Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Text: -

[1] tree
Անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ նորանոր անձնաւորութիւններ կը բացայայտեմ որոնք արդէն հաստատուած են Հայաստան, եւ այս փաստը կ՚ուրախացնէ զիս եւ խրախուսիչ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը ծրագրեն մշտական բնակութիւն հաստատել այստեղ:
s-1
blog-0031-000006AM

Anc’noġ iwrak’ančiwr òrowan het noranor anjnaworowt’iwnner kë bac’ayaytem oronk’ ardēn hastatowaç en Hayastan, ew ays p’astë k,owraxac’nē zis ew xraxowsič ē bolor anonc’ hamar, oronk’ kë çragren mštakan bnakowt’iwn hastatel aysteġ.
[2] tree
Լիբանանահայութեան երաժշտասէր հասարակութեան համար ծանօթ անուն է Մանուկ Մինասեանը:
s-2
blog-0031-000106AN
Լիբանանահայութեան երաժշտասէր հասարակութեան համար ծանօթ անուն է Մանուկ Մինասեանը:
Libananahayowt’ean eražštasēr hasarakowt’ean hamar çanòt’ anown ē Manowk Minaseanë.
[3] tree
Հաւանաբար ան այնքան հռչակ չէ ունեցած այլ երգիչներու նման պարզ այն պատճառով, որ շուկայական եւ աժան երգարուեստի ետեւէ չէ ինկած, այլ առաջին օրէն երգած է եւ կը շարունակէ երգել մաքուր եւ անաղարտ հայերէն, հեռու ռապիզ կամ թրքաոճ երաժշտութենէ:
s-3
blog-0031-000106AO

Hawanabar an aynk’an hṙčak čē ownec’aç ayl ergičnerow nman parz ayn patč̣aṙov, or šowkayakan ew ažan ergarowesti etewē čē inkaç, ayl aṙaǰin òrēn ergaç ē ew kë šarownakē ergel mak’owr ew anaġart hayerēn, heṙow ṙapiz kam t’rk’aoč̣ eražštowt’enē.
[4] tree
Անձնապէս ծանօթ չէի Մանուկին, բայց ֆէյսպուքի վրայ ընկերներ ենք եւ այդտեղէն ալ հասկցած էի թէ ժամանակէ մը ի վեր հաստատուած է Հայաստան, թէեւ չէի գիտեր թէ ինչ գործով կը զբաղի ներկայիս հայրենիքի մէջ:
s-4
blog-0031-000206AP
Անձնապէս ծանօթ չէի Մանուկին, բայց ֆէյսպուքի վրայ ընկերներ ենք եւ այդտեղէն ալ հասկցած էի թէ ժամանակէ մը ի վեր հաստատուած է Հայաստան, թէեւ չէի գիտեր թէ ինչ գործով կը զբաղի ներկայիս հայրենիքի մէջ:
Anjnapēs çanòt’ čēi Manowkin, bayc’ fēyspowk’i vray ënkerner enk’ ew aydteġēn al haskc’aç ēi t’ē žamanakē më i ver hastatowaç ē Hayastan, t’ēew čēi giter t’ē inč gorçov kë zbaġi nerkayis hayrenik’i mēǰ.
[5] tree
Շուրջ երկու շաբաթ առաջ անակնկալի եկայ, երբ Մանուկը ֆէյսպուքի վրայ նկարներ տեղադրած էր, ուր կ՚երեւէր թէ կը զբաղի հողագործութեամբ:
s-5
blog-0031-000206AQ
Շուրջ երկու շաբաթ առաջ անակնկալի եկայ, երբ Մանուկը ֆէյսպուքի վրայ նկարներ տեղադրած էր, ուր կ՚երեւէր թէ կը զբաղի հողագործութեամբ:
Šowrǰ erkow šabat’ aṙaǰ anaknkali ekay, erb Manowkë fēyspowk’i vray nkarner teġadraç ēr, owr k,erewēr t’ē kë zbaġi hoġagorçowt’eamb.
[6] tree
Իր այս հայրենանուէր արարքը հետաքրքրութիւնս շարժեց եւ գրեցի իրեն թէ կ՚ուզէի անպայման հետը խօսիլ եւ տեսնել զինք:
s-6
blog-0031-000206AR
Իր այս հայրենանուէր արարքը հետաքրքրութիւնս շարժեց եւ գրեցի իրեն թէ կ՚ուզէի անպայման հետը խօսիլ եւ տեսնել զինք:
Ir ays hayrenanowēr arark’ë hetak’rk’rowt’iwns šaržec’ ew grec’i iren t’ē k,owzēi anpayman hetë xòsil ew tesnel zink’.
[7] tree
Նոյն օրը երեկոյեան հեռաձայնեց ինծի եւ հանդիպումի վայրն ու թուականը ճշդեցինք:
s-7
blog-0031-000206AS
Նոյն օրը երեկոյեան հեռաձայնեց ինծի եւ հանդիպումի վայրն ու թուականը ճշդեցինք:
Noyn òrë erekoyean heṙajaynec’ inçi ew handipowmi vayrn ow t’owakanë č̣šdec’ink’.
[8] tree
Լիբանանահայու մը սուրճի խանութը հանդիպեցանք։
s-8
blog-0031-000306AT
Լիբանանահայու մը սուրճի խանութը հանդիպեցանք։
Libananahayow më sowrč̣i xanowt’ë handipec’ank’.
[9] tree
Նախապէս քանի մը վայրկեաններու հեռախօսազրոյցը կարծես որոշակի մտերմութիւն մը ստեղծած էր մեր միջեւ:
s-9
blog-0031-000306AU
Նախապէս քանի մը վայրկեաններու հեռախօսազրոյցը կարծես որոշակի մտերմութիւն մը ստեղծած էր մեր միջեւ:
Naxapēs k’ani më vayrkeannerow heṙaxòsazroyc’ë karçes orošaki mtermowt’iwn më steġçaç ēr mer miǰew.
[10] tree
Մանուկը պարզ, համեստ, անմիջական եւ սրտաբաց անձնաւորութիւն է:
s-10
blog-0031-000306AV
Մանուկը պարզ, համեստ, անմիջական եւ սրտաբաց անձնաւորութիւն է:
Manowkë parz, hamest, anmiǰakan ew srtabac’ anjnaworowt’iwn ē.
[11] tree
Մանուկին առաջին անգամ տեսած եմ 1986 կամ 87 թուականին լիբանանեան հեռատեսիլէ մը, հայկական Ս. Ծնունդի նուիրուած յայտագիրի մը ընդմէջէն:
s-11
blog-0031-000406B0
Մանուկին առաջին անգամ տեսած եմ 1986 կամ 87 թուականին լիբանանեան հեռատեսիլէ մը, հայկական Ս. Ծնունդի նուիրուած յայտագիրի մը ընդմէջէն:
Manowkin aṙaǰin angam tesaç em 1986 kam 87 t’owakanin libananean heṙatesilē më, haykakan S. Çnowndi nowirowaç yaytagiri më ëndmēǰēn.
[12] tree
Ատկէ ետք Լիբանան սփռուող Վանայ Ձայն ռատիոկայանէն քանի մը անգամ լսած եմ իր երգերը:
s-12
blog-0031-000406B1
Ատկէ ետք Լիբանան սփռուող Վանայ Ձայն ռատիոկայանէն քանի մը անգամ լսած եմ իր երգերը:
Atkē etk’ Libanan sp’ṙowoġ Vanay Jayn ṙatiokayanēn k’ani më angam lsaç em ir ergerë.
[13] tree
Գաւաթ մը սուրճի շուրջ մեր հանդիպումը անցաւ բաւական ջերմ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ:
s-13
blog-0031-000506B2
Գաւաթ մը սուրճի շուրջ մեր հանդիպումը անցաւ բաւական ջերմ եւ հարազատ մթնոլորտի մէջ:
Gawat’ më sowrč̣i šowrǰ mer handipowmë anc’aw bawakan ǰerm ew harazat mt’nolorti mēǰ.
[14] tree
Նախ ան պատմեց թէ ինչպէս առած է իր առաջին քայլերը երգարուեստի մարզին մէջ:
s-14
blog-0031-000606B3
Նախ ան պատմեց թէ ինչպէս առած է իր առաջին քայլերը երգարուեստի մարզին մէջ:
Nax an patmec’ t’ē inčpēs aṙaç ē ir aṙaǰin k’aylerë ergarowesti marzin mēǰ.
[15] tree
Ան շնորհակալութեամբ յիշեց թէ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատուները նեցուկ կանգնած եւ քաջալերած են զինք իբրեւ անաղարտ հայերէն երգող:
s-15
blog-0031-000606B4
Ան շնորհակալութեամբ յիշեց թէ Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնն ու պատասխանատուները նեցուկ կանգնած եւ քաջալերած են զինք իբրեւ անաղարտ հայերէն երգող:
An šnorhakalowt’eamb yišec’ t’ē Vanay Jayn ṙatiokayani tnòrēnowt’iwnn ow patasxanatownerë nec’owk kangnaç ew k’aǰaleraç en zink’ ibrew anaġart hayerēn ergoġ.
[16] tree
Պատմեց թէ ինչպէս քանի մը առիթներով հանդիպումներ ունեցած է Թաթուլ Այնէճեանի սթիւտիոյին մէջ Թաթուլի, Սեդրակ Էսմերեանի, նկարիչ Զօհրապ Քէշիշեանի եւ արուեստի այլ ներկայացուցիչներու հետ:
s-16
blog-0031-000606B5
Պատմեց թէ ինչպէս քանի մը առիթներով հանդիպումներ ունեցած է Թաթուլ Այնէճեանի սթիւտիոյին մէջ Թաթուլի, Սեդրակ Էսմերեանի, նկարիչ Զօհրապ Քէշիշեանի եւ արուեստի այլ ներկայացուցիչներու հետ:
Patmec’ t’ē inčpēs k’ani më aṙit’nerov handipowmner ownec’aç ē T’at’owl Aynēč̣eani st’iwtioyin mēǰ T’at’owli, Sedrak Ēsmereani, nkarič Zòhrap K’ēšišeani ew arowesti ayl nerkayac’owc’ičnerow het.
[17] tree
Պատմեց թէ երգած է արեւմտահայերէնով երկու երգ, մէկը Ս. Էսմերեանի իսկ միւսը Թ. Այնէճեանի հեղինակութեամբ:
s-17
blog-0031-000606B6
Պատմեց թէ երգած է արեւմտահայերէնով երկու երգ, մէկը Ս. Էսմերեանի իսկ միւսը Թ. Այնէճեանի հեղինակութեամբ:
Patmec’ t’ē ergaç ē arewmtahayerēnov erkow erg, mēkë S. Ēsmereani isk miwsë T’. Aynēč̣eani heġinakowt’eamb.
[18] tree
Արժէ այստեղ նշել Թաթուլի հեղինակած երգի մասին:
s-18
blog-0031-000606B7
Արժէ այստեղ նշել Թաթուլի հեղինակած երգի մասին:
Aržē aysteġ nšel T’at’owli heġinakaç ergi masin.
[19] tree
Ան գրած է բանաստեղծութիւն մը յատուկ Մանուկի երգացանկի համար, որ եղած է անոր կարապի երգը:
s-19
blog-0031-000606B8
Ան գրած է բանաստեղծութիւն մը յատուկ Մանուկի երգացանկի համար, որ եղած է անոր կարապի երգը:
An graç ē banasteġçowt’iwn më yatowk Manowki ergac’anki hamar, or eġaç ē anor karapi ergë.
[20] tree
Բանաստեղծութեան վերջին տունը երաժշտութեան յարմարցնելու համար տուած են Թաթուլին զայն վերափոխելու:
s-20
blog-0031-000606B9
Բանաստեղծութեան վերջին տունը երաժշտութեան յարմարցնելու համար տուած են Թաթուլին զայն վերափոխելու:
Banasteġçowt’ean verǰin townë eražštowt’ean yarmarc’nelow hamar towaç en T’at’owlin zayn verap’oxelow.
[21] tree
Սրբագրութիւնը կատարելէն քանի մը ժամ ետք ան մահացած է:
s-21
blog-0031-000606BA
Սրբագրութիւնը կատարելէն քանի մը ժամ ետք ան մահացած է:
Srbagrowt’iwnë katarelēn k’ani më žam etk’ an mahac’aç ē.
[22] tree
Ապա պատմեց թէ շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ եկած է Հայաստան քանի մը երգիչներու հետ ձայնագրութեան ծրագիրներով:
s-22
blog-0031-000706BB
Ապա պատմեց թէ շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ եկած է Հայաստան քանի մը երգիչներու հետ ձայնագրութեան ծրագիրներով:
Apa patmec’ t’ē šowrǰ erkowk’owkēs tari aṙaǰ ekaç ē Hayastan k’ani më ergičnerow het jaynagrowt’ean çragirnerov.
[23] tree
Այստեղ հաստատուելու հեռանկարը միշտ ալ եղած է իր միտքին մէջ, բայց այդ օրերուն տակաւին որոշում չէ ունեցած:
s-23
blog-0031-000706BC
Այստեղ հաստատուելու հեռանկարը միշտ ալ եղած է իր միտքին մէջ, բայց այդ օրերուն տակաւին որոշում չէ ունեցած:
Aysteġ hastatowelow heṙankarë mišt al eġaç ē ir mitk’in mēǰ, bayc’ ayd òrerown takawin orošowm čē ownec’aç.
[24] tree
Հանգամանքներու բերումով մնացեր է այստեղ:
s-24
blog-0031-000706BD
Հանգամանքներու բերումով մնացեր է այստեղ:
Hangamank’nerow berowmov mnac’er ē aysteġ.
[25] tree
Առաջին ամիսները բաւական դժուար եղած են:
s-25
blog-0031-000706BE
Առաջին ամիսները բաւական դժուար եղած են:
Aṙaǰin amisnerë bawakan džowar eġaç en.
[26] tree
Երգարուեստի շուկան այստեղ գերյագեցած է եւ հնարաւոր չէր այդ մարզին մէջ աշխատանք ճարել եւ «տեղաւորուիլ»:
s-26
blog-0031-000706BF
Երգարուեստի շուկան այստեղ գերյագեցած է եւ հնարաւոր չէր այդ մարզին մէջ աշխատանք ճարել եւ «տեղաւորուիլ»:
Ergarowesti šowkan aysteġ geryagec’aç ē ew hnarawor čēr ayd marzin mēǰ ašxatank’ č̣arel ew «teġaworowil».
[27] tree
Ան փորձած է նաեւ իր արհեստին՝ ոսկերչութեան մէջ աշխատանք գտնել եւ չէ յաջողած:
s-27
blog-0031-000706BG
Ան փորձած է նաեւ իր արհեստին՝ ոսկերչութեան մէջ աշխատանք գտնել եւ չէ յաջողած:
An p’orjaç ē naew ir arhestin, oskerčowt’ean mēǰ ašxatank’ gtnel ew čē yaǰoġaç.
[28] tree
Քանի մը ամիս սպասումներու եւ փնտռտուքներէ ետք, Քասախ գիւղը ապրող ընկերոջ մօտ սկսած է զբաղիլ հողամշակութեամբ:
s-28
blog-0031-000706BH
Քանի մը ամիս սպասումներու եւ փնտռտուքներէ ետք, Քասախ գիւղը ապրող ընկերոջ մօտ սկսած է զբաղիլ հողամշակութեամբ:
K’ani më amis spasowmnerow ew p’ntṙtowk’nerē etk’, K’asax giwġë aproġ ënkeroǰ mòt sksaç ē zbaġil hoġamšakowt’eamb.
[29] tree
Բնականաբար առաջին ամիսները եղած են սորվելու, փորձելու ծանր շրջան:
s-29
blog-0031-000806BI
Բնականաբար առաջին ամիսները եղած են սորվելու, փորձելու ծանր շրջան:
Bnakanabar aṙaǰin amisnerë eġaç en sorvelow, p’orjelow çanr šrǰan.
[30] tree
Քաղաքաբնակ ըլլալով, գրեթէ անծանօթ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն, ան յամառօրէն ճիգ թափած է ստեղծելու իր գործը եւ իր անկիւնը:
s-30
blog-0031-000806BJ
Քաղաքաբնակ ըլլալով, գրեթէ անծանօթ գիւղատնտեսական աշխատանքներուն, ան յամառօրէն ճիգ թափած է ստեղծելու իր գործը եւ իր անկիւնը:
K’aġak’abnak ëllalov, gret’ē ançanòt’ giwġatntesakan ašxatank’nerown, an yamaṙòrēn č̣ig t’ap’aç ē steġçelow ir gorçë ew ir ankiwnë.
[31] tree
Շատ կարճ ժամանակ ետք սկսած է սիրել հողը, հողագործութիւնը:
s-31
blog-0031-000806BK
Շատ կարճ ժամանակ ետք սկսած է սիրել հողը, հողագործութիւնը:
Šat karč̣ žamanak etk’ sksaç ē sirel hoġë, hoġagorçowt’iwnë.
[32] tree
Եռանդով նկարագրեց թէ ինչպէս առաջին տարին փոքր տարածքի վրայ ցանած է սխտոր, լոլիկ, վարունգ, սմբուկ եւ այլն:
s-32
blog-0031-000806BL
Եռանդով նկարագրեց թէ ինչպէս առաջին տարին փոքր տարածքի վրայ ցանած է սխտոր, լոլիկ, վարունգ, սմբուկ եւ այլն:
Eṙandov nkaragrec’ t’ē inčpēs aṙaǰin tarin p’ok’r taraçk’i vray c’anaç ē sxtor, lolik, varowng, smbowk ew ayln.
[33] tree
Այս տարի արդէն ցանքի տարածքը մեծցուցած է եւ նպատակադրած է յառաջիկայ տարի ա՛լ աւելի մեծ տարածքի վրայ աշխատիլ եւ ցանել:
s-33
blog-0031-000806BM
Այս տարի արդէն ցանքի տարածքը մեծցուցած է եւ նպատակադրած է յառաջիկայ տարի ա՛լ աւելի մեծ տարածքի վրայ աշխատիլ եւ ցանել:
Ays tari ardēn c’ank’i taraçk’ë meçc’owc’aç ē ew npatakadraç ē yaṙaǰikay tari a՛l aweli meç taraçk’i vray ašxatil ew c’anel.
[34] tree
Առայժմ գոհ է արդիւնքէն եւ լաւատես է ապագային համար:
s-34
blog-0031-000806BN
Առայժմ գոհ է արդիւնքէն եւ լաւատես է ապագային համար:
Aṙayžm goh ē ardiwnk’ēn ew lawates ē apagayin hamar.
[35] tree
Նշեց որ տեղի բնակիչները զարմանքով, հիացումով եւ երբեմն ալ թաքուն նախանձով կը դիտեն, թէ ինչպէս սփիւռքահայ երգիչ մը ձգած ամէն ինչ, եկած է Հայաստան եւ կը զբաղի հողագործութեամբ:
s-35
blog-0031-000806BO
Նշեց որ տեղի բնակիչները զարմանքով, հիացումով եւ երբեմն ալ թաքուն նախանձով կը դիտեն, թէ ինչպէս սփիւռքահայ երգիչ մը ձգած ամէն ինչ, եկած է Հայաստան եւ կը զբաղի հողագործութեամբ:
Nšec’ or teġi bnakičnerë zarmank’ov, hiac’owmov ew erbemn al t’ak’own naxanjov kë diten, t’ē inčpēs sp’iwṙk’ahay ergič më jgaç amēn inč, ekaç ē Hayastan ew kë zbaġi hoġagorçowt’eamb.
[36] tree
Մանուկը ունի քաղաքական իր համոզումներն ու աշխարհայեացքը:
s-36
blog-0031-000906BP
Մանուկը ունի քաղաքական իր համոզումներն ու աշխարհայեացքը:
Manowkë owni k’aġak’akan ir hamozowmnern ow ašxarhayeac’k’ë.
[37] tree
Ան կ՚ըսէ թէ հայրենիքը պահելու համար պէտք է ապրիլ հողին վրայ, տէր ըլլալ անոր, վերաբնակեցնել եւ զարգացնել գիւղերը, որպէսզի հարեւան-թշնամին պատրուակ չունենայ գալու եւ տիրանալու մեր հողերուն:
s-37
blog-0031-000906BQ
Ան կ՚ըսէ թէ հայրենիքը պահելու համար պէտք է ապրիլ հողին վրայ, տէր ըլլալ անոր, վերաբնակեցնել եւ զարգացնել գիւղերը, որպէսզի հարեւան-թշնամին պատրուակ չունենայ գալու եւ տիրանալու մեր հողերուն:
An k,ësē t’ē hayrenik’ë pahelow hamar pētk’ ē april hoġin vray, tēr ëllal anor, verabnakec’nel ew zargac’nel giwġerë, orpēszi harewan-t’šnamin patrowak čownenay galow ew tiranalow mer hoġerown.
[38] tree
«Հայրենասիրութիւնը բաժակաճառերով չըլլար, այլ հողին վրայ ապրելով եւ այդ հողը ապրեցնելով», կ՚եզրափակէ Մանուկ:
s-38
blog-0031-000906BR
«Հայրենասիրութիւնը բաժակաճառերով չըլլար, այլ հողին վրայ ապրելով եւ այդ հողը ապրեցնելով», կ՚եզրափակէ Մանուկ:
«Hayrenasirowt’iwnë bažakač̣aṙerov čëllar, ayl hoġin vray aprelov ew ayd hoġë aprec’nelov», k,ezrap’akē Manowk.
[39] tree
Իր ընտրած նշանաբանը լաւագոյնս կը բնորոշէ անոր հողին կապուածութեան աստիճանը:
s-39
blog-0031-000A06BS
Իր ընտրած նշանաբանը լաւագոյնս կը բնորոշէ անոր հողին կապուածութեան աստիճանը:
Ir ëntraç nšanabanë lawagoyns kë bnorošē anor hoġin kapowaçowt’ean astič̣anë.
[40] tree
Ան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ դրած է ֆրանսահայ նշանաւոր գրող Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» գիրքէն առնուած հետեւեալ խօսքը.
s-40
blog-0031-000A06BT
Ան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ դրած է ֆրանսահայ նշանաւոր գրող Շահան Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» գիրքէն առնուած հետեւեալ խօսքը.
An ir fēyspowk’i ēǰin vray draç ē fransahay nšanawor groġ Šahan Šahnowri «Nahanǰë Aṙanc’ Ergi» girk’ēn aṙnowaç heteweal xòsk’ë.
[41] tree
«Ճահիճները չորցնենք, ակօսներ բանանք...»:
s-41
blog-0031-000B06BU
«Ճահիճները չորցնենք, ակօսներ բանանք...»:
«Č̣ahič̣nerë čorc’nenk’, akòsner banank’...».

Edit as listText viewDependency trees