Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 251 • previousnext

s-101 Ի՞նչ ունիս հոս, գոչեցի տեսնելով մեր արկածախնդիր բարեկամը։
s-102 Պուլկարական բանակը թողուցի ու փախայ, ըսաւ։
s-103 Ինչո՞ւ համար...
s-104 Որովհետեւ այդ անպիտանները Գերմանիոյ ու Թուրքիոյ պիտի միանան ու ես չեմ ուզեր անոնց հետ կողք կողքի կռուիլ Ֆրանսայի ու Անգլիոյ դէմ։
s-105 Հիմա ի՞նչ է միտքդ։
s-106 Ռուսիա պիտի անցնիմ եւ ռուսական բանակին մէջ ծառայութեան պիտի մտնեմ։
s-107 Եւ Թորգոմ բացատրեց իր կացութիւնը։
s-108 Զինուորական նոր պաշտօնով մը Տէտէ Աղաճ ղրկուած միջոցին՝ փախած էր ու Էտիրնէէն երկաթուղիով եկած էր Պոլիս։
s-109 Բայց հոս, եթէ ոստիկանութիւնը իմանայ, կրնայ քեզ ձերբակալել, դիտել տուի։
s-110 Անշուշտ, պատասխանեց, եւ ճիշտ ասոր համար է որ, հոս, ֆրանսական դեսպանատունը ապաստանեցայ, բայց, դժբախտաբար, աւելի երկար ատեն չեմ կրնար մնալ հոս եւ իրենց հիւրընկալութիւնը չարաչար գործածել, պէտք է որ հիմա մեկնիմ հոսկէ եւ ուրիշ տեղ մը գտնեմ ինծի, մինչեւ որ յաջողիմ ճամբայ ելլել դէպի Ռուսիա։
s-111 Ո՛չ միայն թրքական ոստիկանութիւնը այլ նաեւ պուլկար կառավարութիւնն ալ ապահովաբար կը հետապնդէ զիս եւ գիտէ թէ Պոլիս ապաստանած եմ։
s-112 Ինծի ապահով տեղ մը պէտք է գտնաս։
s-113 Բայց ո՞ւր ... քեզի պէս վտանգաւոր մէկը ո՞վ կը համարձակի քովը պահել։
s-114 Երկար խորհրդակցութենէ ետքը, որոշեցինք գոնէ նոյն գիշերը օթէլ մը տեղաւորել զինքը եւ հետեւեալ օր աւելի յարմար թաքստոց մը գտնել։
s-115 Խօսակցութեան միջոցին՝ Թորգոմ յայտնեց նաեւ որ նիւթական շատ անձուկ վիճակի մը մէջ կը գտնուի. թէ վրան հազիւ քանի մը ֆրանք ունի եւ թէ առնուազն հազար ֆրանք պէտք է իրեն ինքզինք գոնէ Օտեսա նետելու համար։
s-116 Անգամ մը որ հոն հասնիմ կրնամ գլխուս ճարը տեսնել, յայտարարեց։
s-117 Իբրեւ բեռ միակ պայուսակ մը ունէր։
s-118 Տղու մը միջոցաւ զայն փոխադրեցի Սավուա օթէլը ուր քիչ ետքը ինքն ալ եկաւ։
s-119 Հիմա կը մնար հազար ֆրանքը ճարել։
s-120 «Ահաւասիկ խնդիրը», ինչպէս կ՚ըսէ Շէքսբիր։
s-121 Հարուստները պէտք է տան, ըսաւ Թորգոմ, ես ազգին համար զոհուած մարդ մըն եմ, ազգին պատիւը բարձր պահելու համար մինչեւ Բարիզ գացի ու մենամարտեցայ ամէնէն ճարտար սուսերամարտիկին հետ ու ճիշտ սրտէս վիրաւորուեցայ։
s-122 Եւ Թորգոմ շապիկը բանալով ցոյց տուաւ սպիացած վէրքին նշանը։
s-123 Ազգային փառք մըն եմ ես այսօր, շարունակեց, կէս լուրջ կէս ծաղրական շեշտով մը, եւ այսչափ զոհողութիւն պէտք չէ որ զլանան ինծի։
s-124 Իրաւունք ունիս, պատասխանեցի, բայց մեր հարուստները այնքա՜ն վախկոտ են որ եթէ անունդ լսեն՝ ո՛չ թէ միայն դրամ տալու պիտի վարանին, այլ քուներնին ալ պիտի փախչի։
s-125 Ի՞նչ ընենք ուրեմն...
s-126 Կը մտածէի թէ որո՞ւ կրնայի դիմել որ կարող ըլլար գնահատել Թորգոմի պէս մէկը եւ միանգամայն ի վիճակի ըլլար հազար ֆրանք տալու։
s-127 Զօհրապը միտքս ընկաւ։
s-128 Թերեւս իրմէ կարենանք առնել, ըսի։
s-129 Այո՛ , գոչեց Թորգոմ, լաւ մտածեցիր, Զօհրապ զիս ալ լաւ կը ճանչնայ եւ զգացումի ալ տէր է. վաղը առտու կանուխ եկո՛ւր եւ միասին կ՚երթանք իրեն։
s-130 Ու բաժնուեցայ իրմէ։
s-131 Հետեւեալ առտու կանուխ վերադարձայ իր մօտ. Թորգոմ տենդային վիճակի մէջ էր։
s-132 Լուր առած էր թէ ոստիկանութիւնը իմացած է իր Պոլիս գտնուիլը եւ թէ խուզարկութիւններու ձեռնարկած է։
s-133 Հապճեպով զգեստները հագաւ։
s-134 Պայուսակին մէջէն խոշոր րէվօլվէր մը հանեց իր կաշիէ պատեանովը ու մէջքին կապեց, յետոյ աւելի փոքր պրաունինկ մը տեղաւորեց գրպանը։
s-135 Եթէ փողոցը զիս ձերբակալել ուզեն՝ պիտի դիմադրեմ, ու ի հարկին վրանին կրակ պիտի ընեմ...
s-136 Այս տրամադրութեան ներքեւ գտնուող մէկու մը հետ ճամբայ քալելը հաճելի բան մը չէր. այսուհանդերձ ստիպուեցայ համակերպիլ, բախտի յանձնելով ամէն բան։
s-137 Մինչեւ Ղալաթիա պիտի երթայինք, Լաճիվէրտ խան, ուր կը գտնուէր Զօհրապի գրասենեակը։
s-138 Բայց անկէ առաջ Թորգոմ ուզեց ռուսական հիւպատոսարանը հանդիպիլ։
s-139 Անվտանգ անցանք Շիտակ ճամբէն, հիւպատոսարան մտանք ուր բարեկամս տեսակցեցաւ մէկ քանի պաշտօնեաներու հետ:
s-140 Յետոյ ճամբանիս շարունակեցինք ու եկանք Լաճիվէրտ խան։
s-141 Զօհրապ հոն չէր։
s-142 Իր զաւակը եւ գրագիր մը մեզ ընդունեցին։
s-143 Նոյն միջոցին հոն կը գտնուէր նաեւ Արամ Անտոնեան։
s-144 Ըսինք թէ կը փափաքէինք Զօհրապ էֆէնտիի հետ տեսակցիլ։
s-145 Հայրիկս քիչ մը առաջ հոս էր, պատասխանեց զաւակը, չեմ գիտեր թէ ո՛ւր գացած է, կեցէ՛ք քանի մը տեղ թէլէֆօն ընեմ եւ եթէ կարենամ հետը խօսիլ կ՚ըսեմ որ հոս իրեն կը սպասէք կոր։
s-146 Եւ մտաւ, Արամ Անտոնեանի հետ, Զօհրապի սենեակը, մինչ մենք դուրսը, սպասման սրահը մնացինք։
s-147 Քիչ ետքը վերադարձաւ մեզի եւ ըսաւ թէ անկարելի եղած էր հօրը հետ տեսակցիլ։
s-148 Եթէ կ՚ուզէք սպասեցէք, թերեւս կու գայ, ըսաւ։
s-149 Ժամու մը չափ սպասեցինք։
s-150 Միջոց մը Արամ Անտոնեան մէկ կողմ քաշեց զիս եւ ըսաւ.
s-151 Պարապ տեղը մի՛ սպասէք, Զօհրապը գալիք չունի. տղան հետը խօսեցաւ եւ ըսաւ թէ Թորգոմը եկած է ու զինքը տեսնել կ՚ուզէ եւ խորհուրդ տուաւ որ գրասենեակ չհանդիպի։
s-152 Զօհրապն ալ պատասխանեց որ ժամ առաջ գրասենեակէն հեռացնելու նայի Թորգոմը...։
s-153 Ի վերջոյ, կէսօրին մօտ, գրագիրը յայտարարեց.
s-154 Ա՛լ ասկէ ետքը Զօհրապ էֆէնտի չի գար, Պոլիս անցած ըլլալու է, որովհետեւ կարեւոր գործ մը ունի այսօր դատարանը։
s-155 Դատարանէն ետքն ալ ուղղակի շոգենաւ կ՚երթայ։
s-156 Արդարեւ նոյն միջոցին Զօհրապ Մեծ Կղզի կը նստէր։
s-157 Յուսահատ դուրս ելանք։
s-158 Ի՞նչ պիտի ընենք հիմա, հարցուց Թորգոմ։
s-159 Իրա՛ւ որ չեմ գիտեր։
s-160 Բայց պէտք է որ անպատճառ տեսնենք Զօհրապը...
s-161 Դժբախտաբար Կղզին կը բնակի, եթէ ո՛չ գոնէ իրիկունը տեսնելու փորձ մը կ՚ընէինք։
s-162 Ուրեմն վաղը առտու Մեծ Կղզի ուղղակի իր տունը երթանք։
s-163 Երթանք, ստիպուեցայ համակերպիլ։
s-164 Հետեւեալ օրը կիրակի էր ու ապահովաբար պիտի կրնայինք Զօհրապը իր տունը գտնել։
s-165 Ժամադիր եղանք կամուրջին վրայ, կղզիներու նաւամատոյցը եւ իրարմէ բաժնուեցանք։
s-166 Նոյն օրն իսկ իմացայ որ Բերայի մէջ ոստիկանները իբր Թորգոմ ձերբակալած էին Սարգիս Մինասեանը որ հեռուէ հեռու նմանութիւն մը ունէր մեր բարեկամին հետ։
s-167 Կիրակի առտու գացի կղզիներու շոգենաւը։
s-168 Սակայն Թորգոմ չեկաւ ու ես առանձին գացի Մեծ Կղզի ու հետեւեալ առտուն ուղղուեցայ դէպի Նիզամ ուր կը գտնուէր Զօհրապի բնակարանը։
s-169 Ներքնապէս գոհ էի որ Թորգոմ չէր եկած, քանի որ Արամ Անտոնեանէն իմացած էի որ իր ներկայութիւնը դժգոհութիւն պիտի պատճառէր Զօհրապի։
s-170 Հիմա առանձին՝ կրնայի իրեն հետ տեսնուիլ ու ազատօրէն ամէն բան բացատրել։
s-171 Բարեբախտաբար նոյն միջոցին Զօհրապը տեսայ որ դէպի նաւամատոյց կու գար։
s-172 Միասին մեր ճամբան շարունակեցինք։
s-173 Երբ պատմեցի իրեն Թորգոմի գալուստը եւ իրմէ սպասած ակնկալութիւնը, շատ յուզուեցաւ.
s-174 Ամա՜ն , գոչեց, չըլլայ որ գայ զիս տեսնելու, ըսէ իրեն որ դժբախտաբար այս միջոցիս ի վիճակի չեմ իր ուզած գումարը տալու, եթէ խնդիրը փոքրիկ գումարի մը վրայ ըլլար, ամենայն հաճութեամբ... ինչ որ ալ ըլլայ՝ խորհուրդ տո՛ւր իրեն որ իսկոյն հեռանայ Պոլսէն, եթէ ձեռք անցնի՝ գործը գէշ է։
s-175 Հիմա ժամանակները փոխուած են...
s-176 Հանդարտեցուցի զինքը եւ ըսի որ ամէն ջանք պիտի ընեմ որպէսզի Թորգոմ ո՛ եւ է կերպով զինքը անհանգիստ չընէ։
s-177 Յետոյ, մեր խօսակցութիւնը շարունակեցինք օրուան կացութեան շուրջը։
s-178 Երբեք Զօհրապը չէի տեսած այնքա՜ն յոռետես որքան այդ օրը։
s-179 Սարսափելի օրերու մէջ կ՚ապրինք կոր, ըսաւ, այս թուրքերը բոլորովին փոխուած են, մանաւանդ մեզի հանդէպ...
s-180 Ի՞նչ բանէ կը վախնաք, հարցուցի։
s-181 Կը վախնամ որ մեզ ամէնքս ալ ջարդեն, պատասխանեց Զօհրապ, իրապէս յուզուած շեշտով մը. Այդ ընդհանուր պատերազմը իրենց համար առիթ մըն է որ երբեք ձեռք չպիտի կրնան անցընել։
s-182 Այդ օրէն ետքն ալ, քանի անգամ որ Զօհրապի հետ խօսակցելու պատեհութիւնը ունեցայ, նոյն տրամադրութեան մէջ գտայ զինքը.
s-183 Պիտի ջարդեն մեզի, կը կրկնէր։
s-184 Ու ասիկա սեւեռուն գաղափար մը եղած էր իր մէջը։
s-185 Գալով Թորգոմին՝ երկուշաբթի երբ Կղզիէն Պոլիս վերադարձայ ու եկայ «Ժամանակ»ի խմբագրատունը ինծի ըսին որ հոն եկած էր զիս փնտռելու։
s-186 Ցերեկուան մօտ թէլէֆօնով խօսեցաւ հետս։
s-187 Ռուսական հիւպատոսարանը կը գտնուիմ, ըսաւ, ու կէսօրէն ետքը ռուսական շոգենաւով պիտի մեկնիմ Օտեսա. շոգենաւ եկուր զիս տեսնելու։
s-188 Դրամի խնդիրը ի՞նչ ըրիր, հարցուցի։
s-189 Կարգադրեցի, պատասխանեց։
s-190 Այս լուրը շատ ուրախացուց զիս, որովհետեւ անկեղծօրէն կը փափաքէի որ բարեկամս ազատէր իր նեղ կացութենէն։
s-191 Անպատճառ գաս շոգենաւ, զիս տեսնելու, կրկնեց թէլէֆօնին մէջէն։
s-192 Խոստացայ երթալ, բայց վերջին պահուն վարանեցայ ու չգացի։
s-193 Շատ իրաւունք ունիմ եղեր խոհեմութեամբ շարժելու, որովհետեւ շոգենաւին շուրջ ոստիկանութիւնը կը հսկէ եղեր, ինչպէս յետոյ իմացայ։
s-194 Ամիսներ ետքը իմացանք որ Թորգոմ Բեդերսպուրկի պուլկարական դեսպան Ռատկօ Տիմիթրիէֆի բանակին մէջ կը կռուի եղեր Կալիցիոյ սահմաններուն վրայ, թէ նոյնիսկ քաջութիւններ գործած, վէրքեր ստացած ու աստիճանի բարձրացումներ ունեցած է։
s-195 Իսկ աւելի ետքը, անցած է Կովկաս ու միացած հայկական գունդերուն եւ Վանի գրաւումին մասնակցողներէն մէկը եղած է։
s-196 Ընդհանուր պատերազմի առաջին արդիւնքներէն մէկն ալ եղաւ քափիւթիւլասիօններու ջնջումը, որ տեղի տուաւ, իբրեւ թէ, ժողովրդական խանդավառ ցոյցերու, յատկապէս կազմակերպուած Իթթիհատի կուսակցութեան կողմէ։
s-197 Գրեթէ միեւնոյն ժամանակ Կէօպէն եւ Պրեսլաւ գերմանական մարտանաւերը, անգլիական նաւատորմէն հալածուած, կը յաջողէին ապաստանիլ Տարտանէլի նեղուցը եւ օր մը ետքը, պաշտօնապէս կը ծանուցուէր թէ այդ երկու զրահաւորները թուրք կառավարութիւնը գնած էր եւ միացուցած օսմանեան նաւատորմին։
s-198 Բոլոր ասոնք կը զգացունէին թէ Թուրքիա կը պատրաստուէր մասնակցելու պատերազմին, Գերմանիոյ հետ միացած։
s-199 Բայց տակաւին շատեր չէին հաւատար այսպիսի հաւանականութեան եւ կը կարծէին թէ վերջին վայրկեանին Իթթիհատ պիտի հրաժարէր այսպիսի յիմարութենէ մը։
s-200 Սեպտեմբերի մէջ Տարտանէլի նեղուցը կը գոցուի նաեւ առեւտրական շոգենաւերու համար։

Text viewDownload CoNNL-U