանէ կեանքի պատկերներ՝ իրականութեան տխուր երեսներու խտացած ներկայացումով եւ անխուսափելի ողբերգական վերջաւորութեամբ (մինչ՝ այլ տեսակներ ողբերգական դրուագներ կը ներկայացնեն պարագայաբար միայն)։ |
s-76
| Ողբերգութիւնը Հնադարու դիցաբանական ժամանակներէն ժառանգ հասած է հելլէն դասական գրականութեան։ |
s-77
| Այդ դասական շրջանին (Ք.ա. 5-4-րդ դարեր) անիկա ստացած է իր առաջին գրական կայուն ձեւը։ |
s-78
| Դիցաբանական խորքի վրայ, գլխաւոր գործող անձը՝ ողբերգական հերոսը, մարդկային արտասովոր տիպար էր առհասարակ։ |
s-79
| Ան կ՚ապրէր ճակատագրական բախում մը, կը գործէր ճակատագրական սխալը, որ իր կործանումը կը բերէր։ |
s-80
| Հետեւելով անհատական իր ճակատագրին, հանդիսատեսին մէջ ան կը ստեղծէր «կարեկցութիւն» մը, որ «գեղագիտական յուզումին ու բարոյական իտէալին» միացած՝ կ՚ունենար զգալի դաստիարակիչ ազդեցութիւն։ |
s-81
| Հակառակ իրենց այս մասնայատկութիւններուն, Հնադարու հելլէն մեծ ողբերգակներու գործերը յաջողեցան ընել մարդկային-բարոյական ընդհանրական հարցադրումներ, որոնք իբր ժառանգութիւն փոխանցուեցան ու մնացին անփոփոխ՝ հետագայ դարերուն եւ հազարամեակներուն՝ տեսակի հոլովոյթին ու ձեւաւորումներուն մէջ։ |
s-82
| Ողբերգութիւնը երկրորդ ծնունդ մը ունեցաւ «Նոր» ժամանակներուն, եւրոպական Վերածնունդի մթնոլորտին մէջ։ |
s-83
| 16-րդ դարուն՝ Անգլիան (Ու. Շէյքսփիր), իսկ աւելի ետք՝ Ֆրանսան (Փ. Քորնէյ, Ժ. Ռասին), Գերմանիան (Շիլլէր, Կէօթէ), Ռուսիա (Պուշկին) եւ այլն, նոր ձեւեր տուին անոր։ |
s-84
| Հայ նոր գրականութիւնը, որուն առաջին քայլերուն՝ ողբերգութիւնը իբր տեսակ մօտեցած էր սպառման փուլին, չէ արտադրած ուշագրաւ ողբերգական գործեր։ |
s-85
| Բ. Կատակերգութիւն |
s-86
| Կատակերգութիւնը ամենածաւալունն է երգիծական շեշտ կրող տեսակներէն։ |
s-87
| Ինչպէս այլ սեռերու երգիծական տեսակներու համար, անոր սկզբունքն է կեանքը դրսեւորել իր հեգնելի, ծաղրելի կողմերուն, թերիներուն տեսանկիւնէն։ |
s-88
| Դասական կատակերգութեան ծագումը, ինչպէս ողբերգութեանը, կը տեղադրուի հելլէնական հնադարուն (Արիստոֆանէս), փայլուն վերածաղկումով մը լատին գրականութեան ծաղկման դարերուն (Հռոմ)։ |
s-89
| Հնադարու դասական այս կատակերգութիւնները ունէին թեմաթիք լայն ընդգրկում, մարդկային տիպարներու, բայց մանաւանդ հանրային կեանքի թերիներու մատնանշումով, երբեմն հանճարեղ երգիծական շեշտով։ |
s-90
| Երգիծանք - գրականութեան եւ արուեստի իրականութեան գեղարուեստական արտացոլման իւրայատուկ տեսակ։ |
s-91
| Երգիծական ստեղծագործութեան հիմքին մէջ դրուած է երգիծանքի գեղագիտական ստորոգութիւնը։ |
s-92
| Էութիւն |
s-93
| Գրականութեան մէջ մնացած հնագոյն ձեւերէն է, որ փոխանցուած է յոյներէն: |
s-94
| Նախնական ձեւերը նկատուած են հին թատերգութեան (յատկապէս կատակերգութեան) մէջ եւ ժողովրդական տօնակատարութեանց ժամանակ: |
s-95
| Յոյները ունէին առասպելական սաթիրոսներ (խեղկատակ չաստուածներ) ցից մազերով, այծի ոտքերով: |
s-96
| Ասոնք գրեթէ միշտ ծաղրական դեր կը կատարին: |
s-97
| Բայց այդ ձեւը որդեգրուեցաւ գրական միւս ձեւերուն մէջ՝ առակէն սկսեալ մինչեւ արձակի եւ քերթուածի զանազան ձեւերը: |
s-98
| Երգիծանքի միջոցով կը ծաղրուին առանձին անձնաւորութիւններ, երեւոյթներ, կենցաղային խորթ սովորոյթներ եւ այլն: |
s-99
| Հայ գրականութեան յայտնի երգիծաբաններն են Յ. Պարոնեան, Ե. Օտեան: |
s-100
| Առաջինին գրեթէ ամբողջական գործը կը բովանդակէ երգիծաբանական ոճ: |
s-101
| Երգիծաբանութիւնը, քննադատելու, ծաղրելու աստիճաններով տարբեր կ՚ըլլայ: |
s-102
| Սուր երգիծանքը եւրոպական գրականութեան մէջ կը կոչուի սաթիր: |