«Կովերու պարտէզի» համաձայնագրի վերաբերեալ ահազանգ հնչեցնելէն ետք, Երուսաղէմի Նուրհան Պատրիարք եւ իր հանցակից Պարետ Վարդապետ սկսած են սպառնալ եւ հալածել Հոկտեմբեր 27-ի եւ Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնները ստորագրած հոգեւորականները:
«Koverow partēzi» hamajaynagri verabereal ahazang hnčec’nelēn etk’, Erowsaġēmi Nowrhan Patriark’ ew ir hanc’akic’ Paret Vardapet sksaç en spaṙnal ew halaçel Hoktember 27-i ew Noyember 15-i yaytararowt’iwnnerë storagraç hogeworakannerë.
Այս ահաբեկումներու պատճառով երեք Վարդապետներ (երկուքը Երուսաղէմէն, մին արտասահմանէն) իրենց ստորագրութիւնները քաշեցին յայտարարութենէն եւ Պարետ Վարդապետի պատրաստած Նոյեմբեր 12-ի հրապարակած յայտարարութիւնը ստորագրեցին, որու բովանդակութիւնը միայն սուտեր էին եւ կեղծիքներ:
Ays ahabekowmnerow patč̣aṙov erek’ Vardapetner (erkowk’ë Erowsaġēmēn, min artasahmanēn) irenc’ storagrowt’iwnnerë k’ašec’in yaytararowt’enēn ew Paret Vardapeti patrastaç Noyember 12-i hraparakaç yaytararowt’iwnë storagrec’in, orow bovandakowt’iwnë miayn sowter ēin ew keġçik’ner.
Ի պատիւ քանի մը հոգեւորականներու, պէտք է ըսել, որ անոնք տեղի չտուին անոնց ահաբեկումներուն ու սպառնալիքներուն եւ իրենց ստորագրութիւնները չքաշեցին:
I patiw k’ani më hogeworakannerow, pētk’ ē ësel, or anonk’ teġi čtowin anonc’ ahabekowmnerown ow spaṙnalik’nerown ew irenc’ storagrowt’iwnnerë čk’ašec’in.
Հոս կարեւոր է որ մեր հայրենակիցները գիտնան, որ երկու պարագաներուն ալ պաշտօններէ հեռացուած վարդապետներու փոխարէն նշանակուած են Հոկտեմբեր 27-ի եւ Նոյեմբեր 15-ի յայտարարութիւնները չստորագրած իրենց մանկլավիկ եւ կամակատար հոգեւորականները:
Hos karewor ē or mer hayrenakic’nerë gitnan, or erkow paraganerown al paštònnerē heṙac’owaç vardapetnerow p’oxarēn nšanakowaç en Hoktember 27-i ew Noyember 15-i yaytararowt’iwnnerë čstoragraç irenc’ manklavik ew kamakatar hogeworakannerë.
Յայտարարութիւնները հրապարակելէ ետք Նուրհան Պատրիարք իր կատարածուին միջոցաւ լուր կը ղրկէ յայտարարութիւնները ստորագրած բոլոր եկեղեցականներուն, որ արգիլուած է իրենց Պատրիարքարան մտնալ եւ Պատրիարքը տեսնալ:
Yaytararowt’iwnnerë hraparakelē etk’ Nowrhan Patriark’ ir kataraçowin miǰoc’aw lowr kë ġrkē yaytararowt’iwnnerë storagraç bolor ekeġec’akannerown, or argilowaç ē irenc’ Patriark’aran mtnal ew Patriark’ë tesnal.
Ստորագրած եկեղեցականներէն մէկուն ամսեկանը յանիրաւի կտրուած է եւ դրամը փոխանցուած է երկու վարտապետներէն մէկուն, որ իր ստորագրութիւնը քաշած էր Հոկտեմբեր 27-ի յայտարարութենէն:
Storagraç ekeġec’akannerēn mēkown amsekanë yanirawi ktrowaç ē ew dramë p’oxanc’owaç ē erkow vartapetnerēn mēkown, or ir storagrowt’iwnë k’ašaç ēr Hoktember 27-i yaytararowt’enēn.
Նուրհան Պատրիարք-Պարետ Վարդապետ տխրահռչակ զոյգը, որ հայութեան կողմէ արդէն արժանացած են հողատու եւ դաւաճան «տիտղոսներուն», մեծ ճնշում կը բանենցնեն Միաբանական Ժողովի ատենապետին վրայ, որպէսզի ան իր ստորագրութիւնը դնէ «Կովերու պարտէզի» համաձայնագրին վրայ:
Nowrhan Patriark’-Paret Vardapet txrahṙčak zoygë, or hayowt’ean koġmē ardēn aržanac’aç en hoġatow ew dawač̣an «titġosnerown», meç č̣nšowm kë banenc’nen Miabanakan Žoġovi atenapetin vray, orpēszi an ir storagrowt’iwnë dnē «Koverow partēzi» hamajaynagrin vray.
Նուրհան Պատրիարք այնքան առաջ գացած է իր վրէժխնդրութեան եւ ոխակալութեան մէջ, որ որոշած է նոյնիսկ քանի մը եկեղեցականներ, որ ստորագրած են յայտարարութիւնները հեռացնել Միաբանութենէն:
Nowrhan Patriark’ aynk’an aṙaǰ gac’aç ē ir vrēžxndrowt’ean ew oxakalowt’ean mēǰ, or orošaç ē noynisk k’ani më ekeġec’akanner, or storagraç en yaytararowt’iwnnerë heṙac’nel Miabanowt’enēn.
Հայր Ժիրայր 85 տարեկան է եւ Միաբանութեան անդամ է աւելի քան 60 տարի եւ այսօր, անիկա կը հեռացուի Միաբանութենէ միայն անոր համար, որ համարձակած է ստորագրել զոյգ յայտարարութիւնները:
Hayr Žirayr 85 tarekan ē ew Miabanowt’ean andam ē aweli k’an 60 tari ew aysòr, anika kë heṙac’owi Miabanowt’enē miayn anor hamar, or hamarjakaç ē storagrel zoyg yaytararowt’iwnnerë.
Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու պատարագներուն մասնակցելու փոխարէն Երուսաղէմի եւ Թել-Ավիվի ճաշարաններուն եւ առեւտուրի կեդրոններու մէջ նախաճաշ կամ ճաշ կ՚ընէ աշխարհականներու հետ:
Šabat’ ew Kiraki òrerow pataragnerown masnakc’elow p’oxarēn Erowsaġēmi ew T’el-Avivi č̣ašarannerown ew aṙewtowri kedronnerow mēǰ naxač̣aš kam č̣aš k,ënē ašxarhakannerow het.
Այս յօդուածին մէջ պիտի ներկայացնենք Պարետ Վարդապետին երեք ուրիշ սուտեր, որոնք ան ներկայացուցած է Հայկական Ռատիօին տուած հարցազրոյցին ատեն՝ խաբելու համար Հայ ժողովուրդը եւ արդարացնելու իր եւ Նուրհան Պատրիարքին հակականոնական ու յանցաւոր ճամբայով ստորագրուած «Կովերու պարտէզ» կալուածին վարձակալութեան համաձայնագիրը:
Ays yòdowaçin mēǰ piti nerkayac’nenk’ Paret Vardapetin erek’ owriš sowter, oronk’ an nerkayac’owc’aç ē Haykakan Ṙatiòin towaç harc’azroyc’in aten, xabelow hamar Hay žoġovowrdë ew ardarac’nelow ir ew Nowrhan Patriark’in hakakanonakan ow yanc’awor č̣ambayov storagrowaç «Koverow partēz» kalowaçin varjakalowt’ean hamajaynagirë.
Հարցազրոյցի գլխաւոր սուտերէն մին այն է, թէ իբր Երուսաղէմի Պատրիարքարանը ստիպուած էր «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալելու, քանի որ վանքը դրամական ծանր վիճակի մէջ է եւ այդ գործարքէն եկած գումարով պիտի փորձեն դուրս գալ այդ ծանր վիճակէն:
Harc’azroyc’i glxawor sowterēn min ayn ē, t’ē ibr Erowsaġēmi Patriark’aranë stipowaç ēr «Koverow partēz» kalowaçë varjakalelow, k’ani or vank’ë dramakan çanr vič̣aki mēǰ ē ew ayd gorçark’ēn ekaç gowmarov piti p’orjen dowrs gal ayd çanr vič̣akēn.
Իրականութիւնը այն է, որ Երուսաղէմի Պատրիարքարանը դրամական ծանր վիճակի մէջ չէ, պարտքի մէջ չէ, դրամատուներէն վերցուցած վարկեր չունի եւ որ ամենէն կարեւորն է, այսօր վանքին եկամուտը աւելին է, քան ծախսերը:
Irakanowt’iwnë ayn ē, or Erowsaġēmi Patriark’aranë dramakan çanr vič̣aki mēǰ čē, partk’i mēǰ čē, dramatownerēn verc’owc’aç varker čowni ew or amenēn kareworn ē, aysòr vank’in ekamowtë awelin ē, k’an çaxserë.
Հարցազրոյցի երկրորդ սուտը այն է, որ եթէ Պատրիարքարանը «Կովերու պարտէզ» կալուածը վարձակալութեան չի տար, ապա Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը այն Կանաչ գոտի կը հռչակէր կամ ալ կը բռնագրաուէր:
Harc’azroyc’i erkrord sowtë ayn ē, or et’ē Patriark’aranë «Koverow partēz» kalowaçë varjakalowt’ean či tar, apa Erowsaġēmi K’aġak’apetaranë ayn Kanač goti kë hṙčakēr kam al kë bṙnagraowēr.
Ասիկա նոյնպէս շատ լաւ ծրագրուած եւ հաշուարկուած սուտ մըն է, որուն միջոցաւ ան կը փորձէ արդարանալ եւ Հայ ժողովուրդը խաբել եւ իրականութենէ շատ հեռու պատճառ մը ներկայացնել:
Asika noynpēs šat law çragrowaç ew hašowarkowaç sowt mën ē, orown miǰoc’aw an kë p’orjē ardaranal ew Hay žoġovowrdë xabel ew irakanowt’enē šat heṙow patč̣aṙ më nerkayac’nel.
Ատկէ զատ, Քաղաքապետարանը ինչպէ՞ս կրնար «Կովերու պարտէզը» կանաչ գոտի հռչակէր, երբ 2020 թուականին Պատրիարքարանին հետ այդ կալուածի վերաբերեալ արդէն համաձայնագիր ստորագրած էր, համաձայն որու այդ տարածքը 10 տարւոյ համատեղ վարձակալութեան տրուած է որպէս ինքնաշարժերու կայանատեղի (parking):
Հոս կ՚ուզեմ անդրադառնալ վերջերս հայկական հեռուստատեսութիւններէն մէկուն տուած Պարոն Մանուէլ Հասէսեանի հարցազրոյցին, որ որպէս Դենիմարկի մէջ Պաղեստինի դեսպան մաս կազմած էր Հայաստան այցելած Պաղեստինեան պաշտօնական պատուիրակութեան:
Hos k,owzem andradaṙnal verǰers haykakan heṙowstatesowt’iwnnerēn mēkown towaç Paron Manowēl Hasēseani harc’azroyc’in, or orpēs Denimarki mēǰ Paġestini despan mas kazmaç ēr Hayastan ayc’elaç Paġestinean paštònakan patowirakowt’ean.
Ան կը խօսի կայանատեղիին վերաբերեալ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանին հետ 2020 թուականին Պատրիարքարանի ստորագրած համաձայնագրին մասին եւ կ՚ըսէ, որ երբ ինք լսած է, որ Պատրիարքարանը Քաղաքապետարանին հետ պիտի 10 տարւոյ պայմանագիր ստորագրէ, համաձայն որու «Կովերուն պարտէզ» կալուածի աղբը մաքրելէն ետք հոն կայանատեղի պիտի ըլլայ եւ տասը տարի վերջ անիկա պիտի վերադառնայ Պատրիարքարանին, ինք չէ հաւատացած ատոր:
An kë xòsi kayanateġiin verabereal Erowsaġēmi K’aġak’apetaranin het 2020 t’owakanin Patriark’arani storagraç hamajaynagrin masin ew k,ësē, or erb ink’ lsaç ē, or Patriark’aranë K’aġak’apetaranin het piti 10 tarwoy paymanagir storagrē, hamajayn orow «Koverown partēz» kalowaçi aġbë mak’relēn etk’ hon kayanateġi piti ëllay ew tasë tari verǰ anika piti veradaṙnay Patriark’aranin, ink’ čē hawatac’aç ator.
Երբ Հայկական Ռատիօին լրագրողը կը հարցնէ Պարետ Վարդապետը, թէ ինչո՞ւ կալուածին վրայ Երուսաղէմի համայնքի երիտասարդ ընտանիքներու համար բնակարաններ չեն շինուիր, այլ հիւրանոց, ան կը պատասխանէ, որ «Կովերու պարտէզ» կալուածին վրայ Երուսաղէմի Քաղաքապետարանը արտօնած է միայն կայանատեղի եւ հիւրանոց շինել:
Erb Haykakan Ṙatiòin lragroġë kë harc’nē Paret Vardapetë, t’ē inčo?w kalowaçin vray Erowsaġēmi hamaynk’i eritasard ëntanik’nerow hamar bnakaranner čen šinowir, ayl hiwranoc’, an kë patasxanē, or «Koverow partēz» kalowaçin vray Erowsaġēmi K’aġak’apetaranë artònaç ē miayn kayanateġi ew hiwranoc’ šinel.
Որեւէ մէկը, որ կը զբաղի կալուածական եւ շինարարական գործունէութեամբ շատ լաւ գիտէ, որ եթէ կալուածի մի վրայ կ՚արտօնուի հիւրանոց շինել, ապա հոն բնակարան շինելու ոչ մէկ արգելք կրնայ ըլլալ:
Orewē mēkë, or kë zbaġi kalowaçakan ew šinararakan gorçownēowt’eamb šat law gitē, or et’ē kalowaçi mi vray k,artònowi hiwranoc’ šinel, apa hon bnakaran šinelow oč mēk argelk’ krnay ëllal.
Այս սուտը մէջտեղ դնելով Պարետ Վարդապետ կը կարծէ, թէ Հայ ժողովուրդը տգէտ է եւ ատանկ կրնայ անոր վրայ խնդալ, սակայն իրականութիւնը այն է, որ այսպիսի աժան սուտեր յօրինելով ինք եւ իր հանցակից Նուրհան Պատրիարքն են, որ ծիծաղելի վիճակի մէջ կը յայտնուին:
Ays sowtë mēǰteġ dnelov Paret Vardapet kë karçē, t’ē Hay žoġovowrdë tgēt ē ew atank krnay anor vray xndal, sakayn irakanowt’iwnë ayn ē, or ayspisi ažan sowter yòrinelov ink’ ew ir hanc’akic’ Nowrhan Patriark’n en, or çiçaġeli vič̣aki mēǰ kë yaytnowin.
Հայ ժողովուրդը շատ լաւ հասկցած է, թէ ինչ տեսակ թաքուն եւ ազգադաւ գործարք մը ստորագրուած է, որ հակառակ է Պատրիարքարանի, Եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի շահերուն, բայց քանի որ այդ գործարքը նպաստաւոր է իրենց անձնական շահերուն, քանի որ ատոր դիմաց 30 արծաթ ստացած են, ուստի հիմա իրենց դաւաճանութիւնը արդարացնելու համար ամէն տեսակ սուտեր կը յօրինեն եւ կը փորձեն խաբել Հայ ժողովուրդը:
Hay žoġovowrdë šat law haskc’aç ē, t’ē inč tesak t’ak’own ew azgadaw gorçark’ më storagrowaç ē, or hakaṙak ē Patriark’arani, Ekeġec’woy ew Hay azgi šaherown, bayc’ k’ani or ayd gorçark’ë npastawor ē irenc’ anjnakan šaherown, k’ani or ator dimac’ 30 arçat’ stac’aç en, owsti hima irenc’ dawač̣anowt’iwnë ardarac’nelow hamar amēn tesak sowter kë yòrinen ew kë p’orjen xabel Hay žoġovowrdë.