Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Text: -

[1] tree
«Գանար Անշէնէ» (Շղթայուած բադ) ֆրանսական երգիծական թերթը վերարծարծեց Սեւրի Մխիթարեանի կալուածի շինարարական ծրագրին հարցը «Վատիկան բռնուեցաւ՝ ձեռքը կրաշաղախի մէջ» յօդուածով, որ կարգ մը պնդումներ կը կատարէ, որոնք նորութիւններ չեն տեղեկատւութեան գետնի վրայ, բայց նոր մեկնաբանութիւններով, որոնք հեռու են համոզիչ ու սպառիչ ըլլալէ։
s-1
news-001K-0001033C

«Ganar Anšēnē» (Šġt’ayowaç bad) fransakan ergiçakan t’ert’ë verarçarçec’ Sewri Mxit’areani kalowaçi šinararakan çragrin harc’ë «Vatikan bṙnowec’aw, jeṙk’ë krašaġaxi mēǰ» yòdowaçov, or karg më pndowmner kë katarē, oronk’ norowt’iwnner čen teġekatwowt’ean getni vray, bayc’ nor meknabanowt’iwnnerov, oronk’ heṙow en hamozič ow spaṙič ëllalē.
[2] tree
Հարկ կը նկատենք երկու ճշդում կատարել. առաջինը կը վերաբերի Վատիկանին եւ Փրանկիսկոս պապին, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցին մէջ ոչ մէկ ատեն Թուրքիոյ ճնշումներուն չեն ենթարկուած, ոչ ալ Պոլսոյ կաթողիկէ փոքրամասնութիւններուն շահերը պաշտպանելու համար՝ զիջած են իրենց յանդուգն դիրքորոշումներէն, ինչպէս 2015-ին Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Պապին Վատիկանի մէջ կազմակերպած սրբազան պատարագը եւ խորանէն Ցեղասպանութեան ճանաչումի հանդիսաւոր յայտարարութիւնը, Հայ առաքելական կաթողիկոսական աթոռներու եւ գահակալներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին ներկայութեամբ։
s-2
news-001K-0002033D

Hark kë nkatenk’ erkow č̣šdowm katarel. aṙaǰinë kë veraberi Vatikanin ew P’rankiskos papin, or C’eġaspanowt’ean č̣anačowmi harc’in mēǰ oč mēk aten T’owrk’ioy č̣nšowmnerown čen ent’arkowaç, oč al Polsoy kat’oġikē p’ok’ramasnowt’iwnnerown šaherë paštpanelow hamar, ziǰaç en irenc’ yandowgn dirk’orošowmnerēn, inčpēs 2015-in C’eġaspanowt’ean 100-rd tarelic’in aṙt’iw Papin Vatikani mēǰ kazmakerpaç srbazan pataragë ew xoranēn C’eġaspanowt’ean č̣anačowmi handisawor yaytararowt’iwnë, Hay aṙak’elakan kat’oġikosakan at’oṙnerow ew gahakalnerow ew Hayastani Hanrapetowt’ean naxagahin nerkayowt’eamb.
[3] tree
Նոյնպէս, յաջորդ տարի՝ 2016-ին դէպի Հայաստան անոր ուխտագնացութիւնը եւ Հայութեան ի նպաստ անոր արտայայտած մտքերը։
s-3
news-001K-0002033E
Նոյնպէս, յաջորդ տարի՝ 2016-ին դէպի Հայաստան անոր ուխտագնացութիւնը եւ Հայութեան ի նպաստ անոր արտայայտած մտքերը։
Noynpēs, yaǰord tari, 2016-in dēpi Hayastan anor owxtagnac’owt’iwnë ew Hayowt’ean i npast anor artayaytaç mtk’erë.
[4] tree
Երկրորդ կարեւոր նշումը կը վերաբերի Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանին, որ ըլլալով Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ, կրնար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ճնշումի ենթարկուիլ։
s-4
news-001K-0003033F
Երկրորդ կարեւոր նշումը կը վերաբերի Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանին, որ ըլլալով Պոլսոյ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ, կրնար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ճնշումի ենթարկուիլ։
Erkrord karewor nšowmë kë veraberi Gerapayçaṙ Lewon Zēk’ieanin, or ëllalov Polsoy Hay kat’oġikē hamaynk’i aṙaǰnord, krnar T’owrk’ioy išxanowt’iwnnerown koġmē č̣nšowmi ent’arkowil.
[5] tree
Սակայն, նոյնիսկ Սեւր 2015-ի պատասխանատուները կ՚ընդունին որ այդ ծրագիրը մերժուած էր նախքան հայր Զէքիեանի՝ պապական նուիրակ նշանակուիլը։
s-5
news-001K-0003033G
Սակայն, նոյնիսկ Սեւր 2015-ի պատասխանատուները կ՚ընդունին որ այդ ծրագիրը մերժուած էր նախքան հայր Զէքիեանի՝ պապական նուիրակ նշանակուիլը։
Sakayn, noynisk Sewr 2015-i patasxanatownerë k,ëndownin or ayd çragirë meržowaç ēr naxk’an hayr Zēk’ieani, papakan nowirak nšanakowilë.
[6] tree
Հայր ԶԷքիեանին առնչութեամբ կայ այլ հանգամանք մը եւս, որ կարեւոր է նկատի ունենալ։
s-6
news-001K-0004033H
Հայր ԶԷքիեանին առնչութեամբ կայ այլ հանգամանք մը եւս, որ կարեւոր է նկատի ունենալ։
Hayr ZĒk’ieanin aṙnčowt’eamb kay ayl hangamank’ më ews, or karewor ē nkati ownenal.
[7] tree
Ան, նախ եւ առաջ գիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն է, հայագէտ մտաւորական մը։
s-7
news-001K-0004033I
Ան, նախ եւ առաջ գիտութեան նուիրուած անձնաւորութիւն է, հայագէտ մտաւորական մը։
An, nax ew aṙaǰ gitowt’ean nowirowaç anjnaworowt’iwn ē, hayagēt mtaworakan më.
[8] tree
Պայմաններու բերումով իրեն յանձնած են սնանկութեան եզրին հասած Մխիթարեան միաբանութեան տնօրինումը։
s-8
news-001K-0004033J
Պայմաններու բերումով իրեն յանձնած են սնանկութեան եզրին հասած Մխիթարեան միաբանութեան տնօրինումը։
Paymannerow berowmov iren yanjnaç en snankowt’ean ezrin hasaç Mxit’arean miabanowt’ean tnòrinowmë.
[9] tree
Որքան ալ ներկայ պայմաններուն մէջ անընդունելի ըլլայ Նիսի միջնորդներու կողմէ անոր ներկայացուած շինարարական ծրագիրը, ատիկա պէտք չէ խափանէ անոր բարձրորակ գիտնականի, մաքուր հոգեւորականի, նուիրեալ կրթական գործիչի համբաւը։
s-9
news-001K-0004033K

Ork’an al nerkay paymannerown mēǰ anëndowneli ëllay Nisi miǰnordnerow koġmē anor nerkayac’owaç šinararakan çragirë, atika pētk’ čē xap’anē anor barjrorak gitnakani, mak’owr hogeworakani, nowireal krt’akan gorçiči hambawë.
[10] tree
«Գանար Անշէնէ»-ի մեծագոյն ամբաստանութիւնը՝ Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան նախագահութիւնը գրաւելու միտող յեղաշրջումի (putsch) վարկածն է։
s-10
news-001K-0005033L
«Գանար Անշէնէ»-ի մեծագոյն ամբաստանութիւնը՝ Սամուէլ-Մուրատ վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան նախագահութիւնը գրաւելու միտող յեղաշրջումի (putsch) վարկածն է։
«Ganar Anšēnē»-i meçagoyn ambastanowt’iwnë, Samowēl-Mowrat varžarani ënkerakc’owt’ean varčowt’ean naxagahowt’iwnë grawelow mitoġ yeġašrǰowmi (putsch) varkaçn ē.
[11] tree
Սակայն, հոս է նաեւ անտրամաբանական մեծագոյն եզրայանգումը։
s-11
news-001K-0005033M
Սակայն, հոս է նաեւ անտրամաբանական մեծագոյն եզրայանգումը։
Sakayn, hos ē naew antramabanakan meçagoyn ezrayangowmë.
[12] tree
Պուիկի շինարարական ծրագիրը, զոր կը պաշտպանէ հայր Զէքիեան, կը նախատեսէ 60 տարուան համար Սեւրի մխիթարեաններու կալուածին տնօրինումէ զրկումը։
s-12
news-001K-0005033N
Պուիկի շինարարական ծրագիրը, զոր կը պաշտպանէ հայր Զէքիեան, կը նախատեսէ 60 տարուան համար Սեւրի մխիթարեաններու կալուածին տնօրինումէ զրկումը։
Powiki šinararakan çragirë, zor kë paštpanē hayr Zēk’iean, kë naxatesē 60 tarowan hamar Sewri mxit’areannerow kalowaçin tnòrinowmē zrkowmë.
[13] tree
Ա՞յս է Վատիկանի՝ Սեւրի կալուածին տիրանալու ձեւակերպումը։
s-13
news-001K-0005033O
Ա՞յս է Վատիկանի՝ Սեւրի կալուածին տիրանալու ձեւակերպումը։
A?ys ē Vatikani, Sewri kalowaçin tiranalow jewakerpowmë.
[14] tree
Կը մնայ մեծագոյն հարցականը՝ արդեօք հայր Զէքիեանի կողմէ Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան տիրանալու միտող putsch եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ։
s-14
news-001K-0006033P
Կը մնայ մեծագոյն հարցականը՝ արդեօք հայր Զէքիեանի կողմէ Սեւրի Մխիթարեան վարժարանի ընկերակցութեան վարչութեան տիրանալու միտող putsch եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ։
Kë mnay meçagoyn harc’akanë, ardeòk’ hayr Zēk’ieani koġmē Sewri Mxit’arean varžarani ënkerakc’owt’ean varčowt’ean tiranalow mitoġ putsch eġa?ç ē, t’ē? oč.
[15] tree
Կը սպասենք դատարանի որոշումին։
s-15
news-001K-0006033Q
Կը սպասենք դատարանի որոշումին։
Kë spasenk’ datarani orošowmin.
[16] tree
Մէկ բան յստակ է, որ Սեւրի Մխիթարեան վարժարանը կը կրէ Մխիթարեան միաբանութեան կնիքը։
s-16
news-001K-0006033R
Մէկ բան յստակ է, որ Սեւրի Մխիթարեան վարժարանը կը կրէ Մխիթարեան միաբանութեան կնիքը։
Mēk ban ystak ē, or Sewri Mxit’arean varžaranë kë krē Mxit’arean miabanowt’ean knik’ë.
[17] tree
Բնական է որ անոր տնօրինումը կատարուի Մխիթարեան միաբանութեան համաձայնութեամբ։
s-17
news-001K-0006033S
Բնական է որ անոր տնօրինումը կատարուի Մխիթարեան միաբանութեան համաձայնութեամբ։
Bnakan ē or anor tnòrinowmë katarowi Mxit’arean miabanowt’ean hamajaynowt’eamb.
[18] tree
Երկրորդ, հանրային ժողովներու ընթացքին, որքան որ կազմակերպիչներուն կողմէ վարժարանին յիշողութեան վայր եւ Ցեղասպանագիտական հետազօտութեան կեդրոն ըլլալու հանգամանքը շեշտուեցաւ, նոյնքան ալ, եւ աւելի՛ , կրթական կառոյց մը վերահաստատելու փափաքը պնդուեցաւ հրաւիրեալ ժողովականներուն կողմէ։
s-18
news-001K-0006033T
Երկրորդ, հանրային ժողովներու ընթացքին, որքան որ կազմակերպիչներուն կողմէ վարժարանին յիշողութեան վայր եւ Ցեղասպանագիտական հետազօտութեան կեդրոն ըլլալու հանգամանքը շեշտուեցաւ, նոյնքան ալ, եւ աւելի՛, կրթական կառոյց մը վերահաստատելու փափաքը պնդուեցաւ հրաւիրեալ ժողովականներուն կողմէ։
Erkrord, hanrayin žoġovnerow ënt’ac’k’in, ork’an or kazmakerpičnerown koġmē varžaranin yišoġowt’ean vayr ew C’eġaspanagitakan hetazòtowt’ean kedron ëllalow hangamank’ë šeštowec’aw, noynk’an al, ew aweli՛, krt’akan kaṙoyc’ më verahastatelow p’ap’ak’ë pndowec’aw hrawireal žoġovakannerown koġmē.

Edit as listText viewDependency trees