Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 1 - 100 of 105 • previousnext

s-1 Կլիմայական փոփոխութիւնը կրնայ նկարագրուիլ իբրեւ դանդաղ եւ ներդաշնակ փոփոխութիւն, որ կ՚ազդէ երկրագունդին կլիմային:
s-2 Կլիմայական փոփոխութիւնը համերկրային հարց մըն է՝ կենսոլորտային, ընկերային, տնտեսական, բաշխումային եւ քաղաքական ծանր հետեւանքներով, եւ այսօր կը կազմէ մարդկութեան առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն մին:
s-3 Անիկա յառաջացած է մարդոց առօրեայ գործունէութիւններէն եւ կը սպառնայ բնութեան եւ մարդկութեան:
s-4 Երկրագունդին ջերմաստիճանը կը բարձրանայ բնութեան ընդհարումներով:
s-5 Երկիր մոլորակին կլիմայական փոփոխութեան հիմնական ցուցանիշները` հողի եւ Ովկիանոսի ջերմաստիճանին բարձրացումը, ծովու մակարդակին եւ ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը, կը մատնանշեն Երկիր մոլորակին տաքնալը:
s-6 Կլիմայի փոփոխութիւնները կը նկատուին մարդկութեան ժամանակակից առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն, որոնց պատասխանը կը պահանջէ բոլորին զօրակցութիւնը։
s-7 Կլիմայական փոփոխութիւններուն պատճառները
s-8 Մարդոց առօրեայ գործունէութիւնները ջերմոցներու կազերու արտադրման պատճառ կը հանդիսանան եւ Երկիր մոլորակին ջերմաստիճանը վտանգաւոր կերպով կը բարձրանայ։
s-9 Ի՞նչ են եւ ի՞նչպէս կը ստեղծուին ջերմոցային կազերը
s-10 Արեւուն ուժը մթնոլորտէն կ՚անցնի լոյսի ձեւով:
s-11 Արեւուն ուժը ջերմութեան կը վերածուի եւ կը տաքցնէ Երկիր մոլորակը:
s-12 Ջերմութենէն մաս մը մուտք կը գործէ դէպի տիեզերք, ուրիշ մաս մըն ալ կը ներծծուի կազերու միջոցով մթնոլորտին մէջ:
s-13 Կազերը, որոնք կ՚արգիլեն ջերմութիւնը դուրս գալէ, կը կոչուին ջերմոցային կազեր:
s-14 Ջերմոցային կազերը Երկրին ջերմաստիճանը կը պահպանեն մօտաւորապէս 59 աստիճան F-ի (15 աստիճան C-ի) վրայ:
s-15 Բայց այսօր կը տեսնենք, թէ այս ջերմոցային կազերը մեծ քանակութեամբ մթնոլորտին մէջ կը մտնեն, եւ այդպիսով շատ տաքութիւն կը պահեն:
s-16 Ջերմոցային կազերէն ամէնէն կարեւորներն են՝ բնածուխի երկթթուակը (CO2)ն եւ ջրաշոգին:
s-17 Ջերմոցային կազերը Երկիրին ջերմաստիճանը կը պահպանեն մօտաւորապէս 59 աստիճան F-ի (15 աստիճան C-ի) վրայ:
s-18 Բայց այսօր այս ջերմոցային կազերը մեծ քանակութեամբ մթնոլորտին մէջ մտնելով բարձր աստիճանի տաքութիւն կը պահեն։
s-19 Ի՞նչ է գիտնականներուն կարծիքը
s-20 Ջերմաստիճանին փոփոխութիւնը վերջին 50 տարիներուն
s-21 Մոլորակին կլիման տեւաբար կը փոխուի։
s-22 Վերջին 650.000 տարիներուն երկրագունդը ապրած է եօթը սառցային յառաջացման եւ նահանջի շրջաններ (սառոյցներու լուծում). վերջին տարիներուն ամէնէն հին սառնալեռը՝ 11.700 տարեկան, սպառնալիքի տակ է։
s-23 Կլիմայական փոփոխութիւնը կը վերագրէ փոքր տարափոխութիւններ երկրագունդին ուղեծիրին, որոնք կը փոխեն արեգակին զօրութիւնը, զոր մեր երկիրը կ՚ընդունի։
s-24 Գիտական ապացոյցը կլիմայական փոփոխութեան համար աներկդիմի է։
s-25 Երբ երկիրը բնականէն աւելի տաքնայ, գիտնականները այս երեւոյթը երկրագունդի ջերմութեան բարձրացում կամ կլիմայի փոփոխութիւն կ՚անուանեն:
s-26 Ապացոյցներ
s-27 Երկրագունդին ջերմաստիճանին բարձրացումը
s-28 Երկիր մոլորակը կը կլանէ արեւու ճառագայթներուն 70 առ հարիւրը:
s-29 Երկրագունդին մակերեսին միջին ջերմաստիճանը բարձրացած է 1,62 սկսեալ 19 հարիւրակէն։
s-30 Ամէնէն կարեւոր պատճառը բնածուխի երկթթուակի բարձրացումն է եւ մարդոց ստեղծած բխումները մթնոլորտին մէջ։
s-31 Մոլորակին ջերմաստիճանը աւելի բարձրացած է վերջին 35 տարիներուն ընթացքին։
s-32 2016-ին ամէնէն տաք տարին կը համարուի, որովհետեւ Երկրին տաքութիւնը վտանգաւոր կերպով բարձրացած էր, շարունակուած է ջերմոցային կազերու ծաւալներու աճը` գերազանցելով 1990-ին որոշուած առաւելագոյն ծաւալը, առաւել քան քսան երկիրներու մէջ արձանագրուած է յաւելեալ տաք տարի, ինչ որ գերազանցապէս զգացուած է հարաւային կիսագունդին մէջ:
s-33 Ովկիանոսին ջերմաստիճանին բարձրացումը
s-34 Ամէնէն շատ ջերմութիւն ծծողները ովկիանոսներն են:
s-35 Այդ երեւոյթը նշմարուած է 1969-էն սկսեալ (700 մեթրէն)։
s-36 2014-ին ծովու մակերեսի ջերմաստիճանը նոր մրցանիշներ արձանագրած է, ինչ որ առաւելապէս զգացուած է Խաղաղական ովկիանոսին հարաւային հատուածին մէջ:
s-37 Անթարքթիքայի սառոյցներու հալելու իբրեւ հետեւանք կրնան հոնկէ դուրս գալ քիմիական նիւթերը, մանաւանդ՝ թոյնի տեսակ մը, զոր բազմաթիւ երկիրներ գործածելէ հրաժարած են երեսուն տարի առաջ:
s-38 Շատ մեծ աշխատանքներ կը տարուին ովկիանոսներու ջերմացման առաջքը առնելու համար, բան մը, որ այս պահուն տակաւին անկարելի կը թուի:
s-39 Ովկիանոսները կը կլանեն ահռելի քանակութեամբ տաքութիւն:
s-40 Գիտնականները վստահ են, որ եթէ նոյնիսկ մարդկութիւնը կարենայ ձերբազատիլ ջերմոցային կազերու քանակէն, համաշխարհային ովկիանոսի փոփոխման հոլովոյթը պիտի շարունակուի եւ ատոր հետեւանքներէն մէկն ալ այն պիտի ըլլայ, որ արեւադարձային հիւանդութիւնները տարածուին նոր շրջաններու մէջ:
s-41 Սառցային առանձնացում
s-42 Սառցայինները կ՚առանձնանան ամբողջ երկրագունդին վրայ, ներառեալ՝ Ալպեան, Հիմալայեան, Անդէս, Ռոքիս, Ալասքայի եւ Ափրիկէի լեռնաշղթաներն ու լեռները։
s-43 2014-ին Հիւսիսային բեւեռի սառոյցներու հալքը 1998-2010 թուականներուն հետ համեմատած սկսած է 20-30 օր աւելի կանուխ:
s-44 Ծովուն մակերեսը կը բարձրանայ
s-45 Վերջին դարուն ծովուն մակերեսը բարձրացած է 203,2 միլիմեթր։
s-46 Իսկ վերջին երկու դարերուն ընթացքին ծովուն մակերեսին բարձրացումը կրկնապատկուած է եւ տարուէ տարի ալ նոր մրցանիշներ կ՚արձանագրէ։
s-47 Կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքները
s-48 Ջուրի ջերմ հոսանքներուն փոփոխութիւնները
s-49 Սառերու հալքը եւ ծովու մակարդակին բարձրացումը
s-50 Կլիմայական փոփոխութիւնը կ՚ազդէ Երկիր մոլորակին վրայ։
s-51 Բեւեռային շրջանի սառոյցը կը հալի եւ ծովուն մակերեսը կը բարձրանայ։
s-52 Այսպէս, մեծ թիւով կղզիներ կ՚անհետանան, ջուրով կը ծածկուին եւ մարդիկ կը գաղթեն։
s-53 Երբ ջուրը շատ կը տաքնայ, կը ծաւալի։
s-54 Միաժամանակ երկրագունդին գերջերմացումը երկու բեւեռներուն սառակոյտերուն փլուզման պատճառ կը հանդիսանայ, ինչպէս նաեւ սառնալեռներուն ծաւալման:
s-55 Վերոնշեալ պատճառներով, ծովու ջուրին մակերեսը կը բարձրանայ եւ իբրեւ հետեւանք տեղի կ՚ունենան` ողողումներ, ջրհեղեղներ, մասնաւորաբար ծովեզերեայ շրջաններու մէջ եւ մերձակայ դաշտերուն վրայ։
s-56 Գաղթ
s-57 1980-ականներուն սկիզբէն իւրաքանչիւր յաջորդ տասնամեակ աւելի տաք եղած է, քան նախորդը:
s-58 Մասնագէտները հաստատած են, որ այս ընթացքով եթէ շարունակուի, մինչեւ դարավերջ ջերմաստիճանը կրնայ 3-5 աստիճան բարձրանալ:
s-59 Իսկ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ), իր կարգին, կը յիշեցնէ, որ Փարիզեան կլիմայական համաձայնագրով պետութիւնները պարտաւորուած են պահպանել միջին ջերմաստիճանի բարձրացումը 1,5 աստիճանի սահմաններուն մէջ:
s-60 Եթէ այդպէս չըլլայ եւ եթէ բոլոր քայլերը չտանին կանխելու համաշխարհային ջերմացումը, ապա մարդկութեան աղիտալի ապագայ մը կը սպասուի եւ մոլորակին վրայ շատ հատուածներ կը դառնան անմարդաբնակ:
s-61 Մեծ թիւով անասուններ կը ստիպուին տեղափոխուիլ դէպի նոր տարածութիւններ եւ վտանգի մէջ կը գտնուին։
s-62 Նոյնպէս մարդիկ կը ներգաղթեն կամ՝ կ՚արտագաղթեն։
s-63 Եղանակի ծայրայեղ փոփոխութիւններէն կը ստեղծուին երաշտի պայմաններ եւ անձրեւի տեղումներ։
s-64 ՄԱԿ կը հաստատէ, որ 2020-2021 տարեշրջանին կլիմայական փոփոխութիւններուն հետեւանքով 12,5 միլիոն բնակչութիւն տեղաշարժի ենթարկուած է. կը նախատեսուի, որ այս թիւը հասնի 20 միլիոնի:
s-65 Բնութեան ծայրայեղ երեւոյթներ եւ անձրեւներու տեղափոխութիւն
s-66 Կլիմայական փոփոխութենէն, ա՛լ աւելի կ՚ազատի երկթթուակ բնածուխը եւ մոլորակի ջերմաստիճանը կը բարձրանայ։
s-67 Վերջին տարիներուն բնութեան ծայրայեղ փոփոխութիւնները յաճախակի են:
s-68 Անոնք ողողումներ եւ ջրհեղեղներ յառաջացնելէ բացի, նաեւ կ՚ազդեն ջուրին որակին նուաստացման եւ ամէնէն մտահոգիչը՝ կարգ մը շրջաններու մէջ ջուրի աղբիւրներու սահմանափակման։
s-69 Նոր հիւանդութիւններ
s-70 Անիկա կրնայ մարդոց առողջութեան ազդել։
s-71 Նոր հիւանդութիւններ կը յատնուին, որոնք աւելի վտանգաւոր են, որովհետեւ այս կլիմայական փոփոխութիւնները այլեւս անակնկալօրէն կը յատնուին աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ եւ կ՚ազդեն բնութեան երեւոյթներուն բնականոն ընթացքին:
s-72 Նկատուած է, թէ մեծ թիւով մահերու պատճառը կապուած է ջերմաստիճանի բարձրացման եւ ջուրի միջոցաւ վարակիչ հիւանդութիւններու տարածման։
s-73 Ընկերային եւ տնտեսական անդրադարձ
s-74 Այս փոփոխութիւնները լուրջ անդրադարձ կ՚ունենան մարդուն առողջութեան եւ կառոյցներուն վրայ։
s-75 Նիւթական մեծ վնասներ կը յառաջացնեն տնտեսութեան եւ հասարակութեան ոլորտներէն ներս:
s-76 Հողագործութիւնը, անտառապահութիւնը, ուժանիւթը եւ զբօսաշրջիկութիւնը ուղղակի կ՚ազդուին եւ կը տուժեն կլիմայական այս փոփոխութիւններէն:
s-77 1980-2011 թուականներուն, ողողումներուն պատճառաւ 5,5 միլիոն մարդ վնաս կրած է եւ 90 պիլիոն եւրօ նիւթական վնասներ եղած են։
s-78 Հետեւանքները Եւրոպայի մէջ
s-79 Հարաւային եւ կեդրոնական Եւրոպայի երկիրները ալ աւելի յաճախ կը տուժեն կիզիչ ամառներէն (անպատրաստ են տակաւին դիմագրաւելու), անտառներու հրդեհներէ եւ երաշտէ:
s-80 Ջուրի պակասը զգալի է Միջերկրականի աւազանի երկիրներուն մէջ:
s-81 Հիւսիսային Եւրոպան կ՚ընդունի մեծաքանակ անձրեւներ, հետեւաբար ողողումները ձմրան եղանակին կը շատնան։
s-82 Համաշխարհային ջերմացման նոյնիսկ կէս աստիճան բարձրացումը զգալիօրէն կը վատթարացնէ երաշտներու, ջրհեղեղներու, խիստ տաքութեան եւ աղքատութեան վտանգները հարիւր միլիոնաւոր մարդոց համար:
s-83 Հետեւանքները զարգացած երկիրներուն մէջ
s-84 Սառերու լուծումը. մեծ Արջը անհետացման վտանգի մէջ կը գտնուի
s-85 Աղքատ երկիրները անմիջականօրէն կ՚ազդուին կլիմայական փոփոխութիւններէն, որովհետեւ այդ երկիրներուն բնակիչները կախեալ են իրենց շրջապատէն, բնութենէն:
s-86 Այդ պատճառով կ՚արտագաղթեն դէպի զարգացած երկիրներ, որոնց կառոյցները անբաւարար են ընդունելու այդ մեծ հոսքը։
s-87 Հետեւաբար կը յառաջանան ընկերային, հասարակական լուրջ հարցեր։
s-88 Վայրի կենսահարստութեան վտանգը
s-89 Կլիմայական փոփոխութիւնները կը վտանգեն երկրագունդին վայրի կենսահարստութեան եւ բուսականութեան:
s-90 Բազմաթիւ բոյսեր եւ անասուններ կը պայքարին դիմագրաւելու համար այս կացութիւնը:
s-91 Ցամաքի եւ ջուրի տեսակներ նոր շրջաններ կը տեղափոխուին:
s-92 Իսկ շատեր անհետանալու վտանգի տակ են։
s-93 Ըստ գիտնականներու կատարած հետազօտութիւններուն, կլիմայական փոփոխութիւնները կրնան մինչեւ դարավերջ վերացնել Երկիրին բուստերու խութերուն գրեթէ ողջ բնակելի միջավայրը:
s-94 Երկրագունդին վրայ գոյութիւն ունեցող բոլոր բուստերու խութերուն 70-90 տոկոսը անհետացման վտանգի տակ կը գտնուին յառաջիկայ 20 տարուան ընթացքին:
s-95 Անոր պատճառներէն մէկը՝ ովկիանոսներու ջերմաստիճանին բարձրացումն է, ինչպէս նաեւ՝ ջուրին թթուայնութիւնը եւ աղտոտութիւնը:
s-96 Գիտնականներու Առաջարկներ՝ Լուծումներու Յանգելու Համար
s-97 Աստղագէտ Ռոճըր Անցէլ կ՚առաջարկէ մոլորակին շուրջ տեղադրել 60 սմ շառաւիղով եւ քանի մը կրամնոց միլիոնաւոր ոսպնեակներ, որոնց միջոցով հնարաւոր ըլլայ ցրուել արեւուն ճառագայթները:
s-98 Անցէլ համոզուած է, որ այդ մէկը կը յանգեցնէ արեւային ճառագայթման նուազեցման:
s-99 Ուրիշ գիտնական մը կ՚առաջարկէ մոլորակը շրջապատել մանր մասնիկներու կամ տիեզերանաւերու օղակով մը, որպէսզի ստուերի տակ առնէ արեւադարձային գօտիները՝ մեղմելու համար կլիման:
s-100 Արտացոլող մասնիկները կարելի է ստանալ երկիրին, լուսինին կամ աստղակերպերուն վրայի լեռնային մշակումներէն:

Text viewDownload CoNNL-U