Dependency Tree

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Partdev
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Select a sentence

Showing 2 - 101 of 168 • previousnext

s-2 Խումբը, գրեթէ համատի տղոցմէ կազմուած, կը մտնէր վերջապէս սահմանները գեղին։
s-3 Կառապաններ, մեծ մասը ասոնց, յեղափոխականները փոխադրելու մեղքով, իրենց արհեստին պարտադիր լրբութիւնը քաւելով այսպէս անիրաւաբար։
s-4 Օտար տան վարձուորներ, որոնք իրենց աղքատութիւնը կ՚եղեն ընչեղ գերդաստաններու առատութեան մէջ ու գիշեր ու ցերեկ կ՚եփին անոնց հարսներուն հուրքովը։
s-5 Մէկ - երկու անդրանիկ, միջին ընտանիքներէ, անդարձ հեռացած հայրիկին տեղը, կանուխկեկ մտած հացի պայքարին, ու այդ գնով, սուտով ու փուտով շտկած տունին կործանած տնտեսութիւնը։
s-6 Բոլորն ալ, նոյն հրաշքով նետուած դուրս անկէ։
s-7 Բոլորն ալ, բացի Սողոմենց Սողոմէն, չունէին մէկը «անկողինին մէջ» իրենց սպասող, ինչպէս սկսած էին սրախօսել իրարու, երբ ջուրերու գլխուն, հանգչելու ատեն ծաղրանկարը կ՚ընէին փարթամ՝ բայց գոնջ աղաներու եռանդին, կրկնելով անոնց մասնայատուկ շարժումները, թիփիկ բեկորները բառերուն, նորոգելով, կարելի հարազատութեամբ յօնքի, թարթիչի, նոյնիսկ քիթի այն փոքր կնճռումները, որոնք մեր դէմքին սովորական միակերպութեան վրայ կը բուսնին յանկարծ ու կու տան անոր՝ շեշտն ու կտրուածքը մեր մնայուն, անկորուստ անձնականութեան։
s-8 Բարկութեան հրթիռ մը, հաճոյքի փայլակ մը, գոհունակութեան փոքր հեւք մը յաճախ կը բաւեն այդ լիութիւնը յառաջ բերելու։
s-9 Ուրախութիւնը, երբ կ՚արտայայտուի հնչումով, գերագոյն պատեհութիւններէն մէկն է, մեր դէմքը իր վաւերական կնիքին դարձնող։
s-10 Երբ դիտեցիք, այսինքն՝ զգացիք ծիծաղի մը հաստութիւնը, չափած էք, բաւարար ստուգութեամբ, թանձրութիւնը հոգիին, ուրկէ փրթած է այդ միսի ալիքը։
s-11 Հետի, վերջին խումբն էր ասոնցը, այդ օրը գազայէն գեղ դարձող ուրիշ խումբերու։
s-12 Գրեթէ բոպիկ - շատեր ծախած էին իրենց ոտիցները հացի համար -, բայց տարիքէ թեթեւ, անոնք, հակառակ առաջացած գիշերին, չունէին դասական աճապարանքը, որ դէպի գեղ դարձը կ՚ոգեղինէ անգիտակցաբար։
s-13 Թուրք գեղերու պատկանող հողամասերու մէջ, անոնք, ըլլալէ յետոյ զուսպ ու մտավախ - դարերը յօրինած ըլլալու են այդ ներքնազգեստը մեր հոգիին համար։
s-14 Միջավայրի փոքր փոփոխութիւն մը անհասկանալի կ՚ընէ այդ գոյավիճակը հիմա մեզի - անգամ մը, որ զգացին հոգին իրենց հողերուն, ինքնահոս բնակութեամբ մը դարձան թեթեւ ու արի։
s-15 Անոնք երկար փնտռուած բանի մը հասնելուն շեշտ գիտակցութիւնը ունէին։
s-16 Պարզ ու մեծ էր զուարթութիւնը, որ կը յորդէր անոնցմէ։
s-17 Սանկ յարդարուած, համով հոգեվիճակ մը, որ մեծ տագնապներէ յետոյ, կը բացուի մեր ներսը, լուալու համար կարծես ժանտ ու սեւ աղերը ցաւին։
s-18 Հակառակ անցեալ ըլլալուն, բանտը, աւելի ճիշդ՝ անով ստեղծուած բարեխառնութիւնը չէր հեռանար անոնց կրունկներէն։
s-19 Չես գիտեր ինչպէ՛ս , մօտէն կամ հեռուէն, բոլորն ալ քսուած քոմիթաճիներու պատահարին, ինկած էին բանտ շատ խոշոր յուզումներու, դղրդումներու ընդմէջէն։
s-20 Կառավարութիւնը վաշտ մը զօրքով կատարած էր ձերբակալութիւններ, ահաբեկած գեղը ոստիկանական անսովոր միջոցներով, ու խորտակած, վայրագ հեշտութեամբ մը, աւագանին, զանոնք կապելով աղաներու սրճարանի սօսիին ու անխնայ ծեծելով, ստեղծելու համար խօլ այն բռնկումները, որոնք ամբոխ մը մէկէն կը փաթթեն ու կը տանին աղէտին։
s-21 Անիկա խորտակած էր նմանապէս դասակները քաջերուն, հինգ - տասը տարի առաջ լեռներուն իշխող, բայց հիմա մտած զգաստութեան ճամբան։
s-22 Ու բանտարկեալները դողացած էին ահաւոր այն մտապատկերէն, որով կը ձեւէին մահը խեղճուկ այդ բանտին մէջ, թուրք իրենց ընկերները, յեղափոխական պարունակէն - ոտք ու ձեռք կապուած՝ շաքարի տոպրակին մէջ թխմուելէ յետոյ ձգուիլ ջուր -, շփոթելով Պոլսոյ ջուրերը սա ողորմելի գազային հոտած առուակին հետ։
s-23 Քաղաքական յանցանքները տարօրինակ ճակատագիրն ունին յանցանք չըլլալու։
s-24 Անոնք զգացումներ են, վիճակներ են ու իբր այդ կը տպաւորեն։
s-25 Թող փոխուի բարեխառնութիւնը, ու երէկուան մահապարտը կը բարձրանայ մինչեւ գերագոյն գահը իշխանութեան։
s-26 Հայ տղաքը նեղուած չէին իրենց թուրք բանտակիցներէն, որոնք իրական յանցապարտներ, կէս արգահատանքով կը դիտէին զիրենք, բայց այցելուած էին մղձաւանջէն, որ կը բռնէր անոնց ցերեկն ու գիշերը։
s-27 Անոնք իրենց հողերուն ալ վրայ, ինչպէս հիմա, կը քննէին, կը դատէին՝ հասկնալ փորձելու պատճառը, որ զիրենք կ՚ազատէր ձուկերուն կեր ըլլալէ։
s-28 Օրերով, բանտի մէջ, փորած, փորփրած էին փաստերը, իրողութիւնները, փորձառուներու վկայութիւնները, հասնիլ կարենալու համար սա դատավարութեան թաքուն ծալքերուն, կերած ծեծը, անլուր խստութեամբ, խոստովանելու համար պոմպաներուն պահեստը, բայց չէին ըմբռնած իմաստը այս ամէնուն։
s-29 Անոնցմէ շատեր յեղափոխութիւնը ճանչցեր էին իրենց դպրոցական երգարաններով, զորս կը յօրինէին անլուր խնամքով, ամէն մէկ երգի սկզբնատառին համար հաւնոց մը սոթտելով, վճարելու համար թռչնագիրներուն արժէքը, ու ջուրի պէս գոց սորվելով բառ ու եղանակ, - ամէնէն հաստ գլուխներն անգամ անմասն չեղան այս նուիրանքին։
s-30 Աւելի՛ն . ասպատակներու հաշուոյն փսփսացուած շահատակութիւններով, սպանութիւններով։
s-31 Աւելի՝ քանի մը կարմիր լրագիրներով, ճմուռ - ճմուռ, որոնք Պոլսէն կ՚անցնէին Եալովայի գեղերը, յետոյ կը ճամբորդէին դէպի հարաւը լիճին։
s-32 Բայց, ամէնէն աւելի, իրենց հոգիին անքակտելի վկայութեամբ, պարզ ու յստակ այն ձայնով, որ կը խօսի ամէն գեղի ժողովուրդի մէջ, առանց դուրսէն դասի, մանուկներէն իսկ զգալի բարբառով։
s-33 Ու մի՛ զարմանաք, որ զանգուածը, անոր ամէնէն կարծրացեալ խաւն իսկ թրթռայ այդ յուզումին ներքեւ։
s-34 Բռնապետութեան հետզհետէ սաստկացումը, պետական ուշադրութիւնը, որ զէնքի տղոցմէն կը տարածուէր դէպի հարուստները, թուրքերուն յաջողութիւնները ու վեհապետին անձովը պայմանաւոր այն տարօրինակ հաւատաւորութիւնը, որով երկինքն ու երկիրը իրենց սեփականութիւնը կը զգային դաշտի գօս ու գոնջ կովարծ թուրքերը անգամ, - այս ամէնը փոխած էին ընդունուած մտապատկերները։
s-35 «Հայուն Աստուա՜ծը »։
s-36 Ով գիտէ ո՛ւր էր ինկած գերի Մահմէտին մէկ խաղին։
s-37 Ինչո՞ւ այս տրտմութիւնը, ցեղային յուսաբեկման սա ժանգը այդ տղոց ալ մէջ, սա պահուն իսկ, երբ հողն ու օդը կը դադրէին օտար, թշնամի ըլլալէ։
s-38 Ու տեսան, որ չէին կրնար չյիշել անցածը։
s-39 Ու խոշոր, ու արագ, խուռերամ՝ անոնց մէջ կը յառնէր այդ անցածը, պղտոր ու անաւարտ, ինչպէս նկարագիրն է կեանքին։
s-40 Ու կը խօսէին, ցատկող, քիչ, բեկ այն բառերով, որոնք մարմինէն աւելի հոգիին յոգնութիւնը կը պատմեն։
s-41 Անոնց լեզուին վրայ տարտամ ու անկշիռ բանի մը վերածուած էին դէմքերը զոյգ քոմիթաճիներուն, որոնք իրենցմէ մեկուսացուած, ատեան կը բերուէին, սուինապատ հսկողութեամբ, ամէն օր, կը քննուէին միավանկ հարցումներով ու կ՚առաջնորդուէին, նոյն արարողութեամբ, իրենց նկուղը։
s-42 Այդ մարդերը, այդպէս կապուած, այդպէս կործանած կը ցաւցնէին անոնց սիրտը, տաք երկաթի մը պէս այրելով իրենց ճիկէրը, - այնքան տխուր էր, օտար էր իրենց աչքին դրուածը իրենց մտքին մէջ պատրաստուածէն։
s-43 Յետոյ՝ տեսակ մը թշնամական բան կ՚արթննար, իրենց յուսախաբութիւնը ու անոնց թշուառութիւնը իրար կամրջող։
s-44 Ասո՞նք , այն մարդիկը, որոնց ձեռքովը պիտի մարմնանար դարերու երազը։
s-45 Անոնք չէին կրնար վերանալ անմիջական ոլորտէն։
s-46 Ու կը նեղուէին ու կը հրուէին դէպի անլոյս խրամները իրենց գերութեան։
s-47 Կռիւին, վառօդին հոտէն հեռու, բառերու հրայրք մը անզօր է գեղացիին։
s-48 Ազգային իրենց խորհուրդէն այսպէս մերկացուած, քոմիթաճիները կը վերածուէին պարզ ու խեղճ արարածներու։
s-49 Ու ատելով կ՚ոգեկոչէին անոնց մունջ ու նկուն նկարը, սուիններուն վանդակին մէջ, շղթայապիրկ ու անխօս։
s-50 Ո՞վ էին։
s-51 Ուրկէ՞ կու գային։
s-52 Անոնք՝ որոնք եղած էին հետերնին, այդ օրերուն իրենց չհարցուցածը հիմա կը հարցնէին անոնց ոգեկոչուած պատկերներուն։
s-53 Անգիտացած էին անոնց ինչու գալն անգամ։
s-54 Ոչ ոք ուշադրութիւն կ՚ընէր իր մտածումներուն։
s-55 Ճամբու իւրաքանչիւր ոլորք պահ մը կ՚ընդհատէր անոնց նիւթը։
s-56 Ամէն արտ անհատականութիւն մը ունի ու դէմք մը։
s-57 Նոյնիսկ մութը անբաւական է եղծելու անոնց այդ առաքինութիւնը։
s-58 Կը ձգուէին պարտէզներու տէրերուն, տուներուն դէպի իրականութիւնները։
s-59 Ու քիչ-քիչ կը մոռնային։
s-60 Եւ որովհետեւ գեղին առաջաւոր մասը, աս ու ան ձեւով, խառնուած էր անոնց ներկայութեամբը ստեղծուած խռովքին, զարմանալէ յետոյ, յոգնած՝ թափանցիկ ու անպտուղ ճիգէն, կը լքէին քոմիթաճիներուն խորհուրդը, ծանրանալու համար փոքր դրուագներու, իրենց ծանօթներէն, իրենց իսկ պատահածներէն, երգարանի մը համար տունով-տեղով աքսորուած վարժապետէն։
s-61 Իրենցը, այսինքն՝ հիմակուա՞նը ։
s-62 Անոնք կը դատէին զայն, քիչ մը փոքր ու սկեպտիկ։
s-63 Ու հիմա, որ ա՛լ հեռու էին անմիջական պատուհասին մղձաւանջէն - արձակուելէ առաջ, բանտին բակին մէջ, յետոյ շուկան աղօթած էին Սուլթանին արեւշատութեան համար -, կարծես ազատուած ընդմիշտ թուրքին ահէն, իրենց գեղին քաղցր մերձաւորութեան առջեւ, անոնք վերադարձան իրենց տարիքին հիմնական պահանջին։
s-64 Ու կը գունաւորէին իրենց կարօտը, ըղձանքները, արիւնին խենթութիւնները, մերթ սրամիտ ջերմութեամբ, մերթ նիւթով, թանձր պատկերներով, իրապաշտ ու լիրբ, նետելով բառերուն հետ, քովէն՝ անուններ, վաւերական, գեղէն՝ կնիկի, աղջիկի, հարսի, - բոլորն ալ մեծաւորներէն, որոնք իրենց հետ բանտ, իրենց հետ արձակուած, վարձեր էին պատրաստի բոլոր կառքերը, ժամ առաջ վազելու համար ոչ թէ իրենց տուները - շատ-շատ անգամ երիտասարդներու բերնին մէջ տուն մը բանաձեւի կը վերածուի հոն աճող աղջկան կամ «լուս տուող» հարսին անունով -, այլ՝ ծոցը աս ու ան կնիկին։
s-65 Դրամը, մեծ մեղքերը, խուլ ու գաղտ ախտերը գեղի կնիկներէն կազմած էին մասնաւոր դասակարգ ու զարգացուցած անոնց ախտաժէտ միսերուն մէջ այլապէս խոր խռովքներ, երակուելու ատեն չունեցող յուզումներ, որոնք գործի կը վերածուէին երբեմն զգայացունց մեղքով մը, տիրելով պարզ մարդերու խաղաղ գիշերներուն։
s-66 Ու ասոնք կիներն էին հարուստներուն։
s-67 Աղքատներու հաշուոյն, ամէն կին տեսարան կու գար, իր հրապոյրներուն ամբողջ հէնքովը, սանկ ընտանի, մօտիկ, մասնաւորներու կծիկէն, որով միս մը կը զատուի միւս միսէն, անցնելու համար սա տղոց ակռաներէն, շրթներէն, որոնք անզգալաբար կը պարպուէին այրերուն համար այնքան պինդ հեգնութեան երանգէն, ըսես նուաճուելով սեռին խոր ձգողութենէն ու կ՚արտաբերէին հարսը, աղջիկը, կինը, իրենց մարմնամոյնքը՝ խորախորհուրդ, թունդ օղիի մը պէս ներսերը այրող յուզումով։
s-68 Ու շարքը դասական հէնքերուն, միամիտ ու խորունկ, որոնք կը բացատրեն սիրային եղանակներուն սրտառուչ քաղցրութիւնը եւ գեղէ գեղ կրակ ու համ կը փոխադրեն միջոցին վրայով։
s-69 Քսանամենի տղաքը, կարգուելէ առաջ սեռ են ամբողջութեամբ։
s-70 Գեղին բոլոր յոգնութիւնները, ու դուք կը հասկնաք նիւթական աշխատանքին ամէնէն ծանր տեսակները, բոլոր զբաղանքն ու աղքատութիւնը անզօր կը մնան գերագոյն այդ ցուցմունքին դէմ, որ տղոց մարմինները կ՚ասղնտէ ու անոնց հոգին հազար բերան աղբիւրի մը կը վերածէ։
s-71 Ինչ որ ալ ընեն, նիւթեղէն կենցաղի որ ձեւին ալ մտնեն, անոնք պիտի յաճախուին սեռին մեծ մագնիսէն ու պիտի արեւելուին անոր բեւեռներէն։
s-72 Այսպէս էր, որ անոնք մոռցած իրենց տուներուն դժնդակ զօրութիւնը, մոռցած նոյնիսկ իրենց մայրերն ու պարագաները կը շինէին պատկերները վերադարձողներու միացումին, անգիտելով սեռէն դուրս ամէն բան, ուրանալով ծերունի հայրը, որ գաւազանին տուած իր լխկող ոտքերը՝ կը կենար սեմին, պագնելու համար դարձող զաւակը, անգիտելով կարօտին պարզ, մարդկեղէն յուզումին բաժինը՝ տան առաջներուն, տեսարանին վրայ ցաթեցնելով միայն ու միայն արեւը սեռին, յիմար ու միամիտ։
s-73 Այդ տղոց հաշիւներով ամէն կին պարտաւոր էր ընդունելու իր էրիկը դրան սեմէն, բերնին, այտերուն ու աչքին մէջ փոխադրելով ինչ որ անոր համը կը շինէ աշխարհի աչքին։
s-74 Ու տղոց երեւակայութիւնը կը մանրամասնէր կարմիրն ու դալուկը, թուշին խալն ու աչքերուն ծովը, դատելով մորթին, հասակին, մազերուն ու ծոցին փաստերը, առանձին առանձին, որոնց համեմատ աս ու ան հարսը շրթունքիդ ներքեւ «ճըմլուած նուռ կը դառնար», կամ՝ լուացուելէ յետոյ՝ արեւին փռուած «մետաքսի կտոր», կամ՝ «հրեղէն էակ», որուն նայուածքին տակ քարերը լեզու կ՚ելլեն։
s-75 Յետոյ՝ անոնք զոյգին կը հետեւին բակին կիսամութին մէջ, իբր թէ մինակ ըլլային, այսինքն՝ առանց տուն մը պզտիկի, կեսուրի, կեսրայրի, ազգականներու։
s-76 Անոնք անոնց մարմինները իրարու կու տային ու կ՚առնէին։
s-77 Սանդուխէն վերնայարկ։
s-78 Յետոյ՝ սրահ, սենեակ։
s-79 Ու խեղճ այդ կիները պարտաւոր էին, ամէն մէկ տեղի համար, իրենց բերանէն, մատներէն, ու մարմինին աւելի պատսպարուած մասերէն հանել, կատարել յատկանշական այն շարժուձեւը, որով կին մը կը զատուի մեր մտքին մէջ ու կ՚անձնանայ։
s-80 Անոնք կ՚աւարտէին ընդունելութիւնը, գինին ու ճամբու կը դնէին, մեծ աճապարանքի մէջ, բոլորը, հետեւելու համար զոյգին մինչեւ չորս խաւ անկողիններէ կազմուած մահիճը ու կը պառկեցնէին զանոնք։
s-81 - Ուտողաց անո՜ւշ , Սողոմենց Սողոմ։
s-82 Պոռացողը շուտիկ կառապան մըն էր, մօրը մանածը ծախած, որ գործին բերումով կը ճանչնար նաւահանգիստը, Պրուսան, անոր ջերմուկները ու ասոնց ծառերուն ներքեւ գիշերազբաղ խրախճանքները, պոռնիկներով ու մանչերով ու կը նկատուէր սեռային մարզին վրայ առաջնակարգ մասնագէտ։
s-83 Պատմեր էր բանտին մէջ անմոռանալի դրուագներ, հնարովի կամ ապրուած ու շահած էր համակրութիւնը բանտապահին։
s-84 Կ՚ընէր այս ելոյթը, պճռկելու համար մեղուին բոյնը։
s-85 Սողոմենց Սողոմը անմատչելի էր մինչեւ սա պահը հեքիաթին եւ իրականութեան։
s-86 Ընկերները, լուռ, սպասեցին, որ գոնէ հիմա, կատարուի սխրալի պատմումը Նալպանտենց Աղուորին ծոցէն, քանի որ յղութեան փաստը հասեր էր մինչեւ հոն, բանտը։
s-87 Սողոմենց տղան մնաց համր, ինչպէս ըրած էր արդէն, ո՛չ հերքելով, ո՛չ հաստատելով հասարակաց տարաձայնութիւնը։
s-88 - Ուտողաց անո՜ւշ , - կրկնեց կառապանը ու պարպեց տեսարանին վրայ մարմինը ալայպէյի մը կնոջ, որ Պրուսայէն նաւահանգիստ երթի մը պահուն նուաղած էր կառքին մէջ։
s-89 Իրա՞ւ ։
s-90 Սո՞ւտ ։
s-91 Ինչո՞ւն էր պէտք։
s-92 Անիկա գրկած էր կինը, իջեցուցած ծառի մը տակ, ու լուսնի լոյսով ու համբոյրով արթնցուցած «հիւրիւ մէլէք» կնիկը...
s-93 Հասած էին աղբիւրը հաճի Մարուկենց հաճի Պետրոսին, առաջի՛նը ՝ գեղին սահմաններէն։
s-94 Մատղաշ ու գեղակերտ ընկուզենի մը - տնկուած ծնունդին օրը հաճի Մարուկենց հաճի Պետրոսին աղջկան, որ գեղին ամէնէն աղուոր աղջիկը ըլլալէ ետքը, բացառիկ զիջումով, պահած էր հայրական մականունը էրկանը տունը երթալէ ետքն ալ - ծանր բան մը կը դողացնէր անոնց շուրջը։
s-95 Ծա՞ռը , թէ գեղանի կնիկին պատկերը։
s-96 Իրողութիւն էր, որ անոնց շուրջը կը ծաւալէր պտուղէն նոր կողոպտուած ծառի այն տրտում, կոծկոծուն հոտը, որ կը դիմանայ տակաւին քանի մը օր ալ, քաղէն ետքը։
s-97 Յետոյ՝ մարդոց շունչը, համը, քանի մը ժամերը, որոնցմով յօրինուեցաւ գաղփաղփուն պատկերը աղուոր կիներով տրոփուն ու տղոց մտքին մէջ անջինջ փորագրուող։
s-98 Վասնզի կեանքը թեթեւ է, երբ կը քալէ։
s-99 Կապարի պէս կը ճնշէ անիկա, երբ կը կենայ։
s-100 Այդ ընկուզենիին տակ ան օրը եղած էր հաւանաբար հաճի Պետրոսի հարսը, այլապէս խռովիչ ու մտքերու վրայ աննահանջ գամուող այդ միւս կնիկը։
s-101 Գուցէ զոյգ այս կիներուն տեսիլքն էր, որ անոնց վրայ բերաւ սիրտ սեղմող, շատ անօթի զգայութիւններ, բոլորովին նման անոնց, որոնցմէ տառապեր էին այդ տղաքը, խուլ բակերուն խորը, երբ նորատի հարսնուկներ առանց զգալու իրենց ըրածին ծանրութիւնը, կը ժպտէին իրենց ու կու տային օրուան ուտեստը, ըսելով աշխատութեան տեղը եւ հեռանալով, մշտաժպիտ ու հո՜վ ։

Text viewDownload CoNNL-U