Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 2 - 101 of 101 • previous

s-2 «Ակունք նեթ» կայքէջն ալ այդ պատումները իր ընթերցողներուն ներկայացուց Տիգրան Չանդոյեանի արեւելահայերէն թարգմանութեամբ։
s-3 Ստորեւ կ՚արտատպենք Չանդոյեանի թարգմանութիւնը արեւմտահայերէնի վերածուած ձեւով։
s-4 ԱՐԻՍ ՊՈՏՈՏՈՂԱՆ
s-5 Երբեւէ հանդիպա՞ծ էք քըրշեհիրցի հայու։
s-6 Ես երկար փնտռեցի, սակայն չգտայ։
s-7 Չնայած որ Կարապետ պապս երեխայ ժամանակ Իսթանպուլ եկած էր, այնուհանդերձ իրեն քըրշեհիրցի կը համարէր, այնքան որ շիրմաքարին, անունէն առաջ «Քըրշեհիրցի» գրուած էր։
s-8 Իրմէ մեզ ժառանգութիւն անցած այդ առանձնայատկութիւնն է պատճառը, որ անգամ գացած-տեսած չ՚ըլլալով՝ այն հարցումին, թէ «Որտեղացի ենք», մեր պատասխանը «Քըրշեհիր» կ՚ըլլայ։
s-9 Պապս լոյս աշխարհ եկած է 1913 թուին, Քըրշեհիր։
s-10 Մօր անունը Կիւլիրենգ էր, հօր անունը՝ Վարդան։
s-11 Անատոլիայի հայութեան գլխուն իջած սուրը Քըրշեհիրի գլխուն ալ ճօճուած էր։
s-12 Հայրը՝ փաստաբան Վարդան էֆենտին, ջրաղացէն ալիւր գնելու ժամանակ, ջաղացպանի օգնութեամբ թաքնուած էր գիւղ եկած ժանտարմներէն։
s-13 Սակայն ան կը յանձնուի՝ ըսելով.
s-14 «Ազգս կ՚երթայ, արիւնս միւսներու արիւնէն աւելի կարմիր չէ, յետոյ ալ չեմ կարողանար նայիլ մնացած կանանց երեսին»։
s-15 Ըստ Ռայմոնտ Գէորգեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւն» գրքի, քըրշեհիրցի տղամարդկանց, քաղաքէն դուրս հանելով, սպաննել են։
s-16 Երկու տարեկանին որբ մնացած Կարապետը 1915 թուականին արդէն իսկ «սրի մնացորդացներէն» մէկն էր։
s-17 Այրիացած մայրը, չդիմանալով ցաւին, կարճ ժամանակ անց մահացեր է, եւ Կարապետը երկկողմանի որբ դարձեր է։
s-18 Երբ տանել չկարողանալով իրենց բնակավայրին գործադրուող ճնշումները՝ 1927 թ. մօրաքրոջ հետ միասին, միայն մէկ փայտէ ճամբրուկ ձեռքներին, հասեր են Իսթանպուլի Հայտարփաշա կայարանը, այստեղէն բացուող տեսարանի մասին մօրաքոյրն կ՚ըսէ.
s-19 «Կարապետ, տղաս, ասես երկնքի ամբողջ լոյսն այստեղ է իջել»։
s-20 Անատոլիայէն Իսթանպուլ եկած բոլոր ընտանիքներու պէս, անոնց առաջին ապաստանը եւս Գումգաբուի Պատրիարքարանն էր։
s-21 Գումգաբու տեղաւորուելէ ետք տարբեր աշխատանքներով կը զբաղի։
s-22 Ի վերջոյ աշխատանք կը գտնէ վառարանագործի մը մօտ, որու քով նախապէս՝ Քըրշեհիր, աշկերտութիւն ըրած էր։
s-23 Չորս տարի Տիյարպեքիր զինծառայութենէ ետք կը վերադառնայ Իսթանպուլ։
s-24 Որպէս զինուոր՝ ծառայած էր Քանունի ազգանուան տակ։
s-25 Կարապետը գլխուն փորձանք չբերելու համար եկած-չեկած բնակվարչութիւն վազեց։
s-26 Քանի որ ազգանուններէնեան վերջաւորութիւնը պիտի հանուէր, ժամանակին Պետրոսեանէն «Պոտոսեան» փոխուած մեր ազգանունը ամենավերջ բնակվարչութեան պաշտօնեայի երաշխաւորութեամբ դարձաւ Պոտոտողան։
s-27 Մի քանի տարի անց ամուսնութեան տարիքի հասնելով՝ պապս իր համաերկրացիներու միջնորդութեամբ ամուսնացեր է Նարինկիւլի հետ։
s-28 Կնոջ մայրը՝ Թագուհին, ծնած էր 1899 թուին։
s-29 Մեզ համար ան Մեծ յայա (մեծ մայրիկ) էր։
s-30 Մենք հնարաւորութիւն ունեցանք տեսնելու եւ լսելու զինք։
s-31 Մեծ յայան վախճանուեց 2000 թուականին։
s-32 Ամուսինը՝ Քալայճը Յակոբը, իրմէ բաւականին մեծ էր։
s-33 1915-ի գազանութիւնները վերապրած մէկն էր։
s-34 Իր չորս քոյրերու հետ միասին ցերեկները կը թաքնուէին, գիշերները՝ կը փախչէին։
s-35 Եոզղատի լեռներով փախչելուն գիշեր մը լեգենդ դարձած Ինճիօղլու Սամուէլի ու անոր ընկերներու կողմէ գտնուելով ողջ-առողջ կը յանձնուի Եոզղատի ամերիկեան միսիոնարներու որբանոց։
s-36 Ամուսնանալով Յակոբի հետ՝ այդտեղէն որոշ ժամանակ անց կու գան Իսթանպուլ։
s-37 Պապս յայայիս հետ երկու տղայ ունեցաւ։
s-38 Վարդանը եւ Յակոբը։
s-39 Երեխաներուն դրին իրենց հայրերու անունները։
s-40 Առաջնեկը ունենալէ ետք պապս կրկին ծառայութեան կանչուեց «20 դասակարգի զօրակոչ» ըսուած՝ ազգային փոքրամասնութիւններու անզէն աշխատանքային գումարտակներուն ծառայութեան տանող համակարգի մը միջոցաւ։
s-41 Օրթագիւղ, Տերեպոյուի վառարանագործի խանութի պատին՝ ամենագեղեցիկ տեղը, կախուած էր Մարշալ Ֆեվզի Չաքմաքի նկարը, որ, կը հաւատային թէ, իրենց փրկած է մահէն։
s-42 Ողջ-առողջ ետ գալէ վերջ, այս անգամ ալ գլուխներուն ուրիշ փորձանք մը եկաւ՝ Ունեւորութեան հարկը։
s-43 Աշքալէ աքսորուելէ հազիւ փրկուեցաւ։
s-44 Շարունակեց լաւ-վատ վառարանագործութեամբ զբաղիլ։
s-45 Տարիներու ընթացքին դժուարութիւնները չնուազեցան։
s-46 Այնուհետեւ պայթեցան 1955 թ. Սեպտեմբերի 6-7-ի դէպքերը։
s-47 Տներու դիմաց հաւաքուած խառնամբոխին դէմ յանդիման, այդ ժամանակ տակաւին հնգամեայ երախայ հայրս տանն էր, իսկ պապս, հօրեղբայրս, հօրս քեռիները, տան բոլոր տղամարդիկ դրան առաջ կռուի կը պատրաստուէին։
s-48 Դրկիցն ըսաւ, որ այստեղ ոչ մի յոյն չկայ, եւ Փորթաքալ Եոքուշով ներքեւ վազող խառնամբոխի երթալէն ետք անոնք խորունկ շունչ քաշեցին։
s-49 Յաջորդ առաւօտուն Տերեպոյու պողոտան լի էր կտորեղէնով, հագուստներով եւ թալանուած տներէն դուրս նետուած այլ իրերով։
s-50 Պապուս վառարանագործական խանութ այցելող ընկերներու գերակշիռ մասը կամ պողազլըեանցի էին, կամ ալ պուրունքըշլացի։
s-51 Թաշչը Արտաշը, Թոփալ Արթինը, Ալակուշը։
s-52 Երբ կը հաւաքուէին, քննարկուող նիւթը, ամենայն հաւանակութեամբ «ջարդը» կ՚ըլլար։
s-53 Կը պատմէին Եոզղատի մէջ իրենց ապրածներու, վերապրելու, վերապրած ըլլալով հանդերձ կեանքը կորսնցուցած ազգականներու ապրած ամէն մի սարսափի մասին։
s-54 Հրանդ Տինքի խօսքով՝ «Իւրաքանչիւրը մէկական փաստաթուղթ էր»։
s-55 Մէկ էլ յանկարծ թոշակառու գնդապետ մը կու գար։
s-56 Գնդապետի գալուն պէս, բնականաբար, թեման կը փոխուէր։
s-57 Մենտերեսի կողմնակից գնդապետի հետ անոնց ընդհանրութիւնն այն էր, որ բոլորն ալ դէմ էին իրենց վատ յուշերու համար պատասխանատու Ինէօնիւին։
s-58 Պապիս ապրածները մեծ անդունդ բացին անոր եւ հաւատքի միջեւ։
s-59 Կիրակի մը եկեղեցին, «Տէր հայր, ձեզ հարց մը կրնա՞մ տալ» ըսելով, մօտեցաւ քահանային։
s-60 Պատմեց Աբրահամի եւ Իսահակի պատմութիւնը։
s-61 «Երբ Աստուած մատաղցու Իսահակի փոխարէն ոչխար ուղարկեց, Անատոլիա ժողովրդիս կոտորուելու ժամանակ ոչ մի ծառայ չունէ՞ր , որ ուղարկէր», ըսելով՝ վրդովուած հեռացաւ եկեղեցիէն։
s-62 Հայերէն չէր հասկնար, սակայն հայատառ թրքերէն հրատարակութիւններ կը կարդար։
s-63 Պապս հօրս, հայրս ալ մեզ պատգամ մը թողած է։
s-64 Անգամ մը կռիւ ընելու հետեւանքով ոստիկանութիւնէն զանգեցին պապիս։
s-65 Յաճախորդը, որուն հետ վիճած էր պապս, գանգատած էր, թէ պապս անոր կրօնին, աղօթքին ու դրօշին հայհոյած է։
s-66 Թէեւ անոնք վստահ էին, որ պապիս զրպարտած են, չնայած գիտէին, որ ան իրաւացի է, սակայն պապս փրկուելու համար ոստիկանութեան պետի տանը զէրոյից վառարան հաւաքեց։
s-67 Այդ պատճառով կ՚ըսէր՝ ոչ ոքի հետ մի վիճիր, դու ոչ մի բան ես։
s-68 Հայրս ալ մեզ նոյնը կ՚ըսէր»։
s-69 Հայրս այս իրադարձութիւններու մեծ մասի ականատեսն էր։
s-70 Անցած շաբաթ «Երկնաց Հօր» մօտ գնաց։
s-71 Պապս՝ վառարան սարքող Կարապետը ու հայրս՝ Ալաթուրքաճը Մօրուք Յակոբը։
s-72 Գրիգոր Զոհրապի «Ի հեռաստանէն» երկին յիշատակուած Օրթագիւղի Թարգմանչաց նախակրթարանը հպարտութեամբ սորվելէ ետք հայրս գնաց Կեդրոնական վարժարան։
s-73 Ֆինանսական պատճառներով իններորդ դասարանէն թողնելով դպրոցը՝ բռնեց Չուխաճը Խանի ճամբան։
s-74 Տասնեօթ տարեկանին որբացաւ։
s-75 Այդ ժամանակ բոլորին ածական տալու սովորութիւն կար։
s-76 Իւրաքանչիւրը ածականներով կը ճանաչուէին։
s-77 Հայրս ալ ստացաւ «Մօրուք Յակոբ» կոչումը։
s-78 Սամաթեացի Հաճի Փարլակը, ժամանակի յայտնի եւ մեծ ընդելուզողներէն մէկը, հօրս որպէս իր ժառանգորդ կ՚ընդունի։
s-79 Թրքական ընդելուզումը հին օսմանեան ոճի զարդագործական արտադրութիւն էր։
s-80 Յառաջացաւ այս մասնագիտութեան մէջ։
s-81 Ան հիմնականին կը պատրաստուէր ալմաստ քարերու շրջանակի վրայ։
s-82 Ջրի հետ չի պիտի շփուի։
s-83 Սակայն հայրս տասնեակ երախտապարտ յաճախորդներ ունէր, որոնք անոր ընդելուզած զարդերով ծով կը մտնէին, բաղնիքը կը լուացուէին, աման կը լուային եւ կեանքում ոչ մի խնդիր չէին ունենար։
s-84 Համայնքային գործերով ալ զբաղուելով՝ հայրս երկու անգամ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ եղած է։
s-85 Այդ պաշտօնի ընթացքին ընդգրկուած է նաեւ այն ժամանակի Հայոց Պատրիարք Գարեգին Գազանճեանի Խորհրդակցական մարմնին։
s-86 Ջանքեր գործադրած է Իսթանպուլի հայ համայնքի գոյքը աւելի բարւոք պայմաններով պահպանելու համար։
s-87 Հայրս Քափալը Չարշըի վարպետներէն տարբերուող առաւելութիւն մը եւս ունէր։
s-88 Օր մը իսկ բերնէն հայհոյանք դուրս չեկաւ, աշկերտներուն, ենթավարպետներուն չվիրաւորեց։
s-89 Մեր արհեստանոցին մէջ ես հօրս համար Րաֆֆի, Փարամազ, Արփիար Արփիարեան, Դանիէլ Վարուժան կը կարդայի, ան ալ մեզ համար Գարեգին Պեշկէօթիւրեանի «Եկ իմ սրինգը», Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանին» կը կարդար։
s-90 Կը լսէինք Պարոյր Սեւակի «Մարդ էլ կայ, մարդ էլ» կամ ալ «Մեզ հայ են ասում»ը։
s-91 Սակայն աւելի յաճախ Ճեմ Գարաճա կը լսէինք։
s-92 Սեպտեմբերի 12-էն ետք Էօզալի իշխանութեան գալու ժամանակ Քափալը Չարշըի արհեստաւորական շինութիւնները տեղափոխուեցան, ոսկերչական սեկտորը տեղայնացաւ եւ հանրայնացաւ, որու պատճառով շատ առեւտրականներ կամ երկրէն փախան, կամ թողեցին իրենց մասնագիտութիւնը։
s-93 Տիրան Շենենց, Արամ Ֆենկեանենց, Բարսէղ Սեմերճեանենց տեղերը պետութեան աջակցութեամբ մեծ կապիտալով ոսկերչութեան սեկտոր մտնողներուն մնացին։
s-94 Այս համակարգով, ուր կապիտալը կը ճնշէ աշխատուժը, վարպետութեան եւ արհեստի անարժէք դարձած ժամանակաշրջանին վարպետութիւնը առաջին գծի դուրս բերած շատ վարպետներու համար Քափալը Չարշըն այլեւս այն կեդրոնը չէր, ուր աշկերտ ուղարկելով՝ հասարակութեան մէջ կ՚ըսէին.
s-95 «Ոսկէ ապարանջան թող ըլլայ դաստակին»։
s-96 Եթէ պատմածներուս մէջ անունները փոխենք, անոնք կարող է նմանուին պոլսահայ բազմաթիւ ընտանիքներու պատմութիւններուն։
s-97 Չեմ ուզեր պապէս հօրս, հօրմէս ալ ինձ փոխանցուածը մէջս պահել։
s-98 Ումբերտօ Էկոն խօսք մը ունի՝ «Երջանիկ մարդիկ պատմութիւն չեն ունենար»։
s-99 Մենք՝ Անատոլիայի հայերս, շատ պատմութիւններ ունինք։
s-100 Յոյսով եմ՝ հետագայ պատմութիւններու վերջ մենք ալ երջանիկ կ՚ըլլանք։
s-101 Լոյսերու մէջ հանգչի՜ր , Հա՛յր , քեզ երբեք չենք մոռնայ։

Text viewDownload CoNNL-U