s-2
| Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու Արէտ Չիչէքէքէրը։ |
s-3
| Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս քաղաքավարական այցելութիւնը, որու ընթացքին հիւրեր Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ներկայ վիճակին մասին։ |
s-4
| Նորին Ամենապատուութիւնը այս առիթով յաջողութիւն մաղթեց թաղականներուն։ |
s-5
| Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021 |
s-6
| ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ՀԱՒԱՔՈՅԹ |
s-7
| Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց երեկոյեան, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունելութեամբ մը հիւրասիրեց Աթոռի «Հայ Մենթի-Մենթոր» ծրագրի անդամները։ |
s-8
| Այս ընդունելութեան ընթացքին երիտասարդներ համախմբուեցան Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ ու մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ ստացան վկայականներ։ |
s-9
| Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ծրագրի խորհրդատու Մերի Թաքսի Տեւեճեան, համակարգող Ժպիտ Էօղէր եւ Քարոլին Իւչէր Իչլիյիւրէք։ |
s-10
| Քոնաժահրի համավարակի սահմանափակումներուն պատճառով ընդունելութիւնը սահմանափակուած էր երեսուն երիտասարդ-երիտասարդուհիներով։ |
s-11
| Բարի գալստեան խօսքը արտասանեց Ժպիտ Էօղէր եւ յայտնեց, թէ ինք երրորդ շրջանը կը բոլորէ «Մենթի-Մենթոր» ծրագրէ ներս։ |
s-12
| Իր ուրախութիւնը յայտնելով՝ մաղթեց, որ յաջորդ շրջաններուն եւս շարունակէ այս ծրագրին նպաստել։ |
s-13
| Յաջորդաբար, 2020-2021 տարեշրջանին ծրագրի մասնակից երիտասարդները ստացան վկայականներ։ |
s-14
| Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ իրականացած հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ երիտասարդներ Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ համախմբուած են։ |
s-15
| Այս առիթով յիշեցուց, թէ Պատրիարքարանը բոլորին տունն է եւ յատկապէս երիտասարդներ զանազան առիթներով պէտք է ներկայ գտնուին այստեղ ու շնչեն իրենց հոգեւոր կեդրոնին մթնոլորտը։ |
s-16
| Պատրիարք Հայրը սոյն ծրագիրը որակեց պտղատու եւ օրհնեալ աշխատութիւն ու մաղթեց, որ այն շարունակական ներկայութիւն դառնայ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ։ |
s-17
| Նորին Ամենապատուութեան ելոյթէն յետոյ ներկաներ առիթն ունեցան իրարու հետ զրուցելու։ |
s-18
| Ընդունելութեան ընթացքին գեղեցիկ տեսարան էր նաեւ Պատրիարքարանի պարտէզի մէջ գտնուող Կոմիտաս Վարդապետի արձանին մօտ երիտասարդներէն Երազ Չաղլաեանէ լսել Մեծ Վարդապետի յօրինումներէն նմոյշներ։ |
s-19
| Ընդունելութեան աւարտին երիտասարդներ տպաւորուած հրաժեշտ առին եւ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, որ Պատրիարք Հօր հետ մօտէն զրուցած, նաեւ իր քաջալերական արտայայտութիւնները անձամբ լսած էին։ |
s-20
| Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021 |
s-21
| ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ |
s-22
| Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ, նախընթաց հինգշաբթի իրիկուն, դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ, միշտ յարգելով համաճարակի պարտադրած նախազգուշական միջոցառումները: |
s-23
| Այս տարի վարժարանը կու տար իր հիմնադրութեան 196-ամեակի երեսունինն պատուաբեր շրջանաւարտները: |
s-24
| Հանդէսին ներկայ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, ատենապետ Արման Գամառի գլխաւորութեամբ՝ վարժարանի մատակարար մարմնի անդամ եւ անդամուհիները, վարժարանի տնօրէնութիւնները, ուսուցչաց կազմը, ծնողաց միութիւնը եւ ծնողներ: |
s-25
| Օրուան խօսնակներն էին աւարտական դասարանէն շնորհալի մանկամարդուհի մը՝ Լիա Պերին եւ շնորհալի երիտասարդ մը՝ Էմիլ Սաման: |
s-26
| Հանդէսի բացման առթիւ խօսնակները նախ ամպիոն հրաւիրեցին Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանը: |
s-27
| Հայր Յակովբոս իր խօսքերուն սկսաւ նախ արտայայտելով իր խոր կսկիծը, զոր կը զգայ նորոգ հանգուցեալ, Մխիթարեան սան՝ Եդուարդ Գովանի դառն կորուստին առթիւ: |
s-28
| Թուելով Եդուարդ Գովանի որպէս ելմտագէտ-հաշուապահ, կրթական ու գրչի մշակ, բառարանագէտ եւ հանրային գործիչ ազգին բերած անգին ծառայութիւնները, յիշելով նաեւ որպէս բազմաթիւ արժանիքներու տէր գլխագիր մարդ հանգուցեալին բարի ու պարկեշտ նկարագիրը, յարգանքով խոնարհեցաւ անոր խնկելի յիշատակին ու բեղուն վաստակին առջեւ: |
s-29
| Վարդապետը սրտանց աղօթեց, որ մեր կեանքի Տէրն ու Փրկիչը իր անխառն ուրախութեան եւ յաւիտենական կեանքին արժանացնէ հանգուցեալը եւ Ս. Հոգւոյն մխիթարութիւնը շնորհէ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն: |
s-30
| Յետոյ վարդապետը ըրաւ տղոց ուղղեալ իր սրտի խօսքը: |
s-31
| Բարձր գնահատելով Մխիթարեան յարկին տակ տղոց ջամբուած ուսման մակարդակը եւ փոխանցուած մշակութային ժառանգութիւնը, Հ. Յակովբոս Վարդապետը տղոց պատգամեց տէր կանգնիլ այդ անգին արժէքներուն: |
s-32
| Վարդապետը մասնաւորապէս ընդգծեց, թէ համալսարանական ուսումը մարդուս կեանքին մէջ կարեւոր հանգրուան մը ըլլալով հանդերձ, ատկէ ա՛լ աւելի կարեւոր են անհատական նկարագիրը, խելացիութիւնը, ճարպիկութիւնը եւ կարողութիւնները, որոնք նպաստաւոր դռներ կը բանան երիտասարդներուն առջեւ: |
s-33
| Եւ վերջապէս ան տղոց ուղղեց իր բարեմաղթանքները, Աստուծմէ հայցելով, որ անոնց կեանքը միշտ խինդով լեցուի եւ անոնց բոլոր նախաձեռնութիւնները պսակուին պատուաբեր յաջողութեամբ: |
s-34
| Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի բարեմաղթութիւններուն յաջորդեց ընթացաւարտ դասարանէն երկու խոստմնալից աշակերտներու ելոյթները: |
s-35
| Յանուն աւարտական դասարանի՝ Նորա Գալուստեան եւ Ռուտի Թեմիզէլ արտայայտեցին իրենց զգացումները: |
s-36
| Անոնք իրենց երախտագիտական զգացումները յղեցին վարժարանի զոյգ վարդապետներուն՝ Մագ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէնի, Հ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի, տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին, որոնք միշտ զիրենք քաջալերած էին, որպէսզի հասնին ամենալաւին ու կատարեալին: |
s-37
| Տղաքը մասնաւորաբար շեշտեցին, թէ որպէս աւարտական դասարանի աշակերտներ մեծ պատիւ կը զգան մխիթարեանցի կոչուելէ եւ իրենց համար հպարտութեան մեծ պատճառ մըն է այսպիսի դարաւոր կրթօճախի մը մասնիկը ըլլալն ու այսպիսի արժէքաւոր կրթական մշակներու ձեռնասունները դառնալը: |
s-38
| Նաեւ ներկաները վստահեցուցին, թէ իրենց կատարած ամէն գործի վրայ միշտ պիտի դնեն մխիթարեանցիի դրոշմը եւ ամէնուրեք լաւագոյնս պիտի ներկայացնեն այս կրթական հաստատութիւնը: |
s-39
| Տղոց ելոյթներուն յաջորդեց Մխիթարեանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Եւա Օրագեանի ուղերձը: |
s-40
| Ան շրջանաւարտներուն յղեց երջանկութեան, առողջութեան եւ յաջողութեան իր սրտագին մաղթանքները, յոյս յայտնելով, թէ անոնք միշտ պիտի ըլլան տիպար մխիթարեանցիներ: |
s-41
| Նաեւ արտայայտեց իր խորին համոզումը այն մասին, թէ շրջանաւարտներուն բոլորն ալ զատ զատ շատ յաջող եւ երջանիկ պիտի ըլլան իրենց ընտրած ուղիին մէջ, քանի որ անոնք միմիայն ջանասէր եւ կարգապահ աշակերտներ չէին, անոնք այս առաքինութիւններուն քով իրենց մէջ լիուլի խտացուցած էին նաեւ սէրն ու յարգանքը: |
s-42
| Յետոյ ներկայ հոգեւորականներու, վարժարանի վարիչներու եւ ուսուցիչներու ձեռամբ աշակերտներուն յանձնուեցան վարժարանի խորհրդանշական վկայականները: |
s-43
| Յատուկ նուէրներով վարձատրուեցան նաեւ յաջողագոյն աշակերտները՝ Նորա Գալուստեան, Ռուտի Թեմիզէլ եւ Լիա Պերին: |
s-44
| Նորա Գալուստեան թուաբանութեան եւ գիտութեան դասերու մէջ իր ցուցաբերած բացառիկ յաջողութեամբ արժանացաւ նաեւ Բարսեղ Սարայլը ոսկեդրամին: |
s-45
| Յանուն Մխիթարեան սանուց միութեան՝ Արսէն Գովան եւ Վարդան Պալմումճեան եւս շրջանաւարտ աշակերտներուն համար պատրաստած էին իմաստալից նուէրներ՝ վրան աշակերտին անունը փորագրուած ինքնահոս գրիչներ: |
s-46
| Անխտիր բոլոր աշակերտները ողջունուեցան ծափողջոյններով: |
s-47
| Յետոյ բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, որ ներկաներուն փոխանցեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի պատգամը: |
s-48
| Զեքիեան Գերապայծառ, որ Զմմառի մէջ Ս. Սինոդի ժողովներուն մասնակցելու պատճառաւ ակամայ կը բացակայէր այս գեղեցիկ հանդէսէն, տղոց կը յղէր իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները: |
s-49
| Հազար փառք տալով Բարձրեալին, որ այս տարի եւս զիրենք արժանի դարձուցած էր բոլորելու ուսումնական յաջող տարեշրջան մը իր ատոք հունձքով, Զեքիեան Գերապայծառ կը շնորհաւորէր վարժարանի բոլոր արժէքաւոր, նուիրեալ, փութաջան աշխատակիցները վարժարանի կարիքներուն բոլոր հարթակներուն վրայ՝ ուսումնականէն եւ կրթականէն մինչեւ մարզականը, տնտեսականը եւ կենցաղայինի եւ առօրեայի բոլոր սպասարկութիւնները: |
s-50
| Յիշեցնելով, թէ դպրոցը կը մնայ որպէս հիմնական դարբնոցը նոր սերունդներուն, Գերապայծառը կ՚ընդգծէր, թէ Մխիթարեան վարժարանին ամենակարեւոր առաքելութիւններէն մէկն ալ մեր մայրենիին, Մեծասքանչին պահպանումն ու աւանդումն է: |
s-51
| Շրջանաւարտներուն եւ ներկաներուն ուղղեալ իր սրտի խօսքը ըրաւ նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ իր խօսակցութեան սկսաւ մէջբերելով հոգելոյս Տ. Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեանի մէկ խօսքը. |
s-52
| «Անխելք աշակերտ չկայ, անխելք ուսուցիչ կայ»: |
s-53
| Կատակելով «Մխիթարեանի ուսուցիչները այս խօսքը իրենց վրայ չառնեն» ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ մասնաւորաբար շեշտեց տղուն միտքը, հոգին եւ անհատականութիւնը մշակելու կարեւորութիւնը: |
s-54
| Սրբազան Հայրը եւս շնորհաւորեց Մխիթարեանի այս առատ հունձքը եւ տղոց յորդորեց յետագային անպայման ծառայել համայնքին: |
s-55
| Եւ տղոց ոգեւորութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ ընթացաւարտ տղաքը միասնաբար կտրեցին իրենց շրջանաւարտութեան կարկանդակը: |
s-56
| Այս անմոռանալի երեկոյթին աշակերտները եւ ուսուցիչները պատուասիրուեցան ընթրիքով: |
s-57
| Անոնք նկարուեցան եւ զուարճացան Արման Ծատուրի հաճելի երաժշտութեան ներքեւ: |
s-58
| Այսպէս՝ 1 յուլիս 2021, հինգշաբթի իրիկուն Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը տուաւ իր 196-րդ տարեշրջանի ընթացաւարտները՝ բոլորն ալ իրարմէ անուշիկ երիտասարդներ, որոնք անտարակոյս իրենց նուաճումներով ապագային պատիւ պիտի բերեն իրենց վարժարանին ու ազգին եւ որոնց տեղը անփոխարինելի ու անմոռանալի պիտի մնայ Մխիթարեանի պատմութեան մէջ: |
s-59
| Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021 |
s-60
| ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԷ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ |
s-61
| Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հետեւողական աշխատանք կը տանի եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ։ |
s-62
| Կալուածներու արժեւորումը թէեւ որոշ հեռանկարներ կը խոստանայ, սակայն այդ ակնկալութիւնները արդարացնելու նախապայմանն է յիշեալ կալուածները խնամել, վերանորոգել եւ բարւոք վիճակի բերել։ |
s-63
| Սա անհրաժեշտ է հրապարակի պայմաններով վարձակալութեան գործարքներու իրականացման համար։ |
s-64
| Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները միջոցէ մը ի վեր արդէն եկեղեցապատկան երկու առանձնատան ի հիմանէ վերանորոգման աշխատանքները կ՚իրականացնէին։ |
s-65
| Մասնագիտական առումով ծրագրի պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Գէորգ Էօզգարակէօզ։ |
s-66
| Այժմ այդ նախագծերուն վրայ կու գայ աւելնալ եւս մէկը։ |
s-67
| Այսպէս, թաղային խորհուրդը ձեռնարկած է թաղի երբեմնի Լուսաւորիչեան վարժարանի շէնքի վերանորոգութեան։ |
s-68
| Թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ 1870 թուականին ստեղծուած այս կրթօճախը մինչեւ 1950-ական թուականներ շարունակած էր իր դաստիարակչական առաքելութիւնը՝ մինչեւ որ աշակերտութեան թիւը իջած էր մինչեւ 18-ի։ |
s-69
| Այդ թուականէն ի վեր, տասնամեակներ շարունակ բարձիթողի վիճակի մնացած նախկին դպրոցի շէնքին համար թաղային խորհուրդը այժմ շարժման անցած է։ |
s-70
| Արդարեւ, պատկան իշխանութիւններէն վերանորոգութեան համար անհրաժեշտ թոյլտուութիւններն ալ ապահովուած են եւ երէկուան դրութեամբ երբեմնի դպրոցի շէնքի բարեկարգման աշխատանքները սկիզբ առած են։ |
s-71
| Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան այս առթիւ տեղեկացուց, որ շինարարութեան աշխատանքներու աւարտին սա պիտի վերածուի սքանչելի ապարանքի մը։ |
s-72
| Ըստ ծրագրին, երկյարկանի շէնքը 340 քառակուսի մեթր օգտագործելի մակերես պիտի ունենայ։ |
s-73
| Բաց աստի, 200 քառակուսի մեթր տարածքով պարտէզ մըն ալ պիտի ունենայ ապարանքը։ |
s-74
| Պարտէզին կեդրոնը կը գտնուի նաեւ արիշ (քամերիէ) մը։ |
s-75
| Թաղային խորհուրդը եւ շինարարները բոլոր միջոցները ձեռք առած են, որպէսզի սիսթեմաթիկ աշխատանքով մը, նուազագոյն ժամկէտներու մէջ տեղաւորուելով աշխատանքը հասնի իր աւարտին։ |
s-76
| Ուստի, այժմու կանխատեսումներով, շինարարութիւնը մինչեւ տարեվերջ ի կատար կրնայ ածուիլ։ |
s-77
| Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդը հետամուտ է եկեղեցապատկան կալուածները արժեւորելու եւ սեփական կարիքներու դիմագրաւումէն վերջ՝ մնացեալ հասոյթը տրամադրելու համայնքի կրթական կարիքներու դիմագրաւման։ |
s-78
| Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան համոզուած է, որ մեր եկեղեցիներուն ընթացիկ ծախսերուն համար աստղաբաշխային գումարներ անհրաժեշտ չեն, ուստի, անոնք իրենց կալուածներուն հասոյթը կրնան ներդնել մեր դպրոցներուն համար, ինչ որ կրնայ հանգստութիւն բերել մեր կրթական համակարգին։ |
s-79
| Եդուարդ Այվազեան կը նշէ, որ ներկայիս լուրջ միջոցներ կը տնօրինեն մեր այն թաղային խորհուրդները, որոնց հովանիին ներքեւ դպրոց գոյութիւն չունի։ |
s-80
| Ուստի, անոնց միջոցները պէտք է աւելցուին մեր դպրոցներու պիւտճէներու դիմագրաւման համար շարժման անցուած պաշարներուն վրայ։ |
s-81
| Միւս կողմէ, թաղային խորհուրդի ջանքերով վերջերս ամբողջութեամբ նորոգուած են նաեւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ատեանի նստարանները, որոնք դարձած էին անգործածելի։ |
s-82
| Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021 |
s-83
| ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ |
s-84
| Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քհնյ. Չանլըն եւ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ վարչութեան ատենապետ Զեքի Պասաթեմիրը։ |
s-85
| Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ |
s-86
| Սոյն քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին հիւրերը իրենց համակրանքը յայտեցին մեր Հոգեւոր Պետին։ |
s-87
| Անոնք նախ այցելեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր իրենց ուխտի աղօթքը կատարեցին։ |
s-88
| Ապա բարձրացան Պատրիարքարանի ընդունարանը, ուր հանդիպում մը ունեցան Պատրիարք Հօր հետ։ |
s-89
| Մտերմիկ զրոյցի ընթացքին օրակարգի եկաւ Պոլսոյ մէջ Հայ եւ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցիներու յարաբերութիւնը ու երկու հոգեւոր առաջնորդներ իրենց համայքներուն եւ եկեղեցական կեանքին մասին արտայայտուեցան։ |
s-90
| Հիւրերը յայտնեցին նաեւ թէ, իրենց հոգեւոր կեդրոնին մէջ Պատրիարք Հայրը հիւրընկալելը մեծ պատիւ պիտի ըլլայ։ |
s-91
| Իր կարգին, Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան եւ սիրալիր արտայայտութիւններուն համար։ |
s-92
| Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ, թէ առաջին առիթով անպայման պիտի այցելէ Ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը։ |
s-93
| Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021 |
s-94
| ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՈԳԵՒՈՐԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻՆ |
s-95
| Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ Ս. Պատարագը մատոյց կղզեաց հոգեւոր Հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ |
s-96
| Համավարակի սահմանափակումներէն յետոյ առաջին կիրակին էր, որ ժողովուրդը եւս մեծ ոգեւորութեամբ փութաց եկեղեցի։ |
s-97
| Արարողութեան ներկայ էին՝ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, Սայաթ Սրկ. Չընարեան, դպիրներ եւ հաւատացեալներ։ |
s-98
| Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլուի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ |
s-99
| Ուրախացուցիչ տեսարան էր, նաեւ համավարակի կանոններուն ուշադիր հաւատացեալներուն ներկայութիւնը։ |
s-100
| Նախքան Տէրունական աղօթքը, պատարագիչ հայր սուրբը քարոզեց «Հաւատամք ի մի Աստուած, ընդհանրական եւ առաքելական սուրբ եկեղեցի» բնաբանով։ |
s-101
| Հայր սուրբը յատուկ ձեւով յիշեցուց, թէ եկեղեցւոյ առաքելական ստորոգելին կու գայ Քրիստոսի առաքեալներէն եւ առաքեալները այն աշակերտներն են, որոնք Քրիստոսէ կանչուած եւ ապա իր կողմէ աշխարհ ուղարկուած էին Աւետարանը քարոզելու։ |