Հայ քաղաքական միտքը երկու ուղղութեամբ հիմնական առաջադրանքներ ձեւակերպած էր ներքին համերաշխութեան եւ արտաքին առումով՝ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման:
Hay k’aġak’akan mitk’ë erkow owġġowt’eamb himnakan aṙaǰadrank’ner jewakerpaç ēr nerk’in hamerašxowt’ean ew artak’in aṙowmov, aržanapatiw xaġaġowt’ean hastatman.
Բաժանարար եւ սպառնալից հռետորաբանութեամբ եւ քայլերով յատկանշուած ներհասարակական դաշտը յառաջացուցած եւ պատերազմ պարտուած, տարածքներ զիջած եւ պարտուողական յայտարարութիւն ստորագրած պատասխանատու ուժը վերարտադրուած է:
Bažanarar ew spaṙnalic’ hṙetorabanowt’eamb ew k’aylerov yatkanšowaç nerhasarakakan daštë yaṙaǰac’owc’aç ew paterazm partowaç, taraçk’ner ziǰaç ew partowoġakan yaytararowt’iwn storagraç patasxanatow owžë verartadrowaç ē.
Ընդհանրացումը, թէ՝ անցեալի վերադարձի մերժումով կը պայմանաւորուի գործող իշխանութեան հանդէպ մեծամասնական ընտրազանգուածի կեդրոնացումը, կը թուի, որ միակ պատճառը չէ այս արդիւնքներու գրանցման:
Ի՞նչ հանգամանքներու կուտակումն էր, որ մեր հաւաքական զգայնութիւնը բթացուց՝ ի դէմս նոր ցեղասպանական արարքներ փորձած թուրքեւազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններուն:
I?nč hangamank’nerow kowtakowmn ēr, or mer hawak’akan zgaynowt’iwnë bt’ac’owc’, i dēms nor c’eġaspanakan arark’ner p’orjaç t’owrk’ewazrpēyč̣anakan ṙazmakan gorçoġowt’iwnnerown.
Աւելի խոր ուսումնասիրութեան կը կարօտի այն, որ պարտութենէն ետք զանգուածային տեսք չստացաւ համաժողովրդային ցասումը եւ ատով իսկ չյաջողեցաւ իրականացնել իշխանափոխութիւնը:
Aweli xor owsowmnasirowt’ean kë karòti ayn, or partowt’enēn etk’ zangowaçayin tesk’ čstac’aw hamažoġovrdayin c’asowmë ew atov isk čyaǰoġec’aw irakanac’nel išxanap’oxowt’iwnë.
Չենք կրնար համաշխարհայնացումին, անկէ բխող հետեւանքներուն կամ միայն ոչ կառավարական զանազան կազմակերպութիւններու տարած աշխատանքներուն արդիւնք սեպել եւ կարգախօսային պատճառահետեւանքային տեսութեամբ բացատրել ազգային հաւաքական զգայնութեան չէզոքացումի երեւոյթը:
88-ի շարժման, 90-ականներու ազատամարտին, ապրիլեան պատերազմին եւ այս բոլորին դիմաց 44-օրեայ պատերազմին նկատմամբ համաժողովրդային արձագանգումները, հակազդեցութիւնները, բայց մանաւանդ արդիւնքները ընդունելու-չընդունելու իրականութիւնները տրամագծօրէն հակոտնեայ են:
Մինչեւ գնահատական չստանան այս բոլորի պատճառահետեւանքային կապերը, հայ քաղաքական միտքին համար անորոշ պիտի մնան վերջին ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններէն ետք արձանագրուած արդիւնքները:
Minčew gnahatakan čstanan ays bolori patč̣aṙahetewank’ayin kaperë, hay k’aġak’akan mitk’in hamar anoroš piti mnan verǰin ṙazmak’aġak’akan iradarjowt’iwnnerēn etk’ arjanagrowaç ardiwnk’nerë.
Եւ խնդիրը այնքան պարզ չէ, ընդունելու համար միայն աշխարհաքաղաքական տարողութեան մէջ գերտէրութիւններու համաձայնութիւններով պարտադրուած իրողութիւններու դէմ անզօրութեան զգացումը:
EW xndirë aynk’an parz čē, ëndownelow hamar miayn ašxarhak’aġak’akan taroġowt’ean mēǰ gertērowt’iwnnerow hamajaynowt’iwnnerov partadrowaç iroġowt’iwnnerow dēm anzòrowt’ean zgac’owmë.
Պետական եւ հասարակական կեանքը պիտի շարունակուի անկասկած. այս բոլորին առընթեր գնահատական պէտք է ստանայ համալիր դրուածքով՝ ժողովուրդի ազգային դիմադրողականութեան եւ զգայնութեան հաւաքական հոգեկերտուածքի ձեւախեղման պատճառահետեւանքային հոլովոյթը:
Petakan ew hasarakakan keank’ë piti šarownakowi ankaskaç. ays bolorin aṙënt’er gnahatakan pētk’ ē stanay hamalir drowaçk’ov, žoġovowrdi azgayin dimadroġakanowt’ean ew zgaynowt’ean hawak’akan hogekertowaçk’i jewaxeġman patč̣aṙahetewank’ayin holovoyt’ë.
Այդ զգայնութեան վերասրումն է միայն, որ կրնայ կանխարգիլել հետագայ յանձնուողականութիւնն ու նոր մեկնարկ ապահովել պետականութեան վերականգնման եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացին:
Ayd zgaynowt’ean verasrowmn ē miayn, or krnay kanxargilel hetagay yanjnowoġakanowt’iwnn ow nor meknark apahovel petakanowt’ean verakangnman ew aržanapatiw xaġaġowt’ean hastatman gorçënt’ac’in.