Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Text: -

[1] tree
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուցած հրաժարականին հիմնաւորման հետեւեալ բաժինը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ բերել՝ այնտեղ ընդգծուած պատճառներուն էութիւնը փորձել հասկնալու համար.
s-1
news-001B-0001030T
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին ներկայացուցած հրաժարականին հիմնաւորման հետեւեալ բաժինը անպայման պէտք է լուսարձակի տակ բերել՝ այնտեղ ընդգծուած պատճառներուն էութիւնը փորձել հասկնալու համար.
Hayastani artak’in gorçoc’ naxarari paštònakatarin nerkayac’owc’aç hražarakanin himnaworman heteweal bažinë anpayman pētk’ ē lowsarjaki tak berel, aynteġ ëndgçowaç patč̣aṙnerown ēowt’iwnë p’orjel hasknalow hamar.
[2] tree
Այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը:
s-2
news-001B-0002030U
Այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը:
Ays naxararowt’iwnë, or çnowndn ē ankaxowt’ean, pētk’ ē anšeġòrēn paštpanē mer ink’nišxanowt’iwnë, mer ankaxowt’iwnë, mer petakan, azgayin šaherë.
[3] tree
Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեւէ որեւէ կասկած չըլլայ, որ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են:
s-3
news-001B-0002030V

Yoysov em, or jezi amòt’ov čem jger, ew hražarakanis orošowmë paymanaworowaç ēr č̣išd ayd patč̣aṙov, or erbewē orewē kaskaç čëllay, or ays naxararowt’iwnë krnay inč or k’ayl katarel kam hamajaynowt’iwn tal inč or gaġap’arnerow, naxajeṙnowt’iwnnerow, oronk’ mer petakanowt’ean, mer azgayin ew petakan šaherown dēm eġaç en.
[4] tree
Արտակարգ ընտրութիւններու նախօրէին կայացած այս որոշումը պարզ է, որ կը կապուի նոր համաձայնագիրի ստորագրութեան հետ:
s-4
news-001B-00030310
Արտակարգ ընտրութիւններու նախօրէին կայացած այս որոշումը պարզ է, որ կը կապուի նոր համաձայնագիրի ստորագրութեան հետ:
Artakarg ëntrowt’iwnnerow naxòrēin kayac’aç ays orošowmë parz ē, or kë kapowi nor hamajaynagiri storagrowt’ean het.
[5] tree
Նոր համաձայնագիր, գուցէ եռակողմ, որ պիտի առաջնորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման:
s-5
news-001B-00030311
Նոր համաձայնագիր, գուցէ եռակողմ, որ պիտի առաջնորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման:
Nor hamajaynagir, gowc’ē eṙakoġm, or piti aṙaǰnordē Hayastani Hanrapetowt’ean ew Azrpēyč̣ani miǰew sahmanazatman ew sahmanagçman.
[6] tree
Այստեղ պահ մը փորձենք կեդրոնանալ գործընթացներուն վրայ:
s-6
news-001B-00030312
Այստեղ պահ մը փորձենք կեդրոնանալ գործընթացներուն վրայ:
Aysteġ pah më p’orjenk’ kedronanal gorçënt’ac’nerown vray.
[7] tree
Սահմանային դէպքերը, ազրպէյճանական ներխուժումները, հայ զինուորներու գերեվարումները՝ բոլորը կը մեկնաբանուին իբրեւ ճնշամիջոց անմիջապէս անցնելու սահմանային համաձայնութիւններու:
s-7
news-001B-00040313
Սահմանային դէպքերը, ազրպէյճանական ներխուժումները, հայ զինուորներու գերեվարումները՝ բոլորը կը մեկնաբանուին իբրեւ ճնշամիջոց անմիջապէս անցնելու սահմանային համաձայնութիւններու:
Sahmanayin dēpk’erë, azrpēyč̣anakan nerxowžowmnerë, hay zinowornerow gerevarowmnerë, bolorë kë meknabanowin ibrew č̣nšamiǰoc’ anmiǰapēs anc’nelow sahmanayin hamajaynowt’iwnnerow.
[8] tree
Այդ սահմանային համաձայնութիւնները կ՚առաջնորդեն նաեւ երկկողմանի առումով ինքնիշխանութեանց եւ մանաւանդ տարածքային ամբողջականութեանց փոխադարձ ճանաչումներու:
s-8
news-001B-00040314
Այդ սահմանային համաձայնութիւնները կ՚առաջնորդեն նաեւ երկկողմանի առումով ինքնիշխանութեանց եւ մանաւանդ տարածքային ամբողջականութեանց փոխադարձ ճանաչումներու:
Ayd sahmanayin hamajaynowt’iwnnerë k,aṙaǰnorden naew erkkoġmani aṙowmov ink’nišxanowt’eanc’ ew manawand taraçk’ayin amboġǰakanowt’eanc’ p’oxadarj č̣anačowmnerow.
[9] tree
Յիշենք անպայման, որ նման պահանջ, աւելի ճիշդը՝ նախապայման կ՚արծարծէր նաեւ Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման կամ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար:
s-9
news-001B-00040315
Յիշենք անպայման, որ նման պահանջ, աւելի ճիշդը՝ նախապայման կ՚արծարծէր նաեւ Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական կապերու հաստատման կամ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար:
Yišenk’ anpayman, or nman pahanǰ, aweli č̣išdë, naxapayman k,arçarçēr naew Angaran Erewani het diwanagitakan kaperow hastatman kam yaraberowt’iwnnerow bnakanonac’man hamar.
[10] tree
Տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի այս պահանջը ուղղակի առաջադրուած է Պաքուի կողմէ:
s-10
news-001B-00050316
Տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումի այս պահանջը ուղղակի առաջադրուած է Պաքուի կողմէ:
Taraçk’ayin amboġǰakanowt’ean č̣anačowmi ays pahanǰë owġġaki aṙaǰadrowaç ē Pak’owi koġmē.
[11] tree
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը բառացիօրէն կը յայտարարէր իր պատկերացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման առումով:
s-11
news-001B-00050317
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը բառացիօրէն կը յայտարարէր իր պատկերացումը Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման եւ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման առումով:
Azrpēyč̣ani artak’in gorçoc’ naxararë baṙac’iòrēn kë yaytararēr ir patkerac’owmë Hayastani Hanrapetowt’ean het yaraberowt’iwnnerow hastatman ew xaġaġowt’ean hamajaynagiri knk’man aṙowmov.
[12] tree
Ըստ Պայրամովի, Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը պայմանաւորուած է «ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքով»:
s-12
news-001B-00060318
Ըստ Պայրամովի, Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումը պայմանաւորուած է «ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքով»:
Ëst Payramovi, Hayastani het xaġaġowt’ean hamajaynagiri knk’owmë paymanaworowaç ē «ink’nišxanowt’ean ew sahmannerow anjeṙnmxeliowt’ean p’oxadarj č̣anačman skzbownk’ov».
[13] tree
Ազրպէյճանի այսօրուան սահմաններու ճանաչումը արդէն ազրպէյճանական տարբերակով կը լուծէ նաեւ արցախեան հակամարտութիւնը:
s-13
news-001B-00060319
Ազրպէյճանի այսօրուան սահմաններու ճանաչումը արդէն ազրպէյճանական տարբերակով կը լուծէ նաեւ արցախեան հակամարտութիւնը:
Azrpēyč̣ani aysòrowan sahmannerow č̣anačowmë ardēn azrpēyč̣anakan tarberakov kë lowçē naew arc’axean hakamartowt’iwnë.
[14] tree
Խնդիրը սերտօրէն առնչուած է նաեւ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին՝ տարածաշրջանի ճանապարհային եւ ենթակառուցուածքային ապաշրջափակման հետ:
s-14
news-001B-0007031A
Խնդիրը սերտօրէն առնչուած է նաեւ նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 9-րդ կէտին՝ տարածաշրջանի ճանապարհային եւ ենթակառուցուածքային ապաշրջափակման հետ:
Xndirë sertòrēn aṙnčowaç ē naew noyember 9-i yaytararowt’ean 9-rd kētin, taraçašrǰani č̣anaparhayin ew ent’akaṙowc’owaçk’ayin apašrǰap’akman het.
[15] tree
Առ այս պահը պարզ չէ, որ սահմանազատման-սահմանագծման համար ի՞նչ քարտէս է, որ իբրեւ հիմք պիտի ծառայէ:
s-15
news-001B-0008031B
Առ այս պահը պարզ չէ, որ սահմանազատման-սահմանագծման համար ի՞նչ քարտէս է, որ իբրեւ հիմք պիտի ծառայէ:
Aṙ ays pahë parz čē, or sahmanazatman-sahmanagçman hamar i?nč k’artēs ē, or ibrew himk’ piti çaṙayē.
[16] tree
Դիտորդական եւ միջնորդական առաքելութիւն ներառելու համար Երեւանը կ՚արծարծէ ԵԱՀԿ-ի ներգրաւուածութիւնը, մինչ Պաքուն կ՚առաջադրէ Երեւան-Պաքու-Մոսկուա եռակողմ ձեւաչափը՝ գործընթացը նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութեան առնչելու նպատակով:
s-16
news-001B-0008031C

Ditordakan ew miǰnordakan aṙak’elowt’iwn neraṙelow hamar Erewanë k,arçarçē EAHK-i nergrawowaçowt’iwnë, minč Pak’own k,aṙaǰadrē Erewan-Pak’ow-Moskowa eṙakoġm jewačap’ë, gorçënt’ac’ë noyember 9-i paymanaworowaçowt’ean aṙnčelow npatakov.
[17] tree
Այսինքն. սահմանազատում-սահմանագծում-ապաշրջափակում:
s-17
news-001B-0008031D
Այսինքն. սահմանազատում-սահմանագծում-ապաշրջափակում:
Aysink’n. sahmanazatowm-sahmanagçowm-apašrǰap’akowm.
[18] tree
Հասկնալի է յաղթած կողմի շտապողականութիւնը այս հարցին մէջ:
s-18
news-001B-0009031E
Հասկնալի է յաղթած կողմի շտապողականութիւնը այս հարցին մէջ:
Hasknali ē yaġt’aç koġmi štapoġakanowt’iwnë ays harc’in mēǰ.
[19] tree
Հայկական կողմը հերթական անգամ յանձնուողական դիրքի մէջ յայտնուած է:
s-19
news-001B-0009031F
Հայկական կողմը հերթական անգամ յանձնուողական դիրքի մէջ յայտնուած է:
Haykakan koġmë hert’akan angam yanjnowoġakan dirk’i mēǰ yaytnowaç ē.
[20] tree
Թրքական նախապայմաններէն առաջ հայկական կողմին կը պարտադրուի ընդունիլ ազրպէյճանական նախապայմանները:
s-20
news-001B-0009031G
Թրքական նախապայմաններէն առաջ հայկական կողմին կը պարտադրուի ընդունիլ ազրպէյճանական նախապայմանները:
T’rk’akan naxapaymannerēn aṙaǰ haykakan koġmin kë partadrowi ëndownil azrpēyč̣anakan naxapaymannerë.
[21] tree
Ապաշրջափակումը սակայն միայն Ազրպէյճանին չի վերաբերիր. հերթը շուտով կու գայ թրքական նախապայմաններուն:
s-21
news-001B-0009031H
Ապաշրջափակումը սակայն միայն Ազրպէյճանին չի վերաբերիր. հերթը շուտով կու գայ թրքական նախապայմաններուն:
Apašrǰap’akowmë sakayn miayn Azrpēyč̣anin či veraberir. hert’ë šowtov kow gay t’rk’akan naxapaymannerown.
[22] tree
Այս բոլորը կը թուի, որ ներառուած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի հրաժարականի պատճառներուն մէջ:
s-22
news-001B-000A031I
Այս բոլորը կը թուի, որ ներառուած են Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի հրաժարականի պատճառներուն մէջ:
Ays bolorë kë t’owi, or neraṙowaç en Hayastani Hanrapetowt’ean artak’in gorçoc’ naxarari paštònakatari hražarakani patč̣aṙnerown mēǰ.
[23] tree
Այնտեղ կը խօսուի երկրի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետական շահերու վտանգուած ըլլալուն մասին:
s-23
news-001B-000A031J
Այնտեղ կը խօսուի երկրի անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ պետական շահերու վտանգուած ըլլալուն մասին:
Aynteġ kë xòsowi erkri ankaxowt’ean, ink’nišxanowt’ean ew petakan šaherow vtangowaç ëllalown masin.
[24] tree
Աւելի ճիշդը՝ արդէն հարուածուած ըլլալուն մասին:
s-24
news-001B-000A031K
Աւելի ճիշդը՝ արդէն հարուածուած ըլլալուն մասին:
Aweli č̣išdë, ardēn harowaçowaç ëllalown masin.
[25] tree
Հետեւաբար նաեւ հակապետական ընթացքի մասին:
s-25
news-001B-000A031L
Հետեւաբար նաեւ հակապետական ընթացքի մասին:
Hetewabar naew hakapetakan ënt’ac’k’i masin.
[26] tree
Հրաժարականը հերթական ահազանգն է:
s-26
news-001B-000B031M
Հրաժարականը հերթական ահազանգն է:
Hražarakanë hert’akan ahazangn ē.
[27] tree
Յունիս 20-ը առիթ՝ հակապետական ընթացքը կասեցնելու:
s-27
news-001B-000B031N
Յունիս 20-ը առիթ՝ հակապետական ընթացքը կասեցնելու:
Yownis 20-ë aṙit’, hakapetakan ënt’ac’k’ë kasec’nelow.

Edit as listText viewDependency trees