s-201
| Հայերու դէմ արդէն իսկ թշնամութիւնը ծայր կու տայ թուրքերու մէջ։ |
s-202
| Այս բանին կը նպաստէ եւրոպական թերթերու այն լուրը թէ՝ Ռուսիոյ կայսրը ուքազով մը անկախութիւն խոստացեր է Կովկասի Հայերուն։ |
s-203
| Նոյն միջոցին Արեւելեան նահանգներու բարենորոգմանց քննիչ պ. Հօֆֆ, որ Վան կը գտնուէր պատերազմը ծագած միջոցին, կը վերադառնայ Պոլիս իր հետեւորդներով։ |
s-204
| Հոկտեմբեր 18/31ի թերթերը կը ծանուցանեն թէ օսմանեան նաւատորմէն մէկ փոքր մասը Սեւ ծովի մէջ փորձեր կատարելու ատեն ռուս նաւատորմը, որ նախապէս բոլոր այս փորձերուն կը հետեւէր եւ զանոնք կը խանգարէր, ի վերջոյ թշնամութիւններու սկսած է եւ յարձակած է օսմանեան նաւատորմին վրայ։ |
s-205
| Ասկէ առաջ եկած կռիւին մէջ օսմանեան նաւատորմը ընկղմած է 5000 թօնօնոց Բիրօթ ականադիր նաւը, յետոյ ծանր վնասներ տուած է ռուս թորփիլանաւերէն մէկուն եւ գրաւած է ածխաբարձ նաւ մը։ |
s-206
| Յետոյ, Կայրէթը Միլլիէ թորփիլանաւին կողմէ արձակուած թորփիլ մը ընկղմած է 1100 թօնօ տարողութեամբ Քուպանէց թորփիլահալածը եւ Մուավէնէթը Միլլիէ թորփիլանաւին կողմէ արձակուած թորփիլ մը շատ ծանր վնասներ պատճառած է ռուս եզերապահի մը, եւ այլն։ |
s-207
| Թերթերը կը ծանուցանէին թէ ծովային կռիւները կը շարունակուին «մեր նաւատորմին նպաստաւոր կերպով»։ |
s-208
| Միեւնոյն ատեն կը ծանուցանէին թէ՝ կայսերական կառավարութիւնը ամենաբուռն կերպով պիտի բողոքէ ռուսական նաւատորմին կողմէ մեր նաւատորմին մէկ փոքր մասին դէմ ուղղուած թշնամական այս արարքին համար։ |
s-209
| Յաջորդ օրն իսկ կը մեկնին ռուս դեսպանն ու հիւպատոսը եւ օր մը վերջն ալ ֆրանսական ու անգլիական դեսպանները։ |
s-210
| Այսպէս Էնվէր ու Թալէաթ կը հասնին իրենց նպատակին ու Թուրքիան կը նետեն արկածախնդրութեան մը մէջ, ուրկէ դուրս պիտի գար փճացած ու կործանած։ |
s-211
| Քանի մը օր ետքը արդէն իսկ Տարտանէլի ռմբակոծումը կը սկսի եւ Կովկասի սահմաններուն վրան առաջին թնդանօթները կ՚արձակուին։ |
s-212
| Հակառակ թուրք վարձկան մամուլի պոռչտուքներուն եւ բռնի կազմակերպուած ցոյցերուն, Թուրքիոյ ընդհանուր պատերազմին մասնակցութիւնը բնաւ խանդավառութիւն յառաջ չբերաւ։ |
s-213
| Ընդհակառակը մտատանջութեան մատնեց ժողովուրդը, մանաւանդ զինուորական տարիք ունեցողները։ |
s-214
| Նոյեմբեր 1/14ին տեղի ունեցաւ մեծ միթինկ մը, միշտ Իթթիհատի կողմէ պատրաստուած եւ որու մէջ Ճիհատի յայտարարութիւնը եղաւ։ |
s-215
| Յետոյ հսկայ թափօր մը, որուն կը մասնակցէին բոլոր թուրք արհեստաւորները, լէպլէպիճի, բեռնակիր, կառապան, մսավաճառ եւ այլն, եւ այլն, փողոցները շրջեցաւ տավուլ զուռնայի խլացուցիչ աղմուկներով։ |
s-216
| Այս խառնիճաղանճ ամբոխը, որուն առջեւէն վայրագ դէմքով եւ այլանդակ տարազով մարդիկ կը քալէին մերկ սուրերը օդին մէջ ճօճելով, անցաւ կամուրջէն եւ ուղղուեցաւ Բերա, թշնամական ցոյցեր ընելու համար ֆրանսական, ռուսական եւ անգլիական դեսպանատուններուն առջեւ։ |
s-217
| Ցուցարարները այսքանով չբաւականացան սակայն եւ իրիկուան դէմ յարձակեցան Թօքաթլեան սրճարանին վրայ, ապակիները խորտակեցին եւ կարասիներն ու սպասները ջարդ ու փշուր ըրին եւ հոն գտնուող մէկ քանի քրիստոնեայ յաճախորդներ ալ գաւազանահար ծեծեցին։ |
s-218
| Այս վայրենի արարքով վերջ գտաւ Ճիհատի յայտարարութիւնը։ |
s-219
| Յաջորդ օրերուն թուրք ամբոխը, ոստիկաններու եւ զինուորներու աջակցութեամբ, քանդեց Քալաթարիա գտնուած ռուսական գեղեցիկ ու հոյակապ յիշատակարանը։ |
s-220
| Ճիհատի յայտարարութիւնը, անոր յաջորդող դէպքերը եւ թուրքերուն հակաքրիստոնէական ցոյցերը, որոնք գրեթէ ամէն օր զանազան ձեւերով կը կրկնուէին, սկսան բաւական մտատանջութիւն պատճառել պոլսեցիներուն եւ մանաւանդ Հայերուն, որոնց դէմ մասնաւոր ատելութիւն մը կարծես ծայր տալ կը սկսէր։ |
s-221
| Դեկտեմբերի վերջերը թրքական բանակը յաջողութիւններ ունեցաւ Կովկասի սահմաններուն վրայ եւ օր մըն ալ լսեցինք թէ Արտահանը գրաւուած է, ինչ որ զարմանք եւ մանաւանդ յուսախաբութիւն պատճառեց մեզի։ |
s-222
| Այս յաղթանակը տօնուեցաւ փայլուն կերպով։ |
s-223
| Ոստիկանութեան հրամանով բոլոր խանութները եւ վաճառատունները, ինչպէս նաեւ խմբագրատունները դրօշազարդուեցան։ |
s-224
| Քիչ յետոյ սակայն, 1915 փետրուարի մէջ, Տարտանէլի ռմբակոծումը սաստկացաւ, ինչ որ շատ պաղ ջուր լեցուց թրքական խանդավառութեան վրայ: |
s-225
| Պահ մը նոյնիսկ ըսուեցաւ, թէ նեղուցը չպիտի կրնար դիմանալ եւ թէ անգլիական մարտանաւերը մէկ օրէն միւսը պիտի երեւնային Մարմարայի մէջ։ |
s-226
| Զգայացունց լուրեր, ամէն օր, բերնէ բերան կը շրջէին։ |
s-227
| — Իմացա՞ք կառավարութիւնը կը պատրաստուի եղեր Պոլսէն մեկնելու։ |
s-228
| — Պոլիսը զինուորական իշխանութեան պիտի յանձնուի։ |
s-229
| — Հանրային պարտքի վարչութիւնը սնտուկներ պատրաստել կու տայ կոր տետրակները փոխադրելու համար։ |
s-230
| — Կայսերական թանգարանը կը պարպեն կոր եղեր։ |
s-231
| — Կառախումբ մը, շոգիի տակ, պատրաստ կը սպասէ եղեր Հայտար փաշայի կայարանը, եւ այլն։ |
s-232
| Այդ լուրերէն շատերը, թէեւ հնարածոյ, բայց հաւատացողներ կը գտնէին։ |
s-233
| Գալով ընդհանուր պատերազմի լուրերուն՝ ստիպուած էինք գոհանալ «Վօլֆ» գործակալութեան պաշտօնական զեկոյցներովը։ |
s-234
| Ֆրանսական, իտալական կամ անգլիական ո եւ է թերթ այլեւս չէր մտներ Պոլիս։ |
s-235
| Երբեմն, անուղղակի միջոցներով, կը յաջողէինք բարիզեան մէկ քանի թերթեր ձեռք ձգել զորս անյագութեամբ կը լափէինք։ |
s-236
| Գիտէինք սակայն որ վճռական կռիւներ տեղի չէին ունենար Արեւմտեան ճակտին վրայ։ |
s-237
| Ամէն բան դանդաղ կ՚ընթանար ու այլեւս ո՛չ ոք կը հաւատար թէ պատերազմը քանի մը ամիսէն պիտի վերջանար։ |
s-238
| Լօրտ Քիշնէր արդէն յայտարարած էր թէ հինգ կամ եօթը տարի պիտի տեւէր այս պատերազմը։ |
s-239
| Աւստրիոյ սահմաններուն վրայ Ռուսերը կը շարունակէին իրենց յառաջխաղացութիւնը եւ մարտի մէջ լսեցինք Բրղէմիսլի անկումը։ |
s-240
| Բայց հոդ կանգ առաւ նաեւ ռուսական յաջողութիւնը։ |
s-241
| Թուրքերը գիտէին թէ Հայերուն համակրութիւնը դէպի ո՞ր կողմը կը հակի. ու այս բանը կը զայրացնէր զիրենք։ |
s-242
| «Գարակեօզ» օր մը գրեց. |
s-243
| «Եթէ կ՚ուզէք հասկնալ պատերազմին ընթացքը, Հայերուն դէմքին նայեցէ՛ք ։ |
s-244
| Եթէ Հայերուն դէմքը կը խնդայ՝ ըսել է որ Ֆրանսացիները եւ Ռուսերը յաղթող են, իսկ եթէ իրենց դէմքը տխուր է՝ վստահ եղէք որ Գերմանացիներն են յաղթողը»։ |
s-245
| Այդ միջոցներուն զրոյց մը մէջտեղ ելաւ, որուն շատ հաւատք չընծայեցինք։ |
s-246
| Իբր թէ ոստիկանութիւնը Հայերու ցուցակներ կը պատրաստէ եւ այդ ցուցակներուն համեմատ շատեր պիտի աքսորուին։ |
s-247
| — Վեց հազար Հայերու ցուցակը պատրաստուած է,— լուր կը բերէր մին։ |
s-248
| — Ո՛չ , միայն երկու հազար հոգիի ցուցակ մը կայ եղեր,— կը հաւաստէր ուրիշ մը։ |
s-249
| Օրերով այդ ցուցակին լուրը լսեցինք, բայց, ինչպէս ըսի, առանց հաւատք ընծայելու։ |
s-250
| Սակայն բոլոր այդ զրոյցները հետզհետէ մտահոգութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէին մեր շուրջը։ |
s-251
| Օդին մէջ սպառնալիք մը կար։ |