Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 1 - 100 of 219 • previousnext

s-1 Ծնած եմ Փարիզ, 1946ին։
s-2 Յաճախած եմ ֆրանսական դպրոց։
s-3 Հայերէն գիտէի մօրս արգանդէն (այդ հարցումը միշտ կ՚ընէին ատենօք, հիմա կը խուսափին, բայց ահա պատասխանը, հարցնողաց եւ չհարցնողաց)։
s-4 Բայց ունեցած եմ նաեւ կարող ուսուցիչներ, որոնց կարգին կարելի է յիշել Տիկին Չիթունին (անունը բան մը պիտի չըսէ Հայաստանցիի մը, բայց եղած է իմ ուսուցչուհիս, իրեն հետ է որ գրական լեզուն սկսած եմ կարդալ ու գրել, ծանօթ բանասէր՝ Վանեցի Տիգրան Չիթունիի կինն էր)։
s-5 Հօրաքրոջս անունը Զարուհի էր։
s-6 Միշտ սիրած եմ այդ անունը։
s-7 Մտաւորական կին չէր, բայց մտաւորականի կին էր։
s-8 Իր ամուսինն էր Յակոբ Տէր Յակոբեան, Պարտիզակի քաղաքապետ 1915էն առաջ, որ տարագրութեան տարիներուն Գոնիա ապաստանած էր, Նշանեաններուն տունը։
s-9 Իսկ Նշանեաններն այդ տարիներուն՝ ինչո՞ւ Գոնիա էին եւ ո՛չ Կեսարիա (քանի որ Կեսարացի էին), չեմ գիտեր։
s-10 Վար դրուած ու ընտանեօք փրկուած որովհետեւ եղբայրներէն մէկը բժիշկ էր բանակին մէջ։
s-11 Տէր Յակոբեանը այդ շրջանի Պոլսեցի մտաւորականութեան միջինին կը պատկանէր։
s-12 Գիրքեր գրած էր։
s-13 Հետագային Փարիզի մէջ Պարտիզակի պատմութիւնը գրած է։
s-14 Այս ալ՝ Սփիւռքեան մասնագիտութիւն մը։
s-15 Ամէն մարդ իր գիւղին ու գիւղաքաղաքին պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը, ազգագրութիւնը կ՚ընէր։
s-16 Բայց իր մեծ արժանիքը այն էր, որ տպարան մը ստեղծած էր Փարիզ գալուն պէս։
s-17 Յառաջ թերթը առաջին տարիներուն հո՛ն կը տպուէր։
s-18 Ծանօթ էր նաեւ ապագայ Շահան Շահնուրին, Պոլսոյ տարիներէն, երբ Շահնուրը տակաւին երեխայ էր։
s-19 Տէր Յակոբեանի միջնորդութեամբ է, որ Շաւարշ Միսաքեան իր թերթին մէջ հրատարակած է Շահնուրի Նահանջ առանց երգի վէպը, որ շատ արագ պիտի դառնար Սփիւռքի ամենակարդացուած վէպը, ո՛չ թէ մէկ սերունդին վէպը, այլ հայախօս հայութեան մօտ կրքոտ սիրոյ ու ատելութեան առարկան։
s-20 Եւ քանի որ հայրս շատ մօտ էր իր քրոջ՝ Զարուհիին, յաճախ իրենց տունն էինք։
s-21 Այդ տարիներուն էր, երբ Փարիզ դեռ հայախօս մտաւորականութիւն մը կար։
s-22 Իրենց տունն է, որ ճանչցած եմ Ահարոնը, Վարուժանի սերունդէն եւ Վարուժանի հետեւորդ։
s-23 Ճանչցած եմ երբ կ՚ըսեմ, սխալ պէտք չէ հասկնալ։
s-24 Ճանչցած եմ միայն այն չափով, որ երեխայ մը կրնայ ճանչնալ չափահասներու աշխարհը։
s-25 Այս ամբողջը ի հարկէ՝ կարելի է մոռնալ։
s-26 Կը պատմեմ միայն հաճոյքի համար։
s-27 Խորհելով որ հո՛ն ծագեր է մէջս գիրքերու սէրը, եւ այդ սերունդին հանդէպ պատասխանատուութեան զգացում մը։
s-28 Որուն անդրադարձած եմ տարիներ ետքը միայն։
s-29 Ուզեր եմ իրենց աշխարհին, իրենց յամառութեան, իրենց ճգնումին, հայերէն լեզուի հանդէպ իրենց նախանձախնդրութեան հաւատարիմ ըլլալ։
s-30 Ուզեր եմ որ մէկը գոնէ, թէկուզ միայն մէկ հոգի, մնայ հաւատարիմ։
s-31 Ատկէ անդին՝ կրնամ ցատկել ու յառաջանալ արագ քայլերով։
s-32 Հայերէնի համալսարանական ուսում ըրած եմ Արեւելեան Լեզուներու Դպրոցը, որմէ վկայուած եմ։
s-33 Փիլիսոփայութեան ուսումը ըրած եմ ծայրէ ծայր Սթրասպուրկ։
s-34 Փիլիսոփայական առաջին մեծ ընթերցումս եղած է Ֆրանց Ռոզընցուայկի Der Stern der Erlösungը։
s-35 Բայց բուն փիլիսոփայական ուսման տարիներուն նախկին ընթերցումները բանի մը չէին ծառայեր։
s-36 Պէտք է հասկնայի շուրջս կատարուածը, ու գրեթէ միշտ՝ շուրջս կատարուածը իմ ուժերէս ու հասողութիւնէս վեր էր։
s-37 Յետոյ միայն այդ չկար, քանի որ նոյն տարիներուն՝ իմ սեղանիս առջեւ, միս մինակս, հայ գրականութեան «ուսանող» էի նաեւ։
s-38 Ամէն պարագայի՝ այն տարիներուն է, որ հետեւած եմ Ժան-Լիւք Նանսիի եւ Ֆիլիփ Լաքու-Լապարթի դասերուն։
s-39 Ժագ Տեռիտայի առաջին սերունդի աշակերտներն էին իրենք եւ այսքան տարի ետք՝ մնացած են իր լաւագոյն մեկնիչները, նոյնիսկ եթէ ամէն մէկը նաեւ իր անձնական ճամբան գծած է։
s-40 Տարիներ շարունակ հաւատարմօրէն նստած եմ իրենց բոլոր դասերուն ու մտիկ ըրած եմ զիրենք։
s-41 Հիմա գիտեմ թէ այն ատեն՝ չէի հասկնար իրենց ըսածները։
s-42 Չէի հասկնար բայց կ՚ունկնդրէի։
s-43 Իրենք ինձմէ հազիւ հազիւ հինգ-վեց տարի մեծ էին։
s-44 Եւ սակայն հանճարներ էին։
s-45 Հիմա գիտեմ թէ որքա՛ն հանճարեղ էին։
s-46 Որովհետեւ հիմա (30 տարի վերջը) կը հասկնամ այդ տարիներու իրենց գրածները։
s-47 Այսինքն՝ նո՛ր է, որ կը հասկնամ։
s-48 Երեսուն տարի պէտք եղած է որ հասկնամ։
s-49 Հո՛ն է իրենց հանճարեղութիւնը։
s-50 ԿԱՄի 6րդ համարին մէջ՝ Ժան-Լիւք Նանսիի մէկ գրութիւնը թարգմանեցի հայերէնի ու տպեցի։
s-51 Առիթ մը եղաւ իրեն հետ վերստին կապի մէջ մտնելու, հարցուփորձելու, հաղորդակցելու։
s-52 Եւ ամէն պարագայի՝ տոքթորական աւարտաճառս գրեցի գերմանական արդի փիլիսոփայութեան մասին։
s-53 Հեղինակի մը մասին մենագրութիւն մը չէր։
s-54 Հարցի մը նուիրուած էր։
s-55 Վերնագիրն էր. La Question générale du fondement։
s-56 Տեղը չէ կարծեմ բացատրելու, թէ ի՛նչ է այդ «հիմք»ի կամ «հիմնաւորում»ի հարցը։
s-57 Բայց այդ տարիներուն քով քովի կը դնէի Հայտեկըր, Հուսըրլ, Քանթ եւ քանի մը ուրիշներ։
s-58 Բայց կար նաեւ հայ գրականութիւնը, ո՛չ թէ որպէս առարկայ, այլ որպէս տեսակ մը ներդրում։
s-59 Կար հաւատարմութիւնը որ կը տանջէր զիս։
s-60 Ո՛չ թէ այս անգամ ընտանեկան շրջանէն ներս ներծծածիս նկատմամբ, այլ առաջին հերթին՝ Փարիզի գրողներուն, որոնք տարագրութիւնը ընտրած էին իրենց գրականութեան մէջ։
s-61 Այո, տարագրութիւնը ընտրելո՛ւ հարց մը կայ, որ վերստին՝ շատ երկար պիտի ըլլար եթէ հոս հիմա բացատրել ուզէի։
s-62 Տարագրութիւնը ճակատագիր մըն է, զոր չես ընտրեր։
s-63 Կու գայ, կը փլի վրադ։
s-64 Աչքերդ կը բանաս, սկիզբը չես գիտեր, բայց շուտ մը կ՚անդրադառնաս որ երկրի մը մէջ կ՚ապրիս որ կը կոչուի Տարագրութիւն։
s-65 Կը սորվիս ուրեմն Տարագրութեան լեզուն։
s-66 Եւ սակայն այդ ամբողջը բաւական չէ։
s-67 Տեղ մը կու գայ, ուր գիտակից որոշումով մը՝ կ՚ընտրես։
s-68 Կ՚ըսես. այլեւս ժամանակը եկած է ընտրելու։
s-69 Նոյնն է, երբ կ՚ամուսնանաս։
s-70 Կ՚ըսես. ժամանակը եկած է ընտրելու։
s-71 Եւ կ՚ընտրես հետեւաբար այդ լեզուն եւ այդ երկիրը, Տարագրութեան լեզուն, երկիր որ կը կոչուի Տարագրութիւն։
s-72 Ապշեցուցիչ ընտրութիւն, որովհետեւ Տարագրութիւնը միւս երկիրներուն չի նմանիր։
s-73 Միւս բոլոր երկիրներուն մէջ՝ կրնաս աճիլ ու աճեցնել։
s-74 Կրնաս բուսցնել, մեծցնել։
s-75 Մինչդեռ Տարագրութիւն կոչուած երկրին մէջ, ո՛չ մէկ բան կ՚աճի։
s-76 Սերմը կը չորնայ նոյնհետայն։
s-77 Տարագրութիւն կոչուած երկիրը ամլութեան երկիրն է։
s-78 Ուրեմն կ՚ընտրես։
s-79 Կ՚ընտրես ամլութիւնը։
s-80 Ուրեմն քաղաքացիութիւն կը փոխես։
s-81 Առաջ ֆրանսացի էիր, Հայ էիր։
s-82 Կը փոխես, կրօնափոխ ըլլալու պէս։
s-83 Կ՚որոշես Տարագրութիւն կոչուած երկրին քաղաքացին ըլլալ։
s-84 Եւ սակայն առաջ ալ հոն էիր, հոն ծնած էիր։
s-85 Այո, ծնած էիր։
s-86 Ծնիլը չի բաւեր։
s-87 Էականը հոս՝ ծնունդիդ մէջ, ծննդավայրիդ մէջ շրջիլն է, դառնալը, դառնալ, շրջափոխուիլ, գրաւել նոր երկիր մը, որ նոյն երկիրն է։
s-88 Ճիշդ ինչպէս Դանիէլ Վարուժանը, երբ կ՚ըսէր.
s-89 «Դէպի հայրերը. որ է՝ դէպի աստուածները»։
s-90 Նոյն երկրին մէջ դառնալ, եւ այդ երկիրը դարձնել նոր Քանան մը։
s-91 Այն տարբերութեամբ միայն, որ ներկայ պարագային՝ երկիրը հայրերուն երկիրը չէ, աստուածներուն երկիրը չէ։
s-92 Այլ՝ Տարագրութիւն կոչուած երկիրը։
s-93 Այդ ընթացքը, քաղաքացիութիւն փոխելու, Տարագրութիւնը ընտրելու այդ գործողութիւնը որպէսզի կարենամ իրագործել եւ ըսել (իրագործելը հոս՝ ըսելն է, մէկը միւսէն անկախ չէ), տարիներ պէտք եղած են վերստին։
s-94 Ունէի սակայն վարպետներ։
s-95 Երկու վարպետ, առաջին մէկ վայրկեանէն։
s-96 Փարիզեան գրողներէն՝ Սարաֆեան եւ Որբունի։
s-97 Սարաֆեանի մասին այսօր հոս հոն՝ երբեմն կը գրեն։
s-98 Նաեւ կը դասաւանդեն, վստահ եմ։
s-99 Համալսարանական դասաւանդումի առարկայ ալ կը դարձնեն, կ՚ենթադրեմ։
s-100 Բայց կը հասկնա՞ն արդեօք ամլութեան ընտրութիւնը, Տարագրութիւն կոչուած երկրին քաղաքացի դառնալու որոշումը։

Text viewDownload CoNNL-U