Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Թեմակալ առաջնորդ՝ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեանի առաջնորդութեան եօթնամեայ առաջին շրջանը իր աւարտին կը հասնի։
s-2 Ֆրանսայի Առաքելական թեմը, ըստ կանոնադրութեան, եօթը տարին մէկ պէտք է առաջնորդական ընտրութիւն կատարէ։
s-3 Տարօրինակ ձեւով, ցայժմ Թեմական խորհուրդէն (ԹԽ) եւ կամ Պատգամաւորական ժողովէն (ՊԺ) ոչ մէկ պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակուեցաւ, հակառակ անոր որ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Յունիս 28-ին։
s-4 Անհաւանական չէ, որ թաքուն կերպով ձեւակերպումներ ըլլան, հակառակ ընդունուած ընթացակարգին։
s-5 Այսուհանդերձ, պաշտօնական լռութեան յետին շշուկները եւ ենթադրութիւնները դադար չունին։
s-6 Թէեւ թեմը արդէն 15 տարի է գոյութիւն ունի, սակայն տակաւին առաջնորդի ընտրութեան կամ վերընտրութեան գործընթացը ներքին կանոնակարգով չէ հաստատուած։
s-7 Այսուհանդերձ, կայ աւանդական եղանակ մը, որուն քիչ թէ շատ կը հետեւին թեմերը իրենց առաջնորդը ընտրելու համար. ԹԽ-ի կողմէ կուսակրօն հոգեւորականութեան դիմում կը կատարուի, որպէսզի 35 տարեկանէն բարձր հոգեւորականները որոնք շահագրգռուած են պաշտօնով՝ իրենց թեկնածութիւնը ներկայացնեն։
s-8 ԹԽ-ը երեք անուններ կ՚ընտրէ, որ կը ղրկուի Վեհափառ հայրապետին, վաւերացումի համար։
s-9 Մայր Աթոռին կողմէ հաստատուելէ ետք, ՊԺ-ը կը կատարէ առաջնորդի ընտրութիւնը։
s-10 Գործընթաց մը, որ կը տեւէ առնուազն վեց ամիս։
s-11 Յուլիս ամիսը աւարտին հասնելու վրայ ըլլալով՝ գործընթացը արդէն պէտք է սկսած ըլլար։
s-12 Ներկայիս, թեմակալ առաջնորդը, ըստ երեւոյթին, վերընտրուելու ցանկութիւն չունի։
s-13 Բացի եթէ վեհափառը պարտադրէ, որ ան շարունակէ իր պաշտօնավարումը։
s-14 Նկատի առնելով Թեմական խորհուրդի անվստահութիւնը Առաջնորդ հօր հանդէպ, որ դրսեւորուեցաւ Ֆրանսայի շրջանային ընտրութիւններու ընթացքին, Իսի-լէ-Մուլինոյի հայ թեկնածուին ի նպաստ՝ Առաջնորդին զօրակցութեան բաց նամակին առթիւ, այս տարուան առաջնորդական ընտրութիւնները կը դառնան անխուսափելի եւ նոյնքան ալ փափաքելի։
s-15 Թեմակալ առաջնորդի անկանխատեսելի արարքները եւս կը թելադրեն անոր վերընտրուելու ցանկութիւն չունենալու տրամադրութիւնը. ան շատ աւելի ազատ ու անկաշկանդ կը շարժի, առանց նկատի առնելու կարգ մը ընթացակարգային զգուշութիւններ, նրբանկատութիւններ, ինչպէս Նիսի Սէն Ֆիլիփ ծուխին հանդէպ անտարբերութիւնը, եւ ընդհակառակը՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընծայած նախապատւութիւնը, մինչ վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին ան երկու անգամ այնտեղ պատարագելու առիթներ ստեղծեց, հակառակ Ս. Աստուածածին ծուխին հանդէպ Թեմական խորհուրդին նշանակած արգելքներուն։
s-16 Ուրեմն, եթէ այժմու Առաջնորդը չուզէ վերընտրուիլ, առաջնորդ ըլլալու յաւակնորդները Ֆրանսայի հոգեւորականներուն մէջ երեք են, եթէ նկատի չառնենք 75 տարիքը անց երկու հոգեւորականները՝ Նորվան արք. Զաքարեանն ու Ժիրայր ծ. վրդ. Թաշճեանը։
s-17 Ֆրանսայի հոգեւորականններէն Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, որ ներկայիս կը վարէ առաջնորդի փոխանորդի պաշտօնը, երկար ժամանակ եղած է Նիսի հոգեւոր հովիւը։
s-18 Այդ հանգամանքին բերմամբ՝ լաւատեղեակ ըլլալով տեղւոյն համայնքի հարցերուն, չէ կրցած իբրեւ առաջնորդական փոխանորդ՝ լուրջ խորհրդատւութիւն կատարել լուծելու համար Նիսի ծուխերու խնդիրը։
s-19 Հայր Խաչատրեանի օրօք եւ հաւանաբար իր ձեռամբ տարածուած էր Ֆրանսայի հայ հոգեւորականներու անստորագիր կոչը ի պաշտպանութիւն Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, երբ ան Քոչարեանը կալանքէն ազատ արձակելու թեր արտայայտուած էր եւ կառավարական շրջանակներու կողմէ խիստ քննադատութեան ենթարկուած։
s-20 Երկրորդ հաւանական թեկնածուն՝ Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանը, ծանօթ է իր ծայրայեղ աջ քաղաքական դիրքորոշումներով, նախկին վարչակարգի թունդ կողմնակից հոգեւորական մը, որ նոյնիսկ չէր վարանած, յատկապէս Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, Ծննդեան օրով, խորանէն՝ վարչապետին հասցէին անստոյգ յերիւրածոյ լուրեր տարածելու։
s-21 Երրորդ թեկնածուն՝ Հայր Գուրգէն Աղաբաբեանն է, շատ համեստ ու գործուն վարդապետ մը, որու՝ Շաւիլի հոգեւոր հովիւ նշանակուելէն ի վեր, այդ ծուխը վերածնունդ մը կ՚ապրի, ամէն Կիրակի եկեղեցի կը փութան Փարիզեան շրջանի զանազան վայրերէն, լսելու անոր քարոզները։
s-22 Սոյն հոգեւորականներէն զատ կը շրջի անունը՝ չորրորդ հոգեւորականի մը՝ Պարթեւ վրդ. Բարսեղեանի, որ անցեալին եղած է Փարիզի առաջնորդանիստ տաճարի հոգեւոր հովիւ, սակայն Մայր Աթոռը զինք ետ կանչած է Էջմիածին, իր նիստ ու կացին մէջ հոգեւորականի անյարիր վարք դրսեւորած ըլլալուն համար։
s-23 Մէկ խօսքով, Ֆրանսայի թեմին համար թեկնածուներ՝ բազում, սակայն արժանաւորներ՝ սակաւ։
s-24 Եկեղեցին իբրեւ հոգեւոր դպրոց, համայնքը համախմբելու վայր, պէտք է վերստանձնէ իր առաքելութիւնը եւ հոգայ համայնքին հոգեւոր կարիքները։

Text viewDownload CoNNL-U