Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Որպէս Պոլսոյ Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը ջանայ աստիճանաբար իր տեսլականին համահունչ հունի մը մէջ դնել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։
s-2 Սա նոր շրջան մըն է՝ բնորոշեալ նոր յոյսերով, նոր սպասումներով, նոր մարտահրաւէրներով ու նոր առաջնահերթութիւններով։
s-3 Նորին Ամենապատուութիւնը այդ բոլորին նկատմամբ ուրոյն մօտեցումները սկսած է բանաձեւել սեփական ձեռագրով։
s-4 Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։
s-5 Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ան մատուցեց կարեւոր բանալիներ՝ յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ ընկալումներուն եւ գործելաոճի նախապատուութիւններուն մասին։
s-6 Զգալի էր, որ Նորին Ամենապատուութիւնը ծանր վարչական բեռը տանելի դարձնելու համար կը ջանայ միացնել իր մտաւորական պատրաստութիւնն ու դիտարկումները։
s-7 Մամլոյ սպասաւորներուն հետ զրուցելու ատեն ան յաճախ շեշտը դրաւ գործնականութեան վրայ։
s-8 Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ ամբողջ յետմիջօրէ մը տրամադրեց համայնքային մամուլին։
s-9 Ճաշը եւ յաջորդած ծաւալուն զրոյցը տեւեցին շուրջ չորս ժամ։
s-10 Սա իր աշխատանքային օրուան կէսն էր գրեթէ։
s-11 Համայնքի առկայ հրատապ բոլոր հարցերը, իրականութեան մէջ, ունին որոշ վաղեմութիւն մը։
s-12 Ուստի խնդիրներուն անդրադարձ կատարուեցաւ այդ ամբողջին մէջ, պատճառահետեւանքային հանգամանքներով։
s-13 Խօսք բացուեցաւ նաեւ այդ նշանաւոր «աւազան»ի հարցին շուրջ։
s-14 Այսինքն, համայնքի նիւթական միջոցները կեդրոնացնելով «աւազան» մը ստեղծելու եւ այդ աղբիւրէն կարիքները դիմագրաւելու որոնումները միշտ օրակարգի վրայ են։
s-15 Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս կէտին վրայ ըրաւ խորհրդածութիւններ, որոնք իր մտայնութեան տեսակէտէ կը համարուին շատ յատկանշական։
s-16 «Մենք ընդհանուր կազմակերպութեան մը կարիքը կը զգանք. այդ աւազանի գործին պէտք չէ սկսինք պիւտճէով. մենք պէտք ունինք ուղեղի, կամքի եւ վարչականութեան աւազանի մը»։
s-17 Իր խօսքերն են այս մէջբերուածները։
s-18 Պատրիարքական Աթոռին վրայ բազմած նոր գահակալը առաքելութեան ճանապարհին տրամադրուած է նման մօտեցումներով։
s-19 Եռանդ կայ իր հայեացքին մէջ, կը խօսի ինքնավստահ, կը հաւատայ թէ՛ սեփական ուժերուն եւ թէ համայնքին։
s-20 «Լաւատես սկսիլ կ՚ուզեմ, նպատակը բարի է», կ՚ըսէ ան։
s-21 Այդ բոլոր բարի նպատակներուն հասնելու ճանապարհին անսահման յաջողութիւն կը մաղթենք Սահակ Պատրիարքին։
s-22 Իր յաջողութիւնը կը պայմանաւորէ թրքահայութեան նոր նուաճումները դէպի ապագայ։

Text viewDownload CoNNL-U