s-1
| Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու արդիւնքները նոր մեկնարկ չապահովեցին երկրի արտաքին եւ ներքին ճգնաժամերու հանգուցալուծման: |
s-2
| Հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութեամբ հիմնական առաջադրանքներ ձեւակերպած էր ներքին համերաշխութեան եւ արտաքին առումով՝ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման: |
s-3
| Բաժանարար եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ քայլերով յատկանշուած ներհասարակական դաշտը յառաջացուցած եւ պատերազմ պարտուած, տարածքներ զիջած եւ պարտուողական յայտարարութիւն ստորագրած պատասխանատու ուժը վերարտադրուած է: |
s-4
| Եղելոյթը, ըստ էութեան, շատ աւելի խոր քննարկումի կը կարօտի: |
s-5
| Ընդհանրացումը, թէ՝ անցեալի վերադարձի մերժումով կը պայմանաւորուի գործող իշխանութեան հանդէպ մեծամասնական ընտրազանգուածի կեդրոնացումը, կը թուի, որ միակ պատճառը չէ այս արդիւնքներու գրանցման: |
s-6
| Պատերազմի արդիւնքները ընդունելու ժողովրդային տրամադրութիւններու ալիքի երեւոյթը պէտք է իր բացատրութիւնները գտնէ: |
s-7
| Ի՞նչ հանգամանքներու կուտակումն էր, որ մեր հաւաքական զգայնութիւնը բթացուց՝ ի դէմս նոր ցեղասպանական արարքներ փորձած թուրքեւազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն: |
s-8
| Աւելի խոր ուսումնասիրութեան կը կարօտի այն, որ պարտութենէն ետք զանգուածային տեսք չստացաւ համաժողովրդային ցասումը եւ ատով իսկ չյաջողեցաւ իրականացնել իշխանափոխութիւնը: |
s-9
| Տակաւին ըմբռնելի չէ սահմանային ոտնձգութիւններուն դիմաց ժողովրդային ծառացումի բացակայութիւնը: |
s-10
| Իրականութիւններու հետ հաշտեցումի ընթացքը, նման արհաւիրքներու մէջ բնականոն պայմաններով կեանքը շարունակելը իր հարցականները ունի դեռ: |
s-11
| Չենք կրնար համաշխարհայնացումին, անկէ բխող հետեւանքներուն կամ միայն ոչ կառավարական զանազան կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքներուն արդիւնք սեպել եւ կարգախօսային պատճառահետեւանքային տեսութեամբ բացատրել ազգային հաւաքական զգայնութեան չէզոքացումի երեւոյթը: |
s-12
| 88-ի շարժման, 90-ականներու ազատամարտին, ապրիլեան պատերազմին եւ այս բոլորին դիմաց 44-օրեայ պատերազմին նկատմամբ համաժողովրդային արձագանգումները, հակազդեցութիւնները, բայց մանաւանդ արդիւնքները ընդունելու-չընդունելու իրականութիւնները տրամագծօրէն հակոտնեայ են: |
s-13
| Մինչեւ գնահատական չստանան այս բոլորի պատճառահետեւանքային կապերը, հայ քաղաքական միտքին համար անորոշ պիտի մնան վերջին ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններէն ետք արձանագրուած արդիւնքները: |
s-14
| Գուցէ համալիր են պատճառները՝ կրթական, մշակութային, քաղաքական, ընկերաբանական, արժեհամակարգային: |
s-15
| Եւ խնդիրը այնքան պարզ չէ, ընդունելու համար միայն աշխարհաքաղաքական տարողութեան մէջ գերտէրութիւններու համաձայնութիւններով պարտադրուած իրողութիւններու դէմ անզօրութեան զգացումը: |
s-16
| Բուն խնդիրը այդ բոլորին հանգիստ ընկալումն է եւ այդ հանգստութիւնը երկարաձգելու ժողովրդային դրսեւորումը: |
s-17
| Այո՛ . զգալի է հասարակական որոշ խաւի մտածողութիւնը: |
s-18
| Խաղաղութիւն, ապաշրջափակում, անվտանգ ծառայութիւն, բաց սահմաններ, ազատ առեւտուր, կենսամակարդակի բարձրացում եւ ածանցեալ նախատեսումներ: |
s-19
| Այս բոլորը կ՚արագացնեն ազգային զգայնութեան թուլացման գործընթացը: |
s-20
| Պետական եւ հասարակական կեանքը պիտի շարունակուի անկասկած. այս բոլորին առընթեր գնահատական պէտք է ստանայ համալիր դրուածքով՝ ժողովուրդի ազգային դիմադրողականութեան եւ զգայնութեան հաւաքական հոգեկերտուածքի ձեւախեղման պատճառահետեւանքային հոլովոյթը: |
s-21
| Այդ զգայնութեան վերասրումն է միայն, որ կրնայ կանխարգիլել հետագայ յանձնուողականութիւնն ու նոր մեկնարկ ապահովել պետականութեան վերականգնման եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին: |