s-12
news-001G-00040374
Օրինակները դեռ բազմազան են, ինչպէս՝ երբ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին սկիզբը, ներկայի առաջնորդը իր աթոռը թողած՝ ԱՄՆ ճամբորդած էր. կամ՝ երբ հաւատացեալները եւ հասարակութիւնը յուզող հարցերու պատճառով տեղի կ՚ունենային Թեմական խորհուրդի կարգ մը անդամներու հրաժարականները... եւ վերջապէս Նիսի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծումը ու կարճ ժամանակ ետք անոր վերստին «արտաքսում»-ը թեմէն, պատարագ մատուցելու արգելքը, եւ հակառակ ատոնց՝ Կոմիտաս վրդ. Յովնանեանի ձեռամբ, անհասկնալի կերպով, Ս. Ծնունդին պատարագի մատուցումը... եւ հուսկ վերջին պատարագը՝ որ մատուցուեցաւ անցեալ Կիրակի, Յունիս 27-ին, առաջնորդ հօր ներկայութեամբ, առանց Նիսի Ս. Փիլիպպոս ծուխը պաշտօնապէս տեղեակ պահելու այդ այցելութենէն։
Òrinaknerë deṙ bazmazan en, inčpēs, erb psakajew žahri hamač̣arakin skizbë, nerkayi aṙaǰnordë ir at’oṙë t’oġaç, AMN č̣ambordaç ēr. kam, erb hawatac’ealnerë ew hasarakowt’iwnë yowzoġ harc’erow patč̣aṙov teġi k,ownenayin T’emakan xorhowrdi karg më andamnerow hražarakannerë... ew verǰapēs Nisi S.Astowaçaçin ekeġec’woy veraòçowmë ow karč̣ žamanak etk’ anor verstin «artak’sowm»-ë t’emēn, patarag matowc’elow argelk’ë, ew hakaṙak atonc’, Komitas vrd. Yovnaneani jeṙamb, anhasknali kerpov, S. Çnowndin pataragi matowc’owmë... ew howsk verǰin pataragë, or matowc’owec’aw anc’eal Kiraki, Yownis 27-in, aṙaǰnord hòr nerkayowt’eamb, aṙanc’ Nisi S. P’ilippos çowxë paštònapēs teġeak pahelow ayd ayc’elowt’enēn.