Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Text: -


[1] tree
Հայաստանի սահմանին վրայ կանգնած զինուորը առանձին է այսօր։
s-1
news-001N-000103DP
Հայաստանի սահմանին վրայ կանգնած զինուորը առանձին է այսօր։
Hayastani sahmanin vray kangnaç zinoworë aṙanjin ē aysòr.
[2] tree
Մինակ, միսմինակ հերթապահութեան կ՚երթայ՝ նոյնիսկ հարիւր տոկոս վստահ չըլլալով, որ իր ըրածը վերջին հաշուով հարց մը կը լուծէ՞ , բանի մը կը ծառայէ՞ ։
s-2
news-001N-000103DQ
Մինակ, միսմինակ հերթապահութեան կ՚երթայ՝ նոյնիսկ հարիւր տոկոս վստահ չըլլալով, որ իր ըրածը վերջին հաշուով հարց մը կը լուծէ՞, բանի մը կը ծառայէ՞։
Minak, misminak hert’apahowt’ean k,ert’ay, noynisk hariwr tokos vstah čëllalov, or ir ëraçë verǰin hašowov harc’ më kë lowçē?, bani më kë çaṙayē?.
[3] tree
Այդ կասկածը գործնականօրէն տատամսումի չի տանիր սահմանին կանգնած զինուորը։
s-3
news-001N-000103DR
Այդ կասկածը գործնականօրէն տատամսումի չի տանիր սահմանին կանգնած զինուորը։
Ayd kaskaçë gorçnakanòrēn tatamsowmi či tanir sahmanin kangnaç zinoworë.
[4] tree
Ան յամառօրէն կը պահէ հերթը՝ առանձինն, սակայն, հաւատարիմ իր արեան կանչին։
s-4
news-001N-000103DS
Ան յամառօրէն կը պահէ հերթը՝ առանձինն, սակայն, հաւատարիմ իր արեան կանչին։
An yamaṙòrēn kë pahē hert’ë, aṙanjinn, sakayn, hawatarim ir arean kančin.
[5] tree
Պետութեան հզօրութիւն կամ ղեկավարութեան քաղաքական կամք չկայ հիմա Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորի ետին, բայց ան հո՛ն է, միսմինակ ու սեփական պատմութեան բեռը ուսին...
s-5
news-001N-000103DT
Պետութեան հզօրութիւն կամ ղեկավարութեան քաղաքական կամք չկայ հիմա Հայաստանի սահմանին կանգնած զինուորի ետին, բայց ան հո՛ն է, միսմինակ ու սեփական պատմութեան բեռը ուսին...
Petowt’ean hzòrowt’iwn kam ġekavarowt’ean k’aġak’akan kamk’ čkay hima Hayastani sahmanin kangnaç zinowori etin, bayc’ an ho՛n ē, misminak ow sep’akan patmowt’ean beṙë owsin...
[6] tree
Ծա՞նր , անտանելի՞ ու տակաւին ով գիտէ ի՞նչ ...
s-6
news-001N-000103DU
Ծա՞նր, անտանելի՞ ու տակաւին ով գիտէ ի՞նչ...
Ça?nr, antaneli? ow takawin ov gitē i?nč...
[7] tree
Սահմանի այդ առանձին զինուորի պատկերը ամփոփումն է ամբողջ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի տագնապին։
s-7
news-001N-000103DV
Սահմանի այդ առանձին զինուորի պատկերը ամփոփումն է ամբողջ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի տագնապին։
Sahmani ayd aṙanjin zinowori patkerë amp’op’owmn ē amboġǰ yetpaterazmean žamanakašrǰani tagnapin.
[8] tree
Վաղը արտահերթ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, երբ երկիրը կը փնտռէ իր անդորրը եւ պետութիւնը կը ձգտի կայունութեան։
s-8
news-001N-000203E0
Վաղը արտահերթ ընտրութիւն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, երբ երկիրը կը փնտռէ իր անդորրը եւ պետութիւնը կը ձգտի կայունութեան։
Vaġë artahert’ ëntrowt’iwn teġi piti ownenay Hayastani mēǰ, erb erkirë kë p’ntṙē ir andorrë ew petowt’iwnë kë jgti kayownowt’ean.
[9] tree
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի փութայ քուէատուփի մօտ՝ առանձին, սահմանի վրայ կանգնած զինուորին նման։
s-9
news-001N-000203E1
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պիտի փութայ քուէատուփի մօտ՝ առանձին, սահմանի վրայ կանգնած զինուորին նման։
Hayastani Hanrapetowt’ean k’aġak’ac’in piti p’owt’ay k’owēatowp’i mòt, aṙanjin, sahmani vray kangnaç zinoworin nman.
[10] tree
Անոր ձայնը պիտի պայմանաւորէ ճակատագիր մը։
s-10
news-001N-000203E2
Անոր ձայնը պիտի պայմանաւորէ ճակատագիր մը։
Anor jaynë piti paymanaworē č̣akatagir më.
[11] tree
Ան պահ մը պիտի մնայ իր խղճին հետ գլուխ գլուխի ու նախընտրութիւն մը պիտի ընէ առանձին, սահմանի զինուորին նման։
s-11
news-001N-000203E3
Ան պահ մը պիտի մնայ իր խղճին հետ գլուխ գլուխի ու նախընտրութիւն մը պիտի ընէ առանձին, սահմանի զինուորին նման։
An pah më piti mnay ir xġč̣in het glowx glowxi ow naxëntrowt’iwn më piti ënē aṙanjin, sahmani zinoworin nman.
[12] tree
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ամէն ինչը պահ մը պիտի դատէ միսմինակ՝ պատմութեան բեռը ուսին, սահմանին կանգնած զինուորին ճիշդ նմանութեամբ։
s-12
news-001N-000203E4
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին ամէն ինչը պահ մը պիտի դատէ միսմինակ՝ պատմութեան բեռը ուսին, սահմանին կանգնած զինուորին ճիշդ նմանութեամբ։
Hayastani Hanrapetowt’ean k’aġak’ac’in amēn inčë pah më piti datē misminak, patmowt’ean beṙë owsin, sahmanin kangnaç zinoworin č̣išd nmanowt’eamb.
[13] tree
Իր արեան կանչով պիտի կողմնորոշուի, որպէսզի սահմանին կանգնած զինուորը վերստին պետութեան հզօրութիւնը ուղեկից ունենայ ու վերստին զգայ, թէ ղեկավարութեան մը քաղաքական կամքը կայ իր ետին։
s-13
news-001N-000203E5
Իր արեան կանչով պիտի կողմնորոշուի, որպէսզի սահմանին կանգնած զինուորը վերստին պետութեան հզօրութիւնը ուղեկից ունենայ ու վերստին զգայ, թէ ղեկավարութեան մը քաղաքական կամքը կայ իր ետին։
Ir arean kančov piti koġmnorošowi, orpēszi sahmanin kangnaç zinoworë verstin petowt’ean hzòrowt’iwnë owġekic’ ownenay ow verstin zgay, t’ē ġekavarowt’ean më k’aġak’akan kamk’ë kay ir etin.
[14] tree
Ակնթարթի մը առանձնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին հաշուեկշիռ մը պիտի ընէ՝ ամիսներ տեւած դաւաճաններու եւ հերոսներու թոհուբոհին համար։
s-14
news-001N-000203E6
Ակնթարթի մը առանձնութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին հաշուեկշիռ մը պիտի ընէ՝ ամիսներ տեւած դաւաճաններու եւ հերոսներու թոհուբոհին համար։
Aknt’art’i më aṙanjnowt’ean mēǰ Hayastani Hanrapetowt’ean k’aġak’ac’in hašowekšiṙ më piti ënē, amisner tewaç dawač̣annerow ew herosnerow t’ohowbohin hamar.
[15] tree
Ան պիտի ջանայ յագեցնել երկրի անդորրութեան որոնումը, գոհացնել պետութեան կայունութեան ձգտումը։
s-15
news-001N-000203E7
Ան պիտի ջանայ յագեցնել երկրի անդորրութեան որոնումը, գոհացնել պետութեան կայունութեան ձգտումը։
An piti ǰanay yagec’nel erkri andorrowt’ean oronowmë, gohac’nel petowt’ean kayownowt’ean jgtowmë.
[16] tree
Այս բոլորը ընելու ժամանակ պիտի ունենայ միակ ուղեցոյց մը, որն է՝ ի հեճուկս ամէն ինչի սահմանին վրայ առանձինն կանգնած զինուորին յամառութիւնը։
s-16
news-001N-000203E8
Այս բոլորը ընելու ժամանակ պիտի ունենայ միակ ուղեցոյց մը, որն է՝ ի հեճուկս ամէն ինչի սահմանին վրայ առանձինն կանգնած զինուորին յամառութիւնը։
Ays bolorë ënelow žamanak piti ownenay miak owġec’oyc’ më, orn ē, i heč̣owks amēn inči sahmanin vray aṙanjinn kangnaç zinoworin yamaṙowt’iwnë.
[17] tree
Հայոց պատմութեան առկայ սուր ճամբաբաժանին հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ հաւաքական դատողութեան, հաւաքական մտքի, հաւաքական իմաստութեան դրսեւորումով մը երաշխիքներ ստեղծել ապագայի համար։
s-17
news-001N-000303E9
Հայոց պատմութեան առկայ սուր ճամբաբաժանին հնարաւոր պիտի ըլլա՞յ հաւաքական դատողութեան, հաւաքական մտքի, հաւաքական իմաստութեան դրսեւորումով մը երաշխիքներ ստեղծել ապագայի համար։
Hayoc’ patmowt’ean aṙkay sowr č̣ambabažanin hnarawor piti ëlla?y hawak’akan datoġowt’ean, hawak’akan mtk’i, hawak’akan imastowt’ean drseworowmov më erašxik’ner steġçel apagayi hamar.
[18] tree
Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը կախում ունի իր շարքային քաղաքացիի քուէատուփի մօտ գործելիք սխրանքէն՝ ակնթարթի մը համար միսմինակ, սահմանին վրայ կանգնած զինուորին նման եւ սահմանին վրայ կանգնած զինուորին համար։
s-18
news-001N-000403EA
Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնը կախում ունի իր շարքային քաղաքացիի քուէատուփի մօտ գործելիք սխրանքէն՝ ակնթարթի մը համար միսմինակ, սահմանին վրայ կանգնած զինուորին նման եւ սահմանին վրայ կանգնած զինուորին համար։
Hayastani Hanrapetowt’ean goyowt’iwnë kaxowm owni ir šark’ayin k’aġak’ac’ii k’owēatowp’i mòt gorçelik’ sxrank’ēn, aknt’art’i më hamar misminak, sahmanin vray kangnaç zinoworin nman ew sahmanin vray kangnaç zinoworin hamar.
[19] tree
Հայաստանի սահմաններուն եռագոյնը պարզուած կ՚ըլլայ խաչաձեւ ձողի վրայ. միակ ապաւէնը՝ միսմինակ զինուորին եւ վաղը առանձինն խղճի ձայնին հետեւելիք քաղաքացիին։
s-19
news-001N-000403EB
Հայաստանի սահմաններուն եռագոյնը պարզուած կ՚ըլլայ խաչաձեւ ձողի վրայ. միակ ապաւէնը՝ միսմինակ զինուորին եւ վաղը առանձինն խղճի ձայնին հետեւելիք քաղաքացիին։
Hayastani sahmannerown eṙagoynë parzowaç k,ëllay xačajew joġi vray. miak apawēnë, misminak zinoworin ew vaġë aṙanjinn xġč̣i jaynin hetewelik’ k’aġak’ac’iin.
[20] tree
Աստուած պահապան եւ օգնական բոլորին՝ վերանորոգ եռանդով, ապագայի նկատմամբ թարմ հաւատքով վերստին սկսելու համար կեանքի ծառը խնամելու։
s-20
news-001N-000403EC
Աստուած պահապան եւ օգնական բոլորին՝ վերանորոգ եռանդով, ապագայի նկատմամբ թարմ հաւատքով վերստին սկսելու համար կեանքի ծառը խնամելու։
Astowaç pahapan ew ògnakan bolorin, veranorog eṙandov, apagayi nkatmamb t’arm hawatk’ov verstin skselow hamar keank’i çaṙë xnamelow.

Edit as listText viewDependency trees