s-1
| Տարեկան տեսութեան մը առթիւ ուզեցինք իմանալ թէ ի՛նչ գործեր կատարած են մեր գաղութին ազգային մարմինները եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին յառաջիկային համար։ |
s-2
| Ահա կը լրանայ նոր տարուան առաջին ամիսը, բայց ոչ մէկ ձայն։ |
s-3
| Ոչ իսկ սովորական տեղեկութիւն մը, այս կամ այն շրջանէն։ |
s-4
| «Լռութիւնը ոսկի է», կ՚ըսէին, երբ դպրոց կ՚երթայինք։ |
s-5
| Փորձառութիւնը հաստատեց թէ միշտ ոսկի չէ։ |
s-6
| Երբեմն արծաթ է, իսկ յաճախ ալ թիթեղ։ |
s-7
| Այս երեքէն որո՞ւն կը համապատասխանէ համատարած լռութիւնը։ |
s-8
| Փարիզի Կրօն. Ընկերակցութեան վարչական ժողովին մէջ, Բ. ատենապետը առաջարկեր է որ բարենպատակ հաստատութիւնները իրենց տարեկան գործունէութեան տեղեկագրին եւ հաշուեկշռին մէկ պատճէնը ղրկեն, առ ի գիտութիւն։ |
s-9
| Եւ ժողովը հաւանութիւն յայտներ է, սկզբունքով։ |
s-10
| Զեկոյցը հազիւ հրատարակուած, դիտողութիւններ լսուեցան. |
s-11
| Հապա Կրօն. Ընկերակցութի՞ւնը ։ |
s-12
| Ո՞ւր են իր գործունէութեան տեղեկագիրները եւ հաշիւները… |
s-13
| Տարիներէ ի վեր է որ կը ծեծուի այս խնդիրը, Ազգ. Տան հարցին հետ, առանց եզրակացութեան մը յանգելու։ |
s-14
| Միայն Կրթ. Խորհուրդն է որ պարբերաբար տեղեկութիւններ կը հաղորդէ մամուլին. իսկ մնացեալը կը մնայ գոց գիրք։ |
s-15
| Օրինակ, մինչեւ այսօր ալ հանրութիւնը լուր չունի թէ որեւէ քայլ առնուա՞ծ է, թեմական կազմակերպութեան համար եւ ինչ առաջադրութիւններ ունին։ |
s-16
| Նոյն պատկերը՝ Փարիզէն դուրս ալ, մինչեւ Մարսէյլ։ |
s-17
| Ոչ մէկ տեղեկագիր կամ համառօտ զեկուցում, Լիոնի, Վալանսի, Կրընոպլի եւ միւս հայաշատ շրջաններու ազգային գործունէութեան մասին։ |
s-18
| Ամէն տեղ ալ կան ազգ. իշխանութեան կորիզներ, իբրեւ Միութիւն կամ Վարչութիւն։ |
s-19
| Եթէ հարցնէք թէ ի՛նչ գործեր կատարեցին 1956ին եւ ի՛նչ առաջադրութիւններ ունին 1957ի համար, պարզապէս տհաճութիւն պատճառած կ՚ըլլաք։ |
s-20
| Նոյնիսկ վիճակագրական տեղեկութիւններ կը պակսին, - մարդահամար, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւն, նոր սերունդի փրկութիւն, եւ այլն։ |
s-21
| Ոչ մէկ փոփոխութիւն՝ գործելու եղանակներուն մէջ։ |
s-22
| Նոյն մարդիկը։ |
s-23
| Նոյն մեթոտները։ |
s-24
| Նոյն սովորամոլութիւնը, որ ի վերջոյ կը յանգի անշարժութեան։ |
s-25
| Իսկ շրջանէ շրջան կապն ալ արարողական է, - հանդէս կամ պատարագ։ |
s-26
| Մինչդեռ, գոնէ Փարիզն ու Մարսէյլը կրնային օրինակ հանդիսանալ, ծրագրեալ գործունէութեամբ։ |
s-27
| Պատկերը շատ աւելի տժգոյն է հարեւան գաղութներուն մէջ, սկսելով Անգլիայէն եւ Պելժիայէն։ |
s-28
| Ի՛նչ դիտողութիւն կամ հարցում ալ ուղղէք, պատասխանը լռութիւն է։ |
s-29
| Երբեմն թղթակցութիւններ կ՚երեւան թերթերու մէջ, առանց ամբողջական գաղափար մը տալու բուն իրականութեան մասին։ |
s-30
| Համատարած լռութիւնը կ՚ապացուցանէ թէ մարդիկ ոչ միայն յոգնած են, այլեւ հաւատք չունին իրենց կատարած գործին վրայ։ |
s-31
| Անշուշտ երիտասարդութիւնն ալ կ՚օգտուի այս հոգեբանութենէն, խուսափելու համար որեւէ պարտականութենէ։ |
s-32
| Եւ օրերը օրերուն կը յաջորդեն յօրանջելով, հառաչելով, կամ պրիճ խաղալով… |