Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 103 - 202 of 191 • previous

s-103 - Եւ այժմ որ ալ բոլորովին դիմակդ վար է ինկել, նրա մօրը, եղբօրը հասցէին զզուելի զրպարտութիւններ տարաձայնելէ վերջ, ուզում ես որ քեզ էլի՞ ընդունի։
s-104 «Հրանտը ինծի կը սիրէ՜է ...» ըրաւ, միւսին կերպը ընդօրինակելով, խորունկ ցաւի մը մէջ որ միեւնոյն ատեն չէր դադրեր ծիծաղաշարժ ըլլալէ...
s-105 - Մե՛նք գէշ բան չենք ըսած. ուրիշները կ՚ըսեն...
s-106 Ան ալ մեզի՜ համար ըսած է։
s-107 Դուք միայն անիկա կը պաշտպանէք։
s-108 Եւ մի խորհիք որ ձեզի... այնքան ալ բարեկամ է։
s-109 Ինչե՜ր կ՚ըսէր մեզի ձեր վրայ...
s-110 - Ի՜նչ կարող է ասել, մի՛ բան էլ չէ ասած։
s-111 - Հա՜ , մի բան էլ չէ ասած... այդպէս խորհեցէք... վայ այն կնկան որ Տիկին Վարդանեանին թշնամին դառնայ, այնպիսի էնթրիկներ կրնայ ընել. մէկ օրէն միւսը՝ այնպէս կրնայ սեւցնել որ լեզուդ բերանդ կը չորնայ...
s-112 Մենք ձեզի չէինք ճանչնար. անիկա կ՚ըսէր...
s-113 Մենք...
s-114 Մէկու մը որ հակառակ իյնայ՝ կատարեալ վհուկ մըն է, վտանգաւոր կնիկ մըն է...
s-115 Մե՜նք , մեր կրթութիւնը, մենք ուրիշի մասին...
s-116 Տիկին Վարդանեան այս վերջերս քիչ մը նեղացած էր Հրանտէն։
s-117 Կը խորհէր որ ան ինքզինք հեռու կը պահէր իրենցմէ։
s-118 Այսօր ալ, օրինակ, այսպիսի նուիրական առիթի մը պատրուակ մը գտեր էր, ներկայ չըլլալու։
s-119 Անսահման էր ատկէ ստացած վիշտը որ երբեմն անցողակի ու մակերեսային թըշնամութեան մը կը վերածուէր։
s-120 Կը մոռնար որ Հրանտ կ՚անգիտանար ընդունելութեան առիթը։
s-121 Եւ ըստ իր դիւրաբորբոք նկարագրին, լեցուեցաւ Հրանտին դէմ, չյաջողելով վարկ չտալ եթէ ոչ յերիւրածոյ գոնէ բոլորովին այլափոխուած այդ խօսքերուն։
s-122 Հայկ որ քովի սենեակը սեղանը կը շտկէր՝ խոհանոց եկաւ արագաքայլ։
s-123 «Ի՞նչ էք պղաւում բոլոր ժամանակը, է՛ ։
s-124 Ուզում էք որ հիւրե՞րն էլ իմանան, ի՛նչ է, չէք լսում որ զանգահարում են...
s-125 Այս կարգի պարագաներուն մէջ Հայկ այնպիսի ամբողջականութեամբ կը յանձնուէր իր գոյնզգոյն մանր կիրքերուն որ կիսաճաղատ գլխով, տասնըերկու տարեկան պատանի մը կը դառնար։
s-126 Այդ հանգամանքը սիրելի կը կացուցանէր զինք եւ իր ընկերակցութիւնը՝ թեթեւ ու զովացուցիչ։
s-127 Իսկապէս ալ իր զուարճալի խստութեամբ յանդիմանանքը տալէ վերջ՝ շուտափոյթ գնաց դուռը բանալու։
s-128 Հիւրերը սկսած էին ծայր տալ։
s-129 Քանի մը րոպէ վերջ սակայն, մինչ անսովոր ուժգնութեամբ դգալը կը շարժէր փլաւի կաթսային մէջ, անգամ մը եւս, սաստկագոյնս, զգաց այս աղջկան ու իր քոյրերուն բացառիկ հոգեկան վատութիւնը։
s-130 Եկեր է, յուսահատ, բոլոր միջոցները սպառելէ վերջ, իրեն կառչելու որ տուն մտնէ, եւ նոյն ատեն, սրբապղծութիւններու մեծագոյնը կը կատարէ, օճախի մէջ, ամուսին կնոջ անբռնաբարելի մտերմութեան մը պահուն յայտնուած կարծիք մը - միայն նուիրական աւանդ - այսպէս ցածութեամբ ոչ միայն հրապարակելով, յանձնելով հանրային պղտոր մոլուցքին, այլ չարափոխելով կամ ամբողջովին հնարելով զանոնք...
s-131 Ու այս կրկնակ սրբապղծութիւնը՝ ո եւ է ծանօթի մը հետ, ո եւ է մէկուն, հեռաւոր թէ մտերիմ, անոնց տունը, ոտքը երթալով...
s-132 Ոտքի ելլել, կեանքը ամբողջ, ամուսնական խորանին առջեւ, սրտերու ամբողջական յանձնումի պահերուն ծորած մրմունջները ծախու հանելու, անոնց Թրաֆիքին նուիրուելու...
s-133 Խեղճ կինը աշխատեցաւ, կամքի մեծ ուժով մը, այդ հաստատումին յառաջ բերած հակազդեցութիւնը չեզոքացնելու, վանելու զգայութեանը մէջէն, զգալով որ, տառացիօրէն, կրնայ գլտորիլ մտային խախտումի մը մէջ...
s-134 Մատէնճեաններն էին եւ երկու քայլի տարբերութեամբ՝ Տոքթորը։
s-135 Պետրոս իր լուրջ, խելօք, սիրալիր տրամադրութեան մէջ էր, պատրաստ մտնելու բարձր եւ վերացական նկատառումներու մէջ։
s-136 Մազերը ենթարկուած էին առաւօտուայ իրենց երկար խնամքին եւ կը պարագծէին հինցած դէմքին մորթը՝ գալարուն առատութեամբ։
s-137 Երբ յօգնէր՝ կնճիռները, մեծ առատութեամբ, վայրկենապէս կը բազմանային, կը խորանային եւ այն ժամանակ մազերուն նիրկուած ըլլալը, եբենոսի սեւութեամբ, դժնեայ եղանակով մը կը հակադրուէր դէմքի զառամին։
s-138 Մտած էր հոգեբնախօսական նոր փուլի մը մէջ որուն մասին Հրանտ յստակ տպաւորութիւն չունէր դեռ։
s-139 Անձնասպանութեան խնդիրը իր հրապոյրը մասամբ կորսնցուցած կը թուէր։
s-140 Խափուսիկ էր նաեւ իր խելօք, սանձուած արտաքինը։
s-141 Հրանտ լսած էր որ վերջի շրջանին ուժեղ մէկ երկու բախում ունեցած էր այնպիսի մարդոց հետ որոնց եթէ բացայայտօրէն պարտականը չէր գոնէ միայն բարեացակամութիւն կը պարտէր։
s-142 Անոնցմէ մին կը Տոքթ.... որ բազմաթիւ նամակներ ստացած էր իրմէ շատ օտարոտի պարունակութիւնով...
s-143 Յամենայն դէպս հարիւր առ հարիւր անտեղի...
s-144 Իր լաւագոյն կերպարանքը, դարձեալ, ընկերութեան մէջ էր...
s-145 Էտիթ իր լուսոսկեայ վարսերու երանգին համադրած էր շողշողուն կանչով պարեգոտ մը որ, մէն մի հակումին, կը ցուցադրէր առատ, հոլանի ու պիրկ կուրծքէն լայն շերտ մը։
s-146 Երկուքն ալ, ամուսին կին, որպէս կարեւոր դէպքէ մը վերջ, խելի եկածի տարածուն արտայայտութիւն մը առած էին։
s-147 Բժիշկին հետ սկսան դարձեալ խօսիլ Աշխէնի մասին որ քննած էր երէկ չէ առջի օր։
s-148 Ամուսնին դարձած, եւ շտապելով հոգ մը նետել վրայէն.
s-149 - Կը տեսնա՞ս , կրկնեց, փուսէնը բան մըն ալ չունի... բան մըն ալ չէ եղածը...
s-150 - Չէ՛ , ըսաւ Տոքթորը, եղածը լուրջ բան մըն է եւ շատ ալ աւելի ծանր կրնայ ըլլալ. թէ՛ անարիւնութիւն սկսած է թէ՛ ոսկորներու շեղում...
s-151 Էտիթ տարօրինակ դէմք մը առաւ, շիրին, եւ մէկ աչքը գաղտնի գոցեց, դժուար գուշակելի իմաստով ինչ որ նշան տալով բժիշկին։
s-152 Ապա, պայքարելէ յոգնած, յայտնեց որ մարդիկ չար են եւ կեանքը գէշ է։
s-153 - Յափրացած եմ, աւելցուց, մեղմութեամբ մը որ կը մատնէր սակայն ներքին բեկանում մը, յափրացած եմ, կը հասկնա՞ք Տոքթոր, սաթիւռէ եմ մարդոց չարութեամբը։
s-154 Տոքթորը հաճոյքով կ՚ունկընդրէր։
s-155 - Մենք մեր ջիղերուն փիլիսոփայութիւնը ունինք, պատասխանեց. մեղմ եւ հազիւ գծագրուած ժպիտով մը։
s-156 - Այն ժամանակ, աստիճան մըն ալ առաջ երթանք եւ ըսենք՝ մենք մեր աղիքներուն փիլիսոփայութիւնը ունինք, աւելցուց Պետրոս, նոյնքան մեղմ շեշտի մը տակ պահելով իր ամբողջական անհամաձայնութիւնը։
s-157 Էտիթ ելաւ եւ պատուհանէն դուրս սկսաւ նայիլ։
s-158 Նիւթը կը սպառնար խորանալ եւ գլուխ ուռեցնել։
s-159 Այս լէ զ՚արմէնիէնները փոխանակ քէֆ ընելու խօսի՜ն , խօսի՜ն , լեզու շարժեն ու բարկանան...
s-160 Մինչ իրեն համար վերջերս ձեռք ձգած սաթիւռէ բառին նոր փայլն էր հրապուրիչը որ իրեն վրայ զարգացած կնոջ արագ երանգ մը կը ձգէր։
s-161 Անկէ անդին լա պարպ...
s-162 Տէր Հայրն ալ ներս մտաւ։
s-163 - Լաւ չեմ, պատասխանեց, Էտիթին իրեն ուղղած հարցումին, ժպիտով մը մեղմելով այն որ անհարկի կրնար ըլլալ խանգարուած առողջութեան մը յայտնումին մէջ։
s-164 - Ինչու՞ , հարցուց Պետրոս, կարի հոգածու։
s-165 - Մարսողութի՜ւնս ...
s-166 Ո եւ է բան մարսել չեմ կրնար, կը քացխի, ջու՛ր ալ խմեմ, ջուրն ալ կը քացխի, հը սա՝ տեղս կրակ կը մաղուի, ամբողջացուց, կուրծքին վերնամասը ցոյց տալով։
s-167 - Մեր Տիկինը ալ ի՜նչ եփելը, ինչպէ՛ս եփելը չի գիտեր... շարունակեց։
s-168 Այլազան քննութիւններ կատարեցին մարսողական խողովակին վերաբերմամբ եւ զանազան խորհուրդներ տուին իրարու։
s-169 Տոքթորը մտիկ ըրաւ եւ ի վերջոյ հասարակ մահկանացուի մը բոլորովին ընթացիկ մէկ կարծիքը յայտնեց։
s-170 Ասիտ գոյանալու է։
s-171 Երբ ըսուեցաւ որ ասփիրինը կ՚օգնէ, ան՝ հակառակ չարտայայտուեցա՛ւ , գլխու հանելուկային շարժում մը ըրաւ։
s-172 Թաքուն վճռականութեամբ հակառակ էր հիւանդ ընկերութիւնը լուսաւորելու գործին։
s-173 Դարմանագիտութիւն ըսածդ խորհրդաւոր մշուշով մը պէտք է որ պատուած ըլլայ միշտ, որպէսզի ազդեցիկ դառնայ։
s-174 Տէր Հայրը յայտնեց որ անտեսուած աղօթքներուն հետեւանքով հոգեկանին բարելաւող հրաշքը, մարմինին վրայ, տեղի չ՚ունենար։
s-175 Աղօթքի մասին կատարուեցաւ երկար քննութիւն։
s-176 Ըստ Էտիթին ան մաս կը կազմէր մանուկներու էտիւքասիօնին։
s-177 Պիէն էլըվէ մանուկ մը պէտք է որ ատեն մը իր աղօթքները ընէ։
s-178 Թէպէտ «բոլոր ժամանակը» Տիկին Վարդանեան եկեղեցի կ՚երթայ, բայց տունը աղօթել մէյ մը սովորութիւն չէ ըրած։
s-179 Պետրոս յատկանշական գտաւ որ գիտական միտք մը որպիսին է Ալէքսի Քարէլ կը հռչակէ աղօթքին ամենազօրութիւնը։
s-180 Աղօթքը բիւր արտայայտութիւն ունի։
s-181 Ո եւ է պարտականութիւն կատարել՝ աղօթքի լաւագոյն ձեւերէն մին է։
s-182 Տէր Հայրը, զուսպ ոգեւորութեամբ, վանելով կացութիւնը տիրապետելու ո եւ է շարժում, մանր ժպիտը միշտ փոքր, յարաշարժ, խորամանկ աչքերուն, յայտնեց որ իր խորունկ համոզումն է, գիտականապէս ալ հաստատուած, որ աղօթքը ամենազօր է։
s-183 Եւ զարմանալի է որ մարդիկ չեն գործածեր իրենց ձրի տրուած այդ հրաշարար միջոցը...
s-184 - Ամէ՞ն ինչ կրնայ աղէկցնել, հարցուց Էտիթ՝ զմայլած։
s-185 Տէր Հօր հաստատական պատասխանին վրայ.
s-186 - Ամէ՞ն ինչ... կրկնեց դարձեալ։
s-187 - Ամէ՛ն ինչ։
s-188 - Քանսէ՞րն ալ կ՚աղէկցնէ։
s-189 - Քանսէ՛րն ալ, պատասխանեց Տէր Հայրը, հանդարտօրէն, անուշ ժպիտով։
s-190 Երբ Հրանուշ Ադամեանը եւ Թօփուզեանն ալ ներս մտան՝ աղօթքի նիւթը աւելի հրահրուեցաւ։
s-191 Հրանուշ իր կեանքէն փաստ մը պատմեց որուն համեմատ աղօթքը ո՛չ թէ ժամանակի ընթացքին իր դերը կատարած էր, այլ գործած՝ րոպէական հրաշքի ձեւով։

Text viewDownload CoNNL-U