s-1
| Փոքր տարիքէս սիրած եմ գիրք գնել: |
s-2
| Գրախանութներ եւ գիրքերու ցուցահանդէսներ այցելելը ինծի համար ոչ միայն նախասիրութիւն, այլ նաեւ հաճոյք եղած է: |
s-3
| Ինչպէս գեղեցիկ սեռը կը սիրէ այցելել՝ թէկուզ միմիայն դիտելու համար, հագուստ-կապուստի խանութներ, ես ալ յաճախ կ՚այցելեմ գրախանութներ, նոյնիսկ եթէ ոչինչ պիտի գնեմ: |
s-4
| Կը դիտեմ գիրքերը, կը հետաքրքրուիմ նոր հրատարակութիւններով եւ ինչպէս ժողովրդական խօսքը կ՚ըսէ, կը պատահի որ նոյնիսկ ոտքի վրայ մէկ-երկու էջ կարդամ ուշադրութիւնս գրաւած գիրքէն: |
s-5
| Գրախանութներու յաճախորդները իմ նման «խենթեր» են, մանաւանդ այս օրերուն, թուայնացման այս դարաշրջանին: |
s-6
| Գրախանութներու այցելութեան ընթացքին ծանօթացած եմ հետաքրքրական անձնաւորութիւններու, եւ նաեւ որոշ պարագաներու բարեկամութիւն ստեղծուած է վաճառողներուն կամ գրախանութի տիրոջ հետ եւ յաճախ ունեցած ենք երկար եւ հաճելի զրոյցներ, գիրքերու աշխարհէն սկսեալ մինչեւ հայաստանեան իրադարձութիւնները: |
s-7
| Գրախանութ այցելելու այս սովորութիւնս շարունակուեցաւ նաեւ Հայաստան վերադառնալէս ետք: |
s-8
| Երեւանի նախասիրած գրախանութներս են Մաշտոցի եւ Երիտասարդականի գետնանցումին մէջ գտնուող պուքինիստ խանութները, երբեմն ալ կանգ կ՚առնեմ փողոցները հին գիրքեր վաճառքի դրած սեղանիկներու առջեւ։ |
s-9
| Քանի մը օր առաջ, սովորութեանս համաձայն Երիտասարդականի գրախանութն էի եւ կը նայէի թէ ինչ նոր հրատարակութիւններ կան: |
s-10
| Ինձմէ քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ կանգնած էին 15-17 տարեկան չորս պատանի-պարմանուհիներ: |
s-11
| Ակամայ կը լսէի իրենց խօսակցութիւնը։ |
s-12
| Քիչ մը անակնկալ էր ինծի համար իրենց խօսակցութեան նիւթը: |
s-13
| Կը խօսէին հայ գրականութենէն, եւ ոչ միայն կը խօսէին այլեւ կը քննարկէին: |
s-14
| Հիմնական նիւթը այն էր թէ ո՞վ աւելի ժողովուրդի սրտի բանաստեղծն է, Պարոյր Սեւա՞կը թէ՞ Համօ Սահեանը: |
s-15
| Ըստ երեւոյթին լաւ ծանօթ էին մեր այս հռչակաւոր երկու գրողներու բանաստեղծութիւններուն: |
s-16
| Յաճախ մէկը կամ միւսը մէջբերումներ կ՚ընէր անոնց ոտանաւորներէն եւ իւրաքանչիւրը հիմնաւոր կերպով կը պաշտպանէր իր տեսակէտը: |
s-17
| Անոնցմէ երկուքը կը պնդէին թէ Սեւակը ոչ միայն հայկական իրականութեան այլեւ համամարդկային թեմաներ շօշափող բանաստեղծ է, իսկ միւս երկուքը ընդունելով հանդերձ Սեւակի բանաստեղծական մեծութիւնը, կը շեշտէին թէ Սահեանը իր պարզունակ բանաստեղծութիւններով փիլիսոփայ բանաստեղծ է եւ իր ոճը աւելի ընկալելի եւ հաղորդական է: |
s-18
| Թէ ինչ եզրակացութեան հասան, այդպէս ալ չիմացայ: |
s-19
| Անոնք նոյն եռանդով զրուցելով դուրս եկան գրախանութէն: |
s-20
| Ինծի համար անակնկալն ու ուրախալին այն չէր որ նման նիւթի մը քննարկումին ականատես կը դառնայի, այլ այդ քննարկումը կատարողներուն տարիքն էր: |
s-21
| Տակաւին հազիւ երիտասարդութեան սեմին հասած, քանի մը պատանիներ ոչ միայն ծանօթ էին կամ պարզապէս կարդացած են մեր գրողներուն գործերը, այլեւ լաւապէս հասկցած, ընկալած եւ կը տիրապետէին անոնց գրութիւններուն: |
s-22
| Զրոյցի ամբողջ տեւողութեան ուշադրութիւն ըրի նաեւ անոնց բառամթերքին: |
s-23
| Յուրախութիւն, ըսեմ, որ գրեթէ օտար բառ չլսեցի անոնց բերնէն: |
s-24
| Չեմ գիտեր նմանօրինակ քանի պատանիներ կարելի է գտնել մեր հայկական իրականութեան մէջ, բայց վստահ եմ որ անոնց թիւը շատ-շատ քիչ է: |
s-25
| Այսօրուայ կեանքի պայմաններուն մէջ, երբ մեր շուրջբոլորը համատարած «ընկղմած» են հեռախօսի եւ ընկերային ցանցերու մէջ, երբ մարդիկ փողոցը քալած ժամանակ, երթուղայինին մէջ եւ քիչ մը ամէն տեղ դարձած են այդ փոքրիկ գործիքին գերին, այնքան մը որ իրենք զիրենք զրկած են շրջապատը դիտելէ եւ բնութեան գեղեցկութիւնը վայելելէ, տեսնել հայ պատանիներ, որոնք հոսանքն ի վեր կը թիավարեն, հարազատ եւ հաղորդակից մնալով հայ գիրքին, հայ գրականութեան եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթին, պարզապէս կը հրճուի հոգիդ, հայ հպարտութիւնդ կ՚առինքնէ էութիւնդ եւ կը համոզուիս որ այդ ժողովուրդը գիրով, գրականութեամբ եւ մշակոյթով ապրող եւ շնչող ժողովուրդ է։ |
s-26
| Ես վստահ եմ որ այդ չորս պատանի-պարմանուհիները պիտի շարունակեն իրենց այս ընթացքը, հայ գրականութիւնը պիտի մնայ իրենց հետաքրքրութիւններուն գլխաւոր կիզակէտը, պիտի սնուին եւ ապագային սնուցանեն նաեւ ուրիշներուն: |
s-27
| Հայաստանի մէջ կան գրասէրներու եւ գրքասէրներու տարբեր խմբակցութիւններ, որոնք երբեմն գրական երեկոներ կը կազմակերպեն, գիրքերու քննարկումներ կը կատարեն, հայ թէ օտար գրողներու գրականութենէն ընթերցումներ կ՚ընեն եւ այլն: |
s-28
| Չեմ գիտեր անոնց տարիքային աստիճանը որքան է, բայց հաստատ նորահաս երիտասարդներու թիւը շատ քիչ է անոնց մօտ: |
s-29
| Նման երիտասարդներով պէտք է հետաքրքրուիլ, ներառել նման խումբերու մէջ, «տիրութիւն» ընել անոնց: |
s-30
| Անոնք շատ բան ունին սորվելիք երէց ընթերցասէրներէն, բայց նաեւ շատ բան ունին բերելիք իբրեւ նոր մտածողութիւն, արդի ժամանակներու երիտասարդներու գրական ճաշակն ու ակնկալութիւնը լսելի դարձնելու: |