Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 102 - 201 of 107 • previous

s-102 Պիտի ըլլայ անվճար, բայց նախատեսուած մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է։
s-103 Հետաքրքրուող ուսուցիչները պէտք է դիմեն ուղղակի Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին։
s-104 Ընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները համալսարանէն պիտի ստանան համապատասխան վկայական մը։
s-105 Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղուած գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
s-106 Ուսուցիչներու վերաորակաւորման այս ծրագիրը Լիբանանի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ներդրումին գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկն է, այլ նախաձեռնութիւններու կողքին։
s-107 Հիմնարկութիւնը նաեւ տրամադրած է նիւթական նպաստ եւ համակարգչային գործիքներ՝ ուղղակի դպրոցներուն, հայերէնով նորարար մշակոյթ քաջալերող մրցանակներ, մարդասիրական օժանդակութիւն, յատուկ կրթութեան ուղղուած օգնութիւն, համալսարանական կրթաթոշակներ, մանկավարժական կամ լեզուական զանազան նախաձեռնութիւններու յատկացումներ։

Text viewDownload CoNNL-U