s-101
| Երգիծաբանութիւնը, քննադատելու, ծաղրելու աստիճաններով տարբեր կ՚ըլլայ: |
s-102
| Սուր երգիծանքը եւրոպական գրականութեան մէջ կը կոչուի սաթիր: |
s-103
| Կայ պարսաւ (բանֆլէ), որուն բովանդակութիւնը սուր, մերկացնող շարադրանք մըն է որեւէ անձի մը հանդէպ (յիշեցէ՛ք Մ. Նալբանդեանի «Երկու տող» բանֆլէ-ն՝ ուղղուած Գաբրիէլ Եպիսկոպոս Այվազեանի դէմ): |
s-104
| Երգիծանքը կ՚օգտագործուի հաւասարապէս ե՛ւ արձակ, ե՛ւ չափածոյ գրականութեան մէջ: |
s-105
| Երգիծանք կ՚ենթադրէ կեանքի այնպիսի կողմեր, որոնք իրենց թերութիւններով հիմք կու տան ծիծաղի համար։ |
s-106
| Երգիծանք կ՚օգտուի չափազանցման, գրոտեսկի, այլաբանութեան եւ գեղարուեստական պայմանականութեան այլ միջոցներեն։ |
s-107
| Հասարակական-գեղագիտական բարձր իդէալի դիրքերէն այն կը դատապարտէ արատաւոր երեւոյթը։ |
s-108
| Երգիծանքին մէջ իդէալը կ՚արտայայտուի բացասականի ժխտմամբ։ |
s-109
| Ատով իսկ այն կը դառնայ հնի եւ յետադիմականի դէմ մղուող պայքարի զէնք։ |
s-110
| Գեղարուեստին մէջ որոշ ժանրեր, գրեթէ պարտադրաբար, կապուած են կեանքի երգիծական ընկալման հետ, օրինակ, կատակերգութիւնը, վոեւդիլը, առակը, ֆելիետոնը, պամֆլետը գրականութեան մէջ եւ թատրոնին մէջ, ծաղրանկարը, շարժը՝ կերպարուեստին մէջ։ |
s-111
| Սկզբնաւորուելով անտիկ գրականութեան մէջ, Երգիծանք համապատասխան փոփոխութիւններ կրած է հասարակութեան եւ արուեստի զարգացմանը զուգընթաց։ |
s-112
| Բացառապէս երգիծական տաղանդով օժտուած գրողներէն են Մոլիերը, Սուիֆտը, Գոգոլը, Սալտիկով-Շչեդրինը։ |
s-113
| Երգիծանքը հայ գրականութեան մէջ |
s-114
| Հայ գրականութեան մէջ այդպիսի դէմքեր են Յակոբ Պարոնեանը, Երուանդ Օտեանը, Լեռ Կամսարը: |
s-115
| Սովետական Երգիծանքի ներկայացուցիչներէն են Դ. Մոորը, Կուկրինիկսները, Բ. Եֆիմովը, հայ իրականութեան մէջ՝ Վ. Խօջաբեկեանը, Տ. Շավարշը, Ս. Արուտչեանը, Գ. Եարալեանը, սփիւռքին մէջ՝ Ա. Սարուխանը, Չ. Տամատեանը, Տ. Աճեմեանը։ |
s-116
| Տարբեր են Երգիծանքի երանգները՝ անզիջող, ոչնչացնող ծաղրէն (սատիրա) մինչեւ թերութիւններու մեղմ պատկերին մէջ (տես նաեւ Հումոր): |
s-117
| Բեմագրութիւն |
s-118
| Բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն «սենարիօ», շարժանկարի մը պատրաստութեան հիմք ծառայող գրութիւնը, անոր համառօտ պատմութեամբ եւ խօսակցութիւններով, կը կոչուի բեմագրութիւն կամ շարժագրութիւն կամ տակաւին միջազգային գործածութեան հասած բառով մը «սենարիօ»։ |
s-119
| Ճիշտ կ՚ըլլայ այս վերջինը նկատել թատերգական տեսակ մը, մանաւանդ եթէ ստեղծագործ արտադրութիւն է եւ ո՛չ պատշաճեցում, արդէն գոյութիւն ունեցող պատմողական կամ թատերգական գործ մը։ |
s-120
| Բեմագրութիւնը իբրեւ բնագիր կը յիշեցնէ թատերգութեան։ |
s-121
| Բայց բնականաբար աւելի անկախ է բեմական հրամայականներէ՝ հեղինակային նշումներէ, որոնք թատերգութեան մէջ կը նկատենք, որ քանի մը բառը չեն անցնիր, հոս կրնան աւելի երկար ըլլալ եւ ուրուագիծ պատմութեան։ |
s-122
| Բանահիւսութիւն, ժողովրդական ֆոլքլոր (անգլ. folk-lore - ժողովրդական իմաստութիւն, գիտելիք), այս կամ այն ժողովուրդի կերտած բանաւոր ստեղծագործութիւններու ամբողջութիւն։ |
s-123
| Բանահիւսութեան մէջ ժողովուրդը արտացոլած է իր պատմութեան առաւել կարեւոր դէպքերը, իր դարաւոր փորձն ու իմաստութիւնը, ձգտումներն ու իտեալները։ |
s-124
| Ըստ էութեան, բանահիւսութիւնը (ֆոլքլորը) ժողովուրդի կեանքի եւ աշխարհազգացողութեան հայելին է։ |
s-125
| Ժողովրդական բանահիւսութեան երկերն ստեղծուած եւ դարերով պահպանուած են բանաւոր, հաղորդուած սերունդէ սերունդ։ |
s-126
| Շատ յաճախ բանասացի կողմէ կատարուած, նոյնիսկ ստեղծուած են ուղղակի լսարանի առջեւ, երբեմն երգի եւ նուագի ուղեկցութեամբ։ |
s-127
| Այդ է պատճառը, որ բանահիւսական երկերը սովորաբար շարք մը տարբերակներ կ՚ունենան։ |
s-128
| Ժողովրդական բանահիւսութեան տեսակները բազմազան են՝ առակ, հեքիաթ, հանելուկ, ասացուածք, առասպել, աւանդավէպ, ասք, աւանդութիւն, վիպերգութիւն (էպոս), աշխատանքային, սիրոյ երգեր եւ այլն։ |
s-129
| Այս ժանրերէն իւրաքանչիւրն ունեցած է բովանդակութեան, կառուցուածքի, պատկերաւորութեան կայուն իւրայատկութիւն։ |
s-130
| Բացի այդ՝ իւրաքանչիւր ազգի բանահիւսութեան մէջ եղած են ուրոյն ժանրային ձեւեր, օրինակ՝ ռուսական Պիլինան, չասթուշկան, ուքրանական տուման եւ այլն։ |
s-131
| Հայ հին բանահիւսութեան մէջ եղած են բազմազան տեսակներ՝ զրոյց, առասպել, աւանդավէպ, վիպասանք եւ այլն։ |
s-132
| Բանահիւսութեան շատ թեմաներ, սիւժէներ ու կերպարներ մշակուած եւ ընդհանրացուած են տարբեր գրողներու կողմէ։ |
s-133
| Առասպել (անգլերէն՝ Myth, յունարէն՝ μύθος - խօսք, ասք, աւանդութիւն), ժողովրդական բանահիւսութեան վիպերգական ժանրերէն մին, որուն մէջ գերբնական ու չափազանցուած ձեւով արտացոլուած են հնագոյն ժողովուրդներու կեանքի կարեւորագոյն դէպքերը, աշխարհի վերաբերեալ մարդոց պատկերացումներն ու ընկալումները։ |
s-134
| Առասպելներու հիմքին մէջ, հիմնականօրէն, ընկած են տուեալ ցեղի, ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցած իրական դէպքերը, սակայն բնութեան դէմ՝ դեռեւս անզօր, մարդն իր սնոտիապաշտ մտածողութեամբ երեւոյթները բացատրած է, որպէս՝ աստուածներու եւ ոգիներու գերբնական ոյժի արտայայտութիւն։ |
s-135
| Այդ պատճառով ալ իրական հիմք ունեցող դէպքերու ու հերոսներու պատմութիւնն ի սկզբանէ ընդունած է չափազանցուած եւ գերբնական բնոյթ։ |
s-136
| Չնայած անոր, առասպելները կ՚օգնեն որոշակի պատկերացում կազմելու հնագոյն ժողովուրդներու, յատկապէս՝ նախագրային շրջանի պատմութեան վերաբերեալ։ |
s-137
| Աշխարհի տարածքին մեծ ճանաչում ունին Անթէի, Պրոմեթեւսի, Հերակլեսի, Իկարի մասին եւ այլ հին յունական առասպելներ, որոնց մէջ բանաստեղծօրէն կ՚արտայայտուին հին յոյներու աշխարհըմբռնումն ու գեղարուեստական մտածողութիւնը։ |
s-138
| Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան» շնորհիւ պահպանուած եւ մեզ հասած են հայ ժողովուրդի ստեղծած՝ «Հայկ Եւ Բել», «Արա Գեղեցիկ Եւ Շամիրամ», «Վահագնի Ծնունդը», «Տորք Անգեղ» առասպելները։ |
s-139
| Առասպելներէն շատերը յետագային ենթարկուած են գրական մշակման (օրինակ՝ Էսքիլեսի «Շղթայուած Պրոմեթեւսը», Սոֆոկլեսի «Էդիպ Արքան» յունական գրականութեան մէջ, Նայիրի Զարեանի «Արա Գեղեցիկը», Ղազարոս Աղայեանի «Տորք Անգեղը», Յովհաննէս Յովհաննիսեանի «Վահագնի Ծնունդը», «Արտավազդը» հայ գրականութեան մեջ եւ այլն)։ |
s-140
| Հատած (լատիներէն՝ caesura հատում), չափածոյի գրութեան մէջ, հատածը տողի մէջի դադարն է, որ կ՚օգնէ «շունչ առնելու»՝ երբ տող 4-5 վանկէն աւելի երկար է։ |
s-141
| Ուրիշ խօսքով՝ ան տողի անդամները իրարմէ բաժնող ներքին դադարն է։ |
s-142
| Պարզ է, որ հատածը եւս կարեւոր դեր ունի կշռոյթի ստեղծման մէջ։ |
s-143
| Յանգ եւ տուն, գրական՝ չափածոյ ստեղծագործութեան, հնչիւնային ձեւաւորման հիմնական կողմերէն մին։ |
s-144
| Յանգը, այսինքն՝ տողէ տող կրկնուող տողավերջի վանկը, իր կարգին կարեւոր գործօն է չափածոյի կշռոյթին եւ երաժշտականութեան համար։ |
s-145
| Իր ձեւով, անիկա կը շեշտէ տողավերջի դադարը, որ կարեւոր է կշռոյթի համար. նաեւ կը շեշտէ, կը խտացնէ բառիմաստները (մանաւանդ զի՛նք պարունակող բառին իմաստը)։ |
s-146
| Ասով մէկտեղ, յանգը անհրաժեշտ տարր չէ չափածոյին համար։ |
s-147
| Քնարական երկերու պատմութեան մէջ, անիկա գործածութեան մտած է բաւական ուշ՝ միջնադարէն ասդին։ |
s-148
| Երբեմն, նոր ժամանակներու մէջ եւս, բանաստեղծներ նախընտրած են անտեսել զայն, կամ յարգած եւ կիրարկած են՝ զայն նկատելով հանդերձ «արուեստին բռնաւորը, (բանաստեղծի) հոգիին ետմղիչը»։ |
s-149
| Բայց աւելի՝ անոնք, երբեմն նոյնիսկ ամենայեղափոխականներէն համոզուած են, որ առանց յանգի՝ բանաստեղծութիւնը կը փլի։ |
s-150
| «Յանգը,- ըսուած է,- կը վերադարձնէ նախորդ տողին. կը ստիպէ յիշել զայն. միտք մը ձեւակերպող բոլոր տողերը կը հարկադրէ միատեղ ըլլալու»։ |
s-151
| Յանգերը կրնան ըլլալ հարուստ կամ աղքատ, համաձայն, կրկնուող։ |