s-1
| Լիբանանի դէմ շարունակուող ֆինանսական շրջափակումի հետեւանքները թեւակոխած են նոր փուլ: |
s-2
| Ճանապարհներ փակելու անհնազանդութեան շարժումները կը տարածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: |
s-3
| Կը նկատուի սակայն ոճային փոփոխութիւն: |
s-4
| Սակաւաթիւ խումբեր յանկարծակի կը գրաւեն հիմնական պողոտաներու խաչմերուկներ, կ՚անդամալուծեն երթեւեկը: |
s-5
| Շարժումը չի ստանար զանգուածային տեսք, այլ ճամբայ փակել-բանալու գործողութիւններով կը ստեղծէ պարագայական իրավիճակներ՝ քաղաքացիին միտքին մէջ տեղաւորելով յառաջիկայ ժամերուն ճամբայ փակելու գործողութեան հնարաւորութիւնը: |
s-6
| Բողոքի այս գործողութիւնները սակայն հետզհետէ կը վերափոխուին անհնազանդութեան աւելի համարձակ նախաձեռնութիւններու: |
s-7
| Վերջինը՝ Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան դէմ կատարուած պատանդառումի գործողութիւնն էր, որ յատկանշուեցաւ բռնարարքով եւ գումարի բռնափոխանցումով դէպի Թուրքիա: |
s-8
| Հետաքրքրական է, որ գումարային փոխանցումներու իբրեւ վայր ամէնէն շատ կը խօսուի Թուրքիոյ մասին, ուր յատուկ կեդրոններ կը գործեն Լիբանանէն դուրս եւ դէպի Լիբանան գումարներու փոխանցման արտակարգ եղանակներ կիրարկելով: |
s-9
| Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատան մէջ պատահածը հոլիվուտեան շարժապատկերի տեսարաններ յիշեցուց, երբ դրամատան դէմ յարձակում գործողները, պատանդ վերցնելով պաշտօնեաները, պարտադրեցին բռնի գումարային փոխանցում: |
s-10
| Ասիկա նախադէպ է եւ կը յուշէ, որ սառեցուած հաշիւներու տէրերը կրնան գումարներու ապասառեցման նման ոճի դիմել, երբ ո՛չ հրաժարեալ կառավարութիւնը, ո՛չ Կեդրոնական դրամատունը հանգուցալուծման միջոցներ կ՚որդեգրեն՝ անորոշ եւ անհեռանկար կացութիւն ստեղծելով քաղաքացիներուն առջեւ: |
s-11
| Այս պայմաններուն մէջ աշխոյժ է նման իրավիճակներու մէջ ամէնէն արագ աշխուժացող քաղաքը: |
s-12
| Բացառապէս բնակչային աղքատութեան ամէնէն ցած աստիճանաչափին կարելի չէ վերագրել արագօրէն նման քայլերու դիմելու Թրիփոլիի մէջ բնակողներուն արարքներու մղիչ պատճառները: |
s-13
| Աղքատութիւնը համատարած է թշուառութեան ամէնէն տխուր պատկերները պարզելով, հետեւաբար այլեւս միայն նման պատճառներու վրայ յենելով պէտք չէ բացատրել այդ քաղաքին ցուցաբերած աշխուժութիւնը այս առումով: |
s-14
| Թրիփոլին դրսեւորեց թէ՛ փառատօնային ոճի զանգուածային անհնազանդութիւն եւ թէ՛ հիմա կը ցուցադրէ ոճային վերափոխում դէպի աւելի համարձակ եւ բռնութեան բաղադրիչ ունեցող բողոքի գործողութիւն: |
s-15
| Այս բոլորին դիմաց բանակն է, որ ստանձնած է իրաւապահ մարմիններու բոլոր գործառոյթներուն իրականացման պարտականութիւնը: |
s-16
| Մինչ ոստիկանութիւնը նոյն համբաւը չի վայելեր այլեւս միջադէպերուն վերահսկելու կամ որեւէ բողոքի տրամադրութեան առարկայացում չէզոքացնելու ուղղութեամբ: |
s-17
| Պետական աշխատավարձերը եւս ենթարկուած են ահաւոր արժեզրկումի, ինչ որ բնականաբար կ՚ազդէ նաեւ անոնց վտանգաւոր կացութիւններ դիմակայելու նուիրուածութեան վրայ: |
s-18
| Բանակը պետական հիմնական կառոյցն է, որ կը շարունակէ վայելել միջազգային վստահութիւն: |
s-19
| Նաւահանգիստի պայթումի օրերուն բանակին վստահուեցաւ գումարներու տրամադրումը: |
s-20
| Շրջանցելով կառավարական բոլոր օղակները՝ օգնող պետութիւնները կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները բանակի հրամանատարութեան փոխանցեցին տարբեր բնոյթի օժանդակութիւնները: |
s-21
| Բանակայիններն էին, որոնք այցելեցին մարդոց վաճառատուները, հաստատութիւններն ու բնակարանները՝ ուսումնասիրելու, գնահատելու եւ չափագրելու համար գործուած աւերին տարողութիւնը: |
s-22
| Դարձեալ բանակայիններն էին, որ վաճառատուն առ վաճառատուն կամ բնակարան առ բնակարան այցելելով կատարեցին հատուցումները: |
s-23
| Ֆինանսական շրջափակումով պետական հաստատութիւններու կազմաքանդման գործընթացին նպաստողները, ֆինանսաւորելով եւ աջակցելով բանակին, կ՚առաջադրեն պահել երկրի համեմատական կայունութիւնը: |
s-24
| Վերահսկել քաոսը: |
s-25
| Ստեղծել քաոսը, ապա վերահսկել զայն: |
s-26
| Անհնազանդութեան շարժումները կը դրսեւորեն նոր ոճ: |
s-27
| Ոճ, որուն նախադրեալները երեւցած էին դրամատուներու պետական հաստատութիւններու դէմ բողոքի բռնարարքային դրսեւորումներով եւ որոնք մարած էին աւելի ուշ: |
s-28
| Հիմա կը վերաձեռնարկուին այդ բոլորը Լիբանանի տարածքին: |
s-29
| Պատահական չէ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կը գումարէր նիստ՝ ապահովական միջադէպերու կանխարգիլման նախապատրաստութիւններու դիմելու որոշումը կայացնելու: |
s-30
| Տակաւին վերահսկելի քաոսի սահմաններուն մէջ է երկիրը: |
s-31
| Իսկ անոր գրաւականը կը թուի, որ բանակն է գէթ մինչ այժմ: |