Dependency Tree
Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP
Language | Western Armenian |
---|
Project | ArmTDP |
---|
Corpus Part | train |
---|
Annotation | Yavrumyan, Marat M. |
---|
Select a sentence
Showing 101 - 200 of 107 • previous
s-101
| Վերաորակաւորման ծրագիրը պիտի սկսի 2021ի աշնան։ |
s-102
| Պիտի ըլլայ անվճար, բայց նախատեսուած մասնակիցներու թիւը սահմանափակ է։ |
s-103
| Հետաքրքրուող ուսուցիչները պէտք է դիմեն ուղղակի Լիբանանի Ամերիկեան Համալսարանին։ |
s-104
| Ընթացքը յաջողութեամբ աւարտողները համալսարանէն պիտի ստանան համապատասխան վկայական մը։ |
s-105
| Դասընթացքի աւարտին, ուսուցիչներուն ուղղուած գրքոյկ մը պիտի հրատարակուի, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։ |
s-106
| Ուսուցիչներու վերաորակաւորման այս ծրագիրը Լիբանանի մէջ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ներդրումին գլխաւոր բաղադրիչներէն մէկն է, այլ նախաձեռնութիւններու կողքին։ |
s-107
| Հիմնարկութիւնը նաեւ տրամադրած է նիւթական նպաստ եւ համակարգչային գործիքներ՝ ուղղակի դպրոցներուն, հայերէնով նորարար մշակոյթ քաջալերող մրցանակներ, մարդասիրական օժանդակութիւն, յատուկ կրթութեան ուղղուած օգնութիւն, համալսարանական կրթաթոշակներ, մանկավարժական կամ լեզուական զանազան նախաձեռնութիւններու յատկացումներ։ |
Text view
•
Download CoNNL-U