Sentence view
Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP
Language | Western Armenian |
---|
Project | ArmTDP |
---|
Corpus Part | train |
---|
Annotation | Yavrumyan, Marat M. |
---|
«Ազգային Ճակատը Փխրուն Չի Կրնար Մնալ» Վիգէն Յովսէփեան
s-1
news-0035-000106IM
«Ազգային Ճակատը Փխրուն Չի Կրնար Մնալ» Վիգէն Յովսէփեան
«Azgayin Č̣akatë P’xrown Či Krnar Mnal» Vigēn Yovsēp’ean
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծրագրուած երկխօսութեան մասին յայտարարութիւններ եւ վերլուծումներ են ամէն կողմ:
s-2
news-0035-000206IN
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ծրագրուած երկխօսութեան մասին յայտարարութիւններ եւ վերլուծումներ են ամէն կողմ:
Hayastani ew T’owrk’ioy miǰew çragrowaç erkxòsowt’ean masin yaytararowt’iwnner ew verlowçowmner en amēn koġm.
Կարելի չէ այս կարեւորագոյն հանգրուանին, ու այս կարեւորագոյն նիւթի եւ սպասուող իրադարձութիւններուն մասին որոշ մտորումներ եւ կարծիքներ չունենալ, հակառակ այն իրողութեան որ շատ մը մանրամասնութիւններ կը պակսին մեզի՝ մանրամասնութիւններ ի դէպ որոնք կարեւոր են լիարժէք կարծիք ու կեցուածք կազմելու, եւ որոնց մասին ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ բացատրութիւններու չգոյութիւնը անհանգստութեան, եւ մինչեւ իսկ կասկածներու կ՚առաջնորդեն։
s-3
news-0035-000206IO

Kareli čē ays kareworagoyn hangrowanin, ow ays kareworagoyn niwt’i ew spasowoġ iradarjowt’iwnnerown masin oroš mtorowmner ew karçik’ner čownenal, hakaṙak ayn iroġowt’ean or šat më manramasnowt’iwnner kë paksin mezi, manramasnowt’iwnner i dēp oronk’ karewor en liaržēk’ karçik’ ow kec’owaçk’ kazmelow, ew oronc’ masin HH išxanowt’iwnnerow koġmē bac’atrowt’iwnnerow čgoyowt’iwnë anhangstowt’ean, ew minčew isk kaskaçnerow k,aṙaǰnorden.
Ոեւէ հայ անհատ, իրականութիւններէ եւ քաղաքական գործընթացներէ ընդհանրապէս կտրուած պէտք է ըլլայ որպէսզի Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան միանշանակ կերպով հակառակի։
s-4
news-0035-000306IP
Ոեւէ հայ անհատ, իրականութիւններէ եւ քաղաքական գործընթացներէ ընդհանրապէս կտրուած պէտք է ըլլայ որպէսզի Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան միանշանակ կերպով հակառակի։
Oewē hay anhat, irakanowt’iwnnerē ew k’aġak’akan gorçënt’ac’nerē ëndhanrapēs ktrowaç pētk’ ē ëllay orpēszi T’owrk’ioy het erkxòsowt’ean mianšanak kerpov hakaṙaki.
Եթէ գտնուած են քաղաքական ուժեր եւ գործիչներ որոնք անցեալին վերապահութիւն ունեցած են նման երկխօսութեան հանդէպ, իրենց դիրքորոշումը հիմնած են ոչ թէ ըստ էութեան երկխօսութիւն ունենալուն վրայ, այլ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած անընդունելի նախապայմաններուն, ինչպէս նաեւ այդ նախապայմաններուն վրայ գծագրուող երկխօսութեան օրակարգին ուղղութեամբ։
s-5
news-0035-000306IQ

Et’ē gtnowaç en k’aġak’akan owžer ew gorçičner oronk’ anc’ealin verapahowt’iwn ownec’aç en nman erkxòsowt’ean handēp, irenc’ dirk’orošowmë himnaç en oč t’ē ëst ēowt’ean erkxòsowt’iwn ownenalown vray, ayl T’owrk’ioy koġmē aṙaǰadrowaç anëndowneli naxapaymannerown, inčpēs naew ayd naxapaymannerown vray gçagrowoġ erkxòsowt’ean òrakargin owġġowt’eamb.
Վստահ եմ որ այսօր ալ տարբեր չէ պարագան։
s-6
news-0035-000306IR
Վստահ եմ որ այսօր ալ տարբեր չէ պարագան։
Vstah em or aysòr al tarber čē paragan.
Սկսինք հաստատելով թէ մեզ բոլորիս պարզ է թէ այս երկխօսութիւնը քաջալերող որեւէ գերպետութիւն, իր առաջնահերթութիւններուն մէջ չունի Հայաստանի կամ հայութեան շահերը։
s-7
news-0035-000406IS
Սկսինք հաստատելով թէ մեզ բոլորիս պարզ է թէ այս երկխօսութիւնը քաջալերող որեւէ գերպետութիւն, իր առաջնահերթութիւններուն մէջ չունի Հայաստանի կամ հայութեան շահերը։
Sksink’ hastatelov t’ē mez boloris parz ē t’ē ays erkxòsowt’iwnë k’aǰaleroġ orewē gerpetowt’iwn, ir aṙaǰnahert’owt’iwnnerown mēǰ čowni Hayastani kam hayowt’ean šaherë.
Բնական է որ իրենք իրենց սեփական շահերէն թելադրուած է որ պիտի քաջալերեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը, ու մինչեւ անգամ բնականոն յարաբերութիւններու զարգացումը։
s-8
news-0035-000406IT
Բնական է որ իրենք իրենց սեփական շահերէն թելադրուած է որ պիտի քաջալերեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւնը, ու մինչեւ անգամ բնականոն յարաբերութիւններու զարգացումը։
Bnakan ē or irenk’ irenc’ sep’akan šaherēn t’eladrowaç ē or piti k’aǰaleren Hayastani ew T’owrk’ioy miǰew erkxòsowt’iwnë, ow minčew angam bnakanon yaraberowt’iwnnerow zargac’owmë.
Այս իմաստով, անշուշտ որ ակներեւ է թէ նման երկխօսութեան օրակարգ առաջ կը քշուի միշտ երբ տուեալ պահուն Հայաստանը խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուի։
s-9
news-0035-000406IU
Այս իմաստով, անշուշտ որ ակներեւ է թէ նման երկխօսութեան օրակարգ առաջ կը քշուի միշտ երբ տուեալ պահուն Հայաստանը խոցելի վիճակի մէջ կը գտնուի։
Ays imastov, anšowšt or aknerew ē t’ē nman erkxòsowt’ean òrakarg aṙaǰ kë k’šowi mišt erb toweal pahown Hayastanë xoc’eli vič̣aki mēǰ kë gtnowi.
2008ին, Սերժ Սարգսեանը հազիւ դուրս եկած էր Մարտ 1ով բնութագրուող ներքին իրադարձութիւններէն, եւ օդի ու ջրի նման կարիքը ունէր միջազգային նեցուկի՝ յատկապէս Արեւմուտքի հետ բարեկամական կապերու, երբ այս վերջինը կը նկատուէր ներքին ընդդիմութեան մօտիկը կամ մինչեւ իսկ հովանաւորը։
s-10
news-0035-000406IV

2008in, Serž Sargseanë haziw dowrs ekaç ēr Mart 1ov bnowt’agrowoġ nerk’in iradarjowt’iwnnerēn, ew òdi ow ǰri nman karik’ë ownēr miǰazgayin nec’owki, yatkapēs Arewmowtk’i het barekamakan kaperow, erb ays verǰinë kë nkatowēr nerk’in ënddimowt’ean mòtikë kam minčew isk hovanaworë.
Սերժ Սարգսեանի համար, հնարքը Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւններու պատրաստակամութիւնն էր, երբ ան յընթացս ընդունեց Թուրքիոյ որոշ նախապայմանները որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին մեր ազգային օրակարգի որոշ երեսներ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը քննարկութեան մէջ դնող օրակարգը։
s-11
news-0035-000406J0

Serž Sargseani hamar, hnark’ë T’owrk’ioy het xòsakc’owt’iwnnerow patrastakamowt’iwnn ēr, erb an yënt’ac’s ëndownec’ T’owrk’ioy oroš naxapaymannerë oronk’ xndroy aṙarkay kë darjnēin mer azgayin òrakargi oroš eresner, yatkapēs Hayoc’ C’eġaspanowt’ean p’astë k’nnarkowt’ean mēǰ dnoġ òrakargë.
Այդ ժամանակ ականատես եղանք թէ ինչպէս արմատական ընդդիմութիւնը առաջնորդող Լեւոն Տէր Պետրոսեանը մինչեւ իսկ յայտարարեց գործունէութեան դադար՝ չի խոչընդոտելու համար ընթացող բանակցութիւնները։
s-12
news-0035-000406J1
Այդ ժամանակ ականատես եղանք թէ ինչպէս արմատական ընդդիմութիւնը առաջնորդող Լեւոն Տէր Պետրոսեանը մինչեւ իսկ յայտարարեց գործունէութեան դադար՝ չի խոչընդոտելու համար ընթացող բանակցութիւնները։
Ayd žamanak akanates eġank’ t’ē inčpēs armatakan ënddimowt’iwnë aṙaǰnordoġ Lewon Tēr Petroseanë minčew isk yaytararec’ gorçownēowt’ean dadar, či xočëndotelow hamar ënt’ac’oġ banakc’owt’iwnnerë.
Ներկայիս, ՀՀ իշխանութիւնները անգամ մը եւս կը գտնուին յարաբերաբար տկար դիրքերու վրայ, առաւելաբար Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի մէջ Հայաստանի կրած պարտութեան հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ի սահմաններուն վրայ շարունակուող եւ ճգնաժամը խորացնող Ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն պատճառով։
s-13
news-0035-000506J2

Nerkayis, HH išxanowt’iwnnerë angam më ews kë gtnowin yaraberabar tkar dirk’erow vray, aṙawelabar Arc’axean 44-òreay paterazmi mēǰ Hayastani kraç partowt’ean hetewank’nerown, inčpēs naew HH-i sahmannerown vray šarownakowoġ ew č̣gnažamë xorac’noġ Atrpēyč̣anakan otnjgowt’iwnnerown patč̣aṙov.
Առ այդ, պարզ է ուրեմն եւ ակնկալելի, որ իշխանութիւնները շահագրգռուած ըլլան դիւանագիտական ինչ որ «յաջողութիւն» ձեռք ձգելու առումով, մանաւանդ եթէ այս գործընթացներուն կապուած են խոստումներ, առաջարկներ, օժանդակութիւններ։
s-14
news-0035-000506J3
Առ այդ, պարզ է ուրեմն եւ ակնկալելի, որ իշխանութիւնները շահագրգռուած ըլլան դիւանագիտական ինչ որ «յաջողութիւն» ձեռք ձգելու առումով, մանաւանդ եթէ այս գործընթացներուն կապուած են խոստումներ, առաջարկներ, օժանդակութիւններ։
Aṙ ayd, parz ē owremn ew aknkaleli, or išxanowt’iwnnerë šahagrgṙowaç ëllan diwanagitakan inč or «yaǰoġowt’iwn» jeṙk’ jgelow aṙowmov, manawand et’ē ays gorçënt’ac’nerown kapowaç en xostowmner, aṙaǰarkner, òžandakowt’iwnner.
Ի տարբերութիւն 2008-2009ի տիրող իրադրութեանց, այսօրուան միակ դրական երեւոյթը – եթէ կարելի է այսպէս գնահատել – այն իրողութիւնն է որ տնտեսապէս ջախջախուող Թուրքիան, իր վրան կը զգայ ԱՄՆի հետ վատթարացած յարաբերութիւններու հետեւանքները, եւ անմիջական կարիքը ունի միջազգային բեմի վրայ իր համար դրական տեղաշարժերու, դրական քարոզչութեան։
s-15
news-0035-000606J4

I tarberowt’iwn 2008-2009i tiroġ iradrowt’eanc’, aysòrowan miak drakan erewoyt’ë – et’ē kareli ē ayspēs gnahatel – ayn iroġowt’iwnn ē or tntesapēs ǰaxǰaxowoġ T’owrk’ian, ir vran kë zgay AMNi het vatt’arac’aç yaraberowt’iwnnerow hetewank’nerë, ew anmiǰakan karik’ë owni miǰazgayin bemi vray ir hamar drakan teġašaržerow, drakan k’arozčowt’ean.
Այս իսկ իմաստով, եւ իր վրայ ունեցած պարտադրանքներուն պատճառով, կրնայ ըլլալ որ նախնական փուլերուն ընթացքին Թուրքիան ցոյց տայ ճկունութիւն, ու անհեթեթ նախապայմաններով հանդէս չգայ, բայց պէտք է միամիտ ըլլալ համոզուելու համար թէ ան իրեն յատուկ գոռոզութեամբ եւ ակրեսիվութեամբ (հաւանաբար նաեւ Ատրպէյճանի ճնշման տակ) շատ շուտով նոր նախապայմաններ եւ սպառնալիքներ առաջ պիտի չքաշէ։
s-16
news-0035-000606J5

Ays isk imastov, ew ir vray ownec’aç partadrank’nerown patč̣aṙov, krnay ëllal or naxnakan p’owlerown ënt’ac’k’in T’owrk’ian c’oyc’ tay č̣kownowt’iwn, ow anhet’et’ naxapaymannerov handēs čgay, bayc’ pētk’ ē miamit ëllal hamozowelow hamar t’ē an iren yatowk goṙozowt’eamb ew akresivowt’eamb (hawanabar naew Atrpēyč̣ani č̣nšman tak) šat šowtov nor naxapaymanner ew spaṙnalik’ner aṙaǰ piti čk’ašē.
ՀՀ իշխանութիւնները լաւ պէտք է հասկնան, թէ կամայ-ակամայ, իրենք այսօր կոչուած են հայ ազգի համընդհանուր շահերը պաշտպանելու։
s-17
news-0035-000706J6
ՀՀ իշխանութիւնները լաւ պէտք է հասկնան, թէ կամայ-ակամայ, իրենք այսօր կոչուած են հայ ազգի համընդհանուր շահերը պաշտպանելու։
HH išxanowt’iwnnerë law pētk’ ē hasknan, t’ē kamay-akamay, irenk’ aysòr kočowaç en hay azgi hamëndhanowr šaherë paštpanelow.
Ճիշտ է որ Հայաստանի ոեւէ պաշտօնատար կամ կառավարութիւն ընտրուած է առաւելաբար հետապնդելու ՀՀ քաղաքացիներու շահերը, բայց հայկական իրականութեան մէջ կան հարցեր ու բնագաւառներ ուր կարելի չէ բաժնել Հայաստանի եւ սփիւռքահայութեան շահերը, հակառակ այն իրողութեան որ ՀՀ իշխանութիւնները ըստ էութեան չեն ստացած սփիւռքահայութեան մանտաթը։
s-18
news-0035-000706J7

Č̣išt ē or Hayastani oewē paštònatar kam kaṙavarowt’iwn ëntrowaç ē aṙawelabar hetapndelow HH k’aġak’ac’inerow šaherë, bayc’ haykakan irakanowt’ean mēǰ kan harc’er ow bnagawaṙner owr kareli čē bažnel Hayastani ew sp’iwṙk’ahayowt’ean šaherë, hakaṙak ayn iroġowt’ean or HH išxanowt’iwnnerë ëst ēowt’ean čen stac’aç sp’iwṙk’ahayowt’ean mantat’ë.
Թուրքիոյ նման դարաւոր թշնամիի եւ ոճրագործ պետութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը համազգային կարեւորութեան խնդիր է, ազգային շահերու խնդիր է։
s-19
news-0035-000706J8
Թուրքիոյ նման դարաւոր թշնամիի եւ ոճրագործ պետութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը համազգային կարեւորութեան խնդիր է, ազգային շահերու խնդիր է։
T’owrk’ioy nman darawor t’šnamii ew oč̣ragorç petowt’ean het yaraberowt’iwnnerow harc’ë hamazgayin kareworowt’ean xndir ē, azgayin šaherow xndir ē.
Եւ ուրեմն, կարելի չէ սխալիլ համոզուելու թէ ՀՀ իշխանութիւնները, յատկապէս այս բնագաւառին մէջ, կրնան պաշտպանել միայն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու շահերը՝ վերակենդանացնելով այն անհեթեթ համոզումը թէ հայութեան պարագային կրնայ գոյութիւն ունենալ պետական եւ ազգային շահերու միջեւ տարանջատում, երկուութիւն, կամ աւելի վատը՝ հակադրութիւն։
s-20
news-0035-000706J9

EW owremn, kareli čē sxalil hamozowelow t’ē HH išxanowt’iwnnerë, yatkapēs ays bnagawaṙin mēǰ, krnan paštpanel miayn Hayastani Hanrapetowt’ean k’aġak’ac’inerow šaherë, verakendanac’nelov ayn anhet’et’ hamozowmë t’ē hayowt’ean paragayin krnay goyowt’iwn ownenal petakan ew azgayin šaherow miǰew taranǰatowm, erkowowt’iwn, kam aweli vatë, hakadrowt’iwn.
Եթէ նման համոզումի անհեթեթութիւնն ու վտանգը լիովին պարզ չէր 1990-ականներու իշխանաւորներուն, ապա ուրեմն վերջին երէք տասնամեակներու մեր պատմութեան գլխաւոր դասը պէտք է եղած ըլլայ այն, թէ Հայաստանի պետական շահերը խարսխուած են հայ ազգային շահերու վրայ, եւ հայ ազգային շահերը խարսխուած են նոյն ՀՀ պետական շահերը պաշտպանելու հրամայականին վրայ։
s-21
news-0035-000706JA

Et’ē nman hamozowmi anhet’et’owt’iwnn ow vtangë liovin parz čēr 1990-akannerow išxanawornerown, apa owremn verǰin erēk’ tasnameaknerow mer patmowt’ean glxawor dasë pētk’ ē eġaç ëllay ayn, t’ē Hayastani petakan šaherë xarsxowaç en hay azgayin šaherow vray, ew hay azgayin šaherë xarsxowaç en noyn HH petakan šaherë paštpanelow hramayakanin vray.
Այսպէս փաստեցին եղելութիւնները, այսպէս փաստեցին մեր թշնամիներու առած քայլերը, այսպէս կը թելադրեն նաեւ հայ ազգի եւ Հայաստան աշխարհի ռազմավարական առաջադրանքները։
s-22
news-0035-000706JB
Այսպէս փաստեցին եղելութիւնները, այսպէս փաստեցին մեր թշնամիներու առած քայլերը, այսպէս կը թելադրեն նաեւ հայ ազգի եւ Հայաստան աշխարհի ռազմավարական առաջադրանքները։
Ayspēs p’astec’in eġelowt’iwnnerë, ayspēs p’astec’in mer t’šnaminerow aṙaç k’aylerë, ayspēs kë t’eladren naew hay azgi ew Hayastan ašxarhi ṙazmavarakan aṙaǰadrank’nerë.
Կը մնայ ակնկալել եւ պահանջել որ ՀՀ իշխանութիւնները չսխալին իրենց առաջնահերթութիւնները կազմելու ընթացքին, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւններուն մէջ իրենց ընթացքը ճշտելու ժամանակ։
s-23
news-0035-000806JC
Կը մնայ ակնկալել եւ պահանջել որ ՀՀ իշխանութիւնները չսխալին իրենց առաջնահերթութիւնները կազմելու ընթացքին, յատկապէս Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւններուն մէջ իրենց ընթացքը ճշտելու ժամանակ։
Kë mnay aknkalel ew pahanǰel or HH išxanowt’iwnnerë čsxalin irenc’ aṙaǰnahert’owt’iwnnerë kazmelow ënt’ac’k’in, yatkapēs Hayastan-T’owrk’ia xòsakc’owt’iwnnerown mēǰ irenc’ ënt’ac’k’ë č̣štelow žamanak.
Այստեղ ու յատկապէս այս համազգային օրակարգի դաշտէն ներս սխալելու ու փորձառական քայլեր առնելու տեղը չէ։
s-24
news-0035-000806JD
Այստեղ ու յատկապէս այս համազգային օրակարգի դաշտէն ներս սխալելու ու փորձառական քայլեր առնելու տեղը չէ։
Aysteġ ow yatkapēs ays hamazgayin òrakargi daštēn ners sxalelow ow p’orjaṙakan k’ayler aṙnelow teġë čē.
Կան ժամանակաւոր կամ մակերեսային «յաջողութիւններ» որոնք կրնան վերջին հաշուով աւելի վնասակար ըլլալ, ու խորքային աւելի մեծ հարուած հասցնել ազգին, քան որեւէ պարտութիւն կամ ձախողութիւն։
s-25
news-0035-000806JE
Կան ժամանակաւոր կամ մակերեսային «յաջողութիւններ» որոնք կրնան վերջին հաշուով աւելի վնասակար ըլլալ, ու խորքային աւելի մեծ հարուած հասցնել ազգին, քան որեւէ պարտութիւն կամ ձախողութիւն։
Kan žamanakawor kam makeresayin «yaǰoġowt’iwnner» oronk’ krnan verǰin hašowov aweli vnasakar ëllal, ow xork’ayin aweli meç harowaç hasc’nel azgin, k’an orewē partowt’iwn kam jaxoġowt’iwn.
Հայաստանը թշնամիին դէմ մղուած ճակատամարտի մը ընթացքին պարտութիւն կրեց։
s-26
news-0035-000906JF
Հայաստանը թշնամիին դէմ մղուած ճակատամարտի մը ընթացքին պարտութիւն կրեց։
Hayastanë t’šnamiin dēm mġowaç č̣akatamarti më ënt’ac’k’in partowt’iwn krec’.
Պէտք է վստահ ըլլալ որ ճակատամարտի պարտութիւնը աւելի մեծ եւ ընդհանուր պատերազմին մէջ մեզ պարտութեան չ՚առաջնորդէ, ինչը կրնայ իրականանալ միայն եթէ ազգի շահերը ոտքի տակ երթան մինչեւ վերջ չկշռադատուած քայլերով։
s-27
news-0035-000906JG
Պէտք է վստահ ըլլալ որ ճակատամարտի պարտութիւնը աւելի մեծ եւ ընդհանուր պատերազմին մէջ մեզ պարտութեան չ՚առաջնորդէ, ինչը կրնայ իրականանալ միայն եթէ ազգի շահերը ոտքի տակ երթան մինչեւ վերջ չկշռադատուած քայլերով։
Pētk’ ē vstah ëllal or č̣akatamarti partowt’iwnë aweli meç ew ëndhanowr paterazmin mēǰ mez partowt’ean č,aṙaǰnordē, inčë krnay irakananal miayn et’ē azgi šaherë otk’i tak ert’an minčew verǰ čkšṙadatowaç k’aylerov.
Այս իսկ իմաստով եւ անմիջապէս, ՀՀ իշխանութիւնները պէտք է հասկնան թէ Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւններու կամ յարաբերութիւններու բարդ կնճիռը այն նիւթն է որուն շուրջ կարելի չէ լռութեան պատ բարձրացնել, եւ որուն մասին շատ արագօրէն պէտք է լուսաբանեն հայ ժողովուրդին – ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի-, եթէ նկատի ունենան հարցի տարողութիւնը ու պահի լրջութիւնը։
s-28
news-0035-000906JH

Ays isk imastov ew anmiǰapēs, HH išxanowt’iwnnerë pētk’ ē hasknan t’ē T’owrk’ioy het xòsakc’owt’iwnnerow kam yaraberowt’iwnnerow bard knč̣iṙë ayn niwt’n ē orown šowrǰ kareli čē lṙowt’ean pat barjrac’nel, ew orown masin šat aragòrēn pētk’ ē lowsabanen hay žoġovowrdin – i Hayastan ew i sp’iwṙs ašxarhi-, et’ē nkati ownenan harc’i taroġowt’iwnë ow pahi lrǰowt’iwnë.
ՀՀ իշխանութիւնները պարտին շատ արագ պարզել իրենց մօտեցումները բոլորիս, եւ պարտին խօսակցութիւններու մէջ մտնել հայ ազգը կազմաւորող զանազան շերտերու հետ՝ յատկապէս նաեւ սփիւռքահայութեան հետ, նոյնիսկ եթէ երբեմն նման խօսակցութիւններ բարդ կամ անհանգիստ կացութիւններու տեղիք պիտի տան։
s-29
news-0035-000A06JI

HH išxanowt’iwnnerë partin šat arag parzel irenc’ mòtec’owmnerë boloris, ew partin xòsakc’owt’iwnnerow mēǰ mtnel hay azgë kazmaworoġ zanazan šerterow het, yatkapēs naew sp’iwṙk’ahayowt’ean het, noynisk et’ē erbemn nman xòsakc’owt’iwnner bard kam anhangist kac’owt’iwnnerow teġik’ piti tan.
Երբ խնդիրը Թուրքիոյ կը վերաբերի, ազգային ճակատը փխրուն չի կրնար մնալ, մանաւանդ անորոշութեան եւ առաջնահերթութիւններու գծով ստեղծուած մթնոլորտի մէջ, ու մանաւանդ երբ խօսակիցը շփոթի եւ անորոշութիւններու մէջ կարելիութիւններ պիտի գտնէ։
s-30
news-0035-000A06JJ

Erb xndirë T’owrk’ioy kë veraberi, azgayin č̣akatë p’xrown či krnar mnal, manawand anorošowt’ean ew aṙaǰnahert’owt’iwnnerow gçov steġçowaç mt’nolorti mēǰ, ow manawand erb xòsakic’ë šp’ot’i ew anorošowt’iwnnerow mēǰ kareliowt’iwnner piti gtnē.
Այս ուղղութեամբ որեւէ ուշացում, խաղ, կամ վրիպում մեզ լաւ տեղ չի կրնար առաջնորդել, եւ այստեղ բացթողումներու պատասխանատուութիւնը այլեւս թշնամիին կարելի չէ վերագրել։
s-31
news-0035-000B06JK
Այս ուղղութեամբ որեւէ ուշացում, խաղ, կամ վրիպում մեզ լաւ տեղ չի կրնար առաջնորդել, եւ այստեղ բացթողումներու պատասխանատուութիւնը այլեւս թշնամիին կարելի չէ վերագրել։
Ays owġġowt’eamb orewē owšac’owm, xaġ, kam vripowm mez law teġ či krnar aṙaǰnordel, ew aysteġ bac’t’oġowmnerow patasxanatowowt’iwnë aylews t’šnamiin kareli čē veragrel.
Edit as list • Text view • Dependency trees