Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 106 • previous

s-101 «Հայ-իտալական այս հրաշալի նախաձեռնութեան համար երախտիքի խօսք պէտք է ըսել Վենետիկի Հայկական մշակութային կեդրոնի երկար տարիներու կառավարիչ Մինաս Լուռեանին, որու շնորհիւ հնարաւորութիւն ստեղծուած է նման առաջարկ ստանալու։
s-102 Ծանօթ է, որ աշխարհահռչակ մեծագոյն իտալացի մտածողի, բանաստեղծի գործը երեք մասէ բաղկացած է՝ Դրախտ, Քաւարան, Դժոխք։
s-103 Եւ հեղինակներէն երեքը ընտրուած էին Ռավեննայի փառատօնի ղեկավարութեան կողմէ։
s-104 Իւրաքանչիւրին տրուած էր այդ մասերէն մին։
s-105 Ինծի առաջարկուած է Քաւարանը եւ ես գրած եմ այդ մէկը», ըսաւ Տիգրան Մանսուրեան եւ աւելցուց, որ մաէսթրօ Ռիքարտօ Մութթիի փափաքն է այս գործի թէ՛ Իտալիոյ եւ թէ Հայաստանի մէջ նուագուիլը։
s-106 Սենեկային երգչախումբի տնօրէն Արմէն Արաբեանն ալ յայտնեց, որ Ռավեննայի փառատօնին մասնակցութեան ծախսերը ամբողջովին պիտի դիմագրաւուին կազմակերպիչներուն կողմէ։

Text viewDownload CoNNL-U