Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 2 - 101 of 108 • previousnext

s-2 Քանի մը օրերէ ի վեր Մոսկուա եմ եւ աւելի մօտէն կը հետեւիմ քաղաքի կեանքին։
s-3 Տեւական տպաւորութիւնս այն է որ Մոսկուա էականապէս արեւելեան նկարագիր ունի։
s-4 Տեսակ մը անսահմանելի նմանութիւն՝ բիւզանդական-արեւելեան ոստանի հետ։
s-5 Մարդոց դիմագիծը, շարժուձեւը, հագուստ կապուստը կը շեշտեն այն զգացումը, բայց մանաւանդ հոտը. այն տեսակ մը բուրմունքը, մուշկի, պղպեղի, կաշիի, թարչինի արտաբերումներու խառնուրդ, որուն կու գայ կը միանայ երբեմն խորովածի տարտամ եւ ծխոտ շունչ մը։
s-6 Այլ սակայն Մոսկուա գեղեցիկ եւ յատկանշական քաղաք է իր յատուկ ոճով եւ մթնոլորտով։
s-7 Հնամենի պարիսպներ ժանիքաւոր եզրերով կը պարփակեն յաճախ շէնքերու եւ բնակարաններու հիմնայարկերը։
s-8 Տեղ տեղ բիւզանդական հեռանկար մը, ոսկէզօծ գմբէթներ, սլացիկ աշտարակներ, գունագեղ հանգոյցներով։
s-9 Մշուշապատ հեռաւորութեան մէջ ոսկիի ցոլքեր կը վառին եւ կը մարին անընդհատ, հոծ ամպերու դանդաղ շարժումին ընդմէջէն արձակուող ճառագայթներու շնորհիւ։
s-10 Մինակս կը քալեմ փողոցներու մէջ եւ կը փորձեմ գնումներ ընել։
s-11 Օտարական ըլլալը յանցանք մը չէ այստեղ, ընդհակառակը, ամէն ոք կը ջանայ հասկնալ եւ հասկնալի դառնալ սիրալիր համբերութեամբ։
s-12 Կը նշմարեմ նաեւ որ կենսամթերքները առատ են, բազմատեսակ եւ գիները մօտաւորապէս համարժէք՝ մեզ ծանօթ գիներու։
s-13 Եթէ պանդոկը եւ պանդոկներու ճաշարանները շատ թանկ են օտար ճամբորդներու համար, պէտք է մտածել որ Եւրոպայի համապատասխան պանդոկները նոյնքան թանկ են եթէ ոչ աւելի։
s-14 Կեանքը եւ գործունէութիւնը կ՚եռան ամէն կողմ։
s-15 Կին թէ այր, ժիր շարժումներով կ՚երթան, կու գան, անձնատուր իրենց զբաղումին։
s-16 Թրամուէյները անընդհատ կ՚անցնին հոծ բազմութիւններով։
s-17 Մայթերուն վրայ ամէն րոպէ կը հանդիպինք զինուորներու, երկար վերարկուով, մէջքերնին սեղմած. ասդինանդին կապուտաչուի եւ խարտեաշ երախաներ անապաստան երախաներ, որոնց հետ խառն եւ նոյն թշուառութեան մէջ եղբայրացած թխորակ գլուխներ, մոնկոլեան դէմքերով։
s-18 Դուրսը, թէ սենեակիս մէջ առանձնացած, իմ տեւական եւ գլխաւոր զգացումս ապահովութեան զգացումն է։
s-19 Հանգիստ եմ եւ ազատ։
s-20 Գաղափարներս եւ մտածումներս կը բանաձեւեմ, կամ կը խօսիմ մարդոց հետ անկաշկանդ կերպով։
s-21 Չի կան այլ եւս այն հարկեցուցիչ պատճառները որ մեզ կը ստիպէին որ եւ է մտածում արտայայտել այնպիսի ձեւով մը որ մարդոց նախապաշարումներուն հետ շատ ուժգին բաղխում մը յառաջ չի բերեն։
s-22 Այդ վստահութեան եւ ապահովութեան զգացումը խոր ուրախութիւն կը պատճառէ տեւական կերպով. մարդ ինքզինքը կը զգայ ընտանի եւ բնականոն կեանքի մէջ։
s-23 Բնականոն բայց ոչ սովորական։
s-24 Առաջին պահէն իսկ կը զգամ տարբեր բան մը, տարբեր րիթմ մը, տարբեր շունչ մը։
s-25 Որքա՛ն հեռու ենք եւրոպական քաղաքի մը կեանքէն։
s-26 Կը զգաս որ մարդիկ իրար կապուած են ընդհանուրին եղող զգացումներով։
s-27 Այն ցրիւ, տարալոյծ ամէն մարդ ինքզինքին համար ժողովուրդը որ կը տեսնենք մեծ քաղաքի մը մայթերուն վրայ, այստեղ գոյութիւն չունի։
s-28 Մարդիկ մօտ են իրարու նոյնիսկ իրենց արտաքինով, հագուստ կապուստով, վիճակի մերձաւորութիւններով։
s-29 Այդ մօտիկութիւնը կ՚արտայայտուի շատ մը բաներով։
s-30 Իրարու կ՚օգնեն ինքնաբուխ կերպով, անծանօթներ իրար հետ կը խօսին ընկերական պարզութեամբ։
s-31 Այն թեթեւսօլիկութիւնը, կոկոզավիզ գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնը որ յատուկ է դաս մը մարդոց, իսպառ անհետացած է այստեղ։
s-32 Չէ կարելի անշուշտ երեւակայել որ մեծ քաղաքի մը փողոցներէն անցնող բազմութիւնը միատարր է եւ ամէնքն ալ նոյն համոզումները եւ գաղափարները ունին։
s-33 Բայց ինչ որ անուրանալի է, այն է որ ընդհանուր բաները որ մարդիկ ունին աւելի են քան թէ այն մասնաւորները որոնք մարդիկ իրարմէ կը հեռացնեն։
s-34 Պէտք է ենթադրել որ քաղաքացիական բուռն կռիւներու շրջանը վեր ի վայր շրջած է ամէն բան եւ անոնց հետեւանք թշուառութիւնը, մահուան յարատեւ վտանգը զգաստացուցած են ամենէն թեթեւամիտներն իսկ։
s-35 Մարդիկ մէկ կամ միւս ճամբով իրար գտած են, համերաշխ են, դարձած են աւելի մարդկային, աւելի ընկերական։
s-36 Մասնաւոր ուշադրութիւնս կը հրաւիրեն կիները։
s-37 Յայտնի է իրենց դէմքի արտայայտութենէն, քալուածքէն, արդուզարդէն որ անոնք իրաւատէր քաղաքացիներ են։
s-38 Ոչ մէկ աւելորդ պերճանք եւ ոչ մէկ պչրող կեցուածք։
s-39 Ոչինչ այնքան ուղղակի կերպով չ՚ազդարարեր կնոջ ազատագրումը, ստրուկ էգի անփառունակ վիճակէն, որքան իր արդուզարդի պարզութիւնը։
s-40 Դէմքերը մաքուր են եւ ընդհանրապէս առանց շպարի։
s-41 Կապոյտ, իմացական, պայծառ աչքեր շեշտակի կը նային մարդոց։
s-42 Այս չի նշանակեր որ կանացի շնորհ եւ առ հասարակ կանացիութիւն չկայ։
s-43 Անշուշտ թէ կայ. նոյն իսկ երբեմն կը յայտնուին լաւ հագուած կիներ։
s-44 Բայց այդ էլէկանսը աւելի սբորդական է քան թէ կիսաշխարհիկ։
s-45 Նկատեցի նաեւ որ կիները մեծ մասամբ պահած են իրենց մազերը եւ անոնք որ կտրած են, բնաւ չունին ջուրէն նոր դուրս ելած ջրագայլի գլուխներ, որովհետեւ որոշ չափով մազերը երկար կտրուած են եւ սանտրով մը բռնուած գլխուն ետեւը։
s-46 Փողոցին մեծ զարդերն են գունագեղ եւ արդիսդիք աֆիշները եւ հանրային պարտէզները։
s-47 Աֆիշները գեղարուեստական գործերու արժէքը ունին։
s-48 Մեծ կտաւներու վրայ կը բանան տեսարան մը, ինչպէս թատրոնի խորանկար։
s-49 Կան նաեւ ցուցապատկերներ. նկարւած տախտակներու յաջորդական զեղումներով։
s-50 Ամէն կողմ կը տարածուին, ի միջի այլոց «Նամուս» սինէմայի ծանուցումները։
s-51 Հասարակաց պարտէզները որ բազմապատկուած են յեղափոխութենէն ի վեր շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը կը պարզեն։
s-52 Կայ ընդհանրապէս կեդրոնական ածու մը որ բրգաձեւ կը բարձրանայ եւ որուն կողերը երեսներ կը կազմեն։
s-53 Արդիստ պարտիզպաններ այդ երեսներուն վրայ, զանազան երանգի գաճաճ բոյսերու շնորհիւ կազմած են յիշատակարան պատկերներ։
s-54 Թատրոնի հրապարակի պարտէզին մէջ հիացումով կը դիտեմ Ճէրճինսքիի կենդանագիր պատկերը կատարեալ նմանութեամբ եւ մեծ սեռի արուեստով շինուած։
s-55 Գոյնի տեղ բոյսեր որ մոզաիքի պէս տնկուած են հողի մէջ։
s-56 Պատկերը կազմող տարրերը կենդանի են, կ՚ապրին, կը շնչեն եւ այդ մեծապէս զգալի է։
s-57 Տպաւորութիւնը անօրինակ է։
s-58 Այս զարմանալի պատկերին առաջ ժողովուրդը անտարբեր չէ ինչպէս պիտի ըլլար միւզէի պատկերի մը առաջ։
s-59 Անիկա կենդանի գեղեցկութեան տարր մըն է իր ամենօրեայ ճամբուն վրայ եւ անիկա իրեն մատչելի է արտակարգ անմիջականութեամբ։
s-60 Ամէն տեղ պտղավաճառներ իրենց լաւ յարդարուած կողովներով հաճելի եւ գունագեղ նօթ մը կ՚աւելցնեն փողոցի տեսարաններուն։
s-61 Ախորժելի է քալել ու դիտել ու լսել նաեւ ռուս լեզուի րիթմիկ եւ արտայայտիչ հնչականութիւնը։
s-62 Քաղաքը վերաշինութեան թափի մէջ է եւ ամէն կողմ նորոգութիւն ու շինարարութիւն կը տեսնուի։
s-63 Կը բարձրանան բազմայարկ տուներ որոնք պիտի դառնան ուսանողական կամ բանւորական հանրակացարաններ կամ բնակարաններ։
s-64 Ասոնք կառուցուած են ճարտարապետական նոր ոճով եւ քաղաքը տեղ տեղ կ՚ստանայ մասնայատուկ կերպարանք մը։
s-65 Նոր քաղաքը, հսկայական գաղափարի մը ճարտարապետական մարմնացումը, հետզհետէ տեղ կը գրաւէ հին քաղաքին վրայ։
s-66 Երկու իրար դէմ բարձրացող նորաշէն հաստատութիւններու հեռանկարին մէջ, հորիզոնին վրայ քիչ մը կանաչ, քիչ մը ոսկի, քիչ մը մանիշակագոյն կը հալին լուսեղէն մշուշի մէջ։
s-67 Եւ որոշապէս մարդ կը զգայ որ Մոսկովեան նոր հոգին կը բարձրանայ առաջին բլանի վրայ։
s-68 ԵՐԵՒԱՆԸ ՁԻՒՆԻ ՏԱԿ
s-69 Դանդաղ եւ հանդարտ ձիւնը կ՚իջնայ քաղաքին վրայ։
s-70 Երեկոյեան դէմ բաթիլները կը մանրանան եւ աւելի խիտ ու աւելի արագ, կը տեղան անդադար. փողոցին մէջ մարդոց գլխանոցները եւ ուսերը կը ճերմակնան եւ վեր բարձրացած օձիքներու ու մինչեւ ականջներն իջած բաբախներու մէջէն կարմրած դէմքեր իրարու կը ժպտին կարկամած շրթներով։
s-71 Անդադար ձիւնը կը տեղայ, հետզհետէ աւելի արագ։
s-72 Թէյարաններու, ակումբներու, հիմնարկներու պատուհաններէն դուրս եկող լոյսերը կը ճեղքեն թեթեւ օդը եւ դեղնորակ մշուշ մը կը կազմեն։
s-73 Աբովեան փողոցի ելեկտրական լոյսերը ամպամած աստղերու պէս կը խեղդուին ճերմակ եւ շարժուն միջոցին մէջ։
s-74 Այսու ամենայնիւ փողոցները լիքն են եւ երիտասարդներու շարաններ կը դիմեն իրենց սովորական զբաղումներուն։
s-75 Առաւօտուն կանուխ տեսարանը անօրինակ է։
s-76 Արեւելեան քաղաքը իր տափակ տանիքներով ծածկուած է ձիւնի տակ։
s-77 Ծալ, ծալ սպիտակութիւնը կը փռուի փողոցներուն մէջ։
s-78 Կառքերը անհետացեր են եւ բալխիրներ՝ լիքը աղջիկներով եւ պատանիներով կը սահին ձիւնի թանձրութիւններու վրայ իրենց բոժոժներուն զուարթ հնչիւնը ցանելով իրենց հետքին։
s-79 Խումբ մը երախաներ ձիւնէ գնդակ կը խաղան։
s-80 Նալբանդեան փողոցի վրայ, եզան սայլեր, բեռնաւորւած իրեղէններով շարք են բռներ։
s-81 Քաղաքէն դուրս ձիւնը բարձրացեր է մինչեւ մէկ մէթր... ցուրտ, փուք եւ բորան... գայլի պատմութիւններ...
s-82 Հրաշքը այն է որ ահա այս ձիւնապատ եւ ցուրտ քաղաքին վրայ արեւը կ՚երեւայ եւ կը շողշողայ պայծառութեամբ եւ համատարած սպիտակութիւնը կը փոխուի անօրինակ եւ շքեղ պերճանքի մը։
s-83 Ամէն ինչ կը պսպղայ, կը փալփլի, կ՚արտացոլայ։
s-84 Մարդուս աչքերը կը շլանան, չեն դիմանար լոյսի այդ գերագրգռութեան։
s-85 Կարծես երկրի վրայ չենք այլ առկախ՝ եթերային բարձրութեան մը մէջ։
s-86 Ոչ թէ կը քալենք, այլ կը սահինք, աւելի ճիշդ կը ծածանինք անկայուն քայլերով։
s-87 Հորիզոնին վրայ Արարատը, աւելի խիտ ճերմակ, կը քօղարկուի սպիտակ մէգի մը մէջ եւ ահա լոյսի ճաճանչ մը կը սլանայ իր կողքէն սլաքի մը նման։
s-88 Կապոյտ երկնակամարը հետզհետէ կը տժգունի, կարծես կը ցածնայ. արեւը կ՚անհետի յանկարծ եւ ձիւնը կ՚սկսի կրկին տեղալ հանդարտ ընթացքով, ինչպէս եթէ այլեւս երբէք չի պիտի դադարէր իջնալէ։
s-89 Գիշերին մէջ բալխիրի մը բոժոժներու զուարթ նօթերը եւ խումբ խումբ երիտասարդներու հնչեղ ուրախութիւնը։
s-90 Հեռուն քայլերգի նման առոյգ երգ մը որ հետզհետէ կը մարի։
s-91 Ձիւնը դադրեցաւ բայց ի փոխարէն ճերմակ եւ սառած քաղաքին մէջ ցուրտը իջաւ զէրօէն վար մինչեւ 23։
s-92 Կայարանն եմ բարեկամի մը մեկման առթիւ։
s-93 Օդը գրեթէ անշնչելի է։
s-94 Մարդիկ կը հասնին պեխերը ճերմկած սառէ քիստերով։
s-95 Քարափին վրայ ի զուր ոտքերս կը զարնեմ ընդարմացման դէմ պայքարելու համար։
s-96 Վերադարձ՝ ձիւնով ծածկուած դաշտերու մէջէն։
s-97 Ամէն կողմ շլացուցիչ սպիտակութիւն։
s-98 Վազուն ջուրի մը մակերեսէն շոգին կը բարձրանայ, պահ մը կը ծփայ եւ կ՚անշարժանայ սառուցիկ մթնոլորտին մէջ։
s-99 Փշախոտեր այլազան բիւրեղացումներով զարդարուած՝ կը ցցուին ճերմակ եւ քարացած դաշտերուն մէջ։
s-100 Կառքին ձիերը կը մխան հետզհետէ թանձրացող գիշերին մէջ որուն մթութիւնը կ՚աղօտի եւ կը տժգունի երկրիս սպիտակութենէն։
s-101 Երկու սեւ շուներ կը տապլտկին եւ կը խաղան իրար հետ. հետզհետէ կը մօտենան. ձիերը կը վրնջեն, կառապանը կը հայհոյէ մտրակելով։

Text viewDownload CoNNL-U