s-102
| Հիմա չամչնային, հաստատել ջանային պիտի հետքերը ձողին, երկու կիներուն բազուկներէն, որ թօթուած էր պտուղները։ |
s-103
| Ո՞վ էր ըսեր իրենց ներկայութիւնը կիներուն, քաղի ցերեկին։ |
s-104
| Բայց վերադարձողներուն մէջ կային տղաք, որ, դաշտի իրենց գործը կէս ձգած՝ ելեր էին դէպի սա աղբիւրը պարզ պատկերին վայելքին համար, հեռու, աւելի առաջ։ |
s-105
| Ծառը կը հեծկլտար մեղմ ու տրտում, ըսես սփոփել ջանալով իր ամայացած ծոցին բիւրաւոր վէրքերը։ |
s-106
| Մո՞ւթ , - կար անշուշտ, ծառին տակ աւելի խիտ։ |
s-107
| Մէկը գտաւ օճախն ալ, որուն առջեւ ծունկ դրած ըլլալու էր հարս Լուսիկը, անունէն աւելի լուսաւոր, ամբողջ ցանկութիւն ու հուրք աղջիկը հաճի Պետրոսին։ |
s-108
| Երկարեց ոտքը, տրեխին քիթով մոխիրը խառնելով։ |
s-109
| Շո՞ւնչ , ջերմութի՞ւն , կնիկի հա՞մ , թէ ուրիշ բան էր փնտռածը։ |
s-110
| Նստան սակայն։ |
s-111
| Ու բոլոր տղաքը ու քիչ մըն ալ աւելի տարւօքները այս կէտին նման էին իրարու։ |
s-112
| Անկարելի էր խմել այդ աղբիւրէն, հանգչիլ անոր վերեւը յարդարուած տափին ու չխօսիլ անոր տիրոջմէն, ու չդնել մէջտեղ աղջիկն ու հարսը հաճի Պետրոսին։ |
s-113
| Առաջինը՝ իբր ամէնէն գեղանի, կատարեալ մարմինը, զոր կարելի էր տանիլ ժամ, հագուեցնել Աստուածամօր պատկերին պէս ու կեցնել խորանին, այնքան մաքուր ու խաղաղ էին գիծերը անոր երեսին եւ որուն էրիկը խաչ կը հանէր, հանելու էր ապահովաբար ամէն ծոցը մտնելուն։ |
s-114
| Չէր խօսուած, պաշտպանուելով իր շնորհէն ու քիչիկ մըն ալ անսովոր երկայնութենէն, որով հովանաւոր, ժամ ու աղօթքի նուիրուած, հօրենական տունին մեղքերը կը քաւէր էրկանը տունին մէջ իբրեւ օտար ապրելով։ |
s-115
| Ամուլ էր անիկա եւ հեռու կիրքէն։ |
s-116
| Բայց դպրոցական տղաքը կը խենթենային անոր աչքերէն, երբ լուսարար իր էրկանը հետ անիկա տաղաւարներուն եկեղեցիին արդուզարդը կ՚ընէր, պատկերները սրբելով մազերովը, տիրացուներուն գլխուն դնելով իր բամպակէ ափերը եւ նայելով խոր, հեռու անոնց բիբերէն անդին։ |
s-117
| Այդ օրերուն անիկա հիւանդ կ՚ընէր արբունքի հասած տղաքը։ |
s-118
| Երկրո՞րդը , ոչ-նուազ գեղանի հարսը հաճի Պետրոսին։ |
s-119
| Որ կ՚ատէր բոզութիւնը - իր բառերն են ասոնք -, բայց իր կրունկէն անպակաս կը պահէր նոր ժմնուկ տղաքը, որոնց մօտ էր հարսնիքը։ |
s-120
| Հինգ տարուան մէջ չորս տղայ փոխած էր անիկա եւ ոչ ոք գիտէր ստոյգ անոր հաշիւներուն մէջ։ |
s-121
| Անշուշտ զուրկ էր անիկա տալոջը արձանային շնորհէն, բայց կ՚արժէր աւելի տղոցը մտքին։ |
s-122
| Համարձակ՝ բայց ընտանութեամբ սքողուած՝ անիկա իր խօսքը կ՚ուղղէր մեծին ու պզտիկին, ա՛յնպէս ՝ որ ուզուածը առնէին անկէ։ |
s-123
| Քաղցր ու սրտառուչ, հերքելու համար բոզութեան կապուած ձեւերուն լպրշութիւնն ու աղտը, տխո՛ւր ՝ լալու չափ, նայելու ատեն՝ ինչպէս ժպիտին մէջ, որ կոտրած շղարշի մը պէս կ՚իյնար անոր երեսներուն։ |
s-124
| Անոր էրիկը, գինով Պետրոսին խօթացած տղան, խելքէ միտքէ հեռու ճամբաներէ, շատ հաւանաբար կնիկին կախարդական մէկ արարմունքովը կը կորսնցնէր ամսէ ամիս մարդկային իր գիծերը, ստանալով եզի թանձրութիւն ու դէմք։ |
s-125
| Ճակտին երկու կողմերէն կոտոշի յայտնի սկսուածքով, երկոտանի քալելու տեղ չորս ոտքով գնացքէն ախորժելով, հետզհետէ փախչելով մարդերէն, չխօսելով ոչ ոքի հետ, կորսնցնելու չափ բառերու յօդաւորումը եւ իմաստին աղերսը, չուտելով տան սեղանէն - ուրիշներու հաւաստածին համեմատ պարտէզներու մէջ թթենիի տերեւները ուտելով -, պառկելով վարը, ախոռին մէջ, կովերուն քով, ու մշտապէս լուռ՝ անիկա բախտ էր բերած կորակործան հաճի Պետրոսին, որ, հին ու անուանի գերդաստանի մը տաշտի-քերուկ մէկ շառաւիղը՝ ընտանիքին բոլոր խօթութիւնները կ՚ամփոփէր իր պատանութեան վրայ ու իր երիտասարդութեան մէջ սպառած էր պապենական կալուածները, օղիին կարասին շուքին, եզան ճակատ իր մանչուն եւ պարկենք իր աղջկան անհաշտելի հակասութեանցը միջեւ, բայց շտկեր էր մէջքը, հարսին տուն ոտք դնելէն ասդին, վճարած մանր՝ բայց անողոք պարտքերը սրճարանին եւ նպարավաճառին, վերագտնելով գերդաստանին հնօրեայ վարկը, չզատուելով երբեք կարասին շուքէն, ու վերստեղծելով հին բարքերը, սեղանները, հացկերոյթները, խմիչքի երեկոյթները, կնունքի, հարսնիքի, մեռելի առիթով մեծածաւալ փիլաւները։ |
s-126
| Դրամին առատացումը, նիւթական իր բարգաւաճումը, աղջկանը հեքիաթը ու հարսին խուլ հրապոյրը նպաստած էին՝ ստուերի մէջ ձգելու համար երկնառաք պատուհասումը իր մանչուն, որ կարգուելէն ասդին կը խորանար իր մեծագարութեան մէջ։ |
s-127
| Իրողութիւն էր, որ «մամածակ», «էշ», «ջորի», աւելի ետքը՝ դահացած «եզ», անոր տղան, որ քարի պէս հաստ, բայց ներսէն փտուկ իր գլուխովը, նշանաւոր էր դարձած տարեկիցներուն մէջ, ամէն օր ծեծ ուտելով վարժապետէն, պարտքի մը պէս ու տասներկու ամսուան մէջ գոյական մը հոլովել (իրաւ է թէ գրաբար) չսորվելով, դպրոցէն դուրս խելք էր գտեր, ապահովաբար՝ Աստըծոյ պարապ մէկ վայրկեանին, խելքը Ռուսաստան երթալու, շերամի հունտ վաճառելու եւ փոխարէն «բեռնով ոսկի» բերելու։ |
s-128
| Այս յաջողմունքէն դէպի եզութիւն ո՞րն էր ճամբան։ |
s-129
| Շատ բաներ հնարուեցան։ |
s-130
| Օգտագործուեցան նմանօրինակ յերիւրումներ, պատահած հեռու տեղուանք (որոնք կը պատմէին հրաշքները Ամենակալին), յաճախ արդար վերջաբանով։ |
s-131
| Ըսուեցան աւելի իրաւ բաներ, տունէն, հաճի Պետրոսէն, գեղանի հարսէն բխող։ |
s-132
| Ըսուեցաւ ընդարձակ պուկի մը, կառավարուած կնոջ կողմէն, որով արգելքի տակ կ՚իյնային եզադէմ մանչուն սեռական գործարանները եւ ուրիշ շատ բաներ։ |
s-133
| Ու չըսին, չգիտնալնուն, արիւնը, որ կը յանգէր սա վերջին երակին։ |
s-134
| Եզ, էշ, մամածակ՝ անոր էրիկը սխալ քայլ չառաւ դրամի հարցերուն մէջ ու ամէն տարի կանոնաւորաբար ըրաւ իր ճամբորդութիւնը դէպի Կովկաս։ |
s-135
| Անոր բացակայութեանը կինը «կ՚արծէր», զգոյշ ու արժանաւոր վայելչութեամբ, սուտի պէս առնելով այցելութիւնները, խերով ու առատաձեռն նուիրանքով սքողելով իր արդուզարդին մեղրագոյն նորութիւնը եւ քաղաքաձեւ կոկութիւնը։ |
s-136
| Կը խնայէր տունին, օճախին պատիւին, հեռու կենալով արձակ գայթակղութենէն, մնալով հպարտ ու խուսափուկ, պարզ ու քաղցրալեզու, դիւրամատոյց ու անհաս, վանելով, վարժ խաղարկութեամբ մը, յայտ ու վտանգող դարպասները անցեալով ծանօթ կնորսներուն, փոխադրելով իր տարփանքը շատ ապահով խորշեր, մէրանցը կամ քոյրերուն տուները։ |
s-137
| Անուններ կը կապուէին անոր ծոցին, պատահական, գուշակովի ու անճիշդ, քանի որ չկար մէկը, որ յաւակնէր հեգելու գիրերը այդ անուններուն։ |
s-138
| Բայց անիկա տաղանդով կ՚օգտագործէր յիմարութիւնները իր պարոնտատին, ով գիտէ ի՛նչ անդնդային ձայնի ունկնդիր, երեսին վրայ բաց կը պահէր իր դուռները նոր ժմնուկ տղոց, մատաղատունկ ու պայծառ պարմաններ, հազիւ ստուերոտ պինչերով, ամբողջութեամբ համ ու վայելչութիւն, կրելով հոգեկան աղուամազը, որով կը պարուրուի մեր ուշացած պատանութիւնը, յանգելէ առաջ իր վերջնական տարազին։ |
s-139
| Թաղէն, բոլոր տղաքը, դեռ չզատուած փաղաքշական իրենց պիտակներէն։ |
s-140
| Ընտանի՛ ու բնական, որպէսզի ելլէին վեր, բան մը բերելու պատրուակով, գտնէին հարսը, քսուէին, կամ պագնէին զայն կամաց, ակամայ ու խենթեցած իջնէին բակ, օղիին հուրքովը օծելու պագին գինովութիւնը։ |
s-141
| Հաճի Պետրոսը բակի դրան դուրսի դին, ծալապատիկ՝ չէր գոցեր բերանը, ինչպէս դուռը, մինչեւ որ չքամէր երկուքուկէսնոց շիշը։ |
s-142
| Ամրան, ասիկա այսպէս, անփոփոխ սպասարկումով։ |
s-143
| Կարգով։ |
s-144
| Չէր վախնար գրողէն, երբ գղիաթը փռէր սեմին սաքուին։ |
s-145
| Սրբազան հեղուկը կը լուսաւորէր, կը վառէր երիտասարդները, մինչ բակին դէպի խորերը, հարսին տեսիլքը, կիսամութէն շեշտուած սպիտակութեամբ մը կը պտըտէր, խռովելով խմողն ու անցորդը հաւասարապէս։ |
s-146
| Հաճի Պետրոսին հարսը այս անկիւնէն էր, որ կը ճանչնար տղաքը, իրենց անպարտկելի ներանձնութեանը մէջ։ |
s-147
| Օղին մարդոց աստիճանը, այարը ճշդող հրաշալի իսկութիւն մըն է։ |
s-148
| Սիրտին, մարդկային առաքինութեանց, մա՛նաւանդ սեռին անգայտաչափը, որ քիչ անգամ կը սխալի։ |
s-149
| Մարդ իր համբաւը կը կերտէ կամ կը քայքայէ համաձայն ալքոլի տակ իր ճնշականութեան։ |
s-150
| Գինովութի՛ւնը , - հերքումն իսկ է օղիին յատկութիւններուն։ |
s-151
| Գինովը, այսինքն՝ ալքոլէն նուաճուողը ծիծաղելի արարած մըն է։ |
s-152
| Հաճի Պետրոսին հարսը տարիներով չինկաւ փողոցին բերանը, վասնզի իր սիրականները զատած էր այդ ցուցմունքին տակ։ |
s-153
| Բանտէն դարձողները անշուշտ չմտաբերեցին այս ամէնը վերբերուած կարգով։ |
s-154
| Բայց անցան այս ամէնով պայմանաւոր հոգեվիճակէն։ |
s-155
| Տարիքներ կան, որոնց համար կինը լիութիւն է, փակելու չափ ջիղերը ուրիշ ամէն յուզմունքի։ |
s-156
| Անոնք կոտրտուեցան սեռին անյագ ծարաւով, առանց քաշուելու դրին մէջտեղ գեղանի հարսը, հիւսեցին անոր մէջքը իրենց բազուկներով ու կոտտալէն, սարսռալէն կոտրեցին իրենց ծունկերը գետին։ |
s-157
| Փուշի վրայ էր միայն Սողոմենց Սողոմը, որ հաճի Պետրոսին հարսէն ու աղջիկէն բաժնուած էր շատ կանուխ ու տարուած Նալպանտենց տունին։ |
s-158
| Գեղին կողմէն տեսակ մը տաքուկ շնչում ցաւի պէս կը դպէր անոր կոպերուն։ |
s-159
| Պահ մը կեցան ձայները։ |
s-160
| Նման պահերու մութը կը բարակնայ ինքնիրեն, գուցէ անոր համար, որ ներսէն վառող պատկերները զօրաւոր են շատ ու մարդ կը վախնայ անոնց փայլէն։ |
s-161
| Մնաց որ, տեսողութիւնը աւելի յստակ է ներքին աչքերով ու մարդ յաւելեալ այդ պայծառութիւնը կը փորձէ փոխադրել շրջապատին։ |
s-162
| Ա՛ն ՝ որ կնոջ մը պատկերին հետ կը քալէ խաւարին փորէն, շեշտ զգայութիւնը ունի կիսալոյսէ անցնելու։ |
s-163
| Յետոյ՝ մութը երբեք բաւական թանձր չէ, որպէսզի երիտասարդները, իրարու քով բերեն իրենց դրուագները, մտապատկերուած տեսիլքներէն փրցուած։ |
s-164
| Ընդհակառակն։ |
s-165
| Քաջալեր մըն է անվտանգ զեղումի։ |
s-166
| Ակնոցի մը - գունաւոր - պաշտպանութեան տակ մեր աչքերը աւելի քաջ են կիներու ձեւերը խորաչափելու համար։ |
s-167
| Ու մարդէ մարդ, գեղէ գեղ աստիճանը միայն կը տարբերի զգալու այս եղանակին։ |
s-168
| Թերեւս դուք կ՚անգիտանաք, որ բանտէն դարձող այս երիտասարդները տղաքն են գեղի մը, որուն հովիւները իրարու գլուխ են պատռած, երկինքէն իյնալիք կնոջ մը տիրացումին համար։ |