Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 1 - 100 of 191 • previousnext

s-1 Երբ դրան զանգը հնչեց՝ հազիւ ժամը երկուքը կար, կէսօրէ վերջ։
s-2 Տիկին Վարդանեան դժկամացեկաւ։
s-3 «Ո՞վ կարող է լինել էս ժամին... »։
s-4 Կիրակի էր եւ կարեւոր ընդունելութեան մը օրը, - Տիկին Վարդանեանի եօթանասուներորդ տարեդարձը։
s-5 Հրաւիրեալներէն հազիւ մէկ երկուքը գիտէին այդ հանգամանքը։
s-6 Դեռ բաւական բաներ մը ունէին պատրաստելիք եւ երեքէն առաջ մարդու չէին սպասեր։
s-7 «Բրնձէ փիլաւին» մանաւանդ հարկ էր հսկել. գործ որ չէր սիրեր վստահիլ «իր որդուն»։
s-8 Հայկ դուռը բացաւ։
s-9 Ապշանքը հազիւ կրցաւ զսպել։
s-10 Միջանցքէն պոռաց մօրը.
s-11 - Չե՛ս կարող երեւակայել թէ ո՛վ է...
s-12 Մայրը, փայտէ մեծ դգալը ձեռքին, տհաճութիւնը դէմքին, մրթմրթալէն, ծիծաղաշարժօրէն ցասկոտ, երեւցաւ խոհանոցի բերնին.
s-13 «Դէ մի վառի՛ր , է՛ ...»։
s-14 Նոյնքան եւ աւելի մեծ ապշութեամբ մըն ալ ինք համակուեցաւ։
s-15 Լոյսին տակ ճանչցաւ որ այցելուն Արփիկ Գափլանեանն է։
s-16 Մէկ քանի երկվայրկեանի մէջ խել մը բաներ մտքէն անցան եւ իր առաջին հակազդեցութիւնը եղաւ գայթակղած, խորունկ բարկութիւնը։
s-17 Մտաբերեց Հրանտէն բաժնուելու անոր առաջին օրերը։
s-18 Իր խոր վիշտը եւ մեծ փութկոտութիւնը՝ դժբախտութիւնը դարմանելու։
s-19 Այս աղջկան, իր քոյրերուն անորակելի ընթացքը որով իր բոլոր զգաստութեան յորդորները, անասնական նախնականութեամբ, իրենց հանդէպ թշնամութեան վերագրուեցան եւ դարձան շանթաժի առարկաներ։
s-20 Վերյիշեց անոնց գոռոզութեան կատաղութիւնը եւ իր հանդէպ ալ ձգած նախատինքի յորձանքը։
s-21 Երեք տարի է ահա ոստիկանատունէ ոստիկանատուն, ատեանէ ատեան կը թափառին։
s-22 Գաղութին մէջ իրենց մակդիրը «քոմիսարիաի քոյրեր» դրեր են։
s-23 Շանթաժէ-շանթաժ, կորսուած արարածներու յատուկ կուրութեամբ, դրամ քաշելու համար, իրենց ամբողջ էութիւնը կպցուցած երկու բառի՝ փանսիոն ալիմանթեռ...
s-24 Ահա արդի ընկերութեան մէջ, կնոջ վերին իտէալը, - փանսիոն ալիմանթէռ...
s-25 Իրենց խարդախ կեանքին քողազերծուած մոլութիւնները կրկին ծածկելու համար, Հրանտին ու իր ընտանիքին հանդէպ երեք տարիէ ի վեր, արձակած զրպարտութեանց սեւ ալիքները։
s-26 Օսմանեան կայսրութեան նախկին մաժնսթրաին խորհուրդովը, պառաւ աղջիկներու մռայլ տեսչուհի, զառամած մարդոց հաճոյքի հայթայթիչ՝ «Տիկին Քիրպիի» ընկերացած, տունէ տուն, երեք տարի, արիւնոտ ռոպ մը ցուցադրութեան հաներ են։
s-27 Շանթաժի ու ցածութեան բոլոր հնարքները սպառելէ վերջ, իր ոտքը գացած ու տուն հրաւիրող ամուսնին իբր պատասխան՝ ծաղրանք, նախատինք հրամցնելէ վերջ, երեք տարի՝ դատարանէ դատարան։
s-28 Եւ, խելքի գալ, դարձեա՜լ գայթակղութեան ձեւին տակ, այժմ միայն, կղերականներու, ասոր անոր ոտքը իյնալով։
s-29 «Ես ամուսնիս հանդէպ ո եւ է մեղադրանք չունիմ... կ՚ուզեմ տուն երթալ...»։
s-30 Այս բոլորը մտաբերեց մէկ քանի տասնեակ երկվայրկեանի մէջ եւ իր առաջին հակազդեցութիւնը եղաւ՝ թքնել այս ոճրածին քիւլօով կարճահասակ հրէշի երեսին ու վայրկենական վռնտել իր յարկէն։
s-31 Եւ սակայն բարդ ու ծաւալուն հետաքրքրութիւնը որ մարդու կիրքերուն փոքրագոյնը չէ՝ եղաւ իր երկրորդ եւ յաղթական հակազդեցութիւնը։
s-32 Ուստի, «հը-ը-ը՛ » մը ըրաւ, իմաստներով ծանրաբեռն որ դուրս գալով հրաբորբոք դէմքի քարքարուտէն, աչքերու կրակէն, ինքնին, ամբողջ սեւ զաւեշտ մըն էր։
s-33 Արփիկ՝ կափ կարմիր, իր «խոնարհ քրիստոնեայի» այն արտայայտութիւնը ունէր որ դիմացինին պաշտպանութիւնը կը հրաւիրէր եւ որ յիշեցուց այս տեսքէն իր չարաչար խաբուիլը, իր՝ եօթանասուննոց կնոջ խաբուիլը։
s-34 Համակուած մեծ զզուանքով մը, իր զաւկին փորձարկութենէ՛ն ալ եկած ճմռթկումովը, հիմա գիտէր թէ այդ «անմեղութեան» ետեւ պահուած չարագործ էակ մը կը խլրտար։
s-35 - Էդ ո՞նց է որ դու մեզ յիշել ես, ըսաւ, անագորո՛ւյն ։
s-36 - Միշտ ալ յիշած եմ, բայց... պատասխանեց մեղմութեամբ, աչքերը երկչոտօրէն, խարտեաշ, երկար թարթիչներուն տակէն բարձրացնելով եւ ցուցադրելով թէ՛ պաղատանք մը թէ՛ բարոյական իսկական թշուառութիւն մը։
s-37 Միւսը յիշեց թէ ի՞նչ աստիճանի սիրած էր ժամանակին այդ թարթիչներուն արտայայտութիւնը, «նրա մատոննաի դէմքը»...
s-38 Ծայրայեղութեանց հակամէտ էր խառնուածքին, ակնթարթ մը թուեցաւ, որ ան ո՛չ բոլորովին «հրէշ» մըն է ո՛չ ալ բոլորովին նախկին մատոննան...
s-39 - Ախր ի՛նչ բայց, հը՛ ...
s-40 - Չէ՞ինք համարձակեր...
s-41 - Չէիք համարձակե՜եր ... վրայ բերաւ, դիմագծային խօլ կծկումներով եւ երկար կոթով դգալը, անզգայաբար, սպառնագին շարժելով - Տիկին Քիրպիներին, Թօփուզեանների, եպիսկոպոսների ետեւից վազելու համարձակութիւն ունէք, երեք տարուց ի վեր, քոմիսարեաները, դատարանները մտնել ելլելու, փաստաբանների, շիլ գործակատարների հետ սիլի-պիլի անելու համարձակութիւն կը գտնէք, իսկ ինձ մօտ գալու՝ չէք համարձակուի...
s-42 Գժուե՛լ են, գժուե՛լ , աւելցուց, զաւկին ուղղուած, ղորթ եմ ասում, այժմու աղջկերքը գժուել են...
s-43 Դիւրագրգիռ նկարագիր, մաղձի տոպրակը մասամբ պարպելէ վերջ, մանաւանդ իր պէթ նուառներուն դէմ, իր մէջ տիրապետեց արթիսթներին պաշտպանողը։
s-44 Եւ տեսաւ որ դեռատի կինը, պատն ի վեր, «խեղճացել է, կուջ է եկել...»։
s-45 Եւ ո եւ է երիտասարդ աղջիկ՝ կամ արթիսթ է՛ր արդէն, կամ արթիսթի թեկնածո՛ւ ։
s-46 Պայմանով որ իր հեղինակութեան նուիրականացումէն անցնէր նախ։
s-47 Վասնզի ուժեղ էր իր մէջ տեսակ մը տեսչուհիի, վերակացուի, մայրիկի, պատշտպանողի խառնուրդ բռնակալ կինը։
s-48 - Դէ՛ ինչ ենք մնացել քորիդորում, հէ՛ , վրայ բերաւ Հայկ։
s-49 - Փլաւը՛ , փլաւը... յանկարծ «պղաւեց» մայրը, գունտուկլոր, անդիմադրելի ծիծաղաշարժութեամբ, խոյացաւ դէպի խոհանոց, փայտէ դգալովը միւս երկուքին աչքունքը վտանգի տակ դնելով...
s-50 - Հը՛ , դէ ասա՜ , ասա տեսնեմ ի՛նչ ես ուզում...
s-51 «Փլաւին» սոքը քչիկ մը առեր էր, աւելի կարմրցնելով սակայն քան թէ սեւցնելով։
s-52 Միւսը իբր պատասխան, նախ, «Կրնա՞մ օգնել ձեզ...»։
s-53 Միտքը սակայն սեւեռած մէկ կէտի՝ ի՞նչպէս , ո՞ր կողմէն բռնէ այս կինը։
s-54 Ասիկա միւսներէն զգալաբար աւելի դժուար կ՚երեւայ։
s-55 Ի՜նչ մեծ թիւով, ինչպիսի՜ վարպետութեամբ ճարած էին կիներ, մարդիկ, եւ իրենց բացարձակապէս գործիք դարձուցած։
s-56 Մոլեռանդօրէ՜ն ։
s-57 Անշուշտ ան ալ ունի իր «կակուղ կողմերը»։
s-58 Բայց միեւնոյնները չեն թուիր ըլլալ։
s-59 Ասոր զսպանակին գործածութեան մէջ ինք անվարժ է, ձախաւեր։
s-60 Միւսներունը՝ շահն էր, շահին մէկ երանգը, էնթէրէն...
s-61 Եւ կամ գութը։
s-62 Խեղճ, «անպաշտպան որբեր» էին զոր պէտք էր պաշտպանել տալ...
s-63 Աս մէկը, աս մէկը... նոյնը չէ։
s-64 Աս մէկը գործիք դարձող պտուղ չէ։
s-65 Եւ սակայն, եթէ ուզէր, ամէնէն ազդեցիկը՝ իր գործերը կարգադրելու համար։
s-66 - Հրանտը դեռ կը սիրէ՞ ինծի՜ի ... ողբագին ձայնով մը դուրս տուաւ, վերջապէս։
s-67 Միւսէն չխուսափեցաւ ե՛ւ շեշտին քոմէտին ե՛ւ հարցումին թագուն իմաստը։
s-68 Ան կը նշանակէր այս ցուրտ սրտին համար, «Հրանտը նորէն նոյն աւանա՞կն է, կամ, կարելի՞ է որ նախկին աւանակին վերածենք դարձեալ»։
s-69 Վերյիշելով նաեւ «իր որդուն» Մարինա Կէօլճիւքիէֆը, դեռ այնքան Մարինաներ ու անոնց տեսակ-տեսակ խախկութիւնները՝ իր ցասումն ու գայթակղութիւնը տեղի տուին անհուն ապշանքի մը, - Ախր, ի՛նչ , ի՛նչ են հետապնդում է՜ ... ի՞նչ են ուզում կեանքից, իրանցից ու ի՛նչ են անում կեանքի բոլոր սրբութիւնները...
s-70 Երբ եւ իցէ իր հարցումը այսքան խստօրէն իրեն չէր զգացուցած սեւ առեղծուածը մոլորութեան մէջ տապլտկող ընկերութեան, վասնզի երբ եւ իցէ այս արարածն ու իր նմանները, յանկարծ, խոշորացոյցի տակ չէին ինկած, որուն մէջէն տեսաւ կեանքը՝ խլրտուն կոյր անմտութեամբ, աւերիչ մոլութիւններով։
s-71 Այս այն րոպէն եղաւ ուր ակնթարթ մը չափեց յիմարութիւնը ու կեանքին մէջ անոր գործած աւերին մեծութիւնը։
s-72 Մտածեց որ մարդոց փորձութիւններն ալ, վերջ ի վերջոյ կ՚ենթարկուին հիւանդութեանց դիմաշրջումին։
s-73 Ո՞ւր է, կը հարցնէր իւրովին, ապաքինման ասոնց փրկարար շրջանը...
s-74 Անմիջապէս վերջ, թատերական գործի մը հոլովոյթը աւելի ցցուն կերպով պատկերազարդեց կացութիւնը։
s-75 Հիւանդութեան ինչպէս թատերգութեան մը ամբողջական արտայայտութիւնը կրնայ բաւականանալ երեք կամ չորս վարագոյրով։
s-76 Խախտուած մարմինը այս փուլերէն արագութեամբ կ՚անցնի եւ immunise արիւնով մը կը դիմէ հաստատաքայլ դէպի իր նախկին առողջ վիճակը, դէպի դեռ աւելի՝ ամրացած բնականոնը։
s-77 Նոյնիսկ բազմապիսի փտութիւններով նկարագրի պտուղը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, աշնան որդերու աւերիչ աշխատանքէն, կ՚ապահովէ քաղցըրութիւն մը որով կ՚ընծայաբերուի ճաշակումին, կ՚արդարացնէ գոյութեան իրաւունքը որդերուն, կը հանդարտեցնէ մտքին ընդվզումը՝ եղծանումի գոյութեան դէմ, եղծանումի անըմբռնելիութեան դէմ։
s-78 Ինչ աստիճանի խորը ըլլալու էր ախտը որ երրորդ վարագոյրը կը բացուէր հոգեկան անկումներու այնպիսի ցուցադրութեան մը վրայ որ չէր մտներ ո՛չ թէ թատերական գործի մը շրջափակէն ներս, այլ նոյն իսկ, իր մոլեգնավատութեամբը, կը մերժուէր, առարկայական ժամանակագրութեան մը հետապնդումներէն։
s-79 Եւ սակայն, չէր դադրեր ընկերային ախտահոգեբանական երեւոյթ մը ըլլալէ։
s-80 Եւ իր անհաւատալի թիւովը, համաճարակային նկարագրովը, կամայ ակամայ կը հանդիսանար որպէս ժամանակաշրջանը բնորոշ, նկարագրի հիւանդութեան ախտանիշերը։
s-81 Փաստեր որ կը խմորեն այն կեանքը ուր կը տիրապետէ, միահեծան, նորին վեհափառութիւն Յիմարութիւնը՝ աւերիչ ու արիւնարբու...
s-82 Այդ ցասմնալից գայթակղութեամբ էր որ ձեռքին դգալը սեղանին զարկաւ ու.
s-83 - Ո՜չ , նա քեզ էլ ո՛չ սիրում է ո՜չ էլ ուզում է անունդ լսել... յայտարարեց աւելի հեղինակութեամբ քան խնդրոյ առարկայ անձը ինք պիտի ընէր. - Երբ նա ոտդ եկաւ քեզ տուն տանելու՝ ի՞նչ էիր անում էն ժամանակ։
s-84 Մտաբերեց անոնց գոռոզութեան ահագնութիւնը որուն մէջ կը թաւալէին եւ որ նոյն կերպով, միայն ախտաբանականով հնարաւոր էր բացատրել։
s-85 - Տիկին Քիրպին ըսաւ... եթէ երթաս... փլէնթտ ետ առնել պիտի տայ եւ քեզի դարձեալ դուրս ընէ, ողբաց, զոհի կերպարանքով, մանկապարտէզի ոտանաւոր արտասանող մանուկի անճարակութեամբ։
s-86 - Չեն էլ ամաչում...
s-87 «Տիկին Քիրպին ըսաւ»...
s-88 Հապա երբ քո փլէնթը... թի՛ւ , էս կեղտոտ բառերը, ահա էս սերունդի յատկանիշը... հապա երբ փլէնթդ տալու եւ ետ ալ չառնելու անպարտուութիւնը կրեցիր... դատարանները ինկար, երբ, քո ամուսնուն դատապարտել տուիր նա, նոյն օրը, նո՛յն ժամին, դատարանէն դուրս ելլելուց Փալէ տը Ժիւսթիսից, մինչեւ Փալէ Ռուեալ, Էլի չաշխատեցա՛՞ւ քեզ համոզել որ տուն գաս, պատասխանի՛ր , հը՞ , պոռաց, սարսափելի դէմքով, պատաստանի՛ր , այո՛ թէ ոչ, «քրիստոնեայ Հայուհի»...
s-89 - Այո՛ , խոստովանեցաւ, անզգամ, բութ աչքերով։
s-90 - Իսկ դու՜ ինչ պատասխանեցիր, հը՜ , դու՛ ինչ ասացիր...
s-91 - Ես... ես կը վախնայի...
s-92 Ուրիշներ աչքս վախցուցին...
s-93 Այդ քու բոլոր ըրածներդ յետոյ պիտի յիշէ եւ անկարելի է որ ո եւ է մարդ կարողանայ ներել...
s-94 Ես ալ ճիշդ է, ըսի որ եթէ ունեցած հարըստութիւնը վրաս ընէ՝ կ՚ընդունիմ առաջարկը՝ տուն երթալու... - Եւ դու էլ փոխարէն թուղթ էիր ստորագրելու որ պարկեշտ կին պիտի լինես... ամբողջացուց աննկարագրելի ծամածռութեամբ մը...
s-95 Ահա, տարիներէ ի վեր, կը մտածէր իւրովին, այսպիսի տրտմէ մը վերջ, ցաւագար արարածի խելապատիկին մէջ ուրիշ շարժում տեղի չէր ունեցած։
s-96 Ի՜նչ ալ վախեցողի աչքեր ունէր եւ ունէին՝ իր քոյրերն ալ որ, միասնաբար, կատղած furieներու նման, տղամարդոց վրայ գիտէին յարձակիլ, դուռ պատուհան կոտրել...
s-97 Եւ եթէ հարստութիւնը իր անունին ըլլայ՝ վախը երկվայրկենական կը փարատի...
s-98 Եւ այս առաջարկն ալ այն արարածներուն կողմէ որ իրենց հեռացման առաջին օրերուն սպառնացած էին, տուն տեղ աճուրդի հանել տալ եւ Հրանտին ալ՝ բա՜նտ ...
s-99 Այսքան խորամանկ արարածներու կողմէ այսքան անմտութիւն՝ գլխու պըտոյտ կու տար պառաւ կնոջը։
s-100 Ան կէտ առ կէտ վերյիշեց ի՛ր գլխուն եկածներն ալ, ի՛ր ալ հարսին կոյր ու սպաննիչ, անձուկ ու անձկացնող նիւթամոլութիւնը՝ որոնցմէ «կարող էր գժտել»։

Text viewDownload CoNNL-U