Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

s-1 Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբը վաւերագրական ֆիլմի մը առանցքը կազմեց։
s-2 Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի կողմէ վաւերացուած 20 երգչախումբերէն Սահակեան, պատմականօրէն նոյնացած է Սամաթիա թաղին հետ։
s-3 Էրտիլ Օնուր Քոճաթիւրքի նկարահանած «Սահակեան՝ իմ ընտանիքը» ֆիլմը կը փորձէ պարզել այս հաստատութեան նշանակութիւնը թէ իր անդամներուն եւ թէ Սամաթիոյ թաղի հայութեան համար։
s-4 Երկար տարիներ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հոգեւոր երաժշտութիւն կատարած Սահակեանը վերջերս սկսած է աշխարհիկ երգերով բեմերու վրայ ալ հնչեցնել հայ երգը։
s-5 Այս առթիւ զրուցեցինք «Սահակեան՝ իմ ընտանիքը» ֆիլմի հեղինակ Քոճաթիւրքի հետ։
s-6 Մեր առաջին հարցումը կը վերաբերէր Սահակեանի մասին վաւերագրական մը նկարահանելու խորհուրդին ո՞ր պայմաններու մէջ ծագելուն։
s-7 «2017-ին ձեռնարկած էի իմ ալ բնակած Սամաթիա թաղի բնակիչներուն հետ վիտէօ հարցազրոյցներու շարքի մը, որ կոչած էի «Սամաթիա՝ իմ թաղը»:
s-8 Այդ տարիներուն կ՚ուսանէի համալսարանի ռատիոյի, հեռուստացոյցի եւ շարժանկարի բաժինը։
s-9 Տեսական գիտելիքնիս փորձականի վերածելու համար տեսախցիկս ուղղեցի թաղեցիներուս, որոնց միջոցաւ աւելի ջերմ կապ մը հաստատուեցաւ իմ ու հարեւաններուս միջեւ։
s-10 Այդ շրջագծով Վարուժան Քէօսէտաղի թէյարանին մէջ երկար զրուցած էինք Արամ Նալչաճեանի հետ, որ կ՚անդամակցէր Սահակեան երգչախումբին։
s-11 Այդ զրոյցներու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ Սահակեան երգչախումբի մասին վաւերագրական ֆիլմ մը նկարահանելու խորհուրդը»։
s-12 Հեղինակի այս բացատրութենէն ետք կ՚ուզեմ իմանալ թէ ֆիլմը ո՞ր զանգուածին համար նախատեսուած է։
s-13 Որոնց ի՞նչ պատգամ տալ կ՚ուզէ։
s-14 Քոճաթիւրք կը յայտնէ այդ զանգուածը յատուկէն դէպի ընդհանուր ծաւալելով։
s-15 «Նախ կ՚ուզեմ թաղեցիներս տեղեակ դարձնել 1461 թուականէն այս կողմ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հնչող այս ձայնին։
s-16 Ապա կ՚ուզեմ որ քաղաքի ամենափարթամ դահլիճներէն երգած այս երգչախումբը ծանօթ ըլլայ բոլոր Իսթանպուլին։
s-17 Վերջապէս նման արժէքը մեր օրերուն հասցնող աւանդութիւնը պէտք է իմանայ ամբողջ Թուրքիան։
s-18 Ես ծնած եմ 1994 թուին Ֆաթիհ թաղի մէջ։
s-19 2000էն ի վեր կը բնակիմ Սամաթիա։
s-20 Կը տեսնեմ թէ բազմաթիւ Սամաթիացիներ իրենց կեանքի ընթացքին գէթ մէկ անգամ իսկ չեն լսած այս պատերու ետին հնչած ձայնը։
s-21 Իմ հետաքրքրութիւնը թերեւս ոմանց իրենց ենթագիտակցութեան պատերն ալ փլելուն, նոյնիսկ միատեղ գործելուն կը ծառայէ։
s-22 Օրինակի համար ի՞նչու չունենանք բազմաձայն ու բազմալեզու «Սամաթիոյ Երգչախումբ» մը։
s-23 Ես այս վաւերագրականի նկարահանումներու ժամանակ անգամ մը եւս պատկանելութիւն զգացի ապրած թաղիս նկատմամբ»։
s-24 Միտքս տանջող հարցումներէն մէկն ալ կը վերաբերի մեր համայնքի անհատներուն տեսախցիկներու հանդէպ ունեցած վերապահութեան։
s-25 Փորձով գիտեմ թէ մեր հասարակութիւնը ինչպէս կը խրտչի երբ իրեն երկարի խօսափող մը կամ կ՚ուղղուի տեսախցիկ մը։
s-26 Քոճաթիւրք կը յայտնէ թէ ինք եւս իր կարգին որոշ մտավախութիւններ ունեցած է եկեղեցւոյ մէջ նկարահանումներ ընելու կամ ալ երգչախումբի անդամներուն հետ մտերմանալու ընթացքին մէջ։
s-27 «Այդ բոլորը յաղթահարեցինք վաւերագրականի նախագծի համակարգող Տենիս Չաթի միջոցաւ. երգչախումբի խմբավար Սեւան Ակոշեան եւս դիւրացուց մեր աշխատութիւնը. քանի նկարահանումները յառաջացան յարաբերութիւնները ալ աւելի բնականոն դարձան եւ ստացանք անդամներու սրտաբուխ պատասխանները»։
s-28 Գիտեմ որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի մօտ պաշտօնապէս գրանցուած են 20 երգչախումբեր։
s-29 Արդեօք անոնց մասին ալ պատկերացում մը ունեցա՞ծ է։
s-30 Խօսակիցս յայտնեց թէ տեղեակ է եկեղեցական երաժշտութեան այդ մեծ աւանդին։
s-31 Նաեւ ուսումնասիրած է այդ 20 երգչախումբերէն մէկ մասը, նաեւ առիթը ունեցած է ոմանց խմբավարներուն կամ անդամներուն հետ ծանօթանալու։
s-32 «Խոստովանիմ որ սկզբնական շրջանին բաւական մոլորած էի ինծի անծանօթ այդ աշխարհի բառամթերքին ու անոնց նշանակութիւններուն դէմ։
s-33 Ի՞նչ էր դպրաց դասու եւ երգչախումբի տարբերութիւնը։
s-34 Այդ բոլորը զիս մղեցին յատուկ ուսումնասիրութիւններու։
s-35 Որոնց միջոցով նոր բացայայտումներ ալ ունեցայ։
s-36 Շատ տպաւորիչ էր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տիրող ընկերային կեանքը։
s-37 Երեխէք երեկոյեան ժամերուն գնդակ կը խաղային դպրոցի պարտէզը։
s-38 Տարեցներ օրն ի բուն այդ բակի մէջ կը շաղակրատէին։
s-39 Շատ տպաւորուած էի այդ կենդանութեան եւ մանաւանդ ալ զօրակցութեան ականատես ըլլալով։
s-40 Սամաթիան ինծի համար բոլորովին տարբեր նշանակութիւն մը ունեցաւ»։
s-41 Վերջապէս հետաքրքրուած եմ թէ հասարակութիւնը ո՞ր միջոցներով պիտի կրնայ դիտել «Սահակեան՝ իմ ընտանիքը» վաւերագրականը։
s-42 Այս հարցումով կ՚իմանամ թէ ֆիլմը կը պատրաստուի զանազան փառատօններու մասնակցելու։
s-43 Հազիւ այդ օրացոյցի յստակացումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ սոց ցանցերու միջոցաւ ֆիլմը դիտել։

Text viewDownload CoNNL-U