Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 102 - 201 of 153 • previous

s-102 Մէկուն համար ողբը ցաւ էր, ուրիշին համար՝ կատակ։
s-103 - Խե՜ղճը ,- կը բացականչէր կին մը։
s-104 Թէ ինչու խեւ էր՝ չեմ գիտեր։
s-105 «Ամէն գիւղ իր խեւը ունի» կ՚ըսէին մարդիկ։
s-106 Ուսէփ ալ մեր գիւղի խեւը եղած էր. հիմա խեւ չկար, բայց անոր խեւութիւնները բերնէ բերան կը շրջէին տակաւին։
s-107 - Խելօք մը անոր գիտցածը չէր գիտեր, չհասկցուած մարդուն խեւ ըսեր են,- կ՚ըսէր մէկ ուրիշը։
s-108 Սաֆարպիրլիկին (1914ի ընդհանուր զօրակոչ) զինք ալ կը քաշեն բանակ, յետոյ ետ կ՚ուղարկեն «խեւ է» ըսելով։
s-109 Տարագրութեան՝ մնացեալ գիւղացիներուն հետ ինք ալ կը տարագրուի, կը հասնի Համա ու անկէ անդին՝ Հոմս, Նապըգ, Դամասկոս, Հաուրան, մինչեւ Յորդանանի խորերը։
s-110 Ճամբան ինկածները ինք կը թաղէ եղեր, Քեսապէն բերած իր փշակաղնիի մահակով փոս փորելով, ափով հողը պարպելով ու թաղելէ ետք երեք քար իրարու վրայ շարելով, ինչպէս կ՚ընէին Քեսապի մէջ արօտի համար արգիլուած արտերուն մէջ՝ «Մուտքը արգիլուած է», ու պարելով կը հասնի եղեր նօսրացող կարաւանին.
s-111 - Շամի ճամբաներուն վրայ գայլերը կ՚ոռնան,
s-112 «Հայրիկ-մայրիկ» կը կանչեմ, չկայ պատասխան։
s-113 Ու այդպէս՝ Խեւ Ուսէփ կը հասնի Փոր Սայիտի գաղթակայանը։
s-114 Տարագրութեան վեցերորդ տարին վերապրողները կը վերադարձուին ազատագրուած շրջանները։
s-115 Խեւ Ուսէփ նաւէն Լաթաքիա իջնելով՝ հետիոտն կը հասնի Պասիթ, հեռուէն կը ճանչնայ Քեսապի լեռները՝ Սելտրանը, Կլղըրն ու Կաղնուտը...։
s-116 Թուրքմէն հովիւներ կը կանչեն.
s-117 - Պըրա՜ , Խեւ Ուսէփ, դուն ո՞ղջ ես, ուրկէ՞ կու գաս։
s-118 Խեւ Ուսէփ թեւերը թափահարելով կը յարձակի անոնց վրայ.
s-119 - Անդի աշխարհքէն կու գամ, սպասեցէք, բոլորը ելեր են կու գան...
s-120 Թուրքմէնները սարսափով կը փախչին՝ կարծելով որ բոլոր կեավուրները իրենց Քրիստոսին պէս յարութիւն առնելով դատաստանի կու գան...
s-121 Ահա թէ ինչու կ՚ըսեն՝ «խեւը ըսաւ, խելօքը հաւատաց»։
s-122 Խեւ Ուսէփ կը բարձրանայ դէպի մեր լեռները, կը հասնի Կետիկի լեռնանցքը. առջեւը իր գիւղի ձորն է՝ Գարատուրանը, որ մէջքը ծռած պառաւի պէս ծովէն կը բարձրանայ մինչեւ վերի հորիզոնը, դիմացը Կասիոսն է, վարը՝ Կիւնիկ լեռը, որուն բոլոր արահետները անգիր գիտէ, ցորենի ցանքի մեր դարաւանդները ծալք-ծալք կը բարձրանան լեռն ի վեր...
s-123 Կը դիտէ, կը զարմանայ, մեր խոփառները (ցանքի համար բացուած արտ) թաղուած են թփուտներու տակ. հինգ-վեց տարի է ո՛չ խոփ, ոչ փետատ տեսած են, ո՜ւր ըլլար՝ մեր ուլերը մտնէին անոնց մէջ...
s-124 Լեռներ, լեռներ,
s-125 Կը կանաչին լեռներ,
s-126 Կը բաբաջեն ուլեր,
s-127 Մեր արտերը բոլոր
s-128 Արօս են մնացեր։
s-129 Գիւղը կը վերականգնի. պսակները իրարու ետեւ, ծնունդները՝ շատ։
s-130 «Ծո,- կ՚ըսեն,- Խեւ Ուսէփն ալ կարգենք՝ թերեւս քիչ մը խելօքնայ»։
s-131 Կին մը եւ կով մը կ՚ունենայ՝ Մարիամն ու Ճէյրանը։
s-132 Ամէն գործ ընել կու տան խեղճին, ա՛լ տան պատերը կրաջուրով ճերմկցնել, փայտ բերել, ջուր կրել, ջրհոր պեղել՝ մաքրել, բեռները Քեսապ հասցնել։
s-133 Գիւղին մէջ արջավարի կը վարուին իր հետ, կը պոռան, կը բարկանան, նոյնիսկ կը զարնեն՝ իբրեւ թէ խելքը գլուխը բերելու համար, Քեսապի մէջ, շուկայ որ հասնէր, քեսապցի «տընկըլ»ները, անոնք որ ալաֆրանկա հագած-կապած՝ հրապարակին մէջ կամ Գրադարանի տանիքը կը ճեմեն ձանձրոյթ փչելով՝ խաղքի համար կ՚իյնային անոր հետ, հա այսպէս, հա այնպէս կը բարկացնէին խեղճը, խնճոյք կը սարքէին անոր խեւութիւններէն։
s-134 Խեւ Ուսէփ կինը կը կորսնցնէ։
s-135 Ա՛լ միակ ընկերը իր Ճէյրանն է՝ կարմիր կովը, իր ողբերը ալ միա՛յն անոր կ՚ըսէ, անոր հետ կը խօսի.
s-136 Կորսնցուցի Մարիամս,
s-137 Խնամեցի Ճէյրանս, օյ, օյ
s-138 Հո Ճէյրանս, հօ՜յ ։
s-139 Գարատուրանի արջերը,
s-140 Քեսապցիներու տնկըլները, օյ, օյ
s-141 Հո Ճէյրանս, հօ՜յ ։
s-142 Կիրով կը ծեփեն պատերը,
s-143 Թող կոտրին Տանային մատերը, օյ, օյ
s-144 Հո Ճէյրանս, հօ՜յ ...
s-145 Խեւ Ուսէփ երբեմն կը հանդարտի եղեր, կը նստի մարդոց շարքին, կը մասնակցի զրոյցներուն։
s-146 Մարդիկ կը հարցնեն.
s-147 - Խեւ Ուսէփ, ինչո՞ւ ատենը մէյ մը կը խեւնաս, ինչո՞ւ չես զսպեր ինքզինքդ, հը՞ ...
s-148 - Օր մը,- կը պատմէ եղեր,- Ուշնոխի կուփէն, բերանքսիվայր, ջուր կը խմէի, փորս մտան մկրատիկ մը (խեչափառ) եւ գորտիկ մը, սկսան վիճել ու գլուխով զարնել իրարու, զիրար հալածեցին, գացին ինկան գլխուս թասին մէջ։
s-149 Հոն ատենը մէյ մը կը վիճին, գլուխով իրարու կը զարնեն, ահագին աղմուկ կը հանեն՝ ինծի քրիզ կու գայ։
s-150 Խեւ Ուսէփ հայրենադարձութեան կը պատրաստուի.
s-151 - Գորտիկն ու մկրատիկը հե՞տդ պիտի տանիս Հայաստան,- կը հարցնեն։
s-152 - Հա՛ , օր պիտի գայ՝ Հայաստան պիտի վիճին, գլխով զարնեն իրարու՝ դուք հոս պիտի լսէք,- կը պատասխանէ եղեր։
s-153 Եկուր ալ մի՛ հաւատար։

Text viewDownload CoNNL-U