Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 202 - 301 of 251 • previous

s-202 Այս բանին կը նպաստէ եւրոպական թերթերու այն լուրը թէ՝ Ռուսիոյ կայսրը ուքազով մը անկախութիւն խոստացեր է Կովկասի Հայերուն։
s-203 Նոյն միջոցին Արեւելեան նահանգներու բարենորոգմանց քննիչ պ. Հօֆֆ, որ Վան կը գտնուէր պատերազմը ծագած միջոցին, կը վերադառնայ Պոլիս իր հետեւորդներով։
s-204 Հոկտեմբեր 18/31ի թերթերը կը ծանուցանեն թէ օսմանեան նաւատորմէն մէկ փոքր մասը Սեւ ծովի մէջ փորձեր կատարելու ատեն ռուս նաւատորմը, որ նախապէս բոլոր այս փորձերուն կը հետեւէր եւ զանոնք կը խանգարէր, ի վերջոյ թշնամութիւններու սկսած է եւ յարձակած է օսմանեան նաւատորմին վրայ։
s-205 Ասկէ առաջ եկած կռիւին մէջ օսմանեան նաւատորմը ընկղմած է 5000 թօնօնոց Բիրօթ ականադիր նաւը, յետոյ ծանր վնասներ տուած է ռուս թորփիլանաւերէն մէկուն եւ գրաւած է ածխաբարձ նաւ մը։
s-206 Յետոյ, Կայրէթը Միլլիէ թորփիլանաւին կողմէ արձակուած թորփիլ մը ընկղմած է 1100 թօնօ տարողութեամբ Քուպանէց թորփիլահալածը եւ Մուավէնէթը Միլլիէ թորփիլանաւին կողմէ արձակուած թորփիլ մը շատ ծանր վնասներ պատճառած է ռուս եզերապահի մը, եւ այլն։
s-207 Թերթերը կը ծանուցանէին թէ ծովային կռիւները կը շարունակուին «մեր նաւատորմին նպաստաւոր կերպով»։
s-208 Միեւնոյն ատեն կը ծանուցանէին թէ՝ կայսերական կառավարութիւնը ամենաբուռն կերպով պիտի բողոքէ ռուսական նաւատորմին կողմէ մեր նաւատորմին մէկ փոքր մասին դէմ ուղղուած թշնամական այս արարքին համար։
s-209 Յաջորդ օրն իսկ կը մեկնին ռուս դեսպանն ու հիւպատոսը եւ օր մը վերջն ալ ֆրանսական ու անգլիական դեսպանները։
s-210 Այսպէս Էնվէր ու Թալէաթ կը հասնին իրենց նպատակին ու Թուրքիան կը նետեն արկածախնդրութեան մը մէջ, ուրկէ դուրս պիտի գար փճացած ու կործանած։
s-211 Քանի մը օր ետքը արդէն իսկ Տարտանէլի ռմբակոծումը կը սկսի եւ Կովկասի սահմաններուն վրան առաջին թնդանօթները կ՚արձակուին։
s-212 Հակառակ թուրք վարձկան մամուլի պոռչտուքներուն եւ բռնի կազմակերպուած ցոյցերուն, Թուրքիոյ ընդհանուր պատերազմին մասնակցութիւնը բնաւ խանդավառութիւն յառաջ չբերաւ։
s-213 Ընդհակառակը մտատանջութեան մատնեց ժողովուրդը, մանաւանդ զինուորական տարիք ունեցողները։
s-214 Նոյեմբեր 1/14ին տեղի ունեցաւ մեծ միթինկ մը, միշտ Իթթիհատի կողմէ պատրաստուած եւ որու մէջ Ճիհատի յայտարարութիւնը եղաւ։
s-215 Յետոյ հսկայ թափօր մը, որուն կը մասնակցէին բոլոր թուրք արհեստաւորները, լէպլէպիճի, բեռնակիր, կառապան, մսավաճառ եւ այլն, եւ այլն, փողոցները շրջեցաւ տավուլ զուռնայի խլացուցիչ աղմուկներով։
s-216 Այս խառնիճաղանճ ամբոխը, որուն առջեւէն վայրագ դէմքով եւ այլանդակ տարազով մարդիկ կը քալէին մերկ սուրերը օդին մէջ ճօճելով, անցաւ կամուրջէն եւ ուղղուեցաւ Բերա, թշնամական ցոյցեր ընելու համար ֆրանսական, ռուսական եւ անգլիական դեսպանատուններուն առջեւ։
s-217 Ցուցարարները այսքանով չբաւականացան սակայն եւ իրիկուան դէմ յարձակեցան Թօքաթլեան սրճարանին վրայ, ապակիները խորտակեցին եւ կարասիներն ու սպասները ջարդ ու փշուր ըրին եւ հոն գտնուող մէկ քանի քրիստոնեայ յաճախորդներ ալ գաւազանահար ծեծեցին։
s-218 Այս վայրենի արարքով վերջ գտաւ Ճիհատի յայտարարութիւնը։
s-219 Յաջորդ օրերուն թուրք ամբոխը, ոստիկաններու եւ զինուորներու աջակցութեամբ, քանդեց Քալաթարիա գտնուած ռուսական գեղեցիկ ու հոյակապ յիշատակարանը։
s-220 Ճիհատի յայտարարութիւնը, անոր յաջորդող դէպքերը եւ թուրքերուն հակաքրիստոնէական ցոյցերը, որոնք գրեթէ ամէն օր զանազան ձեւերով կը կրկնուէին, սկսան բաւական մտատանջութիւն պատճառել պոլսեցիներուն եւ մանաւանդ Հայերուն, որոնց դէմ մասնաւոր ատելութիւն մը կարծես ծայր տալ կը սկսէր։
s-221 Դեկտեմբերի վերջերը թրքական բանակը յաջողութիւններ ունեցաւ Կովկասի սահմաններուն վրայ եւ օր մըն ալ լսեցինք թէ Արտահանը գրաւուած է, ինչ որ զարմանք եւ մանաւանդ յուսախաբութիւն պատճառեց մեզի։
s-222 Այս յաղթանակը տօնուեցաւ փայլուն կերպով։
s-223 Ոստիկանութեան հրամանով բոլոր խանութները եւ վաճառատունները, ինչպէս նաեւ խմբագրատունները դրօշազարդուեցան։
s-224 Քիչ յետոյ սակայն, 1915 փետրուարի մէջ, Տարտանէլի ռմբակոծումը սաստկացաւ, ինչ որ շատ պաղ ջուր լեցուց թրքական խանդավառութեան վրայ:
s-225 Պահ մը նոյնիսկ ըսուեցաւ, թէ նեղուցը չպիտի կրնար դիմանալ եւ թէ անգլիական մարտանաւերը մէկ օրէն միւսը պիտի երեւնային Մարմարայի մէջ։
s-226 Զգայացունց լուրեր, ամէն օր, բերնէ բերան կը շրջէին։
s-227 Իմացա՞ք կառավարութիւնը կը պատրաստուի եղեր Պոլսէն մեկնելու։
s-228 Պոլիսը զինուորական իշխանութեան պիտի յանձնուի։
s-229 Հանրային պարտքի վարչութիւնը սնտուկներ պատրաստել կու տայ կոր տետրակները փոխադրելու համար։
s-230 Կայսերական թանգարանը կը պարպեն կոր եղեր։
s-231 Կառախումբ մը, շոգիի տակ, պատրաստ կը սպասէ եղեր Հայտար փաշայի կայարանը, եւ այլն։
s-232 Այդ լուրերէն շատերը, թէեւ հնարածոյ, բայց հաւատացողներ կը գտնէին։
s-233 Գալով ընդհանուր պատերազմի լուրերուն՝ ստիպուած էինք գոհանալ «Վօլֆ» գործակալութեան պաշտօնական զեկոյցներովը։
s-234 Ֆրանսական, իտալական կամ անգլիական ո եւ է թերթ այլեւս չէր մտներ Պոլիս։
s-235 Երբեմն, անուղղակի միջոցներով, կը յաջողէինք բարիզեան մէկ քանի թերթեր ձեռք ձգել զորս անյագութեամբ կը լափէինք։
s-236 Գիտէինք սակայն որ վճռական կռիւներ տեղի չէին ունենար Արեւմտեան ճակտին վրայ։
s-237 Ամէն բան դանդաղ կ՚ընթանար ու այլեւս ո՛չ ոք կը հաւատար թէ պատերազմը քանի մը ամիսէն պիտի վերջանար։
s-238 Լօրտ Քիշնէր արդէն յայտարարած էր թէ հինգ կամ եօթը տարի պիտի տեւէր այս պատերազմը։
s-239 Աւստրիոյ սահմաններուն վրայ Ռուսերը կը շարունակէին իրենց յառաջխաղացութիւնը եւ մարտի մէջ լսեցինք Բրղէմիսլի անկումը։
s-240 Բայց հոդ կանգ առաւ նաեւ ռուսական յաջողութիւնը։
s-241 Թուրքերը գիտէին թէ Հայերուն համակրութիւնը դէպի ո՞ր կողմը կը հակի. ու այս բանը կը զայրացնէր զիրենք։
s-242 «Գարակեօզ» օր մը գրեց.
s-243 «Եթէ կ՚ուզէք հասկնալ պատերազմին ընթացքը, Հայերուն դէմքին նայեցէ՛ք ։
s-244 Եթէ Հայերուն դէմքը կը խնդայ՝ ըսել է որ Ֆրանսացիները եւ Ռուսերը յաղթող են, իսկ եթէ իրենց դէմքը տխուր է՝ վստահ եղէք որ Գերմանացիներն են յաղթողը»։
s-245 Այդ միջոցներուն զրոյց մը մէջտեղ ելաւ, որուն շատ հաւատք չընծայեցինք։
s-246 Իբր թէ ոստիկանութիւնը Հայերու ցուցակներ կը պատրաստէ եւ այդ ցուցակներուն համեմատ շատեր պիտի աքսորուին։
s-247 Վեց հազար Հայերու ցուցակը պատրաստուած է, լուր կը բերէր մին։
s-248 Ո՛չ , միայն երկու հազար հոգիի ցուցակ մը կայ եղեր, կը հաւաստէր ուրիշ մը։
s-249 Օրերով այդ ցուցակին լուրը լսեցինք, բայց, ինչպէս ըսի, առանց հաւատք ընծայելու։
s-250 Սակայն բոլոր այդ զրոյցները հետզհետէ մտահոգութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէին մեր շուրջը։
s-251 Օդին մէջ սպառնալիք մը կար։

Text viewDownload CoNNL-U