s-101
| Լեռնային աւազակախումբի մը նման, ինչպէս աս իր քոյրերուն հետ, ան ալ մօրը հետ, մտած էր իրենց տունը, քանդած հիմնայատակ, ոսկեղէն ու ինչք գողցած, մուր ու կեղտ ձգած, հեռացած... |
s-102
| «Ախր սա ի՜նչ նպատակ է, հը՜ , սա ի՞նչ նպատակ կարող է լինել կեանքի մէջ...», կը հարցնէր իւրովին, ուղեղային կշռոյթը վտանգող գայթակղութեամբ։ |
s-103
| - Եւ այժմ որ ալ բոլորովին դիմակդ վար է ինկել, նրա մօրը, եղբօրը հասցէին զզուելի զրպարտութիւններ տարաձայնելէ վերջ, ուզում ես որ քեզ էլի՞ ընդունի։ |
s-104
| «Հրանտը ինծի կը սիրէ՜է ...» ըրաւ, միւսին կերպը ընդօրինակելով, խորունկ ցաւի մը մէջ որ միեւնոյն ատեն չէր դադրեր ծիծաղաշարժ ըլլալէ... |
s-105
| - Մե՛նք գէշ բան չենք ըսած. ուրիշները կ՚ըսեն... |
s-106
| Ան ալ մեզի՜ համար ըսած է։ |
s-107
| Դուք միայն անիկա կը պաշտպանէք։ |
s-108
| Եւ մի խորհիք որ ձեզի... այնքան ալ բարեկամ է։ |
s-109
| Ինչե՜ր կ՚ըսէր մեզի ձեր վրայ... |
s-110
| - Ի՜նչ կարող է ասել, մի՛ բան էլ չէ ասած։ |
s-111
| - Հա՜ , մի բան էլ չէ ասած... այդպէս խորհեցէք... վայ այն կնկան որ Տիկին Վարդանեանին թշնամին դառնայ, այնպիսի էնթրիկներ կրնայ ընել. մէկ օրէն միւսը՝ այնպէս կրնայ սեւցնել որ լեզուդ բերանդ կը չորնայ... |
s-112
| Մենք ձեզի չէինք ճանչնար. անիկա կ՚ըսէր... |
s-113
| Մենք... |
s-114
| Մէկու մը որ հակառակ իյնայ՝ կատարեալ վհուկ մըն է, վտանգաւոր կնիկ մըն է... |
s-115
| Մե՜նք , մեր կրթութիւնը, մենք ուրիշի մասին... |
s-116
| Տիկին Վարդանեան այս վերջերս քիչ մը նեղացած էր Հրանտէն։ |
s-117
| Կը խորհէր որ ան ինքզինք հեռու կը պահէր իրենցմէ։ |
s-118
| Այսօր ալ, օրինակ, այսպիսի նուիրական առիթի մը պատրուակ մը գտեր էր, ներկայ չըլլալու։ |
s-119
| Անսահման էր ատկէ ստացած վիշտը որ երբեմն անցողակի ու մակերեսային թըշնամութեան մը կը վերածուէր։ |
s-120
| Կը մոռնար որ Հրանտ կ՚անգիտանար ընդունելութեան առիթը։ |
s-121
| Եւ ըստ իր դիւրաբորբոք նկարագրին, լեցուեցաւ Հրանտին դէմ, չյաջողելով վարկ չտալ եթէ ոչ յերիւրածոյ գոնէ բոլորովին այլափոխուած այդ խօսքերուն։ |
s-122
| Հայկ որ քովի սենեակը սեղանը կը շտկէր՝ խոհանոց եկաւ արագաքայլ։ |
s-123
| «Ի՞նչ էք պղաւում բոլոր ժամանակը, է՛ ։ |
s-124
| Ուզում էք որ հիւրե՞րն էլ իմանան, ի՛նչ է, չէք լսում որ զանգահարում են... |
s-125
| Այս կարգի պարագաներուն մէջ Հայկ այնպիսի ամբողջականութեամբ կը յանձնուէր իր գոյնզգոյն մանր կիրքերուն որ կիսաճաղատ գլխով, տասնըերկու տարեկան պատանի մը կը դառնար։ |
s-126
| Այդ հանգամանքը սիրելի կը կացուցանէր զինք եւ իր ընկերակցութիւնը՝ թեթեւ ու զովացուցիչ։ |
s-127
| Իսկապէս ալ իր զուարճալի խստութեամբ յանդիմանանքը տալէ վերջ՝ շուտափոյթ գնաց դուռը բանալու։ |
s-128
| Հիւրերը սկսած էին ծայր տալ։ |
s-129
| Քանի մը րոպէ վերջ սակայն, մինչ անսովոր ուժգնութեամբ դգալը կը շարժէր փլաւի կաթսային մէջ, անգամ մը եւս, սաստկագոյնս, զգաց այս աղջկան ու իր քոյրերուն բացառիկ հոգեկան վատութիւնը։ |
s-130
| Եկեր է, յուսահատ, բոլոր միջոցները սպառելէ վերջ, իրեն կառչելու որ տուն մտնէ, եւ նոյն ատեն, սրբապղծութիւններու մեծագոյնը կը կատարէ, օճախի մէջ, ամուսին կնոջ անբռնաբարելի մտերմութեան մը պահուն յայտնուած կարծիք մը - միայն նուիրական աւանդ - այսպէս ցածութեամբ ոչ միայն հրապարակելով, յանձնելով հանրային պղտոր մոլուցքին, այլ չարափոխելով կամ ամբողջովին հնարելով զանոնք... |
s-131
| Ու այս կրկնակ սրբապղծութիւնը՝ ո եւ է ծանօթի մը հետ, ո եւ է մէկուն, հեռաւոր թէ մտերիմ, անոնց տունը, ոտքը երթալով... |
s-132
| Ոտքի ելլել, կեանքը ամբողջ, ամուսնական խորանին առջեւ, սրտերու ամբողջական յանձնումի պահերուն ծորած մրմունջները ծախու հանելու, անոնց Թրաֆիքին նուիրուելու... |
s-133
| Խեղճ կինը աշխատեցաւ, կամքի մեծ ուժով մը, այդ հաստատումին յառաջ բերած հակազդեցութիւնը չեզոքացնելու, վանելու զգայութեանը մէջէն, զգալով որ, տառացիօրէն, կրնայ գլտորիլ մտային խախտումի մը մէջ... |
s-134
| Մատէնճեաններն էին եւ երկու քայլի տարբերութեամբ՝ Տոքթորը։ |
s-135
| Պետրոս իր լուրջ, խելօք, սիրալիր տրամադրութեան մէջ էր, պատրաստ մտնելու բարձր եւ վերացական նկատառումներու մէջ։ |
s-136
| Մազերը ենթարկուած էին առաւօտուայ իրենց երկար խնամքին եւ կը պարագծէին հինցած դէմքին մորթը՝ գալարուն առատութեամբ։ |
s-137
| Երբ յօգնէր՝ կնճիռները, մեծ առատութեամբ, վայրկենապէս կը բազմանային, կը խորանային եւ այն ժամանակ մազերուն նիրկուած ըլլալը, եբենոսի սեւութեամբ, դժնեայ եղանակով մը կը հակադրուէր դէմքի զառամին։ |
s-138
| Մտած էր հոգեբնախօսական նոր փուլի մը մէջ որուն մասին Հրանտ յստակ տպաւորութիւն չունէր դեռ։ |
s-139
| Անձնասպանութեան խնդիրը իր հրապոյրը մասամբ կորսնցուցած կը թուէր։ |
s-140
| Խափուսիկ էր նաեւ իր խելօք, սանձուած արտաքինը։ |
s-141
| Հրանտ լսած էր որ վերջի շրջանին ուժեղ մէկ երկու բախում ունեցած էր այնպիսի մարդոց հետ որոնց եթէ բացայայտօրէն պարտականը չէր գոնէ միայն բարեացակամութիւն կը պարտէր։ |
s-142
| Անոնցմէ մին կը Տոքթ.... որ բազմաթիւ նամակներ ստացած էր իրմէ շատ օտարոտի պարունակութիւնով... |
s-143
| Յամենայն դէպս հարիւր առ հարիւր անտեղի... |
s-144
| Իր լաւագոյն կերպարանքը, դարձեալ, ընկերութեան մէջ էր... |
s-145
| Էտիթ իր լուսոսկեայ վարսերու երանգին համադրած էր շողշողուն կանչով պարեգոտ մը որ, մէն մի հակումին, կը ցուցադրէր առատ, հոլանի ու պիրկ կուրծքէն լայն շերտ մը։ |
s-146
| Երկուքն ալ, ամուսին կին, որպէս կարեւոր դէպքէ մը վերջ, խելի եկածի տարածուն արտայայտութիւն մը առած էին։ |
s-147
| Բժիշկին հետ սկսան դարձեալ խօսիլ Աշխէնի մասին որ քննած էր երէկ չէ առջի օր։ |
s-148
| Ամուսնին դարձած, եւ շտապելով հոգ մը նետել վրայէն. |
s-149
| - Կը տեսնա՞ս , կրկնեց, փուսէնը բան մըն ալ չունի... բան մըն ալ չէ եղածը... |
s-150
| - Չէ՛ , ըսաւ Տոքթորը, եղածը լուրջ բան մըն է եւ շատ ալ աւելի ծանր կրնայ ըլլալ. թէ՛ անարիւնութիւն սկսած է թէ՛ ոսկորներու շեղում... |
s-151
| Էտիթ տարօրինակ դէմք մը առաւ, շիրին, եւ մէկ աչքը գաղտնի գոցեց, դժուար գուշակելի իմաստով ինչ որ նշան տալով բժիշկին։ |
s-152
| Ապա, պայքարելէ յոգնած, յայտնեց որ մարդիկ չար են եւ կեանքը գէշ է։ |
s-153
| - Յափրացած եմ, աւելցուց, մեղմութեամբ մը որ կը մատնէր սակայն ներքին բեկանում մը, յափրացած եմ, կը հասկնա՞ք Տոքթոր, սաթիւռէ եմ մարդոց չարութեամբը։ |
s-154
| Տոքթորը հաճոյքով կ՚ունկընդրէր։ |
s-155
| - Մենք մեր ջիղերուն փիլիսոփայութիւնը ունինք, պատասխանեց. մեղմ եւ հազիւ գծագրուած ժպիտով մը։ |
s-156
| - Այն ժամանակ, աստիճան մըն ալ առաջ երթանք եւ ըսենք՝ մենք մեր աղիքներուն փիլիսոփայութիւնը ունինք, աւելցուց Պետրոս, նոյնքան մեղմ շեշտի մը տակ պահելով իր ամբողջական անհամաձայնութիւնը։ |
s-157
| Էտիթ ելաւ եւ պատուհանէն դուրս սկսաւ նայիլ։ |
s-158
| Նիւթը կը սպառնար խորանալ եւ գլուխ ուռեցնել։ |
s-159
| Այս լէ զ՚արմէնիէնները փոխանակ քէֆ ընելու խօսի՜ն , խօսի՜ն , լեզու շարժեն ու բարկանան... |
s-160
| Մինչ իրեն համար վերջերս ձեռք ձգած սաթիւռէ բառին նոր փայլն էր հրապուրիչը որ իրեն վրայ զարգացած կնոջ արագ երանգ մը կը ձգէր։ |
s-161
| Անկէ անդին լա պարպ... |
s-162
| Տէր Հայրն ալ ներս մտաւ։ |
s-163
| - Լաւ չեմ, պատասխանեց, Էտիթին իրեն ուղղած հարցումին, ժպիտով մը մեղմելով այն որ անհարկի կրնար ըլլալ խանգարուած առողջութեան մը յայտնումին մէջ։ |
s-164
| - Ինչու՞ , հարցուց Պետրոս, կարի հոգածու։ |
s-165
| - Մարսողութի՜ւնս ... |
s-166
| Ո եւ է բան մարսել չեմ կրնար, կը քացխի, ջու՛ր ալ խմեմ, ջուրն ալ կը քացխի, հը սա՝ տեղս կրակ կը մաղուի, ամբողջացուց, կուրծքին վերնամասը ցոյց տալով։ |
s-167
| - Մեր Տիկինը ալ ի՜նչ եփելը, ինչպէ՛ս եփելը չի գիտեր... շարունակեց։ |
s-168
| Այլազան քննութիւններ կատարեցին մարսողական խողովակին վերաբերմամբ եւ զանազան խորհուրդներ տուին իրարու։ |
s-169
| Տոքթորը մտիկ ըրաւ եւ ի վերջոյ հասարակ մահկանացուի մը բոլորովին ընթացիկ մէկ կարծիքը յայտնեց։ |
s-170
| Ասիտ գոյանալու է։ |
s-171
| Երբ ըսուեցաւ որ ասփիրինը կ՚օգնէ, ան՝ հակառակ չարտայայտուեցա՛ւ , գլխու հանելուկային շարժում մը ըրաւ։ |
s-172
| Թաքուն վճռականութեամբ հակառակ էր հիւանդ ընկերութիւնը լուսաւորելու գործին։ |
s-173
| Դարմանագիտութիւն ըսածդ խորհրդաւոր մշուշով մը պէտք է որ պատուած ըլլայ միշտ, որպէսզի ազդեցիկ դառնայ։ |
s-174
| Տէր Հայրը յայտնեց որ անտեսուած աղօթքներուն հետեւանքով հոգեկանին բարելաւող հրաշքը, մարմինին վրայ, տեղի չ՚ունենար։ |
s-175
| Աղօթքի մասին կատարուեցաւ երկար քննութիւն։ |
s-176
| Ըստ Էտիթին ան մաս կը կազմէր մանուկներու էտիւքասիօնին։ |
s-177
| Պիէն էլըվէ մանուկ մը պէտք է որ ատեն մը իր աղօթքները ընէ։ |
s-178
| Թէպէտ «բոլոր ժամանակը» Տիկին Վարդանեան եկեղեցի կ՚երթայ, բայց տունը աղօթել մէյ մը սովորութիւն չէ ըրած։ |
s-179
| Պետրոս յատկանշական գտաւ որ գիտական միտք մը որպիսին է Ալէքսի Քարէլ կը հռչակէ աղօթքին ամենազօրութիւնը։ |
s-180
| Աղօթքը բիւր արտայայտութիւն ունի։ |
s-181
| Ո եւ է պարտականութիւն կատարել՝ աղօթքի լաւագոյն ձեւերէն մին է։ |
s-182
| Տէր Հայրը, զուսպ ոգեւորութեամբ, վանելով կացութիւնը տիրապետելու ո եւ է շարժում, մանր ժպիտը միշտ փոքր, յարաշարժ, խորամանկ աչքերուն, յայտնեց որ իր խորունկ համոզումն է, գիտականապէս ալ հաստատուած, որ աղօթքը ամենազօր է։ |
s-183
| Եւ զարմանալի է որ մարդիկ չեն գործածեր իրենց ձրի տրուած այդ հրաշարար միջոցը... |
s-184
| - Ամէ՞ն ինչ կրնայ աղէկցնել, հարցուց Էտիթ՝ զմայլած։ |
s-185
| Տէր Հօր հաստատական պատասխանին վրայ. |
s-186
| - Ամէ՞ն ինչ... կրկնեց դարձեալ։ |
s-187
| - Ամէ՛ն ինչ։ |
s-188
| - Քանսէ՞րն ալ կ՚աղէկցնէ։ |
s-189
| - Քանսէ՛րն ալ, պատասխանեց Տէր Հայրը, հանդարտօրէն, անուշ ժպիտով։ |
s-190
| Երբ Հրանուշ Ադամեանը եւ Թօփուզեանն ալ ներս մտան՝ աղօթքի նիւթը աւելի հրահրուեցաւ։ |
s-191
| Հրանուշ իր կեանքէն փաստ մը պատմեց որուն համեմատ աղօթքը ո՛չ թէ ժամանակի ընթացքին իր դերը կատարած էր, այլ գործած՝ րոպէական հրաշքի ձեւով։ |