Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 4 - 103 of 166 • previousnext

s-4 ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
s-5 Ուրեմն Մարիամ Շահինեանի վրայ կ՚աշխատիք։
s-6 Իրեն հետ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծանօթացած էք։
s-7 Հրանդ Տինք Հիմնարկի միջոցաւ այստեղ էի։
s-8 Ընկերներէս Սոնա Տիլանեանէն լսեցի թէ Սապանճը Համալսարանի դասախօսներէն մէկը պիտի բանախօսէ Պէյօղլուի տարածքին ապրած ազգային եւ սեռական փոքրամասնութիւններու մասին։
s-9 Կը յիշեմ, ահաւոր անձրեւոտ շաբաթ օր մըն էր ու ես քիչ մը վախնալով, գրեթէ ուշացած հասայ Պէյօղլու։
s-10 Մէկ երկու զեկոյցէ ետք Այշէկիւլ Ալթընայը կը խօսէր Մարիամ Շահինեանի մասին, որպէս Թուրքիայի առաջին փրոֆէօսյոնալ կին նկարիչ։
s-11 Նոր աւարտած էի Հայաստանի Ժամանակակից Արուեստներու ինստիտուտը։
s-12 Կերպարուեստի, գեղարուեստի ու պատկերի հետ կ՚աշխատէի։
s-13 Ակադեմական մերձեցումներս եւ ֆեմինիստական մտահոգութիւնները ոնց որ խաչաձեւուեցան։
s-14 Նոր ու անծանօթ պատմութիւն մը կար իմ առջեւ, որ հիւսուած էր արուեստի ու կնոջ կերպարի վրայ։
s-15 Իսկոյն նամակ գրեցի Հայաստանի իմ դասախօսներուն եւ հարցուցի.
s-16 «Այսպէս մարդ կայ, ո՞վ կը ճանչնայ»։
s-17 Ընդամէնը երկու ընկեր ծանօթ էր։
s-18 Շուշանը Աւագեան եւ Վիգէնը «Այո, գիտենք իրեն» ըսին։
s-19 Իսկ միւսները «Ոչ մեզի համար նոր անուն է» պատասխանեցին։
s-20 Ո՞ր թուականին եկած էք Պոլիս։
s-21 Ես եկած եմ Նոյեմբեր 2016 թուականին։
s-22 Ասկէ ճիշդ երեք տարի առաջ։
s-23 Ե՞րբ սկսաք իր մասին պրպտել։
s-24 Երբ հոս էի, լսեցի որ «Արաս» հրատարակչատունը իր մասին գիրք տպած է։
s-25 Գացի «Արաս» հրատարակչատուն ապա գնեցի գիրքը։
s-26 Ու փորձեցի գտնել թէ որո՞ւ մօտ է արխիւը։
s-27 Հանդիպեցայ Թայֆունի հետ։
s-28 Յետոյ իմացայ որ կայ արխիւը, բայց նեկաթիվներով։
s-29 Գացի Սալթ Կալաթա կեդրոնը, որովհետեւ այնտեղ ցուցահանդէս եղած էր, ուզեցի թուայնացուած արխիւի հետ ծանօթանալ, բայց այնտեղ ըսին որ բոլոր իրաւունքները Թայֆունին կը պատկանի եւ անոնք բան մը չեն կրնար ըսել։
s-30 Ըսին պէտք է կապուիմ Թայֆունի հետ։
s-31 Եւ վերջը երբ որ վերադարձայ Երեւան, ունէի գիրքը եւ գիրքի պատկերները ու փորձեցի արդէն պատկերներէն ելլելով խօսիլ։
s-32 2018 թուականին Պուտափեշտի կեդրոնական Համալսարանը քոնֆերանս մը կազմակերպած էր։
s-33 Այդտեղ ես ներկայացուցի Շահինեանին, ուր ակադեմական շրջանակները միանգամայն անծանօթ էին այս անունին։
s-34 Հասկցայ որ շատ մեծ ընելիք կայ Մարիամ Շահինեան անունը աշխարհի լուսանկարչական քարտէսի վրայ դնելու համար։
s-35 Այս տարի արդէն Միչիկընի Համալսարանի Հայկական բաժինը կազմակերպած էր քոնֆերանս՝ հայագիտական գիտաժողով մը, ուր խօսած եմ Մարիամ Շահինեանի լուսանկարներու եւ արխիւի նիւթականութեան մասին։
s-36 Թէ ի՞նչ տեսակ նիւթականութիւն է այդ արխիւը, եթէ դուն չունես այդ արխիւը։
s-37 Խօսած եմ այդ արխիւի պատկերներուն էկրանով, այսինքն համակարգիչով սգրինով յարաբերուելու մասին։
s-38 Ու շատ պատահաբար ծանօթացայ պոլսահայ զոյգի մը հետ։
s-39 Պարզուեց որ իրենք լուսանկարուած են Շահինեանի մօտ։
s-40 Ունին նոյնիսկ նեկաթիվները լուսանկարներուն։
s-41 Այդ մարդը ունէր բազմաթիւ լուսանկարներ, նեկաթիվներ եւ նաեւ պատմութիւն։
s-42 Այդ պատմութիւնով է որ որպէս միտք ծնաւ կարգ մը հարցումներ, թէ այդ որու պատկերն է, ո՞վ է պատկերուած եւ ո՞ր թուականին է պատկերուած։
s-43 Բան մը չէինք գիտեր։
s-44 Ամենայն հաւանականութեամբ նեկաթիվներէն չես կրնար կռահել։
s-45 Այդ առանձին հետազօտական ծանր աշխատանք է։
s-46 Այսպէս միտք յառաջացաւ որ կրնամ կրկին վերադառնալ Պոլիս եւ փորձեմ գտնել մարդկանց, քանի որ դեռ կան այդ մարդիկ։
s-47 Գուցէ մի տասը տարի ետք արդէն ուշ կ՚ըլլայ։
s-48 Չգիտեմ հինգ տարի ետք, գուցէ արդէն ուշ է։
s-49 Շատ մարդ մահացած է եւ ես չեմ կրցած գտնել իրենց։
s-50 Եւ կոչուեց իմ ծրագրի անունը «Այլընտրանքային արխիվ»։
s-51 Միչիկընի քոնֆերանսը ո՞ր թուականին էր։
s-52 Այս տարի Ապրիլի 26-ին։
s-53 Իսկ անցեալ ամիս 10-ին գացիր չէ՞ ։
s-54 Երկուքը իրարմէ զատ էր։
s-55 Այո։
s-56 Այդ առանձին էր։
s-57 Եւ դիմեցի Կիւլպէնկեանին որպէսզի ինձ գումար տրամադրէ հետազօտութեան համար։
s-58 Եւ արդէն երեք ամիս է այստեղ եմ Կիւլպէնկեանի օգնութեամբ։
s-59 Տարբեր փրոֆիլներով հետազօտութիւն կ՚ընեմ։
s-60 Այսինքն եւ կը գտնեմ մարդկանց, ովքեր նկարուած են եւ ունին պատմութիւն ու իրենց յիշողութիւնները։
s-61 Այսինքն շատ կարեւոր է տեսնել, թէ ինչպէս յիշողութիւնները կ՚ապրի։
s-62 Այսպէս քանի՞ պատմութիւն կրցաք գտնել։
s-63 Շատ։
s-64 10-է աւելի մարդ, պատմութիւն, լուսանկարներ։
s-65 Մարդիկ, մարդկանց պատմութիւնները եւ նաեւ սահաֆները։
s-66 Իսթանպուլով մէկ փռուած ամէն մի անկիւնին մի սահաֆ կայ եւ այդպէս ես չգիտեմ երեւի օրեր եւ ժամեր, ժամեր, ամէն օր 5 ժամ, 6 ժամ, 3 ժամ տարբեր սահաֆներուն նկարների արխիւներով անփոյթ նետուած նկարները պէտք է մէկիկ մէկիկ նայեմ։
s-67 Որովհետեւ գուցէ այդ մէկին որ հէնց չնայիս այդ իր նկարն է։
s-68 Իսկ քանի՞ նկար գտաք։
s-69 Այսօր դեռ կը փնտռեմ։
s-70 Հիմա արդէն ունիմ 19 լուսանկար։
s-71 Երեք ամսուան մէջ 19 լուսանկար։
s-72 Ասոնք նեկաթիվներ չեն, այլ ուղղակի տպուած լուսանկարներ։
s-73 Մինչեւ ե՞րբ հոս էք։
s-74 Մինչեւ ե՞րբ պիտի փնտռէք։
s-75 Մինչեւ այս ամսուայ վերջ։
s-76 Կը շարունակեմ փնտռել եւ շատ շատ մէյլեր կը ստանամ։
s-77 Որովհետեւ Ամերիկա կայ մի ուրիշ թերթ՝ «Արմենիա Ուիքլի»։
s-78 Հոն եւս յայտարարութիւն ըրի եւ խնդրեցի Շահինեանի մասին տեղեկութիւններ։
s-79 Չիքակոյէն, Նիւ Եորքէն տարբեր մարդիկ ինձ գրեցին։
s-80 Նիւ Եորք հանդիպեցայ Շահինեանի բարեկամներէն մէկուն։
s-81 Ան թէ լուսանկարներ ունէր, թէ պատմութիւն եւ թէ անոր մօտ ուսանած էր լուսանկարչութիւն։
s-82 Նաեւ Պոսթոն կար հայկական լուսանկարներու մեծ արխիւ մը, որ կը կոչուի «Փրոճեքթ Սէյվ» իրենց ալ հանդիպեցայ։
s-83 Ցաւօք սրտի Շահինեանէն ոչ մի լուսանկար չունէին։
s-84 Որովհետեւ կը կարծեմ եթէ ունենային նկարին ետեւը կնիքը անպայման կ՚ըլլար։
s-85 Բայց ամէն դէպքին իրենց հետ շփուեցայ։
s-86 Տեսայ ինչպէս կ՚աշխատին լուսանկարներու հետ։
s-87 Այդ ալ շատ կարեւոր էր։
s-88 Հիմա կը մտածեմ մի փոքրիկ տոքիւմենթալ ֆիլմ ընել։
s-89 Որովհետեւ բոլոր հարցազրոյցները եւ իմ պրպտումները տեսագրած, վիտէօ ըրած եմ։
s-90 Կ՚ուզեմ նաեւ յօդուած մը գրել Միչիկընի համալսարանի հայագիտութեան բաժնի համար։
s-91 Որովհետեւ կ՚ուզեն հատոր հրատարակել, նոյն այդ քոնֆերանսի վերնագիրով։
s-92 Ցուցահանդէս կազմակերպել կ՚ուզէ՞ք ։
s-93 Այո, այդ իմ գտած լուսանկարներով անպայման Երեւանի մէջ ցուցահանդէս կազմակերպել կ՚ուզեմ։
s-94 Վերջը քանի մը տարի աշխատանքէն ետք, լուրջ հետազօտական գիրք ընել կ՚ուզեմ։
s-95 Բոլոր այդ հարցազրոյցները, որ ըրած եմ ընդհանրացնել ու տեսնել թէ ինչպէս յիշողութիւնը կը պահուի։
s-96 Որովհետեւ 50 տարի ոչ թէ միայն հայկական համայնքի կեանքն է գրած, այլ ամբողջ Իսթանպուլի։
s-97 Իր մօտ նկարուած են թէ յոյներ, թէ հայեր, թէ հրեաներ եւ թէ ասորիներ։
s-98 Տեղէ մը երկու լուսանկար գտայ։
s-99 Ընտանիք են։
s-100 Նկարուած են երկու տարուայ տարբերութիւնով։
s-101 Մի լուսանկարին կինը գլխաշորով փակուած է եւ աւելի Անատոլական արտաքին ունի։
s-102 Երկու տարի յետոյ նկարուած նկարին շատ մոտերն, նոր սանտրուածով, բաց գլխով ու նոր շորերով է։
s-103 Շատ հետաքրքիր է այդ փոփոխութիւնը։

Text viewDownload CoNNL-U