s-1
| Ուիքիփետիան ազատ բովանդակութեամբ, բազմալեզու հանրագիտարանային նախագիծ է, որուն կը հովանաւորէ ոչ հասութաբեր ամերիկեան հիմնադրամը՝ Ուիքիմետիա Հիմնադրամը: |
s-2
| Անունը կազմուած է Ուիքի (համագործակցական կայքեր ստեղծելու արուեստագիտութիւն, հաուայեան ուիքի բառէն, որ կը նշանակէ «արագ») եւ յունարէն Encyclopedia բառերէն։ |
s-3
| Ուիքիփետիայի աւելի քան 30 միլիոն յօդուածները (ինչպէս՝ շուրջ 251.716 հայերէն Ուիքիփետիային մէջ) ստեղծուած են կամաւորներու կողմէն, եւ համարեա բոլոր յօդուածները կրնան խմբագրուիլ համացանցէն օգտուող ցանկացած անձի կողմէն։ |
s-4
| Ուիքիփետիա նախագիծը սկսած են Ճիմմի Ուէյլզը եւ Լէրի Սէնկըրը 2001-ի Յունուարին, եւ ներկայիս այն Համացանցի ամենաօգտագործուող հանրագիտարանային կայքն է: |
s-5
| Սեպտեմբեր 2007-ին այն ունէր 285 անկախ լրիւ առանձին լեզուական տարբերակներ, որոնց իրականացման հովանաւորը Ուիքիմետիա Հիմնադրամ հասարակական հիմնադրամն է։ |
s-6
| Աւանդական հանրագիտարանային յօդուածներու հետ մէկտեղ կան նաեւ ալմանախ, թերթեր եւ ներկայ իրադարձութիւններ թեմաներ։ |
s-7
| Ուիքիփետիան ներկայիս Համացանցին ամենայաճախ այցելուող տեղեկատուական կայքերէն մէկն է։ |
s-8
| Օրական ամբողջ աշխարհէն գրեթէ 80 միլիոն մուտք կ՚ըլլայ այս կայքը։ |
s-9
| Ուիքիփետիան կը պարունակէ մօտաւորապէս 30 միլիոն յօդուած, որոնցմէ աւելի քան 4.300.000-ը կը պատկանին անգլերէն տարբերակին։ |
s-10
| Հանրագիտարանը սկսաւ գործել որպէս փորձագէտներու կողմէն գրուող Նուփետիա հանրագիտարանի շարունակութիւնը 15 Յունուար 2001-էն։ |
s-11
| Հանրագիտարանը կ՚աշխատի ուիքի համակարգչային ծրագրով եւ ունի բազմաթիւ քոյր նախագիծեր, ինչպիսին են օրինակ Ուիքիդարանը եւ Ուիքիգիրքերը: |
s-12
| Ուիքիփետիան կը գնահատուի անվճար ըլլալու, ազատութեան եւ մատչելիութեան, թեմաներու հսկայական բազմազանութեան եւ յիրաւի մանրամասն տեղեկութիւններու համար։ |
s-13
| Ուիքիփետիան կը քննադատեն աւանդական հանրագիտարանի համեմատ արժանահաւատութեան պակասի համար, եւ աւանդական հանրագիտարանային թեմաներու վերաբերեալ յօդուածներու թերութիւններուն համար։ |
s-14
| Այս կայքը նաեւ հսկայածաւալ փորձարարական դաշտ է այսպէս կոչուած ընկերային գիտութիւններու բնագաւառէն ներս ազատ քննարկումներու համար։ |
s-15
| Ազատ ու մատչելի հանրութեան գաղափարը, մէկ հանրութեան, որ միաւորուած է արուեստագիտութեամբ, ուր հետզհետէ կը մեծնան հաղորդակցուող տեղեկութիւններու ծաւալները, աշխուժօրէն յօդուածներ կը գրուին եւ կը քննարկուին ու ազատօրէն կը տրամադրուին համաշխարհային հասարակութեան, այս առանձնայատկութիւնները Ուիքիփետիան կը դարձնեն բացառիկ երեւոյթ մը ոչ միայն որպէս հանրագիտարան, այլ նաեւ որպէս տեղեկատուական ռեսուրսներու աննախադէպ աղբիւր մը։ |
s-16
| Այդուհանդերձ, շնորհիւ այն հանգամանքի, որ այն բաց է իւրաքանչիւր գրել ցանկացողի համար եւ կրնայ ազատօրէն խմբագրուիլ ընթերցողներուն կողմէն, յօդուածներու արժանահաւատութիւնը ըստ էութեան կախուած է գրողի պատասխանատուութիւնէն եւ բարեխղճութիւնէն, եւ Ուիքիփետիա համայնքը անդադար աչալուրջ պիտի ըլլայ վանդալութեան հնարաւոր դէպքերը կանխարգիլելու եւ ենթակայական տեսակէտներէն խուսափելու համար։ |
s-17
| Ուիքիփետիայի արժանահաւատութիւնը յաճախ կասկածի տակ կ՚առնուի, ճիշդ այդ պատճառով, որ յօդուածներու բովանդակութիւնը կրնայ ազատօրէն խմբագրուիլ ցանկացողներու կողմէն, իսկ այդ կրնայ հանգեցնել որոշակի անճշտութեան եւ ոչ բաւարար խորութեամբ հետազօտուած բովանդակութեան։ |
s-18
| Վանդալութիւնը մշտական խնդիր է, թէեւ ի պատիւ համայնքի պէտք է ըսել, որ այն սովորաբար կը բացայայտուի ու կը վերացուի քանի մը վայրկեաններու ընթացքին։ |
s-19
| Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ |
s-20
| Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ |
s-21
| Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 7800-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ |
s-22
| 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։ |
s-23
| Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա, Ուիքիփետիա բազմալեզու եւ ազատ հանրագիտարանի հայալեզու երկու տարբերակներէն մէկն է։ |
s-24
| Հիմնուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ |
s-25
| Միւսը Արեւելահայերէն Ուիքիփետիան է, որ կը կոչուի հայերէն Վիքիպեդիա։ |
s-26
| Հիմնուած է Յունուար 2001-ին։ |
s-27
| Ինչպէս բոլոր այլ Ուիքիմետիա-նախագիծերը, Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բովանդակութիւնը կը գտնուի ազատ արտոնագիրի տակ, եւ իւրաքանչիւր անձ կրնայ օգտագործել, խմբագրել ու տարածել այդ բովանդակութիւնը։ |
s-28
| Յետագայ բոլոր տարբերակներն ալ կը տարածուին նոյն սկզբունքներով։ |
s-29
| Ուիքիմետիա Հիմնադրամ, ոչ հասութաբեր ամերիկեան հիմնադրամ, որուն գլխամասը կը գտնուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ՝ Գալիֆորնիա, ԱՄՆ։ |
s-30
| Հիմնադրամը կը գործէ Ֆլորիտա նահանգի օրէնսդրութեան համապատասխան, ուր այն հիմնադրուած է։ |
s-31
| Այն կը գործարկէ համագործակցային եղանակով՝ ազատ բովանդակութեան ստեղծման ուղղուած քանի մը ուիքի նախագիծեր՝ Ուիքիփետիա, Ուիքիբառարան, Ուիքիքաղուածք, Ուիքիգիրքեր, Ուիքիդարան, Ուիքիպահեստ, Ուիքիցեղեր, Ուիքիլուրեր, Ուիքիլսարան, ինչպէս նաեւ, այժմ փակուած Նուփետիա նախագծի սեփականատէրն է։ |
s-32
| Առաջատար նախագիծը՝ Ուիքիփետիան, ամենաշատ այցելուներ ունեցող ուէպ կայքերու տասնեակին մէջ է։ |
s-33
| Հիմնադրամը պաշտօնապէս ստեղծուած է 20 Յունիս 2003-ին Ուիքիփետիա հանրագիտարանի համահիմնադիր Ճիմմի Ուէյլզի կողմէ։ |
s-34
| Հիմնադրամը կը ֆինանսաւորուի աշխարհի տարբեր ծայրերէն՝ կամաւորներու հանգանակութիւններու միջոցով։ |
s-35
| Ըստ Ուիքիմետիայի կանոնադրութեան՝ հիմնադրամի նպատակն է ստեղծել եւ զարգացնել կրթական բովանդակութիւն, այնուհետեւ արդիւնաւէտ եւ համընդհանուր տարածել այդ։ |
s-36
| Ուիքիմետիա Հիմնադրամի նախագիծերուն կը մասնակցին կամաւորներ տարբեր երկիրներէ, որոնք կը ստեղծեն ազատ բովանդակութիւն եւ ծրագրային ապահովում, որ հասանելի է ազատ արտօնագիրով։ |
s-37
| Հիմնադրամի գործունէութեան կ՚աջակցին բազում երկիրներու մէջ ստեղծուած մասնաճիւղերը, որոնց աշխատանքը կրկին հիմնուած է կամաւորներու վրայ։ |