s-101
| Նոյնն է Որբունիի պարագան։ |
s-102
| Ո՞վ կը կարդայ այսօր Որբունի։ |
s-103
| Գործերն իսկ գտանելի չեն։ |
s-104
| Եւ սակայն այդ երկրին մեծագոյն վիպագիրն է։ |
s-105
| Մեղքը՝ չկարդացողներու վզին։ |
s-106
| Եւ ուրեմն իրենց հանդէպ ալ՝ հաւատարմութիւն մը պէտք է ցոյց տայի։ |
s-107
| Մինչեւ ծայրը՝ իմ կարելիութիւններուս։ |
s-108
| Պէտք է կարենայի հետեւիլ իրենց որոշումին ու դառնայի իրենց որոշումին մեկնաբանը։ |
s-109
| Ատկէ զատ, այո, գիրքեր հրատարակած եմ։ |
s-110
| ԿԱՄերու շարքը, 1980ին սկսուած, չորս հատոր մինչեւ 1986։ |
s-111
| Եւ հիմա վերստին ձեռք առի, երկու նոր հատորներ տպեցի 2002ին եւ 2005ին։ |
s-112
| Ենթախորագիր՝ «Հանդէս վերլուծական»։ |
s-113
| Թէ ինչի՛ վերլուծումն է այդ վերլուծումը, հոս պիտի չկարենամ բացատրել։ |
s-114
| Գուցէ՝ գրական։ |
s-115
| Գուցէ՝ հոգեվերլուծական։ |
s-116
| Գուցէ՝ Տարագրութեան երկրի եւ զայն ընտրելու որոշումին վերլուծումը։ |
s-117
| Կեդրոնական ջիղը ԿԱՄի մէջ թարգմանութիւնն է։ |
s-118
| Ամէն ինչ թարգմանել, որ կը պատկանի այսօրուան արդիական միտքին ու մտածողութեան։ |
s-119
| Թարգմանել Տարագրութեան լեզուով։ |
s-120
| Այդ լեզուով որ ատենօք կը կոչուէր հայերէն։ |
s-121
| Թարգմանած եմ Մօրիս Պլանշօ, Ժորժ Պաթայլ, Վալթէր Պէնիամին, Նիցչէ, Ժ. Լ. Նանսի, Եիւնկըր, Ա. Պեռման, գերման վիպապաշտներէն՝ Շլէկըլ, եւ նպատակ ունիմ դեռ թարգմանելու։ |
s-122
| Հայերէնով ունիմ նաեւ Յակոբ Օշականի Մատենագիտութիւնը, Վահէ Օշականի խնդրանքով եղած։ |
s-123
| Ու եթէ Աստուած կամենայ՝ պիտի տպեմ Գեղագիտական ազգայնականութիւն վերնագիրով հատոր մը։ |
s-124
| Ու Պեռմանի Օտարութեան փորձընկալումը, գերման վիպապաշտներուն մասին։ |
s-125
| Անգլերէնով ունիմ երեք հատոր, մէկը՝ ինքնագիր, Writers of Disaster վերնագիրով, որ կը պարունակէ չորս մենագրութիւններ, Չարենցի, Մահարիի, Զապէլ Եսայեանի եւ Թոթովենցի մասին։ |
s-126
| Իրականութեան մէջ՝ շարքի մը սկիզբն է։ |
s-127
| Այդ շարքը առ այժմ՝ կը շարունակուի ֆրանսերէնով։ |
s-128
| Կան նաեւ երկու հաւաքական հատորներ, որոնցմէ մէկուն վրայ աշխատած եմ տարիներով։ |
s-129
| Կը կոչուի Yeghishe Charents, Poet of the Revolution, ու Չարենցին նուիրուած ուսումնասիրութիւններու հատոր մըն է։ |
s-130
| Այդ հատորին յառաջաբանը ընդլայնուած ձեւով տպած եմ թիւ 6 ԿԱՄին մէջ։ |
s-131
| Յետոյ կան ֆրանսերէն հատորներ։ |
s-132
| Կայ 1988ին Ages et usages de la langue arménienneը՝ հայերէն լեզուի ոչ-լեզուաբանական պատմութիւն մը։ |
s-133
| Ուրիշ առիթով մը կը բացատրեմ թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ լեզուի ոչ-լեզուաբանական նկատառումը։ |
s-134
| Կան այս տարի լոյս տեսած երկու հատորները։ |
s-135
| Փետրուարին մէջտեղ ելաւ ի հարկէ՝ La Perversion historiographique անունով գիրքը (Leo Scheer հրատարակչատունէն) եւ Յունիսին՝ La Révolution nationale («Ազգային-ազգայնական յեղափոխութիւնը») կոչուածը, որ Writers of Disasterի առաջին հատորի ֆրանսերէն տարբերակն է։ |
s-136
| Հիմա պատրաստեցի, վերջացուցի (եւ երկու ամիսէն լոյս պիտի տեսնէ) իմ ամենէն կարեւոր գիրքս (չէ՞ որ վերջին գրուածը միշտ ամենէն կարեւորն է), որ շարքին երկրորդն է, ու կը կոչուի Le Deuil de la philologie («Բանասիրութեան սուգը»)։ |
s-137
| Շարքին երրորդն ալ պատրաստ է, ու այս մէկը նուիրուած պիտի ըլլայ ամբողջութեամբ Յակոբ Օշականին։ |
s-138
| Եւ հիմա կը մնայ միայն մէկ բան. բացատրել թէ ի՛նչ է բանասիրութեան սուգը։ |
s-139
| Ճիշդ է, որ գիրքին կէսը նուիրուած է Դանիէլ Վարուժանին եւ իր մի քանի բանաստեղծութիւններու վերլուծումին։ |
s-140
| Իսկ մի՞ւս կէսը։ |
s-141
| Ազգային ինքնայղացումին պատմութիւնն է ԺԹ. դարուն։ |
s-142
| Այդպիսի բա՞ն մը եղած է, ճշմարի՞տ ։ |
s-143
| Այո, եւ այդ պատմութիւնը պարզապէս ազգային բանասիրութեան պատմութիւնն է։ |
s-144
| Անկարելի է Վարուժան հասկնալ (եւ հասկնալ հետեւաբար իր դարձը դէպի նոր Քանանը, դէպի մեռած աստուածները) եթէ գաղափար չունենանք ԺԹ. դարու բանասիրութեան մասին։ |
s-145
| Այսքան միայն։ |
s-146
| Մնացեալը՝ յաջորդիւ։ |
s-147
| Մոռցայ ըսելու, թէ 1996էն ի վեր՝ Գոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնին վարիչն եմ։ |
s-148
| Պիտի ըլլայ 11 տարի։ |
s-149
| Եթէ աւելցնես 1995-1996ը, երբ Լոս Անճելըսի UCLA համալսարանը նոյն տեսակի պաշտօն մը ունէի, պիտի ըլլայ 12 տարի։ |
s-150
| Որպէս յաւելուած, հոս պիտի տեղաւորեմ նամակ մը որ գրեցի վերջերս բարեկամի մը, ուր կը բացատրեմ «Բանասիրութեան սուգ»ը։ |
s-151
| Նախ եւ առաջ այս օրերու վերջացուցի ֆրանսերէն լեզուով գրուած Entre l, Art et le Témoignageի երկրորդ հատորը։ |
s-152
| Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, պէտք է Փետրուարին լոյս տեսած ըլլայ։ |
s-153
| Շատ մեծ դժուարութեան մը հանդիպեցայ, այնպէս որ ամիսներ տեւեց մինչեւ որ այս հատորը վերջացնեմ, այսինքն՝ վիճակի մը բերեմ ուր ինքզինքիս կ՚ըսեմ. ա՛լ կը բաւէ, աւելի չեմ ուզեր ասոր մասին մտածել։ |
s-154
| Ամիսներով ուղեղս տրորեցի, ճիշդ է։ |
s-155
| Յունիսին ու Յուլիսին, միտքէս վանելու համար այդ տանջանքը, զոր յստակօրէն կը նախատեսէի, ուրիշ բանով զբաղեցայ։ |
s-156
| Պզտիկ աշխատանք մը ըրի Շուշան Աւագեանի նոր լոյս տեսած գիրքին մասին (գիրք մը որ կը կոչուի «Գիրք», թերեւս տեսած ես)։ |
s-157
| Յուլիսի վերջ ձեռք առի Վարուժանի մասին գիրքը։ |
s-158
| Օգոստոսին, ամբողջ ամիսը, յուսահատութենէ մղուած, միմիայն թարգմանութիւններ կատարեցի։ |
s-159
| Ֆրանսերէնի թարգմանեցի Զարեանի բոլոր գրութիւնները Մեհեանի մէջ։ |
s-160
| Տարօրինակ ձեռնարկութիւն, իրականութեան մէջ, երբ գիտես որ այդ էջերը սկզբնապէս ֆրանսերէնով գրուած էին ու հայերէնի թարգմանուած Գեղամ Բարսեղեանի կողմէ։ |
s-161
| Յետոյ սկսայ թարգմանել մէկ առ մէկ ԺԹ. դարու բանասէրներուն գործերը, այսինքն՝ հատուածներ իրենց գործերէն։ |
s-162
| Ուրեմն մէկը միւսին ետեւէն՝ Ինճիճեան 1822, Աբովեան 1840, Մկրտիչ Էմին 1850, Սրուանձտեանց 1874 եւ 1876, Ալիշան 1895, Աբեղեան 1899։ |
s-163
| Եւ յետոյ սկսայ Վարուժան թարգմանել ֆրանսերէնի («Ցեղին սիրտը»էն առնուած կարեւոր քերթուածները, մինչդեռ մինչեւ անցեալ տարի՝ կը կարծէի որ Վարուժանի կարեւոր գործերը 1912ի գիրքին մէջն են։ |
s-164
| Իրականութեան մէջ Վարուժանի մեծ տարին, եւ խորքին մէջ՝ միակ հետաքրքական տարին՝ 1908 տարին է)։ |
s-165
| Եւ երբ այս ամբողջը վերջացաւ, ստիպուած էի դէմ դիմաց գալու բուն դժուարութեան հետ, որ տարիներէ ի վեր զիս հեռու պահած էր այս ըլլալիք կամ չըլլալիք գիրքէն։ |
s-166
| Ո՞ւր է դժուարութիւնը։ |
s-167
| Պարզ ձեւով ըսեմ, ու վստահ իսկ չեմ թէ ա՛յդ է հարցը. դժուարութիւնը Կոստան Զարեանի բացայայտ ցեղապաշտութիւնն է։ |
s-168
| Ո՛չ թէ որ չէի ուզեր խօսիլ Զարեանի ցեղապաշտութեան մասին։ |
s-169
| Ընդհակառակը. կ՚ուզէի խօսիլ եւ ամբողջ գլուխ մը ունէի այդ մասին։ |
s-170
| Բայց չէի գիտեր ո՛ւր զետեղել զայն։ |
s-171
| Շաբաթներ մտմտալէ ետք, որոշեցի որ պիտի տեղաւորէի գիրքին վերջանալէն ետք, այսինքն՝ որպէս յաւելուած՝ Appendice։ |
s-172
| Մինչ այդ գրեթէ ծայրէ ծայր նոր գլուխ մը գրեցի Սեպտ.ին, ազգային բանասիրութեան առաջին հանգրուանին մասին, բան մը որ կար արդէն իսկ գրուած հայերէն լեզուով, բայց վայրկեան մը ատկէ առաջ միտքէս չէր անցած որ եղածը պիտի փոխադրեմ ֆրանսերէնի, ազգային բանասիրութեան պատմութիւնը կապելով արեւելաբան հայեացքին ներանձնականացումին հետ, եւ երկար բարակ պատմելով նաեւ Լորտ Պայրոնի ու Ճաքոմօ Լեոբարտիի դերերը այդ ծիծաղելի բայց անխուսափելի ներանձնականացումի մէջ, որ կազմաւորիչ պահն է նաեւ ազգայնացումի եղանակաւորումին։ |
s-173
| Ու այդ երբ որ վերջացաւ, ամէն ինչ յստակ էր։ |
s-174
| Ունէի երկու բաժին։ |
s-175
| Առաջին բաժինը գեղագիտացած ազգին պատմութիւնն էր, իր երեք հանգրուաններով (հնագրական, ազգագրական, գեղագիտական), բայց հակառակ ուղղութեամբ դիտուած, այսինքն՝ նախ գեղագիտական ազգայնականութեան բուն գեղագիտական պահը (Մեհեանի սերունդը), յետոյ՝ ազգագրական պահը (Աբովեան, Սրուանձտեանց), յետոյ՝ հնագրական պահը (Ինճիճեան, Բժշկեան)։ |
s-176
| Եւ այս ամբողջին մէջ պէտք է նաեւ տեղը ճշդէի այն գործերուն, որոնք անմիջական կապ չունին, կամ կը թուի թէ չունին, գեղագիտական ազգայնականութեան հետ, այսինքն՝ այն գործերուն որոնք կրօնքի հնագիտութիւնը երեւան կը բերեն, l'archéologie de la religion, Էմին, Ալիշան, Աբեղեան, որոնք ի միջի այլոց՝ Վարուժանեան հեթանոսութեան հնէաբանական խաւերը կը կազմեն։ |
s-177
| Երկրորդ բաժին՝ Վարուժանին նուիրուած 160 էջերը, որոնք կը վերլուծեն ընդամէնը հինգ կամ վեց քերթուած (Անիի աւերակներուն մէջ, Կիլիկիոյ մոխիրներուն, Վանատուր, Լոյսը, Վահագն, Մեռած աստուածներուն)։ |
s-178
| Բնաբան՝ սուգը եւ ուժը։ |
s-179
| Le deuil et la puissance։ |
s-180
| Կամ պարզապէս թերեւս՝ ուժին սուգը։ |
s-181
| Ուժը միշտ եւ բոլոր պարագաներուն՝ առասպելական կրօնքին ուժն է, այսինքն՝ առասպելա-բանաստեղծական ուժն է։ |
s-182
| Եւ երբ այս ամբողջը գոհացուցիչ կերպով քով քովի դնես, ո՞ւր է Զարեանի եւ ցեղապաշտութեան տեղը։ |
s-183
| Անկարելի է որոշել։ |
s-184
| Երկու իմաստով անկարելի է։ |
s-185
| Ո՞ւր է տեղը որպէս պատմական երեւոյթ։ |
s-186
| Ո՞ւր է տեղը գիրքին մէջ, որպէս հատուած, որպէս գլուխ։ |
s-187
| Ատկէ՝ որեւէ լուծումը, որ կը կայանայ անոր Յաւելուած մը նուիրելուն մէջ։ |
s-188
| Այս ալ ըսեմ, որ նոյն դժուարութիւնը կը վերաբերի Նիցչէի կերպարին Եւրոպայի պատմութեան մէջ։ |
s-189
| Ու մէկը միւսէն անկախ չէ։ |
s-190
| Զարեանը ինչպէս գիտես՝ Նիցչէականութիւն կը ծախէ իր հայ ընթերցողներուն, ամենատգեղ կերպով։ |
s-191
| Օշականը ինչպէս կրցած է խաբուիլ եւ ամիսներով (խորքին մէջ՝ ամբողջ կեանք մը) գոյակցիլ այդ մարդուն հետ, գրեթէ նոյն անկողնին մէջ պառկիլ, երբեք չեմ հասկցած։ |
s-192
| Վարուժանէն դաս չէ առած, որ անմիջապէս զատուած է խմբակէն։ |
s-193
| Այո, անմիջապէս զատուած, բայց ինքն ալ իրականին մէջ՝ ուշացած էր բաժնուելու։ |
s-194
| Այդ ուշացումն է սարսափելին։ |
s-195
| Այս՝ այսպէս։ |
s-196
| Ինչո՞ւ երկար բարակ կը պատմեմ այս ամբողջը։ |
s-197
| Որովհետեւ ըստ երեւոյթին՝ տակաւին կը տանջէ զիս եւ պիտի շարունակէ տանջել ցեղապաշտութեան «տեղ»ը այս ամբողջին մէջ։ |
s-198
| Ի՞նչ է ցեղապաշտութիւնը։ |
s-199
| Պարզ է։ |
s-200
| Ուժն է առանց սուգի։ |