Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Հայոց Ցեղասպանութեան 106-Ամեակի Առցանց Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ
s-2 Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին եւ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 ապրիլ 2021-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի առցանց ոգեկոչումը:
s-3 Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Սարին Քէօֆթէեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով 106 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան` ըսաւ.
s-4 «Եղեռնի սրբադասուած զոհերուն միացած են արցախեան 44 օրուան գոյամարտի հազարաւոր նահատակները, որոնց արեան կանչն ու լուսաշող յիշատակը պիտի շարունակեն աղաղակել ու յաւերժօրէն ղօղանջել, որպէսզի օր մը դարձեալ նոր ու վերանորոգուած ուխտով ճամբայ ելլեն նոր հերոսներ եւ իրենց մարտիրոսութեամբ ազատագրեն Արցախի գրաւուած տարածքները»:
s-5 Ան շեշտեց նաեւ.
s-6 «Այսօր մենք այս բեմէն կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը՝ շարունակելու մեզի կտակուած պայքարը, մինչեւ Հայ դատի պահանջներու եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացումը»:
s-7 Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Սարին Քէօֆթէեանը, որ իր խօսքին մէջ անդրադառնալով 106 տարիներ առաջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան՝ ըսաւ.
s-8 «Եղեռնի սրբադասուած զոհերուն միացած են արցախեան 44 օրուան գոյամարտի հազարաւոր նահատակները, որոնց արեան կանչն ու լուսաշող յիշատակը պիտի շարունակեն աղաղակել ու յաւերժօրէն ղօղանջել, որպէսզի օր մը դարձեալ նոր ու վերանորոգուած ուխտով ճամբայ ելլեն նոր հերոսներ եւ իրենց մարտիրոսութեամբ ազատագրեն Արցախի գրաւուած տարածքները»:
s-9 Ան շեշտեց նաեւ.
s-10 «Այսօր մենք այս բեմէն կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը` շարունակելու մեզի կտակուած պայքարը, մինչեւ Հայ դատի պահանջներու եւ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացումը»:
s-11 Աւարտին ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղէն Նարէ Փիլաւճեան ասմունքեց Պետիկ Հերկելեանի «Կեաւուրի լակոտ» բանաստեղծութիւնը:
s-12 Ինքնաշարժներու Երթ՝ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» Մասնաճիւղին Կազմակերպութեամբ
s-13 Նախաձեռնութեամբ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 24 ապրիլին կատարուեցաւ ինքնաշարժներով երթ, որ ընթացք առաւ Զալքայէն՝ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին առջեւէն, շրջանի բոլոր թաղերէն անցնելէ ետք անիկա հասաւ Պսալիմ, ապա՝ Պուրճ Համուտ, Ֆանար, Ժտէյտի, ապա կրկին Զալքա:
s-14 Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւած երթին նպատակն էր հանրութիւնը յիշեցնել, որ 106 տարի առաջ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուեցաւ մարդկութեան դէմ ամէնէն ահաւոր ոճիրներէն Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն համար յանցագործը տակաւին իր պատիժը չէ կրած, չէ ճանչցած զայն եւ հատուցում չէ տուած հայութեան:
s-15 Իւրաքանչիւր ակումբի առջեւէն երիտասարդներ իրենց ինքնաշարժներով, ուրկէ սփռուեցան ազգային հայրենասիրական երգեր եւ բարձրացան եռագոյն դրօշակներ, միացան երթին:
s-16 Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանի Ելոյթը՝ Ապրիլ 24-ին Սուրիոյ Խորհրդարանէն Ներս
s-17 Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2021-ին, Սուրիոյ Խորհրդարանի արտակարգ երկրորդ նստաշրջանի 7-րդ նիստին, Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակի առթիւ ելոյթ ունեցաւ:
s-18 Արիսեան, իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ ամեակին հայերը տակաւին կը բախուին միջազգային հանրութեան, որ թերացած է իր դերը կատարելու միջազգային իրաւունքի հայեցակարգերու եւ ճնշուած ժողովուրդներու արդար դիրքորոշումներու խթանման գործով:
s-19 Ան հաստատեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու Սէյֆօ ջարդերը պիտի մնան Թուրքիոյ հալածող ամօթի խարանը, քանի որ տակաւին Թուրքիան կը շարունակէ ժխտել ցեղասպանութիւնը, կը շարունակէ նաեւ հետապնդել իր նկրտումները, ծաւալապաշտական ու յարձակողական քաղաքականութիւնը Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւն կիռարելով:
s-20 Արիսեան, աւելցուց, թէ սուրիահայերը, ինչպէս նաեւ հայկական Սփիւռքը ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, երախտապարտ են սուրիական պետութեան, եւ Սուրիոյ Խորհրդարանին 13 Փետրուար 2020 թուականին, հայերու ցեղասպանութիւնը միաձայնութեամբ դատապարտող բանաձեւը ընդունելու համար, քանի ու անոնք կը հաստատեն իրենց կարչած մնալը Սուրիոյ ազգային ինքնութեան:
s-21 Խօսքին աւարտին Արիսեան ըսաւ.
s-22 «Շնորհակալական խօսք կ՚ուղեմ Խորհրդարանի նախագահին, նախորդ նստաշրջանի գործընկերներուս, անցեալի Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական յանձնաժողովի անդամներուն, որոնք աջակցեցան վերոնշեալ պատմական բանաձեւի ընդունման:
s-23 Ինչպէս նաեւ անսահման շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքս կ՚ուղեմ Սուրիոյ նախագահին՝ մարդկային դատերը սատարելու եւ Սուրիոյ մէջ մշակութային բազմազանութիւնը պաշտպանելուն համար»:

Text viewDownload CoNNL-U