s-2
| Մանաւանդ դպրոցական արձակուրդի շրջանին. ան ալ՝ կաղանդի արձակուրդի: |
s-3
| Բայց մեծ մամայի տունին կարգն է անանկ: |
s-4
| Դեռ երազը աչքերէս ամբողջովին չթօթուած՝ նրբանցք կ՚ելլեմ, ուր կը հանդիպիմ ոչինչ հասկցող քրոջս եւ յուսահատօրէն յօրանջող հօրս: |
s-5
| Մեծ մաման արդէն բազմած է տօնական նախաճաշի սեղանին գլուխը եւ դժգոհութիւն արտայայտող աչքերով մեզի կը հետեւի: |
s-6
| – Աճապարելու հարկ չկայ, դեռ շատ չէք ուշացած. կէս ժամ միայն, – կ՚ըսէ հեգնական, յետոյ մեր յուսահատ նայուածքը տեսնելով կ՚անդրադառնայ որ ֆրանսերէն ըսուած իր խօսքը միայն մայրս հասկցաւ. ալ աւելի կը խոժոռի եւ դժկամութեամբ նոյնը անգլերէնով կ՚ըսէ: |
s-7
| – Անուշապուր չկա՞յ , – կ՚ըսեմ զարմացած, ինծի յատկացուած տեղս զբաղեցնելով սեղանին շուրջ: |
s-8
| – Կարկանդակդ կե՛ր , – կը շշնջէ մայրս: |
s-9
| – Բայց անի միսով է, ես միս չեմ ուտեր… |
s-10
| – Ուրեմն անօթի մնա՛ , – կտրուկ կ՚ըսէ մեծ մաման, եւ ամէնքս ուտելու կը սկսինք անախորժ լռութեան մէջ: |
s-11
| Պանիրի կտոր մը կը ծամեմ առանց ախորժակի, մինչ սիրտս կը կոտտայ: |
s-12
| Երկու օր է միայն որ հոս ենք, բայց արդէն քաղաքս կարօտցած եմ: |
s-13
| Արդէն սկիզբէն ալ չէի ուզեր գալ: |
s-14
| Կաղանդը քաղաքէս եւ ընկերներէս հազարաւոր քիլօմեթրեր անդին տօնելու գաղափարն սկիզբէն չսիրեցի: |
s-15
| Մանաւանդ շատ կարեւոր բան մը որոշած էի իրագործել կաղանդին: |
s-16
| Վարժարանի 7-Ա դասարանը այդ օրերուն ծրագրած էր պտոյտի ելլել. նաեւ սինէմա պիտի երթայինք: |
s-17
| Որոշած էի այդ օրը վերջապէս մօտենալ անոր, որմով վերջին մէկ տարին մտքերս ամբողջ լեցուած էին, եւ վերջապէս ըսել զգացումներուս մասին: |
s-18
| Պիտի այնպէս կարգադրէի գործերը, որ սինէմայի տոմսակի պոչին մէջ քով քովի գտնուէինք, յետոյ շարժանկարի սրահին մէջ իրարու քով գայինք. պիտի զգացումներուս մասին շշնջէի իր ականջն ի վար: |
s-19
| Այդ օրուան տոմսակը պիտի պահէի իբրեւ յիշատակ եւ տարիներ վերջ օր մը հանէի գրպանէս եւ վերապրէի հեռաւոր այն օրը… |
s-20
| Բայց այդ ամէնուն փոխարէն ստիպուեցայ ծնողքիս հետ Պէլճիքա գալ, որովհետեւ «մեծ հօրդ մահուընէ ի վեր մեծ մամադ միս-մինակ է, թող գոնէ այս տարի իր կաղանդը տխուր չըլլայ»: |
s-21
| Բայց տխուր եւ հեզ մեծ մամայի փոխարէն գտայ բաւական խիստ եւ դժկամ մեծ մամա մը, որ ակնյայտօրէն չէր ախորժեր մեզմէ: |
s-22
| Զինք տեսած էի միայն լուսանկարներու վրայ եւ մէկ բան գիտէի իր մասին. պելժիացի էր: |
s-23
| Մայրս, որ իր հօրը մասին շատ կը խօսէր, ոչինչ կը պատմէր մօրը մասին: |
s-24
| Կամ ես մոռցած էի: |
s-25
| Այն հին լուսանկարին վրայ, որ մեր տան բուխերիկին վերը փակցուած էր, պատկերուած էին մամաս, մօրաքոյրս եւ քեռիս իրենց մանկութեան շրջանին, իսկ անոնց վերը ոտքի կեցած էին մեծ մամաս եւ մեծ պապաս: |
s-26
| Ամէնը երջանիկ կը ժպտէին գարնանային հեռաւոր այն օրը, ուր մամաս դեռ պզտիկ աղջիկ էր: |
s-27
| Ամէնը, բացի մեծ մամայէն: |
s-28
| Մեծ մաման քիչ մը քովնտի կեցած, բարակ շուրթերը կղպած դէպի առաջ կը նայէր: |
s-29
| Գեղեցիկ էր, բայց տիրական: |
s-30
| Իր ազնուական կազմուածքին իբրեւ հակապատկեր կը հանդիսանար ժպտադէմ եւ քիչ մը կարճահասակ մեծ պապան: |
s-31
| Միշտ կը ջանայի հասկնալ, թէ ի՞նչ կ՚ընէր ազնուական, այլ պաղ այդ կինը այն ջերմ լուսանկարին վրայ: |
s-32
| Եւ հիմա նստած եմ այդ խոժոռ տիկնոջ ամէն բանէ դժգոհ հայեացքի ներքոյ եւ կը ջանամ չատել մայրս եւ հայրս որ հոս բերին զիս: |
s-33
| – Իմացա՞ր որ Սէզարն ալ հոս է, – կ՚ըսէ մեծ մաման: |
s-34
| – Օ՜հ , իրա՞ւ … |
s-35
| Մայրս կը շիկնի: |
s-36
| – Սէզարն ո՞վ է, – կը հարցնեմ: |
s-37
| Մեծ մաման արհամարհոտ նայուածքի մը կ՚արժանացնէ զիս: |
s-38
| – Սէզար համբաւաւոր նուագավար է: |
s-39
| Բովանդակ Եւրոպան անոր մասին կը խօսի: |
s-40
| Մօրդ դասընկերը եղեր է: |
s-41
| Սէզար մամադ կը սիրէր, բայց մայրդ… |
s-42
| – Կը բաւէ, մամա, – կտրուկ կ՚ըսէ մայրս ֆրանսերէն: |
s-43
| – Ես չեմ ճանչնար այդ համբաւաւոր նուագավարը, իր անունը բնաւ լսած չունիմ, – կ՚ըսեմ ես, արժանանալով հօրս սիրով եւ երախտագիտութեամբ լի հայեացքին: |
s-44
| – Ձեր գիւղին մէջ հարկաւ որ չէք լսած, – կ՚ըսէ մեծ մաման: |
s-45
| – Իսթանպուլ գիւղ չէ… |
s-46
| Մեծ մաման միայն հեգնական ժպիտ մը կը պարգեւէ, իսկ մայրս կսմիթ մը կու տայ՝ հասկցնելով որ լռեմ ալ: |
s-47
| Նախաճաշէն վերջ հայրս ու մայրս կը պատրաստուին բարեկամի մը այցի երթալ, ինծի եւ քրոջս ձգելով մեծ մօրս քով, որ ընկերակից ըլլանք անոր: |
s-48
| – Խելօք կ՚ըլլաք, – կ՚ըսէ մաման եւ դուրս կ՚ելլեն: |
s-49
| Նախանձոտ ակնարկով կ՚ուղեկցիմ անոնց: |
s-50
| – Կրնա՞մ քիչիկ մը թի-վի դիտել, – կը հարցնեմ մեծ մամային: |
s-51
| – Ինչ կ՚ուզես ըրէ, միայն թէ անաղմուկ եւ զիս անհանգիստ չընես, – կ՚ըսէ եւ քայլերը դէպի խոհանոց կ՚ուղղէ: |
s-52
| Տասը վայրկեան վերջ կը հասկնամ որ տեղական հեռատեսիլային կայաններն ինծի համար հետաքրքրական ոչինչ ունին եւ կը սկսիմ սենեակներու մէջ աննպատակ պտըտիլ, մինչ քոյրս կը ջանայ տունի ծեր կատուին թաթը փրցնել: |
s-53
| Ձանձրացած խոհանոց կ՚երթամ: |
s-54
| Մեծ մաման նստած է սեղանին առջեւ, դիմացը կէս պարպուած գինիի շիշ մը եւ ձեռքին գաւաթ մը: |
s-55
| Կը խմէ եւ ձայնասփիւռէն ֆրանսերէն յայտագիր մը մտիկ կ՚ընէ: |
s-56
| – Ի՞նչ կ՚ընես կոր… |
s-57
| – Լռէ՛ , – կը հրամայէ եւ կը շարունակէ մտիկ ընել: |
s-58
| Կը նստիմ քովի աթոռակին եւ կը ջանամ բան մը հասկնալ յայտագիրէն: |
s-59
| Ռատիօ-նովէլ մըն է կարծես: |
s-60
| Աղջիկ մը կրքոտ ձայնով բաներ կ՚ըսէ տղու մը: |
s-61
| Տղան կարծես տեղ մը պիտի երթայ եւ աղջիկը կ՚աղաչէ չերթալ: |
s-62
| Իմ տկար ֆրանսերէնովս այսքանը միայն կրցայ հասկնալ, թէեւ վստահ չեմ թէ ճիշդ հասկցայ: |
s-63
| Մեծ մամային դէմքին արտայայտութիւնը չի փոխուիր. կում կում գինին կը խմէ, յետոյ նորէն պարպուած գաւաթը կը լեցնէ: |
s-64
| Յայտագրին աւարտին շիշը գրեթէ պարպուած է: |
s-65
| – Դպրոց կ՚երթաս, – կ՚ըսէ՝ բան մը ըսած ըլլալու համար: |
s-66
| – Հիմա արձակուրդ է: |
s-67
| – Հասկցայ… |
s-68
| – Պապան եւ մաման ո՞ւշ պիտի գան, – կ՚ըսեմ՝ բան մը ըսած ըլլալու համար: |
s-69
| – Կրնայ ըլլալ: |
s-70
| – Ինչո՞ւ չես սիրեր պապաս, – կը հարցնեմ մէկէն, չեմ գիտեր թէ ինչու: |
s-71
| Դէմքին արտայայտութիւնը չի փոխուիր. անակնկալի չի գար: |
s-72
| – Ո՞վ ըսաւ չեմ սիրեր: |
s-73
| – Անանկ թուեցաւ... |
s-74
| Երկվայրկեան մը զիս կը դիտէ լուռ, յետոյ կտրուկ կ՚ըսէ. |
s-75
| – Կը բաւէ ալ, յոգնեցուցիր: |
s-76
| Գնա խաղա՛ : |
s-77
| – Ի՞նչ խաղամ: |
s-78
| – Չեմ գիտեր. գնա բան մը ըրէ: |
s-79
| – Ի՞նչ ընեմ: |
s-80
| – Ինչ կ՚ուզես, ան ալ ըրէ: |
s-81
| – Ոչինչ կ՚ուզեմ, – կ՚ըսեմ: |
s-82
| – Իսկ ինձմէ՞ ինչ կ՚ուզես, – կ՚ըսէ սրտնեղած: |
s-83
| – Ոչինչ… |
s-84
| Կը լռենք: |
s-85
| Ձայնասփիւռը Ծննդեան հին երգ մը կը հեռարձակէ, պատուհանին վրայ սառը անիմանալի նախշեր գծած է, քոյրս դժբախտ կատուն պոչէն քաշած խոհանոց կը բերէ: |
s-86
| – Իսկ դուն սիրահարա՞ծ ես, երբ իմ տարիքիս աղջիկ էիր, – կը հարցնեմ: |
s-87
| Այս անգամ անակնկալի կու գայ: |
s-88
| – Ի՞նչ : |
s-89
| – Կ՚ըսեմ չե՞ս սիրահարած, երբ իմ տարիքիս էիր… |
s-90
| – Իսկ դուն սիրահարա՞ծ ես հիմա, – կը հարցնէ: |
s-91
| – Այո, – կ՚ըսեմ հպարտութեամբ: |
s-92
| – Պարզ է… |
s-93
| – Եւ այս օրերու պիտի իրարու հետ սինէմա երթայինք… |
s-94
| – Պարզ է… |
s-95
| – Բայց հիմա հոս եմ, եւ ամէն բան ջուրը ինկաւ… |
s-96
| – Վնաս չունի: |
s-97
| Լաւ պիտի ըլլայ, միայն զիս հանգիստ ձգէ: |
s-98
| – Իրարու հետ մէկ վարժարան կը յաճախենք… |
s-99
| – Շատ լաւ, միայն… |
s-100
| – Արդէն լման մէկ տարի եղաւ, որ կը սիրեմ զինք… |
s-101
| Մեծ մամայի ճարահատ նայուածքին տակ սիրոյ պատմութիւնս կ՚ընեմ, մինչ ինք գինիի նոր շիշ մը կը բանայ: |