s-1
| Ֆրանսայի Հայ առաքելական թեմը, իր ատենապետին՝ Ռոպէր Ազիլազեանի ստորագրութեամբ, հակառակ իր սովորութեան, անմիջապէս հակազդեց Յունիս 23-ին «Նոր Յառաջ»-ի կայքէջի ֆրանսերէն բաժնին մէջ լոյս տեսած՝ Յունիս 21 թուակիր հաւաքական նամակին, զոր ֆրանսահայ 14 պատասխանատուներ եւ հասարակական գործիչներ հրապարակած էին, ստորագրողներուն գլխաւոր դէմքն ըլլալով Ֆրանսայի Հայ առաքելական թեմի առաջնորդ՝ Վահան եպիսկ. Յովհաննէսեանը։ |
s-2
| Նամակը ուղղուած էր շրջանային ընտրութիւններուն Փարիզի եւ շրջակայքի (Île-de-France) պաշտօնաւարտ նախագահուհի, իր թողած աթոռին գլխաւոր թեկնածու Վալերի Փեքրէսին (նախկին հանրապետական). ստորագրողները զարմանք կը յայտնէին, որ Իսիի շրջանի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան չէ ներառուած անոր առաջնորդած ցանկին մէջ՝ ընտրութեան արժանի դիրքի մը վրայ։ |
s-3
| Ռոպէր Ազիլազեան Թեմական խորհուրդին անունով կը շեշտէր, որ Սրբազան հօր դիրքորոշումը անձնական յանձնառութիւն է եւ որեւէ ձեւով առնչութիւն չունի Թեմական խորհուրդին հետ։ |
s-4
| Ուրախալի երեւոյթ է, որ վերջապէս հայ համայնքը, հայ եկեղեցին յուզող հանրային հարցի մը շուրջ Թեմական խորհուրդը անսպասելիօրէն արագ հակազդեցութիւն ցուցաբերեց, որ նոյնիսկ armenews-ի ուշադրութեան արժանացած ըլլալով՝ ֆրանսագիր հայկական առցանց այդ թերթի կայքէջին վրայ արտատպուեցաւ։ |
s-5
| Բնականաբար, աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար եթէ Թեմական խորհուրդի հաղորդագրութեան հետ միաժամանակ արտատպուէր նաեւ Սրբազան հօր ստորագրած նամակը, որպէսզի հանրութեան համար հասկնալի ըլլար թէ բանն ինչումն է։ |
s-6
| Շատեր «Նոր Յառաջ»-ին դիմեցին հասկնալու համար Թեմական խորհուրդի հակազդեցութեան դրդապատճառը։ |
s-7
| Երեւոյթը իրապէս ուրախալի է, որովհետեւ թեմի ստեղծումէն ի վեր յաճախ Թեմական խորհուրդը քար լռութիւն պահած է ֆրանսահայ համայնքին համար այնքան կարեւոր ու ծանրակշիռ պահերու, որոնց դիմաց՝ այս պատասխանին անմիջականութիւնը ապշեցուցիչ է ու քաջալերելի։ |
s-8
| Յիշենք՝ Գարեգին Բ. Վեհափառին Ֆրանսա այցելութիւնները եւ Ֆրանսայի այն ժամանակուան առաջնորդին՝ Նորվան արք. Զաքարեանի հանդէպ անոր ունեցած վիրաւորական արտայայտութիւնները, որոնց նկատմամբ Թեմական խորհուրդը ոչ մէկ հակազդեցութիւն ցուցաբերած էր։ |
s-9
| Անկէ ետք, սրբազան հօր հրաժարականի պահուն, անհասկնալի էր Թեմական խորհուրդի զօրակցութեան բացակայութիւնը։ |
s-10
| Նոյնպէս խնդրայարոյց երեւոյթ էր երբ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, «ֆրանսահայ հոգեւորականներ» անուան տակ հաղորդագրութիւն մը լոյս տեսաւ, ուր ֆրանսահայ հոգեւորականները, որոնք կը գործեն Ֆրանսայի առաքելական թեմի իրաւական համակարգէն ներս, կը դատապարտէին Հայաստանի իշխող ուժը՝ ի պաշտպանութիւն կաթողիկոսին, որ Քոչարեանի բանտարկութեան վերջ տալու կոչ ըրած էր։ |
s-11
| Թեմական խորհուրդը հոս եւս ո՛չ մէկ մեկնաբանութիւն ըրած էր։ |
s-12
| Օրինակները դեռ բազմազան են, ինչպէս՝ երբ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին սկիզբը, ներկայի առաջնորդը իր աթոռը թողած՝ ԱՄՆ ճամբորդած էր. կամ՝ երբ հաւատացեալները եւ հասարակութիւնը յուզող հարցերու պատճառով տեղի կ՚ունենային Թեմական խորհուրդի կարգ մը անդամներու հրաժարականները... եւ վերջապէս Նիսի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը ու կարճ ժամանակ ետք անոր վերստին «արտաքսում»-ը թեմէն, պատարագ մատուցելու արգելքը, եւ հակառակ ատոնց՝ Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանի ձեռամբ, անհասկնալի կերպով, Ս. Ծնունդին պատարագի մատուցումը... եւ հուսկ վերջին պատարագը՝ որ մատուցուեցաւ անցեալ Կիրակի, Յունիս 27-ին, առաջնորդ հօր ներկայութեամբ, առանց Նիսի Ս. Փիլիպպոս ծուխը պաշտօնապէս տեղեակ պահելու այդ այցելութենէն։ |
s-13
| Անցեալին՝ 2016-ին, Հայ համայնքի կարգ մը պատասխանատուներ դժկամութեամբ ընդունած էին Արթիւր Խանճեանի միջնորդութեամբ Սրբազան հօր ընդունելութիւնը նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողմէ։ |
s-14
| Արթիւր Խանճեանի եւ Սրբազան հօր բարեկամութիւնը եւ գործակցութիւնը նոր չէ։ |
s-15
| Սակայն, ներկայ պարագային, Արթիւր Խանճեանին զօրակցութեան ցուցաբերումը ըստ երեւոյթին կը խանգարէ հայ համայնքի կարգ մը պատասխանատուներու հաշիւները։ |
s-16
| Խորքին մէջ, Յունիս 21-ի նամակը Փեքրէսի դէմ ոչինչ ունէր, բացի անկէ՝ որ կը քաջալերէր աջակողմեան առաջնորդը ծագումով հայ փոխքաղաքապետ մը ներգրաւելու շրջանային վարչութեան իր ցանկին մէջ։ |
s-17
| Ի՞նչ մեղք գործեցին այդ 14 ստորագրողները, որ արժանանան Թեմական խորհուրդին հակազդեցութեան. համայնքապա՞շտ ըլլալու մեղանչանքը, քաղաքական հարցերու միջամո՞ւխ ըլլալը։ |
s-18
| Զարմանալի չէ՞ որ քրիստոնէական համայնք մը ղեկավարելու կոչուած Թեմական խորհուրդ մը զլանայ իր զօրակցութիւնը յայտնել Հայ եկեղեցւոյ, հայ համայնքի անդամներէն մէկուն, երբ ի պաշտօնէ իրենք կոչուած են համայնքի եւ անոր անդամներու իրաւունքները պաշտպանելու։ |
s-19
| Խնդրին մէջ թերեւս ալ կան այլ ծալքեր, որոնք հարկ է որ լուսաբանուին։ |
s-20
| Թեմական խորհուրդի այս հաղորդագրութիւնը, անվստահութեան բացառիկ արտայայտութիւն է թեմիս առաջնորդին ուղղուած։ |
s-21
| Հայ հոգեւոր առաջնորդին հեղինակութիւնը ոտնակոխուած է իր իսկ ղեկավարութեան տակ գտնուող մարմինին կողմէ։ |
s-22
| Երկուքէն մէկը պէտք է լուրջ հետեւութիւն ընէ, թերեւս ալ՝ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն օգնութեամբ։ |