s-1
| Պաղեստինեւիսրայէլեան հակամարտութեան վերջին զինուորական գործողութիւնները սկսած են այնպէս մեկնաբանուիլ, որ ռազմագործողութիւնները նպատակ ունին ճշդելու Արեւելեան Երուսաղէմի ճակատագիրը: |
s-2
| Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքի վերածելու պետական քաղաքականութիւնը, հովանաւորուած հիմնականին մէջ Ուաշինկթընի կողմէ, տարատեսակ ընկալումներու կը հանդիպի. այդուհանդերձ չկայ միջազգային ուղղակի դիմադրութիւն քաղաքակրթական նման միջավայր մը զուտ քաղաքական նպատակներով դիմափոխելու: |
s-3
| Համաշխարհային առումով Երուսաղէմը ո՛չ միայն համաքրիստոնէական գլխաւոր կեդրոն է, այլ նաեւ միաստուածեան կրօններ դաւանող ժողովուրդներու համագոյակից եզակի միջավայր: |
s-4
| Հայութիւնը այնտեղ ունի դարաւոր հոգեւոր եւ մշակութային առանձնաշնորհեալ ժառանգութիւն: |
s-5
| Երեւոյթը իր մէջ կը պարփակէ նաեւ կրօններու իրաւունքներու բաժանման պատմական ենթահողը: |
s-6
| Նման միջավայրի մը քաղաքական պատկանելիութեան արմատական փոփոխութիւնը կրնայ յանգեցնել կրօններուն շնորհուած իրաւահաւասարութեան խախտումին: |
s-7
| Վերջին ռազմագործողութիւններուն նկատմամբ պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը մտահոգութեան արծարծման եւ զսպուածութեան կոչերու առումով համահաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ կայացած էր: |
s-8
| Բացի Երուսաղէմի հայկական կարգավիճակին նկատմամբ երեւցող վտանգէն այլ պատճառներ կան չէզոքութենէն քայլ մը անդին անցնելու: |
s-9
| Մեր պետութեան նման պատերազմի հետեւանքները կրածները կրնան վերլուծել արհաւիրքի օրերուն հաւասարութեան չափ դնող եւ զսպուածութեան կոչեր կատարող այլ պետութիւններու քաղաքական մօտեցումները: |
s-10
| Նման յայտարարութիւններու պարագային անշուշտ նկատի կ՚առնուին հակամարտող պետութիւններու յարաբերակցութեամբ տուեալ երկրին ունեցած կամ չունեցած դիւանագիտական յարաբերութիւնները: |
s-11
| Այդ յարաբերութիւններուն իբրեւ ցուցանիշ երկիրներուն մէջ գործող կամ չգործող դեսպանատուները: |
s-12
| Աւելի՛ն . նկատի կ՚առնուին ճգնաժամի պահուն հակառակորդին օժանդակած, զինուորական արհեստագիտութեան վերջին նորարարութիւնները տրամադրած երկիրներու պաշտպանական քաղաքականութեան դրսեւորումները: |
s-13
| Թէ՛ Արցախէն, թէ՛ Երեւանէն բազմիցս հնչեցին այն տեսակէտները, որ հայկական կողմը պարտուեցաւ Թուրքիա-Ազրպէյճան-Իսրայէլ-Փաքիստան միացեալ ուժերուն, անոնց կողմէ հովանաւորուած ահաբեկչական տարրերու համալրումով: |
s-14
| Երեւան տուն կանչեց իր դեսպանը նաեւ Իսրայէլէն ա՛յս պատճառով: |
s-15
| Նկատի կ՚առնուի նաեւ ռազմավարական գլխաւոր դաշնակիցին դիրքորոշումը այս հակամարտութեան մէջ: |
s-16
| Այստեղ կը նկատուի որոշ հասկացողութիւն հակաիսրայէլեան հրապարակային կեցուածք ճշդած Թուրքիոյ եւ նուազ հրապարակայնութեամբ այս պարագային Ռուսիոյ միջեւ: |
s-17
| Լաւրով-Չաւուշօղլու հեռաձանային խորհրդակցութիւնը, ըստ հրապարակումներու, արծարծած է թէ՛ արցախեան եւ թէ՛ պաղեստինեան հակամարտութիւնները: |
s-18
| Աւելի ուշ, պաղեստինեան հակամարտութեան մասին զրուցած են Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահները: |
s-19
| Թուրքիոյ շեշտուած հակաիսրայէլականութիւնը բնականաբար այլ նշանակէտեր հարուածելու մտադրութիւնը ունի, յատկապէս համաարաբական աշխարհը նկատի ունենալով: |
s-20
| Բայց նաեւ՝ Իրանը: |
s-21
| Այլապէս իր արբանեակ պետութեան` Ազրպէյճանին թոյլատրուած է շարունակել սերտ համագործակցութիւնը Իսրայէլի հետ: |
s-22
| Անգարան շատ առջեւ կ՚երթայ այս հարցին մէջ: |
s-23
| Իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ հակամարտութեան շրջան ուղարկել իր խաղաղապահ զօրքերը: |
s-24
| Այս բոլորը կ՚արձանագրուին միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ ռուսական գործօնի աշխուժացման խորապատկերին վրայ: |
s-25
| Պաքուն ճանչցած է պաղեստինեան պետութիւնը եւ ռազմավարական գործընկեր է Իսրայէլին: |
s-26
| Երեւանը չէ ճանչցած Պաղեստինը՝ առարկելով, որ այնքան ատեն որ արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւները կը շարունակուին, Երեւանը չի կրնար նոյն կացութեան մէջ գտնուող այլ պետութիւն կամ երկիր ճանչնալ: |
s-27
| Պաղեստինի կացութիւնը նոյնը չէ անշուշտ: |
s-28
| ՄԱԿ-ի 138 անդամ պետութիւններ ճանչցած են պաղեստինեան պետութիւնը: |
s-29
| Անոնց շարքին է նաեւ Հայաստանի ռազմավարական գլխաւոր դաշնակից Ռուսիան: |
s-30
| Պաղեստինը ճանչնալու քաղաքական նոր ենթահող է: |
s-31
| Մանաւանդ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք: |