Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 102 - 201 of 166 • previous

s-102 Երկու տարի յետոյ նկարուած նկարին շատ մոտերն, նոր սանտրուածով, բաց գլխով ու նոր շորերով է։
s-103 Շատ հետաքրքիր է այդ փոփոխութիւնը։
s-104 Որովհետեւ բաւականին արագ եղած է եւ ինք ամրագրած է։
s-105 Լուսանկարներու միջոցաւ կը նկատես մարդկանց ընկերային յարաբերութիւններու զարգացումը։
s-106 Ուրեմն այս 19 լուսանկարներու եւ խօսած մարդկանց պատմութիւններու վրայ պիտի ըլլայ «Ֆօթօ Կալաթասարայ»ի քու աշխատութիւնը։
s-107 Այո։
s-108 Զուտ գիտական հետազօտութիւն է պատկերի վերլուծութեան եւ յիշողութեան մարդաբանական անալիզներով։
s-109 Իսկ մենք գիրքով ճանչցանք Մարիամ Շահինեանը։
s-110 Գոնէ ես այդպէս ճանչցայ իր անունը։
s-111 Բաւականին նեկաթիվներ կային բայց այդ նեկաթիվներու շատ պզտիկ մէկ մասը տպուած էր եւ ուրիշ բնաւ տեղեկութիւն մը չունինք։
s-112 Իսկ դուք հիմա կ՚ըսէք իր բարեկամներու հետ զրուցած էք։
s-113 Այո, այդ նեկաթիվներու 30 տոկոսը տպուած էր։
s-114 Այո, զրուցեցի իր բարեկամներուն, քրոջ աղջկան հետ։
s-115 Ցաւօք սրտի Մարիամ Շահինեանի փոքր եղբայրը Վրէժ Շահինեանը անցեալ տարի մահացաւ։
s-116 Տեսէք չկրցայ հասցնել։
s-117 Ինձ կը թուի թէ պատմելու բաներ մը կ՚ունենար։
s-118 Ամէն անգամ որ իր բարեկամներէն մէկուն հետ շփուիմ, խօսքի աւարտին միշտ կ՚ըսեն՝ «Մարիամը շատ ուրախ պիտի ըլլար, եթէ քեզ հետ ծանօթանար»։
s-119 Ահաւոր կը յուզուիմ այդ պահուն։
s-120 Որովհետեւ ինձ համար որպէս կին ստեղծագործելը ահաւոր կարեւոր է, շատ կարեւոր է ունենալ աւանդոյթ։
s-121 Կին ստեղծագործի աւանդոյթ։
s-122 Եւ Մարիամը այսօր մի ուրիշ ազգի մէջ ծնած ըլլար, հաստատ շատ շատ աւելի կը խօսէին իր մասին, քան հիմա կը խօսին։
s-123 Որովհետեւ 50 տարի ամէն օր անընդհատ նկարած է։
s-124 Շաբաթ, կիրակի օրն ալ հարսանիք նկարած է։
s-125 Ամէն օր։
s-126 Եւ վերջերս քանի մը օր առաջ իմ հարցազրոյցներէն ամենավերջինը որ ըրի այդ կինը կը պատմէր թէ Մարիամին հանդիպած էր կեանքի վերջին տարիներուն ինչ վիճակի եղած է Մարիամը, որքան յոգնած եղած է։
s-127 Իսկ կարծես հիմա դուն յոգնած ես։
s-128 Այո, զգացական գետնի վրայ շատ վտանգաւոր տեղ հասած եմ։
s-129 Որովհետեւ ոնց որ իր ճամբով անցայ եւ երբեմն կասկածներ ունէի, որպէս ես կը կարողանա՞մ բան մը գտնել, այս ինչ որ յիմար բանով կը զբաղուիմ։
s-130 Ոչ մի բան չի յաջողուելու։
s-131 Միշտ այդ վտանգը եղած է, որ ոչ մի բան չեմ գտնելու եւ յիմար բան կ՚ընեմ։
s-132 Շատ յոգնեցայ այդ առումով։
s-133 Երբ որ խօսեցայ Շահինեանի բուն ընտանիքի միակ բարեկամի հետ, որ կը բնակի Փարիզ եւ իմ բախտը բերաւ եւ ամառուայ ընթացքին ես հանդիպեցայ իրեն Մեծ Կղզիի մէջ իրենց տանը։
s-134 Կը յիշեմ այդ հանդիպումէն տուն վերադարձայ եւ ամբողջ գիշեր լացի։
s-135 Որովհետեւ զգացական առումով ինծի համար շատ ծանր էր։
s-136 Պատկերացում մը ունէի իր մասին, բայց այդ պատկերացումները երբեմն չէր համապատասխաներ իրականութեան։
s-137 Բայց հիմա այդ օրերուն երբ որ նայիս զարմանալի բան չէ, բոլոր այս երեք ամսուայ ճամբորդութիւնը։
s-138 Ես օրագիր ունիմ։
s-139 Ամէն օր ինչ որ ըրած եմ, ինչ որ գտած եմ, բոլորը նշած եմ։
s-140 Նոյնիսկ գացած եմ սահաֆներ, վեց ժամ պրպտած ու ոչ մի լուսանկար չեմ գտած։
s-141 Նոյնիսկ այդ չգտնելը անգամ գրած եմ։
s-142 Ամէն օր հաշիւ տուած եմ ինքզինքիս։
s-143 Երեկ կը գրէի, որ այսօր ալ անցաւ առանց լուսանկար գտնելու, բայց երէկ գտայ «Նոսթալժի» սրճարանի շրջանը մի ուրիշ հայուն։
s-144 Ինչ որ հայ կը տեսնեմ, եթէ հայերէն կը խօսին քիչ մը համարձակ կ՚ըլլամ, կ՚երթամ, կը ներկայանամ ու կը պատմեմ իմ մասին եւ կը հարցնեմ թէ լուսանկարներ ունի՞ք ։
s-145 Ճանչցած էք Մարիամ Շահինեանը ըսելով։
s-146 Երէկ մէկը ըսաւ «Այո» եւ շատ հետաքրքիր պատմութիւն պատմեց։
s-147 Իր ընտանիքն ալ Սիվասէն էր եւ պէտք է հանդիպիմ իրեն մինչեւ երթալս։
s-148 Այսինքն ամէն օր, ամէն տեղ կը փորձեմ գտնել։
s-149 Ինչ որ մի բան ընել, որպէսզի օրս անիմաստ չանցնի։
s-150 Իսկ այս փնտռելու ճամբորդութեան սկսելէ առաջ երեւակայածդ ի՞նչ էր։
s-151 Այսօր գտնուած տեղէդ գո՞հ ես։
s-152 Այո, շատ գոհ եմ։
s-153 Երբեք կարելի չէր պատկերացում ունենալ գոնէ մէկ լուսանկար գտնէի Մարիամէն։
s-154 Ես շատ լաւ չեմ ճանչնար այստեղի մշակոյթը, որպէս այստեղ կայ սահաֆ հասկացողութիւնը։
s-155 Հայաստան այսչափ չի պահուեր մշակոյթը։
s-156 Գիրքեր թերեւս, բայց երբեք չեմ հանդիպած լուսանկարներու, որ պահուած ըլլան։
s-157 Յիշողութիւնը պահելու հետաքրքիր մշակոյթ ունի Իսթանպուլը։
s-158 Ոչ մի բան աղբ չէ այստեղ։
s-159 Այլ գուցէ մի օր ինչ որ մէկին պէտք կ՚ըլլայ։
s-160 Նոյնիսկ հետաքրքիր էր ո՞վքեր կ՚առնեն այս լուսանկարները։
s-161 Հարցազրոյցներու շարք ունիմ այդ սահաֆներու հետ եւ կը հարցնեմ, ովքե՞ր կ՚առնեն այս նկարները եւ ի՞նչ նպատակով։
s-162 Շատ հետաքրքիր է, ինչ ազդեցութիւն ունի այսօր լուսանկարը։
s-163 Որովհետեւ գրքին հաւասար չէ, միշտ գիրքը աւելի լաւ տեղին է, քան լուսանկարը։
s-164 Բայց իմ նման պրպտողները որպէս բարձրացնեն լուսանկարի դերը այդ արխիւներուն։
s-165 Երբ կը տեսնեն թէ լուսանկարներով կը հետաքրքրուիմ.
s-166 Երբեք ոչ չեմ ըսեր, որովհետեւ իմ փնտռած լուսանկարը հէնց այնտեղ կրնայ ըլլալ։

Text viewDownload CoNNL-U