Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 113-րդ տարին։
s-2 Եւ այսպէս, տարեդարձ մը եւս...
s-3 Ինչպէս սովոր ենք ըսել, նոր օղակ մը կու գայ աւելնալ՝ այս թերթի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ։
s-4 20-րդ դարու ճիշդ սկիզբին, նախորդ դարավերջի ծանր բեռի թօթափումը արձանագրելով հանդերձ, ճանապարհորդութեան ձեռնարկած եւ 21-րդ դարասկիզբն ալ վաւերագրած օրաթերթի մը մասին է խօսքը։
s-5 Պատմութիւն...
s-6 Այո՛ , պատմութիւն, սակայն, ոչ միայն...
s-7 Արդարեւ, պատմութեան կողմէ նուիրագործուած, անոր կողմէ վերահաստատուած առաքելութիւնն է առանցքայինը։
s-8 ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իւրաքանչիւր տարեդարձը եղած է դէպք, երբեմն ալ տօն։
s-9 Անոր երկարակեացութիւնը միայն բոլորուած տարիներու շարք մը չէ եղած, երբեք։
s-10 Անոր գոյութիւնը երաշխաւորած է յիշողութիւն մը։
s-11 Անոր յարատեւութիւնը պայմանաւորած է առաքելութիւն մը։
s-12 Անոր լինելութիւնը եղած է ինքնութիւն պահելու գործօն մը։
s-13 Անոր շարունակականութիւնը ունեցած է տոկունութեան խորհուրդ մը։
s-14 Անոր հետեւողականութիւնը պարփակած է դիմադրութեան պատգամ մը։
s-15 Յամառ ըլլալու, ամուր կանգնելու, կամք դրսեւորելու, գիտակցութեամբ ընթանալու, նպատակասլաց վարուելու կոթող մը դարձած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, որ կ՚ընդունուի որպէս՝ հայ մամլոյ նահապետ։
s-16 2020 թուականը իսկապէս ծանր տարի մըն է։
s-17 Թէ՛ երկրագունդի եւ թէ հայաշխարհի տեսակէտէ անտանելի, առանց չափազանցութեան։
s-18 Համայն մարդկութիւնը կը դիմագրաւէ քորոնաժահրի համավարակի մարտահրաւէրը։
s-19 Ու կարծես այդքանը անբաւարար եղած ըլլար, Հայաստանին ու Արցախին պատուհասած է սարսափելի պատերազմ մը, որ ամբողջ հայութեան տեսակէտէ գոյամարտ մը կը նշանակէ։
s-20 Այս անիծեալ տարին տակն ու վրայ ըրած է ամէն ինչ ու տակաւին կը շարունակէ գործել իր աւերը բոլոր հարթութիւններու վրայ։
s-21 Մշուշոտ է հորիզոնը, ապագան՝ պղտոր, անորոշութիւնը կը պատնեշէ գալիքն ու մանաւանդ՝ անոր նկատմամբ լաւատեսութիւնը։
s-22 Ո՞ւր կ՚երթանք, ի՞նչ կ՚ըլլայ՝ Աստուած գիտէ...
s-23 Այս բարդ տարուան մէջ տարբեր է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի տարեդարձը։
s-24 Եթէ ամէն տարի, սովորաբար, թերթիս տարեդարձը կը նշէինք՝ մեր գործունէութեան ամփոփ հաշուեկշիռը ընելով եւ վերանորոգելով մեր եռանդը անոր առաքելութեան ծառայելու ճանապարհին, ապա այս տարի տարբեր է, էապէս տարբեր։
s-25 Իրականութեան մէջ, այս տարբերութեան տուն տուած պատճառները միայն ներկայ տարիով սահմանափակուած չեն, առ նուազն հինգ տարուայ յետադարձ հիմնաւորումներու մասին կարելի է խօսիլ, սակայն, 2020-ի առկայ մթնոլորտին մէջ դանակը հասած է ոսկորին։
s-26 ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 113-րդ տարեդարձը, դժբախտաբար, անխուսափելի առիթ մը կը դառնայ ահազանգ հնչեցնելու համար, թէ թերթիս գոյութեան վտանգ կը սպառնայ։
s-27 Սա է առարկայական պատկերը, պարզ իրականութիւնը։
s-28 Այս թերթի պատմութեան մէջ շատ եղած են տագնապներ, չեն պակսած անելները, յաղթահարուած են բազում փակուղիներ, բայց, ո՛չ մէկուն պարագային կ՚երեւի այսքան սպառած չէր անոր նիւթական ներուժը, երբեք այսքան չէին ցամքած ելմտատնտեսական միջոցները։
s-29 Ցայսօր այս բոլորին դէմ անվհատ ձեւով պայքարած ենք՝ առանց խուսափելու որեւէ զոհողութենէ կամ նուիրումէ։
s-30 Այդ պայքարը մղելու ատեն չենք զիջած այս թերթի որակէն, փորձած ենք ոչինչ ցոլացնել մեր սիրեցեալ ընթերցողներուն եւ ազնիւ համայնքին։
s-31 Բծախնդիր եղած ենք մեր անձնակազմի անդամներու վաստակը՝ որպէս արժէք արդար գնահատելու ուղղութեամբ։
s-32 Բայց, ճշմարտութիւնը այն է, որ ամէն ինչ հունէ դուրս գալու վրայ է եւ թերթիս հաւասարակշռութիւնները նուազագոյն չափով երաշխաւորելու կարելիութիւնը գրեթէ սպառած է։
s-33 Կարճ խօսքով՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անդունդի եզրին է։
s-34 113-րդ տարեդարձին օրով ի լուր աշխարհի կը հաղորդենք այս պարագան՝ սնուցանելով ու փայփայելով վերջին հրաշքի մը յոյսը, որով կրնայ փոխուիլ անոր ճակատագիրը։
s-35 Այլապէս, սա արդէն կ՚ըլլայ մեր վերջին տարեդարձը եւ այս թերթը կը դառնայ զուտ պատմութիւն, կը թաղուի պատմութեան մէջ, առաքելութեան խափանումով, գործունէութեան խաթարումով։
s-36 ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առկայ վիճակը, խորքին մէջ, խորապէս ուսանելի է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի այսօր հասած կացութեան լրջութեան տեսակէտէ։
s-37 Երեւակայեցէ՛ք , այս թերթը որեւէ հաստատութեան կամ ոեւէ անձի պարտական չէ, իր միջոցները արժեւորած է առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ, միշտ լի ու լի արդարացուցած է իրեն համար ներդրուած իւրաքանչիւր լուման, տակաւին կրնայ ունենալ՝ նոր ժամանակներուն համապատասխան բոլորովին նոր ապագայ մը, սակայն, դէմ յանդիման մնացած է փակման վտանգի։
s-38 Քանի մը ամիս առաջ այս թերթին վրայ երեւցած էր վերնագիր մը.
s-39 «Մամուլի ծանուցումները կաշառք չեն...»։
s-40 Բացառութիւն կ՚ըլլար, եթէ անուշադրութեան մատնուած չըլլար այդ վերնագիրը՝ պարունակած ամբողջ զգուշացումով։
s-41 Անդունդի եզրին, բնականաբար, մեղաւորներու մասին խօսելու, մեղադրանքներ հասցէագրելու չենք պատրաստուիր։
s-42 Պարզապէս, այս թերթի մատնուած, դատապարտուած վիճակին մասին քանի մը նշում ընելը անհրաժեշտ կը համարենք՝ հաւաքական պատասխանատուութեան տեսակէտէ։
s-43 Այլ խօսքով՝ այս փուլին կ՚ուզենք քանի մը բանալի տրամադրել մեր ժողովուրդին, որպէսզի կարողանայ աւելի լաւ պատկերացնել, թէ ի՛նչ խաղի կանոններ տիրել սկսած են այս համայնքէն ներս։
s-44 Պետութեան կողմէ կատարուած բարեփոխումներուն շնորհիւ կարեւոր թիւով թրքահայ հաստատութիւններ երկար ժամանակէ ի վեր կը տնօրինեն՝ անցեալի հետ անբաղդատելիօրէն մեծ նիւթական միջոցներ։
s-45 Այսինքն, այդ հաստատութիւնները հարստացած են լրջօրէն։
s-46 Այդ հսկայական միջոցները կրնային այս համայնքին ճակատագիրը փոխել, անոր առջեւ նոր հորիզոն մը ուրուագծել՝ եթէ տնօրինուէին տարբեր մտայնութիւնով մը։
s-47 Եթէ վարչակազմակերպչական բարեփոխումներ ըլլային համայնքէն ներս, ապա այսօր էապէս տարբեր պատկեր մը կ՚ունենար այս համայնքը եւ անոր օրակարգն ալ կ՚ըլլար հիմնովին տարբեր։
s-48 Բայց, այդպէս չեղաւ։
s-49 Բոլոր անոնք, որոնք այս համայնքի հաւաքական հարստութիւնը կը տնօրինեն, սկսան հետեւիլ ինքնագլուխ ճանապարհներու, հեռանալով թափանցիկութենէ։
s-50 Հարստացած հաստատութիւնները սկսան ինքնապարփակուիլ, մինչ կ՚ակնկալուէր անոնց ժողովուրդին աւելի բացուիլը։
s-51 Ահագնացող այլանդակութիւնը կաթուածահարեց համայնքային կեանքը, ուր ներդաշնակութիւնը կորսուեցաւ, զօրակցութիւնը թուլացաւ, իրերանման առաքելութեամբ կառոյցներու միջեւ փոխլրացնող աշխատանք չկատարուեցաւ։
s-52 Որքան որ հարստութիւնը աւելցաւ, այնքան եւ աւելի ծանր թուիլ սկսաւ հաստատութիւններուն կարիքները։
s-53 Նոյնիսկ պիւտճէի բացով հաստատութիւնները սկսան բեռ համարուիլ։
s-54 Այս ամբողջին մէջ աչքի փուշ դառնալ սկսաւ նաեւ մամուլը, որ այս բոլորը կը վաւերագրէ եւ աւելի՛ն , միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ առկայ ընթացքի՝ սնանկութեան յղի հեռանկարներուն մասին։
s-55 Իրենց առաքելութեան ճանապարհէն շեղած, մեր ժողովուրդին եւ արժէքներուն օտարացած տխուր վարչայիններ ալ սկսած են հաշուարկել մամուլը լռեցնելու եւ հակակշռի տակ առնելու մասին։
s-56 Ներքին հաղորդակցութեան կենսունակութեան նշանակութեան մասին խօսիլը աւելորդ է այս համայնքի պարագային։
s-57 Սակայն, համապատասխան միջոցներու անարդար ու կողմնակցական մղումով բաժնուիլը, անոնցմով մամլոյ միջոցաւ ազդեցութեան պայքարներ մղելը վերածուած են հաւաքական վէրքերու։
s-58 Այս ծիրին մէջ ԺԱՄԱՆԱԿ-ն ալ անխնայօրէն պիտակաւորուած է եւ տխրահռչակ շրջանակներ ձեռնարկած են զայն «պատժելու» գործին։
s-59 Թրքահայութենէն ներս խորացած բեւեռացումներու մթնոլորտի մէջ մամուլն ալ այս վտանգներէն ինքզինք չէ կրցած զերծ պահել՝ սկզբունքային սահմաններէ վաղուց դուրս եկած մրցակցութիւններու բերումով։
s-60 Կարճ խօսքով, այս համայնքէն կարգ մը շրջանակներ երկար ատենէ ի վեր հաշուեյարդարի ձեռնարկած են ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դէմ՝ իր հրատարակութիւններուն եւ արտայայտած տեսակէտներուն, որդեգրած դիրքորոշումներուն բերումով։
s-61 Դիտումնաւոր ձեւով խզուած են այս թերթի սնման բնական ակերը, միջոցները։
s-62 Այսինքն, այսօր մեր հնչեցուցած ահազանգը այս համայնքէն ներս ոմանց համար վաղուց սպասուած լուր մըն է, նոյնիսկ աւետիս մը։
s-63 Աչքերնին լոյս...
s-64 Մեր ընթերցողներուն կու գանք տեղեկացնել, որ այս տարեդարձի խմբագրականը անկիւնադարձ մըն է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատմութեան մէջ։
s-65 Չենք ալ գիտեր՝ գուցէ սա վերջին տարեդարձը ըլլայ այս թերթին։
s-66 Յամենայնդէպս, խմբագրութիւնս ու վարչութիւնս համախոհաբար որդեգրած են ճանապարհային քարտէս մը, որով կը նախատեսուի համագործակցիլ այս համայնքի բոլոր առողջ ու հաւասարակշռուած ուժերուն, շրջանակներուն հետ եւ զօրակցութիւն ապահովել ԺԱՄԱՆԱԿ-ը անդունդի եզրէն փրկելու եւ զայն նոր աշխարհի յարիր լրատուամիջոցի մը վերածելու համար, իր ծով պաշարի վերարժեւորումով։
s-67 Վճռակամ ենք, բայց ոչ միամիտ՝ չափազանց լաւատես ըլլալու համար։
s-68 Վերջին յոյսի մը ետեւէն պիտի երթանք մինչեւ վերջ ու մնացեալին համար կը դժուարանանք կանխատեսումներ ընել։
s-69 28 հոկտեմբեր 1908 թուականին հիմնուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ը...
s-70 Օրերէն չորեքշաբթի էր։
s-71 113 տարի անց, այսօր դարձեալ չորեքշաբթի մըն է...
s-72 Սա պիտի ըլլայ կա՛մ այս թերթի վերածնունդը եւ կամ վախճանը։
s-73 Հանելո՞ւկ ...
s-74 Բարին ընդ մեզ։
s-75 ՔԱՍԻՄԻ ՄԱՍԻՆ ՇԱՀԵԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ
s-76 Որպէս Թուրքիոյ անընդմէջ հրատարակուող ամենահին օրաթերթը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գործունէութիւնը միշտ բարձր կը գնահատուի նաեւ երկրի լայն հասարակութեան կողմէ։
s-77 Այս ամբողջին մէջ, թերթիս հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած ժառանգութիւնն ալ կ՚արժեւորուի ժամանակներու մէջ։
s-78 ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 113-րդ տարեդարձին առթիւ, այսօր տեղ կու տանք «T24»ի վրայ որոշ ժամանակ առաջ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլուի ստորագրութեամբ հրապարակուած գրութիւն մը՝ Միսաք Գօչունեանի մասին։
s-79 Ստորեւ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք այդ յօդուածի թրքերէն բնագիրը։

Text viewDownload CoNNL-U