s-1
| «Գանար Անշէնէ» (Շղթայուած բադ) ֆրանսական երգիծական թերթը վերարծարծեց Սեւրի Մխիթարեանի կալուածի շինարարական ծրագրին հարցը «Վատիկան բռնուեցաւ՝ ձեռքը կրաշաղախի մէջ» յօդուածով, որ կարգ մը պնդումներ կը կատարէ, որոնք նորութիւններ չեն տեղեկատւութեան գետնի վրայ, բայց նոր մեկնաբանութիւններով, որոնք հեռու են համոզիչ ու սպառիչ ըլլալէ։ |
s-2
| Հարկ կը նկատենք երկու ճշդում կատարել. առաջինը կը վերաբերի Վատիկանին եւ Փրանկիսկոս պապին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցին մէջ ոչ մէկ ատեն Թուրքիոյ ճնշումներուն չեն ենթարկուած, ոչ ալ Պոլսոյ կաթողիկէ փոքրամասնութիւններուն շահերը պաշտպանելու համար՝ զիջած են իրենց յանդուգն դիրքորոշումներէն, ինչպէս 2015-ին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Պապին Վատիկանի մէջ կազմակերպած սրբազան պատարագը եւ խորանէն Ցեղասպանութեան ճանաչումի հանդիսաւոր յայտարարութիւնը, Հայ առաքելական կաթողիկոսական աթոռներու եւ գահակալներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ։ |
s-3
| Նոյնպէս, յաջորդ տարի՝ 2016-ին դէպի Հայաստան անոր ուխտագնացութիւնը եւ Հայութեան ի նպաստ անոր արտայայտած մտքերը։ |
s-4
| Երկրորդ կարեւոր նշումը կը վերաբերի Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանին, որ ըլլալով Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ, կրնար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ճնշումի ենթարկուիլ։ |
s-5
| Սակայն, նոյնիսկ Սեւր 2015-ի պատասխանատուները կ՚ընդունին որ այդ ծրագիրը մերժուած էր նախքան հայր Զէքիեանի՝ պապական նուիրակ նշանակուիլը։ |
s-6
| Հայր ԶԷքիեանին առնչութեամբ կայ այլ հանգամանք մը եւս, որ կարեւոր է նկատի ունենալ։ |
s-7
| Ան, նախ եւ առաջ գիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն է, հայագէտ մտաւորական մը։ |
s-8
| Պայմաններու բերումով իրեն յանձնած են սնանկութեան եզրին հասած Մխիթարեան միաբանութեան տնօրինումը։ |
s-9
| Որքան ալ ներկայ պայմաններուն մէջ անընդունելի ըլլայ Նիսի միջնորդներու կողմէ անոր ներկայացուած շինարարական ծրագիրը, ատիկա պէտք չէ խափանէ անոր բարձրորակ գիտնականի, մաքուր հոգեւորականի, նուիրեալ կրթական գործիչի համբաւը։ |
s-10
| «Գանար Անշէնէ»-ի մեծագոյն ամբաստանութիւնը՝ Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան նախագահութիւնը գրաւելու միտող յեղաշրջումի (putsch) վարկածն է։ |
s-11
| Սակայն, հոս է նաեւ անտրամաբանական մեծագոյն եզրայանգումը։ |
s-12
| Պուիկի շինարարական ծրագիրը, զոր կը պաշտպանէ հայր Զէքիեան, կը նախատեսէ 60 տարուան համար Սեւրի մխիթարեաններու կալուածին տնօրինումէ զրկումը։ |
s-13
| Ա՞յս է Վատիկանի՝ Սեւրի կալուածին տիրանալու ձեւակերպումը։ |
s-14
| Կը մնայ մեծագոյն հարցականը՝ արդեօք հայր Զէքիեանի կողմէ Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան տիրանալու միտող putsch եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ։ |
s-15
| Կը սպասենք դատարանի որոշումին։ |
s-16
| Մէկ բան յստակ է, որ Սեւրի Մխիթարեան վարժարանը կը կրէ Մխիթարեան միաբանութեան կնիքը։ |
s-17
| Բնական է որ անոր տնօրինումը կատարուի Մխիթարեան միաբանութեան համաձայնութեամբ։ |
s-18
| Երկրորդ, հանրային ժողովներու ընթացքին, որքան որ կազմակերպիչներուն կողմէ վարժարանին յիշողութեան վայր եւ Ցեղասպանագիտական հետազօտութեան կեդրոն ըլլալու հանգամանքը շեշտուեցաւ, նոյնքան ալ, եւ աւելի՛ , կրթական կառոյց մը վերահաստատելու փափաքը պնդուեցաւ հրաւիրեալ ժողովականներուն կողմէ։ |