Այս տեսանկիւնէն ԱՄՆ-ու նորընտիր նախագահ Պայտընի կառավարութեան 2022-ին Հայաստանի համար սահմանած 24 միլիոն տոլարի օգնութիւնը, իսկ Ազերպէյճանին՝ 120 միլիոնը, ԱՄՆ-ու համար երկիրներու ռազմավարական կարեւորութիւնը յատկանշող ցնցիչ ցուցանիշ է։
Ays tesankiwnēn AMN-ow norëntir naxagah Paytëni kaṙavarowt’ean 2022-in Hayastani hamar sahmanaç 24 milion tolari ògnowt’iwnë, isk Azerpēyč̣anin, 120 milionë, AMN-ow hamar erkirnerow ṙazmavarakan kareworowt’iwnë yatkanšoġ c’nc’ič c’owc’aniš ē.
Նախագահ Թրամփ պատիւ չընձեռեց յեղափոխութեան վարչապետ Փաշինեանին հետ հանդիպում ունենալու, հակառակ յանուն ժողովրդավարութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, օրէնքի երկիր ու արդար ընտրութիւններ կայացնելու գործընթացին։
Իսկ նախագահ Պայտը՞ն՝ հայասէ՛րը կամ հայամէ՛տը, որ անցեալ Ապրիլ 24-ին ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը, ինչո՞ւ այսքան անտարբեր կը մնայ այսօր Հայաստանի համար ճակատագրական ու դժուարին օրերուն։
Isk naxagah Paytë?n, hayasē՛rë kam hayamē՛të, or anc’eal April 24-in č̣ančc’aw C’eġaspanowt’iwnë, inčo?w aysk’an antarber kë mnay aysòr Hayastani hamar č̣akatagrakan ow džowarin òrerown.
Ինչպէ՞ս բացատրել Հայաստանին եւ Ազէրպայճանին յատկացուած օգնութեան այս անհաւատալի տարբերութիւնը, հակառակ Արցախի երկրորդ պատերազմի ընթացքին՝ այդ երկրին պատերազմական բազմաթիւ ոճիրներ գործելուն, ռազմագերիները չվերադարձնելուն, Հայաստանի պետական սահմանը խախտելուն, մշակութային յուշակոթողները պղծելուն, իսլամապաշտ ահաբեկիչներու ծառայութեան դիմելուն... դեռ չհաշուած Արցախի պատերազմի ընթացքին՝ Մինսքի խումբի հաստատած մատրիտեան երեք հիմնադրոյթներէն երկուքը՝ բռնի ուժի կիրարկումի բացառութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները ոտնակոխելը։
Իրողութիւն է, որ մինչեւ ԱՄՆ-ը գործնական պատիժներու չդիմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին արձնագարելու միջոցին չդիմէ, Եւրոպան եւ Ֆրանսան պիտի մնան ազէրական յարձակումները եւ մարդկային իրաւանց խախտումները խօսքով դատապարտողի դերին մէջ։
Iroġowt’iwn ē, or minčew AMN-ë gorçnakan patižnerow čdimē, MAK-i Apahovowt’ean xorhowrdi òrakargin arjnagarelow miǰoc’in čdimē, EWropan ew Fransan piti mnan azērakan yarjakowmnerë ew mardkayin irawanc’ xaxtowmnerë xòsk’ov datapartoġi derin mēǰ.
Կարելի է նաեւ խնդիրը հակառակ կողմէն դիտել. իսկ եթէ Մաքրո՞ն Փաշինեանը Ֆրանսա հրաւիրած է յառաջիկայ շրջանային ընտրութիւններուն ընդառաջ Հայութիւնը սիրաշահելու համար, Հայութեան յղուած սրտառուչ քանի մը խօսքեր արտասանելով, առանց գործնականին մէջ հայ-ազէրական սահմանային կնճիռին լուրջ լուծում մը առաջարկելու։
Տեսակէտ մը, որ շատ աւելի տրամաբանական կը թուի, նկատի առնելով Մինսքի խումբի ներկայի անգործութիւնը եւ ԱՄՆ-ու՝ Ազէրպայճանի՛ն օգնութիւն տրամադրելու նախապատւութիւնը։
Tesakēt më, or šat aweli tramabanakan kë t’owi, nkati aṙnelov Minsk’i xowmbi nerkayi angorçowt’iwnë ew AMN-ow, Azērpayč̣ani՛n ògnowt’iwn tramadrelow naxapatwowt’iwnë.
Այս իրողութիւնը Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքական ուժերը աւելի շրջահայեաց ու միասնական պէտք է դարձնէ արտաքին ուժերու թշնամական վերաբերումին առաջքը առնելու համար։