s-1
| Ներգաղթն է, որ թէ՛ արտասահմանի տարտղնուած հայը կը փրկէ եւ թէ՛ Հայաստանի գոյութիւնն ու պետականութիւնը կը յաւերժացնէ |
s-2
| Ալեքս Մարտիրոսեան. Անդրադարձ մը՝ Վ. Թէնպէլեանի կարգ մը յօդուածներուն |
s-3
| «Հայապահպանում» բառին չեմ հաւատացած, եւ ինչպէս լուսահոգի Գարեգին Ա. կաթողիկոսը ելոյթի մը մէջ նշած էր, «ազգ մը պահածոյ կերակուր չէ, որ պահես։ |
s-4
| Ազգը որպէս շնչող ու ապրող էակ, պէտք է նորոգէ ինքզինք, բարգաւաճի եւ ուռճանայ... ուրեմն փոխարինել այդ բառը «ազգակերտում»ով»: |
s-5
| 1968էն ի վեր, ապրելով Գանատայի ինքնաբաւ ու կազմակերպ Թորոնթոյի գաղութին մէջ, մաս կազմելով ՀԵԴ-ին, ՀՅԴ-ին, «Համազգային»ին, ՀՄԸՄ-ին, «դպրաց դաս»ին, երկու զաւակներս՝ Սեւանն ու Վարուժանը շրջանաւարտ՝ ազգային երկրորդական վարժարաններէն, ընտանեկան խօսակցական լեզուն ըլլալով բացառապէս հայերէնը, պահելով մեր բոլոր ազգային տօներն ու սովորոյթները, յուսացած եւ սպասած էինք, որ... «Հայաստանի անկախութիւն»ը ըլլայ հայրենադարձութեան սկիզբը, ու «Դէպի երկիր» կարգախօսով, մեր բոլորին «հայապահպանման» զոհողութիւնները իրենց նպատակին կը ծառայեն, նոր սերունդին անտառը Սփիւռքի ջերմոցային վիճակէն կը փոխադրենք Երկիր դրախտավայր՝ Մայր Հայաստան... |
s-6
| Այդպէս չեղաւ սակայն. երբեմնի «Դէպի երկիր» կարգախօսը արդէն մոռցուած, պատմութեան դասէն ալ ոչ մէկ իմաստութիւն վերցնելով (Թրանսիլվանիոյ եւ Լեհաստանի գաղութներու 300 տարուան պատմութիւնը՝ վկայ) պարտադրուած Սփիւռքը դարձաւ ինքնանպատակ կենցաղավիճակ, ու մենք տակաւին շարունակելով անիւի գիւտը կատարել՝ կ՚ուզենք փրկել սփիւռքի հայութիւնը։ |
s-7
| Սիրելի Վարուժ, ճիշդ չէ ըսել, որ «հայրենիքի հողէն եւ հողին վրայ համախումբ ապրելու իրաւունքէն զրկուած սփիւռքահայութիւնը շեշտակիօրէն կը դրսեւորէ անցեալէն խզուելու, անցեալի արժէքներն ու թերիները անտեսելու վարքագիծ մը» (Նոյեմբեր 12, 2021)։ |
s-8
| Մեր ծնողները, այո՛ , զրկուած էին հայրենի հողին վրայ համախումբ ապրելու իրաւունքէն, սակայն ոչ մենք... որ նախընտրած ենք «հանգիստ» ապրիլ հեռու մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔԷՆ։ |
s-9
| Կեանքը, իր բնագիտական օրէնքով, մեր կամքէն անկախ, կը պարտադրէ վիճակներ, որոնց վրայ մենք չունինք որեւէ հակակշիռ: |
s-10
| Երբ ջուր նետուիս՝ կը թրջուիս, կրակի բոցէն՝ կ՚այրիս: |
s-11
| «Օտար երկինքներու տակ, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական բազմազան ազդեցութիւններու ենթակայ մեր ժողովուրդը, իր նոր դիմագիծի փնտռտուքին մէջ, սկսած է անջատուիլ իր ամբողջ անհատականութիւնը կերտած մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալի պատմութենէն» (Պատմութիւնը խթան գոյատեւումի, Նոյեմբեր 12, 2021): |
s-12
| Սա եւս պատճառա-հետեւանքային կացութիւն է: |
s-13
| Իմ կեանքիս փորձն ու պատմութիւնը փաստած են, որ հայուն համար՝ հայրենիքէն դուրս «չիք փրկութիւն»: |
s-14
| Հայրենիքը արձակուրդի հանգրուան մը չէ. պէտք է գալ, ապրիլ, ստեղծագործել եւ արարել, իր վատ ու լաւ իրականութեամբ: |
s-15
| CNNի շէնքին մուտքը փակելով, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մայրուղիները արգելափակելով, օտար դեսպանատուներուն առջեւ «արդարութիւն մուրալով»՝ իբր ցոյց, մենք շա՜տ թանկ ժամանակ ենք վատնած: |
s-16
| Լուսահոգի աներմայրս՝ տիկին Արաքսի Գասարճեանն, ըլլալով Թորոնթոյի երեք եկեղեցիներու դաշնակահարը եւ երգեհոնահարը, մեզի կը հաղորդէր պսակուող զոյգերուն անունները Առաջնորդարանի տոմարին մէջ չարձանագրուած իսկ. մենք կ՚իմանայինք որոնք են պսակուողները եւ եթէ օտարախառն ըլլար, ընտանեկան ափսոսանք եւ վշտահար զրոյցի նիւթ կ՚ըլլար: |
s-17
| 70-ականներուն, երբ գաղութը թարմ էր, անհնար էր, որ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ խորանին օտար հարս կամ փեսայ մօտենար... |
s-18
| Ժամանակի խարտոցը մաշեցուց տոհմիկ սովորոյթները, եկեղեցին ալ սկսաւ այնպէս վարուիլ, որ «յաճախորդ» չկորսնցնէ. այդպէս ալ պիտի շարունակուի, քանի ընտրած ենք ապրիլ հայրենիքէն հեռու...։ |
s-19
| Մեր զաւակներուն ու նոր սերունդին «մի՛ ըներ», «օտարի» հետ մի՛ ամուսնանար ըսելը հեշտ է: |
s-20
| Գործնական եւ ազդու այլընտրանք առաջարկելն է մարտահրաւէրը։ |
s-21
| Բնութիւնը պարապութիւն չի ճանչնար. միշտ բանով մը կը լեցնէ զայն: |
s-22
| Պարտիզպանը երբ ուզէ իր ածուին կամ պարտէզին մէջ միայն շուշան, մեխակ ու վարդ տեսնել, ա՛յդ կը ցանէ, չձգելով, որ մոլախոտ, տատասկ ու վայրի բոյսեր ծլին այնտեղ, տեւական մշակելով զայն: |
s-23
| «Պայքա՛ր թրքական երաժշտութեան դէմ, պայքա՛ր թրքական սերիալներու դէմ եւ պայքար՝ թրքական ապրանքներուն դէմ: |
s-24
| Բնական է, պէտք է պայքարիլ, բայց այդ պայքարը պէտք չէ մնայ կարգախօսային եւ արագ մարող զգացական շրջագիծի մէջ»: |
s-25
| Վերոնշեալներու դէմ պայքարը նոյնպէս միայն պետական մակարդակով է կարելի: |
s-26
| Սփիւռքեան պայմաններով պայքարը ծովափի աւազի հատիկները հաշուելուն է համազօր: |
s-27
| Պահ մը մոռնանք սփիւռքը. հոս՝ Հայաստանի մէջ իմ կեանքիս գործնական փորձը, շինարարական ու առեւտրային գործունէութեամբ, մղձաւանջային սուսերամարտ է, չըսելու համար՝ տառապանք: |
s-28
| Շուկան ողողուած է թրքական վատորակ ապրանքով, ու երբ վաճառողը զգայ, որ դուն գիտակից ՀԱՅ ես եւ թշնամիի զէնքին չես ուզեր փամփուշտ հայթայթել, անմիջապէս ցոյց կու տայ նոյնպէս վատորակ, սակայն Ռուսաստանի մէջ սարքած թրքական ապրանքը՝ ռուսերէն պիտակով... 70 տարիներու սովետական ստրկութեան ախտը, 27 տարիներու ալ երեք գործակալ ու թշնամիին ծառայած նախագահները քանդած են մեր երկիրը, խեղճացուցած՝ ժողովուրդը: |
s-29
| Այն որ Green Card է շահած, բախտաւոր զգալով՝ հեռացած է, մնացողը, խեղճ ու տառապած, համակերպած է: |
s-30
| Սփիւռքահայութեան զանգուածային ներգաղթն է, որ թէ՛ արտասահմանի տարտղնած ՀԱՅ-ը կը փրկէ եւ թէ՛ Հայաստանի գոյութիւնն ու պետականութիւնը կը յաւերժացնէ: |
s-31
| Կրկնելով շեշտեմ՝ հայուն համար հայրենիքէն դուրս չիք փրկութիւն: |
s-32
| Միշտ սիրով ու բոլորիս տօնական բարեմաղթանքով՝ |