Dependency Tree
Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP
Language | Western Armenian |
---|
Project | ArmTDP |
---|
Corpus Part | train |
---|
Annotation | Yavrumyan, Marat M. |
---|
Select a sentence
Showing 201 - 300 of 219 • previous
s-201
| Նեղ իմաստով հասկցուած՝ գիրքի մը ճարտարապետութիւնն էր խնդրոյ առարկան։ |
s-202
| Բայց անշուշտ ետեւը՝ կայ շատ աւելի խոշոր հարց մը։ |
s-203
| Երբ 2004ին Վարուժանի մասին ուսումնասիրութիւնը կը գրէի, վերջաւորութեան միայն մօտեցայ ցեղապաշտութեան խնդրին բանասիրութեան մէջ ԺԹ. դարուն, բացատրելով նորէն պարզ բան մը, որ առասպելի կամեցողութիւնը անշուշտ՝ առասպելի ուժին կամեցողութիւնն էր։ |
s-204
| Բանասիրական եւ փիլիսոփայական կամեցողութեան մէջ՝ կար արդեն իսկ ցեղապաշտութիւնը։ |
s-205
| Կը բաւէ երկու տող կարդալ Renanէն հասկնալու համար այդպէս ըլլալը։ |
s-206
| Olenderը ամբողջ գիրք մը նուիրած է այդ խնդրին։ |
s-207
| Ու քանի որ սակայն մտքիս մէջ չէր վերջացած այդ աշխատանքը (որուն պէտք է նուիրել տարբեր գիրք մը), որոշեցի երկրորդ կիսամեային վերջին դասս Գոլումպիայի մէջ անոր նուիրել։ |
s-208
| Կը կոչուի՝ Myth, Art, and Politics։ |
s-209
| Հիմա որ սակայն դասը ծանուցեցի եւ ուրուագիծը գրեցի, մէջս մեծ կասկած մը մտաւ։ |
s-210
| Ինչպէս պիտի կարենամ այս ամբողջը բացատրել ուսանողներու, առանց հայկական յղումի, բնական է, եւ իրենց համար հետաքրքրական ընթերցումներ առաջարկելով։ |
s-211
| Ի՞նչ պիտի կարենամ կարդացնել, որ չխրտչեցնէ զիրենք։ |
s-212
| Նիցչէ՞ , Շէլլի՞նկ ։ |
s-213
| Կամ իմ սիրելի ուսուցիչներուս գիրքե՞րը ։ |
s-214
| Ճիշդ է, որ այդ գործերը գոց գիտեմ։ |
s-215
| Օրինակ՝ Ժան-Լիւք Նանսիի Անգործ Համայնութիւնը գիրքին երկրորդ գլուխը, զոր նոյնիսկ եթէ լաւ կը յիշեմ՝ հայերէնի թարգմանած եմ ամբողջութեամբ եւ հրատարակած եմ ԿԱՄի Զ. համարին մէջ։ |
s-216
| Իրապէս այդպիսի բան մը ըրա՞ծ եմ։ |
s-217
| Աղօտ կերպով կը յիշեմ։ |
s-218
| Իսկ եթէ ըրած եմ, ինչպէ՞ս համարձակած եմ։ |
s-219
| Հիմա որ վերստին ձեռք առի ու քիչ մը նորէն սկսայ կարդալ, անդրադարձայ թէ որքա՜ն ահաւոր կերպով դժուար է։ |
Text view
•
Download CoNNL-U