Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttest
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 101 - 200 of 175 • previous

s-101 Մայրս վերջընթերն էր այդ զաւակներուն։
s-102 Ես ունէի ուրեմն հինգ մօրեղբայր եւ երեք մօրաքոյր։
s-103 Իմ ծնած ատենս միայն Նահապետ մօրեղբայրս ամուսնացած էր եւ իր ընտանիքով կ՚ապրէր Ենի Մահալլէ։
s-104 Անիկա եւ Խաչիկ մօրեղբայրս, որ կը բնակէր Բերա, երկաթագործ էին։
s-105 Միւս մօրեղբայրներս եազմաճի բանուոր էին, ինչպէս մօրաքոյրերս՝ բանուորուհի, եւ կ՚ապրէին մեր տան մէջ։
s-106 Իմ մանկութեան առաջին օրերէն իմ աչքերս հանգչած են հօրս անդորր եւ պայծառ դէմքին վրայ։
s-107 Անոր ժպտուն եւ կապոյտ աչքերը, թանձր շրթները, կանոնաւոր դիմագծերը քիչ մը ցցուած այտոսկրներով, բարձր հասակը, պատրիկեան ձեռքերը կը ներշնչէին բարութեան ու վայելչութեան զգացում։
s-108 Անիկա ունէր առողջ դատողութիւն եւ օժտուած էր հաւասարակշիռ իմացականութեամբ։
s-109 Իր կեանքին մէջ յառաջ եկած յանկարծական փոփոխութիւնները կարող էին ընկճել զինքը եւ դառնացնել, բայց ան իր բարոյական ուժերով յաղթեր էր այդ բոլորին եւ լաւատեսութիւնով կը դիմաւորէր ամէն կացութիւն։
s-110 Իր ծերութեան օրերուն ոեւէ մէկը, որ տեսնէր անոր անխորշոմ դէմքը, ճերմակ, բայց առատ մազերը լայն ճակատին վրայ, եւ լսէր անոր հանդարտ եւ կշռաւոր խօսքը, կ՚ունենար այն տպաւորութիւնը՝ թէ ան մարդ մըն էր որ հասած էր իր բոլոր նպատակներուն եւ որուն կեանքը անցեր էր անարգել, հեզասահ գետի մը նման։
s-111 Իր հայրը, Յովհաննէս, եղեր էր դատաւոր Ռումելիի մէջ։
s-112 Յիսունըհինգ տարեկանէն կուրցեր էր եւ քսան տարի ապրեր էր կոյր վիճակի մէջ շարունակելով իր աշխատանքը։
s-113 Հօրենական մեծ հօրս ծագումը շրջապատուած է խորհրդաւորութեամբ։
s-114 Օտար արիւն մտեր էր ընտանիքին մէջ, հաւանաբար, սլաւական։
s-115 Այդ մասին կ՚ըլլային ակնարկութիւններ հօրս ընտանիքի ծերերուն կողմէ, բայց հայրս չէր սիրեր խօսիլ այդ նիւթին վրայ։
s-116 Միայն կը հաստատէր, երբ առիթ ներկայանար, որ իրաւամբ «օտար արիւն մտած է մեր ընտանիքին մէջ»։
s-117 Հայրս, Սկիւտարի ճերմարանը աւարտելէ ետք, գացած է Թիֆլիս, ճամբորդած է Տաղստան ի խնդիր ազգականներու, որոնց հետ ժառանգական հարցեր ունէր լուծելիք։
s-118 Ան գիտէր ռուսերէն եւ քիչ մըն ալ վրացերէն եւ այդ լեզուներով նամակագրութիւն ունէր։
s-119 Հօրս ստացած նամակներէն ոմանք դեռ կը մնան իր թողած թուղթերու ծրարին մէջ։
s-120 Իր ծնողքը ջերմօրէն ցանկացեր են որ իրենց տղան բարձրագոյն կրթութիւն ստանար Ռուսաստանի մէջ, «ուր պաշտպաններ կ՚ունենար»։
s-121 Հայրս կը ձգտէր հետեւիլ բժշկութեան եւ նախապատրաստուած էր այդ ուղղութեամբ։
s-122 Բայց ընտանեկան պատճառներով մայրս զինքը բերել տուած է Կովկասէն եւ այլեւս հայրս չէ կրցած հեռանալ Կ. Պոլսէն։
s-123 Հօրենական մեծ մայրս՝ Երանուհի՝ սերած է ակնցի ընտանիքէ մը, որ կապեր ունեցած է արքունիքի հետ։
s-124 Հայրը պետական հայթայթիչ էր։
s-125 Հօրս մօրեղբօր աղջիկները, Մելիքեան քոյրերը, Սուլթան Ազիզի օրով եղած են վալիտէ սուլթանին պատուոյ տիկիններէն։
s-126 Երկու քոյրերը երբեմն կու գային Խասգիւղ, իրենց ծնողքին այցելութեան, արքունական կառքով եւ սեւամորթ ներքինիի մը ընկերակցութեամբ։
s-127 Այն ատեն հայ կիները արդէն կը կրէին եւրոպական տարազ, բայց Մելիքեան քոյրերը պալատի էտիկետ ի համեմատ կը հագնէին եաշմագ-ֆերաճէ, բայց անոնք պահած էին իրենց ազգութիւնը եւ կրօնը։
s-128 Երբեմն Ծնունդի եւ Զատկի տօներուն, արտօնութիւն կը ստանային մինչեւ մէկ շաբաթ մնալու իրենց ծնողքին հետ։
s-129 Այդ միջոցին ազատ էին եւրոպական հագուստ կրելու եւ երեսնին բաց դուրս գալու։
s-130 Որոշուած օրը ներքինին կու գար կառքով եւ զիրենք կը տանէր պալատ։
s-131 Մեծ մայրս, Երանուհի, մեռած է ութսունըչորս տարեկան, թողելով վիճելի ժառանգութիւն մը։
s-132 Հայրս չորս քոյր եւ մէկ եղբայր ունէր եւ, հակառակ որ կրտսերն էր, իր վրայ առած էր ամբողջ ընտանիքին գործերու կարգադրութիւնը։
s-133 Իմ հօրաքոյրերէս ես ճանչցած եմ միայն Աննիկ հօրաքոյրս, որ բռնաւոր կին էր, որ իր չափահաս զաւակները կը պահէր իր խիստ հրամաններուն տակ, որ անոնցմէ ոչ մէկուն թոյլ չէր տուած ամուսնանալ, որպէսզի օտար մարդ չմտնէ տունէն ներս, որ տունին մէջ հաստատած էր կարգ ու կանոնի կատարեալ պրոտոկոլ եւ ունէր մաքրութեան հիւանդութիւն։
s-134 Կ՚ըսէին որ նոյնիսկ վառարանի մէջ վառելիք փայտերը օճառ ջուրով լուալ կու տար։
s-135 Հօրս ազգականները լուրջ եւ ծանրախոհ մարդիկ էին։
s-136 Տղամարդիկ ստացած էին երկրորդական կրթութիւն, մեծ մասամբ Կալաթա Սերայի լիսէին մէջ։
s-137 Լաւ գիտէին թրքերէն եւ ֆրանսերէն եւ ոմանք դարձեր էին պետական պաշտօնեայ։
s-138 Այր թէ կին ուժեղ խառնուածքի տէր էին։
s-139 Իրենց բնաւորութեան լաւ եւ վատ գիծերը շեշտուած էին։
s-140 Հօրեղբայրս բացառութիւն կը կազմէր իր մեղմ եւ բարեհամբոյր բնաւորութեամբ, որուն համար հազիւ զսպուած արհամարհանքով կ՚ըսէին թէ «անվնաս» մարդ է եւ կարծիք չունի։
s-141 Այդ ընտանիքի անդամները ընտանեկան կամ հասարակական դէպքի մը առթիւ, պատուոյ խնդիր կը համարէին իրենց դիրքը որոշել եւ մեծաբարբառ արտայայտել իրենց կարծիքը։
s-142 Յաճախ յառաջ կու գային բախումներ, նոյնիսկ անհաշտ ատելութիւններ մէկ մէկու հանդէպ։
s-143 Այրերը ընդհանրապէս լիբերալ էին եւ կանգնած էին ֆրանսական յեղափոխութեան սկզբունքներուն վրայ։
s-144 Այդ էր իրենց բարոյական հէնքը։
s-145 Կիները ընդհակառակն պահպանողական եւ աւանդապահ էին ու զինուած էին յարձակողական առաքինութիւններով, «որոնցմով, կ՚ըսէր հայրս, ոչ միայն ուրիշները անհանգիստ կ՚ընեն, այլ իրենք ալ անհանգիստ են»։
s-146 Այր թէ կին հոգածու էին վայելչութեան, ամէն ինչ կարգով կանոնով ընելու, բացի հօրմէս, որ կը սիրէր գծուած ճամբաներէն դուրս գալ, անձնատուր ըլլալ իր ֆանթազիային։
s-147 Անոնք բարձրահասակ էին, նիհար, շատ ճերմակ մորթով, խարտեաշ մազերով, խաժակն, բայց դէպի իրենց ծերութիւնը կը ստանային ընտանեկան յատուկ դիմագիծը, թաթարական դիմակը։
s-148 Հայրս՝ դեռ ամուրի՝ կը բնակէր Վլանկա, Աննիկ հօրաքրոջս տունը, որ վաղուց այրի էր։
s-149 Անոր մէկ աղջկան հիւանդութիւնը պատճառ եղեր էր որ բժիշկի խորհրդով փոխադրուին Սկիւտար։
s-150 Քիչ յետոյ Աննիկ հօրաքոյրս գժտուեր էր հօրս հետ, որովհետեւ հայրս խորհուրդ տուեր էր քրոջս թոյլ տալ աղջկանը ամուսնանալ իր սիրած տղուն հետ։
s-151 Աննիկ հօրաքոյրս համարեր էր որ սա հրաւէր է ընտանիքը անպատուելու։
s-152 Այդպէս էին բարքերը մայրաքաղաք Կ. Պոլսոյ մէջ։
s-153 Երիտասարդներ, որ թերեւս իրարու հետ խօսելու առիթ իսկ չէին ունեցեր, կը բաւէր որ ակնարկներ փոխանակեր էին եւ սիրոյ փոխադարձ զգացումէ մղուած ձգտեր էին ամուսնանալ, կը համարուէին արատաւորուած։
s-154 Դեռ մինչեւ իմ պատանեկան տարիներուս լսեր եմ որ որոշ մեղադրանքով խօսին ընտանիքի մը մասին ըսելով՝ թէ «անոնք սիրահարուելով ամուսնացած են»։
s-155 Հայրս թողեր էր Աննիկ հօրաքրոջս տունը եւ փոխադրուեր էր իր մօրենական ժառանգութիւնը եղող տունը, որ նոյնպէս Սկիւտար կը գտնուէր եւ ուր կը բնակէին իր երկու քոյրերը։
s-156 Եւ իրիկուն մը հայրս, այն ատեն քառասուն տարեկան, բարեկամի տան մը մէջ հանդիպեր էր մօրս, տասնութամեայ դեռատի աղջիկ, եւ ուզեր էր ամուսնանալ հետը։
s-157 Հօրաքոյրերս դիմադրեր էին մերժելով խնամութիւն հաստատել «առապաճի Յակոբ»ի ընտանիքին հետ։
s-158 Բայց հայրս հաստատ մնացեր էր իր դիտաւորութեան մէջ։
s-159 Ամուսնութենէն ութ ամիս յետոյ, ստիպուեր էր կնոջ հետ գալ զոքանչին տունը «մինչեւ երեխայի ծնունդը» եւ այլեւս մնացեր էր հոն։
s-160 Իմ ծնած ժամանակս հայրս իր ունեցածը կորսնցուցեր էր յանկարծակի, քոնսոլիտ ի մէջ։
s-161 Այդ կարգի կործանումներ յաճախ կը պատահէին Կ. Պոլսոյ մէջ։
s-162 Բայց հայրս մեծ պաղարիւնութիւնով դիմաւորեր էր այդ անակնկալ կացութիւնը։
s-163 Իր քենիները թեզկեահի վրայ եազմա կը բանէին։
s-164 Ան հետաքրքրուեր էր այդ գործով եւ անմիջապէս ձեռնարկեր էր արհեստանոց մը բանալ, ուր եազմայի սեւ գծագրութիւնը կը կոխէին։
s-165 Ինքն ալ սորվեր էր արհեստը եւ անայլայլ հոգիով անցեր էր մէկ վիճակէն միւսը։
s-166 Ամբողջ օրը կ՚աշխատէր եւ երեկոները անձնատուր կ՚ըլլար ընթերցանութեան։
s-167 Հետամուտ էր նաեւ գտնելու նոր գոյներ եազմա յի գործի վերաբերեալ, եւ այդ ուղղութեամբ փորձեր կը կատարէր աշխատանոցի մը մէջ, որ կառուցեր էր մեր պարտէզին մէկ անկիւնը։
s-168 Հայրս շռայլ էր եւ կը սիրէր առատութեամբ ծախսել։
s-169 Բայց իր բնաւորութեան այդ մղումին գոհացում տալու համար չէին բաւեր ոչ իր իբր արհեստաւոր վաստկածը, ոչ ալ ժառանգութեան վերջին բեկորները։
s-170 Հետզհետէ հայրս սորվեցաւ պարտքեր ընել վաշխառուական տոկոսներով։
s-171 Մեր ընտանեկան կեանքը այսպիսով ունէր յանկարծական վերելքներ եւ անկումներ։
s-172 Երբեմն անհաշիւ ճոխ, երբեմն չքաւորութեան հասնող նեղութիւն։
s-173 Պարտքերու պայմանաժամերը ոչ թէ կը հասնէին այլ կը պայթէին ռումբերու պէս, որովհետեւ մինչեւ ժամկէտը հայրս կը մնար անայլայլ եւ կը վարուէր, ինչպէս եթե անյատակ գանձ մը ունենար իր տրամադրութեան տակ։
s-174 Եւ եթէ պատահէր որ սիրտը նեղուէր եւ ընթերցանութիւնը բաւական չըլլար իր հոգերը ցրուելու, կը մտնէր պարտէզ եւ կը զբաղէր ծաղկամշակութեամբ։
s-175 Ահա այդպիսի այլազան տարրերէ կազմուած եւ տնտեսական անհաւասար վիճակներու ենթարկուած ընտանիքի մը մէջ ծնած եւ ապրած եմ իմ մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներս։

Text viewDownload CoNNL-U