Sentence view

Universal Dependencies - Western Armenian - ArmTDP

LanguageWestern Armenian
ProjectArmTDP
Corpus Parttrain
AnnotationYavrumyan, Marat M.

Text: -

[1] tree
ԵՈՒՆԻՍԵՖ.
s-1
blog-002H-00010534
ԵՈՒՆԻՍԵՖ.
EOWNISEF.
[2] tree
«Դպրոցները պէտք է իրենց դռները վերջին փակողները ըլլան եւ առաջին վերաբացողները». կեանքը դժուար է այսօր Լիբանանի մէջ։
s-2
blog-002H-00010535
«Դպրոցները պէտք է իրենց դռները վերջին փակողները ըլլան եւ առաջին վերաբացողները». կեանքը դժուար է այսօր Լիբանանի մէջ։
«Dproc’nerë pētk’ ē irenc’ dṙnerë verǰin p’akoġnerë ëllan ew aṙaǰin verabac’oġnerë». keank’ë džowar ē aysòr Libanani mēǰ.
[3] tree
Միջին քաղաքացիին սովորական առօրեան դարձած է աւելի կնճռոտ քան երբեք:
s-3
blog-002H-00010536
Միջին քաղաքացիին սովորական առօրեան դարձած է աւելի կնճռոտ քան երբեք:
Miǰin k’aġak’ac’iin sovorakan aṙòrean darjaç ē aweli knč̣ṙot k’an erbek’.
[4] tree
Մինչեւ կոկորդ փտածութեան մէջ խրած երկրի ղեկավարութեան անչափելի ագահութիւնն ու ապիկարութիւնը, տնտեսութեան թաւագլոր անկումն ու ժամանակակից համաճարակը միացեալ ճիգերով խցանած են հասարակութեան շնչափողը ու կիսամեռ վիճակի մը մատնած զայն:
s-4
blog-002H-00010537

Minčew kokord p’taçowt’ean mēǰ xraç erkri ġekavarowt’ean ančap’eli agahowt’iwnn ow apikarowt’iwnë, tntesowt’ean t’awaglor ankowmn ow žamanakakic’ hamač̣arakë miac’eal č̣igerov xc’anaç en hasarakowt’ean šnčap’oġë ow kisameṙ vič̣aki më matnaç zayn.
[5] tree
Տեղատուութիւն է ամենուրէք:
s-5
blog-002H-00020538
Տեղատուութիւն է ամենուրէք:
Teġatowowt’iwn ē amenowrēk’.
[6] tree
Սնունդի պակասը, ելեկտրականութեան չգոյութիւնը, աներեւակայելի սղաճը, վերանորոգ գաղթի ալիքն ու համատարած ընկճուածութիւնը կը սպառնան հանրութեան լայն խաւերուն:
s-6
blog-002H-00020539
Սնունդի պակասը, ելեկտրականութեան չգոյութիւնը, աներեւակայելի սղաճը, վերանորոգ գաղթի ալիքն ու համատարած ընկճուածութիւնը կը սպառնան հանրութեան լայն խաւերուն:
Snowndi pakasë, elektrakanowt’ean čgoyowt’iwnë, anerewakayeli sġač̣ë, veranorog gaġt’i alik’n ow hamataraç ënkč̣owaçowt’iwnë kë spaṙnan hanrowt’ean layn xawerown.
[7] tree
Ինչպէ՞ս յարմարիլ այս ծանր պայմաններուն ու գոնէ եղունգներով կառչիլ բնականոն կեանքի վերջին յենարաններէն մէկուն. հարցում մը, որ Լիբանանի մէջ ապրող իւրաքանչիւր անհատ ինքն իրեն կու տայ, մինչ երկիրը առաջնորդելու կոչուած խաւը «պիզնըս էզ եուժուըլ» տրամաբանութեամբ կը շարունակէ իր առօրեան:
s-7
blog-002H-0002053A

Inčpē?s yarmaril ays çanr paymannerown ow gonē eġowngnerov kaṙčil bnakanon keank’i verǰin yenarannerēn mēkown. harc’owm më, or Libanani mēǰ aproġ iwrak’ančiwr anhat ink’n iren kow tay, minč erkirë aṙaǰnordelow kočowaç xawë «piznës ēz eowžowël» tramabanowt’eamb kë šarownakē ir aṙòrean.
[8] tree
Ինչպէ՞ս
s-8
blog-002H-0003053B
Ինչպէ՞ս…
Inčpē?s…
[9] tree
Հարցման պատասխանը թէեւ կը կարօտի մասնագիտական եւ պահի լրջութեամբ յագեցած մօտեցումներու, այդուհանդերձ անոր նախաբանը կամ առաջին քայլը՝ պարզ ու հասարակ տրամաբանութենէ բխող՝ ուսումնասիրուած զիջումներ կատարելու հրամայականը հարկ է որ ըլլայ:
s-9
blog-002H-0004053C

Harc’man patasxanë t’ēew kë karòti masnagitakan ew pahi lrǰowt’eamb yagec’aç mòtec’owmnerow, aydowhanderj anor naxabanë kam aṙaǰin k’aylë, parz ow hasarak tramabanowt’enē bxoġ, owsowmnasirowaç ziǰowmner katarelow hramayakanë hark ē or ëllay.
[10] tree
Բայց հոս ալ կան առկախ ենթահարցումներ. ո՞ր ճակատներու վրայ զիջիլ եւ ո՞րքանով զիջիլ, այլ խօսքով՝ ինչպէ՞ս ճշդել առաջնահերթութիւնները:
s-10
blog-002H-0004053D
Բայց հոս ալ կան առկախ ենթահարցումներ. ո՞ր ճակատներու վրայ զիջիլ եւ ո՞րքանով զիջիլ, այլ խօսքով՝ ինչպէ՞ս ճշդել առաջնահերթութիւնները:
Bayc’ hos al kan aṙkax ent’aharc’owmner. o?r č̣akatnerow vray ziǰil ew o?rk’anov ziǰil, ayl xòsk’ov, inčpē?s č̣šdel aṙaǰnahert’owt’iwnnerë.
[11] tree
Երբ սկիզբ առաւ պսակաձեւ ժահրի համաշխարհային գրոհը, կը թուէր, թէ ինչպէս այլուր, այդպէս ալ Լիբանանի մէջ վիճարկման առարկայ պիտի չըլլար, որ կրթութեան ոլորտը, իմա՝ նոր սերունդի հոգեմտաւոր զարգացման կռուանը, առաւելագոյնս պէտք էր հեռու պահել վերոյիշեալ զիջումներէն:
s-11
blog-002H-0005053E

Erb skizb aṙaw psakajew žahri hamašxarhayin grohë, kë t’owēr, t’ē inčpēs aylowr, aydpēs al Libanani mēǰ vič̣arkman aṙarkay piti čëllar, or krt’owt’ean olortë, ima, nor serowndi hogemtawor zargac’man kṙowanë, aṙawelagoyns pētk’ ēr heṙow pahel veroyišeal ziǰowmnerēn.
[12] tree
Այդուհանդերձ, հակառակ անցնող մէկուկէս տարուայ ընթացքին, քաղաքակիրթ աշխարհի նախաձեռնած՝ կրթական համակարգը պաշտպանելու նշմարելի փորձերուն, Լիբանանի մէջ անոր նկատմամբ վերաբերումը դժբախտաբար յատկանշուեցաւ անփութութեամբ:
s-12
blog-002H-0005053F
Այդուհանդերձ, հակառակ անցնող մէկուկէս տարուայ ընթացքին, քաղաքակիրթ աշխարհի նախաձեռնած՝ կրթական համակարգը պաշտպանելու նշմարելի փորձերուն, Լիբանանի մէջ անոր նկատմամբ վերաբերումը դժբախտաբար յատկանշուեցաւ անփութութեամբ:
Aydowhanderj, hakaṙak anc’noġ mēkowkēs taroway ënt’ac’k’in, k’aġak’akirt’ ašxarhi naxajeṙnaç, krt’akan hamakargë paštpanelow nšmareli p’orjerown, Libanani mēǰ anor nkatmamb veraberowmë džbaxtabar yatkanšowec’aw anp’owt’owt’eamb.
[13] tree
«Փակել դպրոցներու դռները եւ ուսուցումը փոխադրել առցանց հարթակ». սա եղաւ միակ որոշումը:
s-13
blog-002H-0005053G
«Փակել դպրոցներու դռները եւ ուսուցումը փոխադրել առցանց հարթակ». սա եղաւ միակ որոշումը:
«P’akel dproc’nerow dṙnerë ew owsowc’owmë p’oxadrel aṙc’anc’ hart’ak». sa eġaw miak orošowmë.
[14] tree
Ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները իսկոյն ուղարկուեցան իրենց համար անորոշութեամբ լեցուն աշխարհ մը, որուն պատշաճելու պարտադրանքին տակ գտնուեցան մէկ օրէն միւսը:
s-14
blog-002H-0005053H
Ուսուցիչները, ծնողներն ու աշակերտները իսկոյն ուղարկուեցան իրենց համար անորոշութեամբ լեցուն աշխարհ մը, որուն պատշաճելու պարտադրանքին տակ գտնուեցան մէկ օրէն միւսը:
OWsowc’ičnerë, çnoġnern ow ašakertnerë iskoyn owġarkowec’an irenc’ hamar anorošowt’eamb lec’own ašxarh më, orown patšač̣elow partadrank’in tak gtnowec’an mēk òrēn miwsë.
[15] tree
Անցաւ մէկուկէս տարի, եւ Լիբանանը աշխարհի մէջ իր կրթարաններու դռները ամէնէն երկար տեւողութեամբ փակ պահող երկիրներուն յառաջատար դիրքերը զբաղցուց:
s-15
blog-002H-0006053I
Անցաւ մէկուկէս տարի, եւ Լիբանանը աշխարհի մէջ իր կրթարաններու դռները ամէնէն երկար տեւողութեամբ փակ պահող երկիրներուն յառաջատար դիրքերը զբաղցուց:
Anc’aw mēkowkēs tari, ew Libananë ašxarhi mēǰ ir krt’arannerow dṙnerë amēnēn erkar tewoġowt’eamb p’ak pahoġ erkirnerown yaṙaǰatar dirk’erë zbaġc’owc’.
[16] tree
Ընթացքին, հրատապութեան զգացումով թափ առած արհեստագիտական լուծումներու որոնման ճիգերը թէեւ հասան որոշակի յաջողութիւներու, սակայն առցանց դասաւանդման ընդհանուր արդիւնաւէտութեան արժեւորումը մնաց առկախ:
s-16
blog-002H-0006053J
Ընթացքին, հրատապութեան զգացումով թափ առած արհեստագիտական լուծումներու որոնման ճիգերը թէեւ հասան որոշակի յաջողութիւներու, սակայն առցանց դասաւանդման ընդհանուր արդիւնաւէտութեան արժեւորումը մնաց առկախ:
Ënt’ac’k’in, hratapowt’ean zgac’owmov t’ap’ aṙaç arhestagitakan lowçowmnerow oronman č̣igerë t’ēew hasan orošaki yaǰoġowt’iwnerow, sakayn aṙc’anc’ dasawandman ëndhanowr ardiwnawētowt’ean aržeworowmë mnac’ aṙkax.
[17] tree
Այսպէս, ո՛չ տարեշրջանի ընթացքին, ո՛չ ալ անոր աւարտին, չհանդիպեցանք լուրջ ուսումնասիրութիւններու, որոնք լոյս սփռէին, թէ կրթական տարին ի՞նչ որակ արտադրեց, որո՞նք էին դրական կէտերը, որո՞նք էին ժխտականները եւլն:
s-17
blog-002H-0006053K
Այսպէս, ո՛չ տարեշրջանի ընթացքին, ո՛չ ալ անոր աւարտին, չհանդիպեցանք լուրջ ուսումնասիրութիւններու, որոնք լոյս սփռէին, թէ կրթական տարին ի՞նչ որակ արտադրեց, որո՞նք էին դրական կէտերը, որո՞նք էին ժխտականները եւլն:
Ayspēs, o՛č tarešrǰani ënt’ac’k’in, o՛č al anor awartin, čhandipec’ank’ lowrǰ owsowmnasirowt’iwnnerow, oronk’ loys sp’ṙēin, t’ē krt’akan tarin i?nč orak artadrec’, oro?nk’ ēin drakan kēterë, oro?nk’ ēin žxtakannerë ewln.
[18] tree
Իսկ այսօր, առանց վերոյիշեալ արժեւորման, Լիբանանի կրթօճախները միեւնոյն անփութութեամբ դարձեալ կ՚ուղուին նոր տարեշրջանը սկսելու միեւնոյն ձեւաչափով
s-18
blog-002H-0006053L
Իսկ այսօր, առանց վերոյիշեալ արժեւորման, Լիբանանի կրթօճախները միեւնոյն անփութութեամբ դարձեալ կ՚ուղուին նոր տարեշրջանը սկսելու միեւնոյն ձեւաչափով…
Isk aysòr, aṙanc’ veroyišeal aržeworman, Libanani krt’òč̣axnerë miewnoyn anp’owt’owt’eamb darjeal k,owġowin nor tarešrǰanë skselow miewnoyn jewačap’ov…
[19] tree
Ահաւասիկ այն մտահոգիչ մօտեցումը, որ միայն ու միայն առարկայական պայմաններուն կամեցողութեան կը յանձնէ կրթական քաղաքականութիւն որոշելու լրջագոյն գործը:
s-19
blog-002H-0007053M
Ահաւասիկ այն մտահոգիչ մօտեցումը, որ միայն ու միայն առարկայական պայմաններուն կամեցողութեան կը յանձնէ կրթական քաղաքականութիւն որոշելու լրջագոյն գործը:
Ahawasik ayn mtahogič mòtec’owmë, or miayn ow miayn aṙarkayakan paymannerown kamec’oġowt’ean kë yanjnē krt’akan k’aġak’akanowt’iwn orošelow lrǰagoyn gorçë.
[20] tree
Այլ խօսքով, առկայ նիւթական եւ առողջապահական պայմաններուն կ՚արտօնէ բացառապէս տնօրինելու մատղաշ սերունդի մը իմացական ու վարքային զարգացումը:
s-20
blog-002H-0007053N
Այլ խօսքով, առկայ նիւթական եւ առողջապահական պայմաններուն կ՚արտօնէ բացառապէս տնօրինելու մատղաշ սերունդի մը իմացական ու վարքային զարգացումը:
Ayl xòsk’ov, aṙkay niwt’akan ew aṙoġǰapahakan paymannerown k,artònē bac’aṙapēs tnòrinelow matġaš serowndi më imac’akan ow vark’ayin zargac’owmë.
[21] tree
Ու այդ մէկը կը կատարէ այնպիսի պահու, երբ առցանց ուսուցման բացասական հետեւանքները, սկսեալ աշակերտներու մօտ հոգեբանական եւ ընկերային խնդիրներու զարգացումէն, ընկճուածութեան նախանշաններէն, առցանց բռնաճնշումի (cyberbullying) մագլցումէն, ելեկտրոնային գործիքներու մոլութենէն (screen addiction) մինչեւ ուսուցողական եւ կրթական այլեւայլ բացթողումները, սկսած են ջուրի երես գալ:
s-21
blog-002H-0007053O

OW ayd mēkë kë katarē aynpisi pahow, erb aṙc’anc’ owsowc’man bac’asakan hetewank’nerë, skseal ašakertnerow mòt hogebanakan ew ënkerayin xndirnerow zargac’owmēn, ënkč̣owaçowt’ean naxanšannerēn, aṙc’anc’ bṙnač̣nšowmi (cyberbullying) maglc’owmēn, elektronayin gorçik’nerow molowt’enēn (screen addiction) minčew owsowc’oġakan ew krt’akan aylewayl bac’t’oġowmnerë, sksaç en ǰowri eres gal.
[22] tree
Անշուշտ հասկնալի է պահու աննախադէպ ծանրութիւնը, ու բնաւ նախանձելի չէ կրթական մշակներուն վիճակը, բայց կրթական ոլորտին առջեւ նետուած օրուան ձեռնոցը անտեսել պարզապէս կարելի չէ:
s-22
blog-002H-0008053P
Անշուշտ հասկնալի է պահու աննախադէպ ծանրութիւնը, ու բնաւ նախանձելի չէ կրթական մշակներուն վիճակը, բայց կրթական ոլորտին առջեւ նետուած օրուան ձեռնոցը անտեսել պարզապէս կարելի չէ:
Anšowšt hasknali ē pahow annaxadēp çanrowt’iwnë, ow bnaw naxanjeli čē krt’akan mšaknerown vič̣akë, bayc’ krt’akan olortin aṙǰew netowaç òrowan jeṙnoc’ë antesel parzapēs kareli čē.
[23] tree
Ի վերջոյ, դպրոցը վաճառատուն մը չէ, ուր խնձորի փոխարէն կարելի է նարինջ ծախել, որովհետեւ խնձորը սուղ է կամ հասանելի չէ:
s-23
blog-002H-0008053Q
Ի վերջոյ, դպրոցը վաճառատուն մը չէ, ուր խնձորի փոխարէն կարելի է նարինջ ծախել, որովհետեւ խնձորը սուղ է կամ հասանելի չէ:
I verǰoy, dproc’ë vač̣aṙatown më čē, owr xnjori p’oxarēn kareli ē narinǰ çaxel, orovhetew xnjorë sowġ ē kam hasaneli čē.
[24] tree
Հոս սերունդի մը հոգեմտաւոր առողջութիւնն ու ընկերութեան կենսունակութիւնը խնդրոյ առարկաներն են, որոնց համար անկարելին իրապէ՛ս կարելի դարձնելու ճառաբանութիւնը պէտք է ամէն գնով կեանքի կոչել:
s-24
blog-002H-0008053R
Հոս սերունդի մը հոգեմտաւոր առողջութիւնն ու ընկերութեան կենսունակութիւնը խնդրոյ առարկաներն են, որոնց համար անկարելին իրապէ՛ս կարելի դարձնելու ճառաբանութիւնը պէտք է ամէն գնով կեանքի կոչել:
Hos serowndi më hogemtawor aṙoġǰowt’iwnn ow ënkerowt’ean kensownakowt’iwnë xndroy aṙarkanern en, oronc’ hamar ankarelin irapē՛s kareli darjnelow č̣aṙabanowt’iwnë pētk’ ē amēn gnov keank’i kočel.
[25] tree
Զգոյշ պէտք է ըլլալ նաեւ նիւթական հարցին կրակէ գնդակը ձեռքէ-ձեռք նետելու թակարդին մատնուելէն, որովհետեւ առցանց դասաւանդումը թէեւ կրնայ կրճատել դպրոցի մը ծախսերը, այնուամենայնիւ միեւնոյն այդ ծախսը կը բարդէ ծնողքին վրայ, որ ստիպուած՝ կամ պիտի զոհէ իր անձնական աշխատանքն ու եկամուտը, կամ ալ զաւկին առցանց աշխատանքներուն հետեւելու համար պաշտօնավարութեան պիտի կոչէ համապատասխան անձ մը:
s-25
blog-002H-0009053S

Zgoyš pētk’ ē ëllal naew niwt’akan harc’in krakē gndakë jeṙk’ē-jeṙk’ netelow t’akardin matnowelēn, orovhetew aṙc’anc’ dasawandowmë t’ēew krnay krč̣atel dproc’i më çaxserë, aynowamenayniw miewnoyn ayd çaxsë kë bardē çnoġk’in vray, or stipowaç, kam piti zohē ir anjnakan ašxatank’n ow ekamowtë, kam al zawkin aṙc’anc’ ašxatank’nerown hetewelow hamar paštònavarowt’ean piti kočē hamapatasxan anj më.
[26] tree
Միաժամանակ, ան տան մէջ պիտի ապահովէ առցանց դասաւանդման բոլոր նախապայմանները, ինչպէս՝ ելեկտրականութիւն, համացանց, համակարգիչ, տպագրիչ եւլն:
s-26
blog-002H-0009053T
Միաժամանակ, ան տան մէջ պիտի ապահովէ առցանց դասաւանդման բոլոր նախապայմանները, ինչպէս՝ ելեկտրականութիւն, համացանց, համակարգիչ, տպագրիչ եւլն:
Miažamanak, an tan mēǰ piti apahovē aṙc’anc’ dasawandman bolor naxapaymannerë, inčpēs, elektrakanowt’iwn, hamac’anc’, hamakargič, tpagrič ewln.
[27] tree
Ծնողքին վրայ աւելցած այս նիւթական յաւելեալ բեռը բնականաբար իր արտացոլացումը պիտի ունենայ նոյնինքն դպրոցին հանդէպ իր ունեցած նիւթական պարտաւորութիւններուն վրայ ու այսպէս վերադարձ պիտի կատարուի անել շրջանակին սկզբնակէտին:
s-27
blog-002H-0009053U
Ծնողքին վրայ աւելցած այս նիւթական յաւելեալ բեռը բնականաբար իր արտացոլացումը պիտի ունենայ նոյնինքն դպրոցին հանդէպ իր ունեցած նիւթական պարտաւորութիւններուն վրայ ու այսպէս վերադարձ պիտի կատարուի անել շրջանակին սկզբնակէտին:
Çnoġk’in vray awelc’aç ays niwt’akan yaweleal beṙë bnakanabar ir artac’olac’owmë piti ownenay noynink’n dproc’in handēp ir ownec’aç niwt’akan partaworowt’iwnnerown vray ow ayspēs veradarj piti katarowi anel šrǰanakin skzbnakētin.
[28] tree
Այսօր, երկրին դիմագրաւած ճգնաժամը համարձակ որոշումներ կայացնելու հրամայականին առջեւ կը դնէ կրթական համակարգի բոլոր պատասխանատուները անխտիր:
s-28
blog-002H-000A053V
Այսօր, երկրին դիմագրաւած ճգնաժամը համարձակ որոշումներ կայացնելու հրամայականին առջեւ կը դնէ կրթական համակարգի բոլոր պատասխանատուները անխտիր:
Aysòr, erkrin dimagrawaç č̣gnažamë hamarjak orošowmner kayac’nelow hramayakanin aṙǰew kë dnē krt’akan hamakargi bolor patasxanatownerë anxtir.
[29] tree
Պահը ճակատագրական կրնայ ըլլալ եթէ ամէն կարողական ճիգ չներդրուի նոր սերունդը զերծ պահելու հասարակութեան վրայ բանեցուած այս ծանր «տուրքէն»:
s-29
blog-002H-000A0540
Պահը ճակատագրական կրնայ ըլլալ եթէ ամէն կարողական ճիգ չներդրուի նոր սերունդը զերծ պահելու հասարակութեան վրայ բանեցուած այս ծանր «տուրքէն»:
Pahë č̣akatagrakan krnay ëllal et’ē amēn karoġakan č̣ig čnerdrowi nor serowndë zerç pahelow hasarakowt’ean vray banec’owaç ays çanr «towrk’ēn».
[30] tree
Ի վերջոյ, այս սերունդը, որ մեղքի բաժին չունի երկրի դիմագրաւած ձախորդութիւններուն մէջ, ապագայի կտրուածքով ինքը պիտի կազմէ այն մարդուժը, որ փորձէ թերեւս փրկել ինչ որ կարելի է դեռ փրկել ընկղմող այս նաւէն:
s-30
blog-002H-000A0541
Ի վերջոյ, այս սերունդը, որ մեղքի բաժին չունի երկրի դիմագրաւած ձախորդութիւններուն մէջ, ապագայի կտրուածքով ինքը պիտի կազմէ այն մարդուժը, որ փորձէ թերեւս փրկել ինչ որ կարելի է դեռ փրկել ընկղմող այս նաւէն:
I verǰoy, ays serowndë, or meġk’i bažin čowni erkri dimagrawaç jaxordowt’iwnnerown mēǰ, apagayi ktrowaçk’ov ink’ë piti kazmē ayn mardowžë, or p’orjē t’erews p’rkel inč or kareli ē deṙ p’rkel ënkġmoġ ays nawēn.
[31] tree
Լիբանանի մէջ կրթութիւնը մարդկային տարրական անհասանելի յաջորդ պէտքը դառնալու ամէնէն հաւանական թեկնածուն դարձած է:
s-31
blog-002H-000B0542
Լիբանանի մէջ կրթութիւնը մարդկային տարրական անհասանելի յաջորդ պէտքը դառնալու ամէնէն հաւանական թեկնածուն դարձած է:
Libanani mēǰ krt’owt’iwnë mardkayin tarrakan anhasaneli yaǰord pētk’ë daṙnalow amēnēn hawanakan t’eknaçown darjaç ē.
[32] tree
Այդ յարաճուն ցանկին լիիրաւ անդամ դառնալու պարագային, արտագաղթի եւս մէկ ալիք անպայման կը սպասէ անոր, ու այս անգամ մեղադրանքի նշոյլ մը անգամ կարելի չէ բարդել ո՛չ նորահաս սերունդին վրայ, որուն բնականոն կրթութիւն ստանալու իրաւունքը անսակարկելի պէտք է մնայ, ո՛չ ալ ծնողներուն, որոնք կրթութենէն զատ ալ ուրիշ բան չունին ժառանգ ձգելիք իրենց զաւակներուն:
s-32
blog-002H-000B0543

Ayd yarač̣own c’ankin liiraw andam daṙnalow paragayin, artagaġt’i ews mēk alik’ anpayman kë spasē anor, ow ays angam meġadrank’i nšoyl më angam kareli čē bardel o՛č norahas serowndin vray, orown bnakanon krt’owt’iwn stanalow irawownk’ë ansakarkeli pētk’ ē mnay, o՛č al çnoġnerown, oronk’ krt’owt’enēn zat al owriš ban čownin žaṙang jgelik’ irenc’ zawaknerown.

Edit as listText viewDependency trees